Страницы

Saturday, 8 July 2023

Զապել Եսայան.Կեղծ հանճարներ

ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԱՆ, ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ. Վէպ տեղական կեանքէ, Կ. Պոլիս, 1910։

Տաճատ Չարըքեան յանկարծ արթնցաւ, դրանը կը զարնէին, ո՞վ կրնար ըլլալ առաւօտուն այդ ժամուն, եւ ահա գաղափար մը լուսաւորեց իր միտքը. ցրուի՜չն, ցրուիչն է…։

Եւ առանց հագուելու մէկ ոստումով դրանը մօտ եկաւ, գետինին պաղութիւնը բոպիկ ոտքերը կը վիրաւորէր, բայց ի՞նչ փոյթ, դուռը հազիւ թէ կէս մը բացած էր եւ ահա ցրուիչը իրեն կարկառեց երկայնաձեւ կնքուած նամակը։

- Դուք է՞ք պարոն Չարըքեանը, ըսաւ հարբուխոտ ձայնով մը եւ անունին իւրաքանչիւր վանկը կարծես կոտրտելով ակռաներուն ներքեւ. Տաճատ յափշտակեց նամակը, ո եւ է ուրիշ առթիւ չպիտի հանդուրժէր որ իր անունը այդքան գէշ արտասանէին, ինչպէս պիտի չուզէր որ, նոյն իսկ ցրուիչին ներկայանար այդ անպատշաճ երեւոյթով, բայց երկու օր է որ սու մը չունէր եւ այդ նամակին կ՚սպասէր։ Կը ցանկար, երկու շաբաթներէ ի վեր, հետեւաբար զարմանալի չէ որ կէս մը ցուրտէն կէս մը յուզմունքէն դողդղալով նամակը բացաւ մանր գիրերով լեցուած չորս էջերու մէջ բաղձացուած չէքը գտաւ եւ այն ատեն միայն յիշեց որ դուրսը ցրուիչը կը սլքտար իր պախշիշին համար։

Առանց իր ծիծաղելի կէս մերկութեանը մտածելու, քաջութիւնը ունեցաւ կրկին դուռը բանալու եւ ըսելու.

- Մանրուկ չունիմ, ներողութի՛ւն։

- Հոգ չէ, պարոն, պատասխանեց ցրուիչին հարբուխոտ ձայնը։

Հակառակ չէքին ազդած ուրախութեանը, Տաճատ Չարըքեան գլխէն մինչեւ ոտքը սարսռաց եւ զգաց որ սենեկին պաղ օդը կը ճնշէր իր ուսերուն վրայ. այն ատեն աճապարանքով կրկին անկողին մտաւ որ դեռ գաղջ մնացած էր եւ սկսաւ օրօրուիլ մէկզմէկէ աւելի ժպտուն մտածումներով, նամակը չըմինէին վրայ ձգած էր բայց չէքը քովն էր եւ երբեմն երբեմն կը նայէր թուանշաններուն 400 ֆրանք… ամբողջ հարստութիւն մը աղքատ ուսանողի մը համար։

Տաճատ Չարըքեան բարձրահասակ, ուժեղ եւ հաճելի երեւոյթով երիտասարդ մըն էր, գմբէթաձեւ եւ լայն ճակատին վրայէն մազերը հետզհետէ կ՚ընկրկէին կարծես, թեթեւ մը գռուզ շագանակագոյն մազեր՝ որոնք գագաթին վրայ ցանցառ բայց ծոծրակին վրայ հոծ՝ զարմանալի սիլուէթ մը կը շինէին. ամբողջ գլուխը դէպ ի ետեւ երթալու ձեւ մը պիտի ունենար՝ եթէ իր սրածայր մօրուքը հակառակ ուղղութեան մէջ չափազանց ցցուած չհակակշռէր այս տպաւորութիւնը. աչքերը աննշան, պզտիկ եւ մազերուն գոյնը գրեթէ միշտ ծածկուած էին ակնոցներուն ներքեւ. վերջապէս իր գլուխը բռնելու ձեւէն, քալուածքէն շարժումներէն այնպիսի անսահմանելի բան մը կ՚արտաշնչուէր որ փողոցէն անցած ատեն անծանօթ անցորդներն իսկ մտածելու էին։

- Արդեօք ո՞վ է։

Իր գմբէթաձեւ եւ մէկ երկու թեթեւ ուռեցքներով ճակատը կարծես խոշորցած ընդլայնուած, տեղ տեղ դուրս ցցուած եւ ակօսուած էր մեծ եւ անհասանելի մտածումներու յաճախումներով. բնականէն խոժոռ յօնքերը գրեթէ միշտ իրարու մօտիկցած էին սեւեռեալ խորունկ մտածումի մը մէջ։ Այդ տղան գրեթէ բնաւ չէր խնդար եւ իր ընկերներուն զուարճութիւնները կ՚արհամարհէր. այլ սակայն իր դէմքին վրայ ներկայ կամ անցեալ վշտի մը արտայայտութիւնն ալ չկար, իր դիմագիծերը հանդարտ էին եւ կարելի է ըսել առանց արտայայտութեան. Տաճատ Չարըքեան ուրիշ մարդ էր, անսովոր, հազուագիւտ անթափանցելի։ Անիկա մեծ մարդ էր։ Մէկը որ առիթ ունեցած ըլլար մեծ հանճարներու գործերը կարդալու առանց անոնց պատկերները տեսած ըլլալու՝ անխուսափելիօրէն պիտի մտածէր Տաճատ Չարըքեանը տեսնելով։

- Պայրըն, Շէքսբիր, կամ Կէօթէ այսպէս ըլլալու էին։

Տաճատ իր ճակատին վրայ հանճարի կնիքը կը կրէր եւ այդ կնիքը զինքը ընկճած էր բոլորովին։ Անուններ կան որ դժուար է կրելը ըսած է մէկը, դէմքեր կան որ աւելի դժուար է կրելը ապահովաբար։ Ձեւով մը իր երեւոյթին արժանապատուութիւնը ունէր եւ կարելի է ըսել թէ իր երեւոյթը պարտաւորած էր զինքը մեծ մարդ ըլլալու։ Ասկէ զատ սակայն Տաճատ Չարըքեան իրաւամբ օժտուած երիտասարդ էր։

Պզտիկուց այն կանխահաս եւ խելացի տղաքներէն եղած էր որու համար ամենէն ցանկալի բաները գուշակած էին։

- Ի՛նչ հանճարեղ երեւոյթ ունի սա տղան, կ՚ըսէին անծանօթ այցելուներ, երբ իր ճակատը կը տեսնէին աննշան տղաքներու՝ աննշան գանկերուն մէջերէն։

Միւս կողմանէ՝ իր ուսուցիչները որ մօտէն գիտակ էին իր ապշեցուցիչ ընդունակութիւններուն, զինքը կը շոյէին կը շփացնէին։ Դեռ դպրոցի գրասեղաններուն վրայ, պարգեւաբաշխութեան ճառերը ինք կը գրէր, տղոց երգերը, ոտանաւոր կ՚երկնէր եւ անոնց եղանակներ կը շինէր։ Իսկ քննութեան մեծ սրահին մէջ իր պատկերներն էին որ ամենէն աւելի ուշադրութիւն կը գրաւէին, ըլլայ իրենց գոյներու յանդուգն պէսպիսութեամբ, թարմութեամբ, ըլլայ compositionներու զարմանալի ճոխութիւնովը։

Իրաւամբ ապշեցուցիչ տղայ էր Տաճատ Չարըքեան, կարծես թէ շատ հաճոյակատար պարիկներ իր մատները օժտած էին մասնաւոր թեթեւութիւնով մը եւ կարողութիւնով մը. Տաճատ երկու մատիտի հարուածով պատկեր մը կը շինէր։ Ինչպէս իր երեւակայութեանը թռիչք կուտային ու ականջին կը մրմնջէին այն սիրուն երգերը որոնք կը կազմէր Տաճատ դաշնակին առաջքը անցած իր թափառող մատներուն քմահաճոյքովը։ Իր կարողութիւնը այնքան անկասկածելի էր իրեն եւ ուրիշ տղոց համար որ Չարըքեան իր բերանաբաց մնացած ընկերներուն ներկայութեանը՝ մէկ կողմէն կը խօսէր եւ միւս կողմէ մատները կը պտտցնէր դաշնակին վրայ ուզուած նօթը փնտռելով եւ ամբողջ երգեր յօրինելով զորս գրի առնելու իսկ փութկոտութիւն չունէր, այնքա՜ն վստահ էր թէ երբ որ ուզեր աւելի գեղեցիկները կրնար ընել։

Նախ եւ առաջ իր կարողութիւնները երեւան եկած էին ամեն ճիւղերու մէջ. յետոյ կամաց կամաց հեռացած էր այն դասերէն, որոնք ուշադրութեան եւ յարատեւ աշխատութեան կարօտ էին, գլխաւորապէս թուաբանութիւնը դատապարտուեցաւ իրմէ. մէկ երկու տղաք որոնք հաշուելու ընդունակութիւն ունէին չարաչար արհամարհուեցան այնպէս որ ատեն մը եղաւ որ Տաճատ Չարըքեանի չսիրած դասերուն զէրօ առնելը պատուոյ տիտղոսի պէս բան մըն էր. ուսուցիչները գիտնալով Չարըքեանի կարողութիւնը գեղարուեստի ուրիշ ճիւղերու մէջ աչք կը գոցէին իրեն, եւ բացառութիւն մը կ՚ընդունէին զայն ու ուրիշներու յանդիմանած կամ յորդորած ատեննին յաճախ կ՚զգացնէին այդ բացառութիւնը։

- Պէտք է հաշուել գիտնալ ամեն բանէ առաջ կը հասկնա՞ք, կեանքը ծայրէ ծայր հաշիւ է, երեւակայութիւնով, բանաստեղծութիւնով բան չըլլար. Տաճատը օրինակ պիտի տաք նէ, Տաճատը ուրիշ, անոր պէս տաղանդ ունեցէք, հանճար ունեցէք, ի՛նչ կուզէք նէ ըրէք. անանկ մարդիկը բացառութիւն են, ազգի մը մէջ մէկ երկու հատ կ՚ըլլայ կամ չըլլար։

Պզտիկ հանճարեղ տղան իր գմբեթաձեւ ճակատը կը ցցէր – շարժում մը որ պիտի մնար իր վրայ – եւ վերէն կը նայէր իր ընկերներուն, իր ուսուցիչին, ամբողջ մարդկութեան, այդ օրերէն՝ դեռ հոգիով մաքուր եւ տղայ, տարտամօրէն զգաց թէ ինքը այն առանձնաշնորհեալ մարդերէն մէկն է որ դեր մը ունին կատարելիք աշխարհիս մէջ. թէ իր հանճարը նուիրական աւանդ մըն է զորս պահպանելու եւ որուն յաղթանակել տալու պարտական է ի՛նչ գնով որ ըլլայ. այն ատեն տասներկու տարեկան էր, եւ արդէն իրեն համար սկսած էր ուրիշներուն շահերը, հաճոյքները, նախասիրութիւնները, նոյն իսկ կեանքը յարաբերական արժէք մը ստանալ։

  Sens moralի պակասութեան յատկանշական երեւոյթներէն մէկն է Եսին եւ ուրիշներուն մէջ եղած ընկերական հաւասարակշռութեան մը խանգարումը. այդ առաջին խանգարումը խրամատ մը բացած էր արդէն իր եւ ուրիշներուն մէջ որ երթալով պիտի լայննար մի եւ նոյն ատեն զինքը ներքին առանձնութեան մը դատապարտելով՝ որ սկիզբը պիտի ըլլար իր Եսին տարապայման կերպով մեծ տեսնելուն։

Եթէ Տաճատ Չարըքեան վատոյժ տղայ մը ըլլար պիտի ճնշուէր իր գլխուն ծանրութեան տակ եւ անշշուկ պիտի անցնէր աշխարհիս վրայէն, բայց անոր հանճարեղ գլուխը տեղաւորուած էր թիկնեղ եւ հաստատուն մարմինի մը վրայ, առողջ՝ եւ ապրելու ընդունակ միակ տկարութիւն ունենալով իր ձայնը որ խեղդուող խուլ եւ անհանգստող բան մը ունէր, եւ չափազանց յոգնութիւն կը պատճառէր 5 վայրկեանէ աւելի զինքը մտիկ ընողներուն։ Իր ձայնին այդ ապիկարութիւնը ներքին եւ մեծ ցաւերէն մէկն էր։ Իր կանխահաս մտքով եւ ուրիշներու վրայ ազդեցութիւն ունենալու անյագ ծարաւին բնազդովը, հասկցած էր թէ ձայնը մեծ բան եւ յաճախ ամեն բան է. միւս կողմանէ ստիպուած ինքզինքը ծիծաղելի կացութեան մը մէջ չդնելու եւ իր հանճարին պատշաճ դիրքով մը ներկայանալու ամէնուն, նոյն իսկ ամենէն մտերիմներուն՝ ազնուական լռութեան մը դատապարտեց ինքզինքը հետզհետէ այնքան խօսելով որքան անհրաժեշտ էր։ Թերեւս այս ձայնի պակասութեան պատճառաւ էր որ, անմիջապէս երեք արուեստներուն մէջէն՝ որոնք հաւասարապէս կը ժպտէին իրեն, նկարչութիւնը ընտրեց։

Այն ատեն իր տասնեւչորրորդ տարիքին մէջ էր եւ շրջանաւարտ պիտի ըլլար թաղային վարժարանէն։

Տաճատ Չարըքեան արդէն իսկ վարժուած ծուլութեան եւ անհոգութեան, քաջալերուած իր ուսուցիչներուն ներողամտութենէն, դպրոցէն ելնելէն ետքը բոլորովին ինքզինքը տուաւ անգործութեան. իրաւ է թէ իբրեւ արուեստագէտ ինքզինքին ներելի կը կարծէր՝ ոչ միայն ժամանակաւոր ծուլութիւն մը այլ նոյն իսկ տեսակ մը մոլորումներ որոնք ուրիշներու քով մեծ յանցանքներու տեղ կ՚անցնին։

- Ամեն երկրի մէջ արուեստագէտները առանձնաշնորհեալ էակներ են, կ՚ըսէր հանճարեղ պատանին տաժանքով, իր խղդուկ ձայնին պատճառաւ։

Յետոյ պատահեցաւ իրեն ինչ որ կը պատահի մեր մէջ ամենէն ոչինչ չափով օժտուած երիտասարդներուն իսկ. Տաճատ Չարըքեան արդէն ծանօթ դպրոցին մէջ՝ շրջապատուեցաւ, շփացաւ, գովուեցաւ խել մը մարդիկներէ որոնք ձեւով մը նուիրագործեցին իր յաւակնութիւնները, իր անսովոր տղու ներքին բուռն փափաքները, մեծութեան, փառքի եւ մանաւանդ իր ապրելու եղանակը:

Երբ իրեն կը հարցնէին շողոքորթող եւ ուշադիր երեւոյթով մը թէ ի՞նչ մասնագիտութեան պիտի հետեւէր ինքը, իրաւունք ունէր կարծելու թէ իր ընտրութիւնը ազգային մտաւորական արժանապատուութեան տեսակէտով մեծ կարեւորութիւն ունէր։

Ասոր համա՞ր էր որ Տաճատ Չարըքեան նախ լռին կը նայէր պահ մը դիմացը, յետոյ բթամատին եւ ցուցամատին ծայրերովը ակնոցը շտկելէ ետքը իր քթին վրայ՝ գմբեթաձեւ ճակատը կը ցցէր դէպ առջեւ եւ յայտնի ջանքով մը որ կը կարմրցնէր զինքը՝ կ՚ըսէր խղդուկ ձայնովը.

- Նկարչութիւն։

Պէտք է հաւատալ թէ մարդիկ կան որ ոչ միայն տարօրինակ տաղանդով մը կամ տաղանդներով օժտուած են, այլ նաեւ բաղդով. Տաճատ Չարըքեան դեռ իր հանճարեղ երիտասարդի սիլուէթը կը պտտցնէր իր թաղին փողոցներուն եւ կամ հանրային պարտէզներուն մէջ երբ արդէն բաւական ընդարձակ համբաւի մը տէր էր. ամեն մարդ գիտէր թէ սա՛ տղան մեծ մարդ էր, իր ազգին, իր թաղին փառքն ու պարծանքը, անսովոր տաղանդով մը օժտուած։

Տաղա՞նդ, բուա՛հ… տաղանդը ամեն մարդ կրնար ունենալ կ՚ըսէր իր մոլեռանդ ուսուցիչներէն մէկը, մեր Տաճատը հանճար ունի՜, հանճա՛ր…

Թաղին ձեռնհաս հեղինակաւոր անձերու կողմէն ալ հետզհետէ Տաճատ Չարըքեան մեր Տաճատը սկսաւ կոչուիլ իբր թէ ամենքն ալ իրենց մերձաւորութեան իրաւունքով բաժին մը ունենային հանճարեղ տղուն մտքին կազմութեան մէջ։

Երջանիկ պատանին շփացած, գովուած, փայփայուած, ինքզինքը յանկարծ մեծ զգաց եւ ամենակարող. ինքը չունեցաւ եւ չճանչցաւ այն վարանումները, ինքզինքէն կասկածները, դառն հոգերը չյաջողուած գործի մը համար որ ընդհանրապէս ժամանակէն առաջ կը ծերացնեն ուրիշ արուեստագէտներու դէմքերը, մազերը կը թափին եւ չեմ գիտեր ինչ մը կուտան երկչոտ, բարի եւ ներողամիտ իրենց նայուածքին եւ ժպիտին։ Ինքը չգիտցաւ դժուարութիւնով տքնութիւններով ձեռք բերուած դոյզն յաջողութիւնները, միամիտ եւ անսահման ուրախութիւնները անակնկալին, ինչպէս ցուրտ անտարբերութիւնը, կսկիծը անյաջողութեամբ վիժած գործին որ աններելի յանցանքի մը պէս, երեսիդ կը զարնեն, ինչպէս չյաջողուած զաւկի մը տգեղութիւնը եւ տխեղծութիւնը։

Աւելորդ է այլ եւս ծանրանալ Տաճատ Չարըքեանի կեանքի այդ մասին վրայ որ ինչպէս յայտնի է՝ բոլորովին ամուլ եղաւ։ Թէեւ ինքը կ՚ըսէր յաճախ իր մտերիմներուն թէ այն ատենէն իսկ երկայն խորհրդածութիւններով համոզուած էր թէ նկարչութիւնը անբաւական էր իր հոգիին բարդ ու բազմակողմանի պահանջքներուն յագուրդ տալու, բայց իր նախապէս կազմուած եւ մեծցած համբաւը ձեւով մը ստիպած էր զինքը ատեն մը մնալ այդ ճիւղին մէջ ոչ միայն արդարացնելու համար իր համակիրներուն հաւատքը, այլ ցոյց տալու համար թէ անկարողութիւնը չէր որ լքելու ստիպած էր զինքը ասպարէզ մը որուն նախապէս կոչուած կ՚զգար ինքզինքը։

Հոս թերեւս աւելորդ չըլլայ քննել թէ ի՞նչ էր այն կանխահաս կարողութիւններու եւ ծածկուած տկարութիւններու խառնուրդը որ հանճարի տեղ անցած էր։ Տաճատ Չարըքեան բացառիկ տիպար մը չէ եւ բոլոր ներողամիտ, քիչով շլացող, նորութիւնով հրապուրուող միջավայրներու մէջ նոյն իսկ յաճախակի երեւան եկած թիփ մըն է որուն աճելուն մասնաւորապէս կը նպաստեն մեր համայնքին տրամադրութիւնները։ Ո՞վ չէ հանդիպած, ըլլայ դպրոցին մէջ, ըլլայ կեանքի մէջ, այն զարմանալիօրէն օժտուած եւ կանխահաս տղաքներուն՝ որոնց կարողութիւնը սակայն երեւութական եւ խաբուսիկ՝ շուտով կ՚անհետի առաջին լուրջ դժուարութեան մը իսկ բաղխումին. ընդհանրապէս վատառողջ եւ տկար՝ մեծամասնութիւնը կը կորսուի կանուխէն ծնողքին կամ դաստիարակին ցաւը ձգելով սովորականէն դուրս հանճարեղ տղայ մը կորսնցուցած ըլլալու։ Անոնք որ կ՚ապրին, գլխով հիւանդ եւ կանուխէն արթնցած զգայնութիւններով մոլի, յաճախ կը ճիւղաւորուին բազմատեսակ մտային խանգարումներու մէջ, իբրեւ ընդհանուր յատկանիշ պահելով նենգութիւն, կեղծաւորութիւն, եսամոլութիւն եւ բոլոր այն մեծ թերութիւնները որոնք ընկերային ոճիրներ են եւ ընդհանրապէս դուրս կը մնան օրինաւոր արդարութեան ձեռնհասութենէն։

Իսկ ասոնցմէ դուրս կան այն երիտասարդները որոնք ապշեցուցիչ ընդունակութիւն մը ցոյց կուտան իրենց ընդգրկած ասպարէզին մէջ, մինչեւ որոշեալ կէտ մը՝ ուրկէ կ՚ընկրկին հետզհետէ եւ կ՚իյնան անկման մէջ եթէ ժամանակին դիպուածաւ կամ գիտակցութեամբ չհեռանան ասպարէզէն։ Բոլոր ասոնք սակայն մեծ նմանութիւններ ունին ճշմարիտ հանճարներու եւ տաղանդներու ընտանիքին հետ, նմանութիւններ թէ ֆիզիքական, թէ բարոյական որոնք ինչքան ալ խաբուսիկ եւ զուտ մակերեւութային՝ կը մոլորեցնեն զիրենք շրջապատողները եւ իրենց անձերն ալ. հակառակ կեղծելու եւ դեր մը կատարելու ճարտարութեան որ կը յատկանշէ զիրենք, պէտք չէ կարծել թէ այդ կեղծ հանճարները գիտակից են իրենց բուն իսկ վիճակին. այդ նմանութիւնները, թէ ներքին եւ թէ արտաքին, ամենէն առաջ զիրենք կը խաբեն եւ զիրենք կը տեղաւորցնեն կատարելիք դերին մէջ որուն կը նպաստէ կարճատես, դիւրահաւան եւ թեթեւութեամբ դատող ապիկարներու հիացումը։

Միակողմանի բայց սուր թափանցողութիւն մը, intuition-ի տեսակ մը ընդունակութիւն, ձեռքի կամ մտքի յայտնի բայց սահմանափակ կարողութիւններ, ֆիզիքական տեսակէտով, ճակատի կամ գլխու թելադրիչ կազմութիւններ, տեսակ մը բաց աչքերուն մէջ, մտածել կուտան թէ արդեօք ճշմարիտ հանճարնե՞ր են en ébauche մնացած, անկատար վիճակի մէջ ծնած որոնց ժառանգական կամ արտաքին ազդեցութիւնները յամրօրէն աշխատելով ժամանակ չեն ունեցած վերջին ձեւը եւ վերջին կատարելութիւնը տալու, մէկ խօսքով ամբողջացնելու զիրենք դեռ իրենց մօրը արգանդին մէջ։

Ինչ որ ալ ըլլայ այն նմանութիւնները որ նշանակեցինք ճշմարիտ հանճարներու հետ թէ ֆիզիքապէս եւ թէ մտաւորապէս մեզի թոյլ կուտան զիրենք կոչելու կեղծ հանճարներ, որուն մէկ զարմանալի եւ կատարեալ տիպարն էր Տաճատ Չարըքեան։

Տաճատ փոխանակ իր անկարողութեան անդրադառնալու՝ արուեստը անբաւական կը նկատէր եւ մտքին մէջ եռացող քաոսային զգայնութիւններու, զգացումներու կցկտուր մտածումներու ամբողջութիւնը արտայայտելու բոլորովին անհարմար։ Գիծի եւ գոյնի համադրական արժէքը կը խուսափէր իրմէն, որովհետեեւ արդէն իր զգայնութիւններու միութենէ զուրկ եւ աններդաշնակ իրարու, համադրական արժէք մը չունէին։ Յետոյ բոլոր իր մտքին կաղապարը ունեցողներուն պէս, կը գուրգուրար իր ամենաջնջին մէկ մտածումին, մէկ զգայնութեան վրայ, պիտի ուզէր որ ամենքն ալ արտայայտուէին մարդկութեան եւ համզուած էր թէ իր բոլոր զգայարանքներէն ընդունած առօրեայ եւ չնչին զգայնութիւնները, անոնց ամբողջութենէն բողբոջած մտածումները, մանուածապատ կամ կիսատ, կենսական կարեւորութիւն ունէին ոչ միայն իր համայնքին այլ նոյն իսկ ամբողջ մարդկութեան համար. իրաւ է թէ միւս կողմէ նկարչութիւնը ազգ չունի, գոյները ու գիծերը լեզու չունին եւ կրնան մէկ անգամէն տիեզերական դառնալ, մինչդեռ գիրք մը պէտք է թարգմանուի, ճանչցուի ազգէ ազգ, այլ սակայն ինչ անբաւական միջոց գոյնը եւ գիծը, նիւթական եւ գրեթէ կոպիտ, գաղափարին առաձգական, սլացող եւ թափանցող արժէքին քով։

Ներքնապէս այս էր պատճառը, որքան ալ յաւակնութիւնով փքած եւ ծիծաղելի երեւայ, Տաճատ Չարըքեանի նկարչութենէ գրականութեան անցնելուն, երկու տարի առաջինին մէջ մնալէ ետքը, որուն միջոցին աւելի կարծիք յայտնած էր նկարչութեան վրայ, քան աշխատած եւ ուրկէ մնացած էին թղթի կտորներու վրայ ուրուանկարներ, մտքով շինուած պզտիկ պատկերներ եւլն։

Մեծ յոյսերով եւ ինքնավստահութեամբ էր որ թեւակոխած էր գրականութեան ասպարէզին մէջ. նախ ըստ իրեն արհեստ չկար հոս միշտ, իբրեւ գաղափարներով տիրուած տղայ՝ խրտչած էր նիւթական եւ գրեթէ գործաւորի աշխատութենէն՝ որ ամէն լաւ նկարչի ժամերուն մեծ մասը կը գրաւէ։ Բնութեան վրայ նկարելը իրեն համար մղձաւանջ մըն էր, ինչպէս արդէն ամէն բան որ սեւեռեալ ուշադրութիւն, դիտողութիւն եւ նոյն իսկ հաշիւ կը պահանջէ, ինքը ստրկական կը գտնէր՝ հակառակ իր հանճարեղ գլխին՝ խոնարհաբար նստիլ պտուղի մը, ծաղիկի մը, մարդու մը կամ տեսարանի մը առջեւ եւ ուշադրութեամբ ջերմեռանդութեամբ գոյները եւ գիծերը փնտռել. երբեք իր խրոխտ հոգին չէր ճկած այդ բանին, ինքը ներքնապէս եւ անկեղծօրէն բնութենէն ալ վեր եւ աւելի բարձր կը գտնէր ինքզինքը, իր մտացածին կազմած մէկ պատկերը անտարակոյս գերագոյն պիտի ըլլար բնութեան ո եւ է հատուածէն։ Գրականութիւնը այդ ազատութիւնը ինքն իր մէջ կը պարունակէր, յետոյ կարեւոր եւ կենսական իրողութիւն իրեն համար, նկարչութիւնը արտաքին աշխարհը ներկայացնելու միջոց մըն է գլխաւորաբար, մինչդեռ գրականութիւնը խօսքին աստուածային եւ ճկուն յատկութեանը շնորհիւ միայն թոյլ պիտի տար որ ճանչցնէ մարդկութեան՝ համայն տիեզերքին այն գերագոյն, անհասանելի, անթափանցելի աշխարհը որ իր հոգին էր, իր ԵՍը, ամենակարեւորը զոր պիտի ցուցադրէր նեարդ առ նեարդ, գուրգուրանքով, խնամքով, չմոռնալով անոր նուիրական խորշիկներէն ոչ մէկը, ոչ մէկ թռթռացում եւ ոչ մէկ երանգ եւ որուն հոյակապ շքեղութեան դռները պիտի բանար միմիայն գրականութեան միջոցաւ ապշած եւ շլացած մարդկութեան։

Այդ ոսկի երազովը հարուստ Տաճատ Չարըքեան նեղ գտաւ իր բնակած թաղը եւ շատ ոչինչ բան իր վաստկած համբաւը իր համայնքին մէջ՝ բաղդատմամբ այն տիեզերական փառքին որուն անկեղծօրէն կոչուած կ՚զգար ինքզինքը եւ զոր կրնար ձեռք բերել միմիայն երթալով արուեստներու եւ գրականութեան կեդրոնը՝ Բարիզ։

Որքան ատեն որ իր թաղին մէջ մնացած էր՝ իր Եսին համար ունեցած համարումէն դուրս բան մը չէր տեսած. գրեթէ չէր հետաքրքրուեր իր ժամանակակից գրողներով, չէր ուզեր գիտնալ անոնց բռնած ճամբան, անոնց թերութիւնները մասնակի թէ ընդհանուր, կամ յատկութիւնները։ Իրմէ դուրս ամեն բան արհամարհող մէկու մը ծաղրական ժպիտովը եւ ուսի շարժումովը ոչինչի կը վերածէր ամբողջ թրքահայ գրականութիւնը. հակառակ Պօլսոյ ամենէն աւելի թրքահայ գրողներ արտադրող թաղի մը մէջ ծնած, մեծցած, դաստիարակուած ըլլալուն, բնականաբար ինքզինքը չէր դասաւորեր բնաւ իր ընկերակիցներուն մէջ։

Աւելի ուշ էր որ առաջնորդողի իրաւունքներ եւ կոչումներ պիտի զգար իր մէջը, իր մեծամոլութիւնը դեռ ինքն իր մէջ ամփոփուած գրեթէ միշտ ուշադրութենէ կը վրիպէր, բայց անգամ մը որ յագեցում տար իր ներքին ձայներուն զանոնք ամփոփելով գիրքի մը մէջ, իր Եսին տպաւորութիւնները եւ զգայնութիւնները այն զարմանալի եւ մանուածապատ բծախնդրութեամբ, ինքզինքը պարապ պիտի զգար եւ բնականաբար իր յաւակնութիւնները պիտի տեղափոխուէին եւ պիտի տարածուէին իր անմիջապէս մօտը գտնուող գրագէտներուն վրայ։

Առ այժմ ինքը չէր զիջաներ շուրջը նայիլ, ինքզինքը տարբեր եւ գերադաս կ՚զգար ամենէն, դուրս ամէն դասաւորումէ եւ բոլոր իրենց մէջ ամփոփուող մենամոլներուն պէս՝ կը կարծէր թէ իր խելքին մէջէն անցած ամեն գաղափարներն ալ մեծ եւ ընդհանուր իմաստ ունէին, եւ կարող էին դղրդել տիեզերքը իր իմաստասիրական եւ գեղեցկագիտական հիմունքներուն մէջ։

Այս պատճառաւ էր նաեւ՝ որ Տաճատ Չարըքեան հակառակ իր ունեցած ճշմարիտ ընդունակութիւններուն՝ չափազանց տգէտ մնաց եւ եթէ ուզեց անպատճառ Բարիզ երթալ, իր այդ բուռն փափաքին մէջ բացատրեցինք թէ սորվելու ուսումնասիրելու դիտաւորութեան հետքն իսկ չկար։

Տաճատ իր քսաներորդ տարին կը մտնար երբ մեկնեցաւ Պօլիսէն. հայրը իր ճամբու ծախքը եւ մէկ երկու ամսուան ապրուստ հազիւ կրցեր էր հայթայթել։ Շոգենաւին մէջ ճամբու ընկեր ունեցաւ գաւառացի երիտասարդ մը Բարսեղ Սարգիսեան որ տասնևհինգ տարի չարաչար աշխատելէ ետքը Պօլիս եւ ծովեզերեայ ուրիշ քաղաքներ կէս բեռնակրի, կէս միջնորդի պէս կրցեր էր պզտիկ գումար մը ապահովել եւ կ՚երթար Բարիզ նկարչութիւն սորվելու։ Արդէն երեք տարի շարունակ յաճախած էր Պօլսոյ գեղարուեստից վարժարանը՝ ուր առաւօտուն քանի մը ժամ կուգար, կէս օրէ ետքը կ՚երթար քարափը աշխատելու եւ գիշերները կ՚անցնէր իրեն գիւղացի մէկ ընկերոջ սենեակը, խնայելու համար բնակարանի ծախքը։ Ասիկա թիկնեղ, միջին հասակով, ոսկրուտ, կորովի մարդ մըն էր մօտաւորապէս երեսուն եւ հինգ տարեկան։ Երեսին, վզին եւ կուրծքին մորթը արեւէն եւ ծովի աղի օդէն այրած, մասնաւոր եւ ոչ մարդկային գոյն մը եւ մագաղաթի կարծրութիւն ունէր։ Արեւին տակ միշտ աշխատող մարդիկներու ծամածռութիւններ դէմքին լայնքին խորշոմներ գծած էին, մանաւանդ ճակատին վրայ եւ աչքերուն քով, ինչպէս առած էր բերանը կիսաբաց պահելու ունակութիւնը որ իր մանիշակագոյն եւ դէպ ի մէկ կողմէն վեր գալարուած շրթունքներով դառն, գրեթէ եղերական երեւոյթ մը կուտար իր ամբողջ անձին։ Երբ բերանը գոցէր՝ թաւ եւ չափազանց սեւ պեխերը դէպ ի վար երկնցած գրեթէ կը ծածկէին թուշը, որ իր կարգին քիչ մը շատ զօրաւոր եւ դուրս ցցուած, առաջին անգամ տեսնողին չափազանց ուժի եւ կոպտութիւններու գաղափարը կը ներշնչէր։ Ձեռքերն ալ բնականաբար սեւցած եւ կոշկոսներով կարծրացած էին եւ այնպիսի ծանր շարժումներ ունէին որ անկարելի էր աւելի անընդունակ ձեռքեր երեւակայել գեղարուեստի։ Միշտ բեռեր կրելու վարժութիւնը թեթեւ մը կորացուցած էր իր ողնահարը, որուն գիծը զարմանալի կերպով կը հակազդէր, գլխուն բռնուածքին եւ աչքերուն գրեթէ անկարեկիր խստութեանը հետ։ Այս մարդը՝ այրած դէմքով, արեւէն գրեթէ կուրցած աչքերով, դէմքի ծամածռութիւններով տեսնողին թէ՛ տարտամ վախ մը կ՚ազդէր եւ թէ գթութիւն։ Ամեն պարագային յայտնի էր թէ արտաքին պատճառներէն աւելի՝ իր իւրաքանչիւր մկանունքը ձգտուած, գալարուած էին ներքին բուռն փոթորիկներու ազդեցութեան տակ, թէ զսպուած փափաքներ եւ կիրքեր ակօսած էին ամեն ուղղութեան մէջ իր հոգին, ցաւագին հետքեր ձգած էին իր շարժումներուն, իր ձայնին, իր ամբողջ էութեան մէջ, իր քալուածքը տեսնելով միայն կարելի էր գուշակել թէ այդ մարդը ամէն օր, ամէն ժամ մաքառած էր իր կացութեան դէմ որուն արժանի չէր ապահովաբար, եւ բոլոր ասոնք, իր հոգիին ստիպողական պէտքերը, անոնց չյագեցած ըլլալուն դառնութիւնները, ֆիզիքական եւ նիւթական զրկանքները սարսափելի կերպով ծռած, կորացուցած, խեղաթիւրած էին իր անդամները, զինքը կաղապարելով եւ կազմելով իր մարդկային բնական երեւոյթէն տարբեր ձեւի մը մէջ, իր տղայութենէն իր անփոյթ օրերէն միակ փափկութիւն, քիթը մնացած էր, ուղիղ եւ գեղեցիկ քիթ մը թռթռուն եւ նուրբ ռնգունքներով եւ որոնք միշտ գերագոյն զգայնութիւններ հաւաքելու երեւոյթը ունէին։

Յայտնի էր որ խեղճ տղան փափուկ հոգիով մը օժտուած, զգայնասէր եւ գորովանքով լեցուն, իր պատանեկութեան առաջին օրերէն տանջուած ու տանջուած էր անընդհատ. յայտնի էր որ աւելի ուշ բեռերուն տակ կքած կամ ո եւ է մեքենական աշխատութիւն մը կատարած պահուն քրտինքով ողողուած եւ հեւալէն կարօտով մտածած էր աղուոր գիծերուն եւ գոյներուն վրայ, իր պանդխտութեան առաջին տարիները շատ դառն եղած էին. ոչ ոք, նոյն իսկ իր ազգականները չէին հանդուրժած որ իր գեղեցիկ երազը իրագործէ. ի՞նչ պիտի ընէր նկարիչ դառնալով. ահաւասիկ մայրաքաղաքացիի, անգործ մարդու զբաղում։ Երբ մարդ ուտելու հաց չունի, կարկանդակին չը մտածեր… հէ՞…։

Ինքը ոչ մէկ տրամաբանութեան չէր անսացած, աւելի ուժով եւ հզօր իւր հոգիին մէջէն երգած էր արուեստի եւ գեղեցկութեան պէտքը եւ ինքը այդ նուիրական ձայնին մտիկ ըրած էր. ուրկէ ո՞ւր այդքան տիրականօրէն փոխանցուած էր իր գաւառացիի միամիտ եւ յամառ հոգիին մէջ գեղարուեստի տենջանքը. որքան որ կը յիշէին գիւղին մէջ իր մեծ հայրերէն մինչեւ իր հայրը եւ ընտանիքին մէջ ոչ ոք այդպիսի մէրագ մը չէր ունեցած. ի՞նչ փոյթ սակայն։ Բարսեղ Սարգիսեան կ՚ըսէր յաճախ թէ իր տղայութենէն իսկ ապշած կը նայէր գեղեցիկ բաներուն եւ կրօնական զգացում մը կը զգար որ տխրութիւնով եւ զմայլանքով խառն բան մըն էր։

Հետզհետէ սակայն խեղճ տղան՝ իր արտաքին երեւոյթին եւ կոպտացած ձեռքերուն համար ծաղրանքի ենթարկուած՝ ստիպուած էր ծածկելու իւր հոգիին հրայրքը պատանիի մը պէս որ սիրած ըլլալուն կ՚ամչնայ։ Գիշերները միայն Բարսեղ կ՚աշխատէր մինաւորիկ, միակ ուսուցիչ ունենալով չափազանց լարուած ուշադրութիւն, ճշգութիւն եւ անկեղծութիւն։ Երեսուն երեք տարեկանին քիչ մը դրամ խնայած ըլլալով եւ իրմէ մեծերուն անուղղակի հսկողութենէն եւ խրատներէն ազատ՝ կրցեր էր Պօլսոյ գեղարուեստից վարժարանը յաճախել, որուն միջոցին ցոյց տուած էր արդէն, հակառակ նախապէս ընկերներէն ընդունած թշնամանքնեերուն, ճշմարիտ եւ մեծ տաղանդ մը. իր ուսուցչին խրախոյսներուն վրայ վստահութիւն առած էր եւ մտադրած էր Բարիզ երթալ. 150 ոսկիի գումար մը խնայած էր գրեթէ 15 տարուան չարաչար աշխատութիւնով, եւ այնպիսի խնայողութիւններու ստիպուած՝ որոնց կրցած էր տոկալ միայն իր երկաթէ կամքովը եւ արուեստի համար ունեցած անսահման եւ անդիմադրելի սիրոյն շնորհիւ։

Տաճատ Չարըքեան երկրորդ կարգի ճամբորդներու ճաշասրահին մէջ, օրօրուն աթոռի մը վրայ կ՚օրօրուէր իր ճամբորդութեան երկրորդ օրը երբ փոխնաւապետը սրահ մտնելով ըսաւ.

- Գիտէ՞ք պարո՛ն, հայրենակից մը ունիք երրորդ կարգի ճամբորդներուն մէջ։

- Ա՜հ, ըսաւ անտարբերութեամբ ճակատը ցցելով։ Երկու օր բաւական եղած էր որպէս զի նաւաստիներէն մինչեւ նաւապետը գիտնային թէ հանճարեղ պատանի մը կը փոխադրէին Մարսիլիա, իր համակրելի արտաքին երեւոյթին, մանաւանդ այն մեծ մարդու հովին շնորհիւ որ ունէր, կարծեր էին թէ նշանաւոր գրագէտ մըն է որ հետաքրքրութեան կամ ինքզինքը ծանօթացնելու համար կ՚երթար Բարիզ. մեծարանքով եւ յարգանքով կը վարուէին եւ իրեն համար ունէին այն մանր եւ ըստ ինքեան ոչինչ ուշադրութիւնները որոնց մէջ այնքան մեծ բան դնել գիտեն Ֆրանսացիք։

Երկրորդ կարգի ճամբորդներու մէջ կար ֆրանսացի օրիորդ մը, որ երկար ատեն ուսուցչուհի եղած էր Բագուի մէջ հարուստ Հայ ընտանիքի մը աղջկան զոր իրեն հետ ճամբորդութեան կը տանէր. այս վերջինը նիհար, չափազանց թուխ եւ արդէն շրթունքներուն վրայ սեւ աղուամազով մը զարդարուած 15-16 տարեկան աղջիկ մըն էր որ ինքզինքը Բագուի մէջ կարծելով կը շփանար ամենուն եւ կարելի եղածին չափ կ՚ուզէր յայտնել թէ ինքը հայ չէ. բարեբաղդաբար իր անհանդուրժելի տգեղութիւնը մոռցնել կուտար իր անձը եւ ոչ ոք կը զբաղէր իրմով։ Յետոյ կային մէկ իտալացի եւ երկու յոյն վաճառական. Տաճատ Չարըքեան ոչ ոքի հետ ընկերացաւ. իր խօսելու դժուարութիւնը եւ մանաւանդ ֆրանսերէն լեզուի մէջ ունեցած խակութիւնը պատճառ եղան որ մինակ մնայ եւ կարելի եղածին չափ քիչ խառնուի ընդհանուր խօսակցութիւններուն։ Ասիկա սակայն բոլորովին տարբեր ազդեցութիւն ըրաւ. ամենքն ալ կարծեցին թէ իրենցմէ շատ բարձր եւ կարող անձ մըն էր անիկա եւ ինչպէս ըսի արդէն մասնաւոր յարգանքով մը սկսան վարուիլ իրեն հետ։

- Ներեցէք պարոն, ձեզ անհանգիստ ընելուս. ըսաւ փոխ-նաւապետը, կարծեցի թէ կրնար շահագրգռել ձեզի, մանաւանդ թէ ձեր հայրենակիցը ըսաւ թէ Բարիզ կ՚երթայ նկաչութեան հետեւելու։

-Ա՜հ, նկարչութիւն, իրաւամբ զարմանալի է, ի՞նչ է անունը։

- Չկրցի միտքս պահել։

- Վերջը կը տեսնենք հարկաւ։

Տաճատ Չարըքեան չափազանց հետաքրքրուած էր երրորդ կարգի նկարիչ ճամբորդը տեսնելու, բայց միւս կողմանէ չէր ուզեր որ ամենքն ալ գիտնային իր հետաքրքրութիւնը. իր բնական զգացումները սքօղելու եւ մանաւանդ թէ անոնց բոլորովին հակառակը ցոյց տալու վարժ՝ – մտքի ապականութիւն մը որ յաճախ կը պատահի կիներու, հիւանդներու, տղոց եւ տկար մարդերու – Տաճատ Չարըքեան առանց օրինաւոր կամ որոշ պատճառի ինքզինը անտարբեր ցոյց տուաւ, ասոր համար էր որ իրիկուան ճաշէն ետքը միայն հաճեցաւ երեւնալ նկարչին։

- Եղբայր, ձեզի սպասեցի առաւօտէն ի վեր, ըսաւ Բարսեղ Սարգիսեան իր լայն եւ կարծր ձեռքը երկնցնելով Տաճատին որ իր բարակ մատները դրաւ Բարսեղի ափին մէջ. շատ փափաք կ՚զգար անմիջապէս յայտնելու իր խօսակցին թէ ինչ տեսակ մարդու հետ գործ ունէր, բայց Բարսեղին անկիւնաւոր եւ ուղիղ կզակը, իր խորշոմած եւ այրած դէմքը զինքը երկչոտ դարձուցին։

Բարսեղ անգամ մըն ալ եղբայրաբար նայեցաւ ժպտելով Տաճատին, յետոյ ձեռքը գրպանը խոթեց, ծխախոտին տուփը հանեց եւ սիկարէթ մը ոլորելով հրամցուց։

- Շնորհակալ եմ, ըսաւ Տաճատ ետ քաշուելով, հիմա ծխեցի։

- Հատ մըն ալ ծխեցէք, եղբայր, ինչ կ՚ըլլայ, չէք գիտեր որքան գոհ եմ ազգակցի մը հետ խօսելուս, երկու օր է որ կը խղդուիմ կոր աս անպիտաններուն հետ։

Բարսեղ ձեռքովը վրանը ցուցուց։ Տաճատ զզուանքի շարժում մը ընելով աչքին ծայրովը նայեցաւ եւ հազիւ թէ ընդնշմարեց անկողիններու դէզեր, աղտոտ բարձեր, չսանտրուած գլուխներ եւ անմիջապէս զգաց ճէնճի, ձէթի, պտուղներու տարտամ հոտ մը։ Բարսեղ վարժուած այս կարգի թշուառութիւններու՝ բան մը զգալու երեւոյթ չունէր, միայն իր աչքերը կը ժպտէին սքանչելի կապոյտ ծովին եւ կղզեակներուն որոնք իրիկուան լոյսին մէջ բոլորովին վարդագոյն՝ շոգենաւին արագ ընթացքին շնորհիւ հազիւ թէ կ՚երեւէին եւ կ՚անցնէին պարիկներու պէս։ Իրենց գլխուն վերեւ երկինքը կը կամարանար բոլորովին ծածկուած ճերմակ եւ ոսկեզօծ ամպերով եւ Բարսեղ հմայուած, իր խորշոմած եւ թխացած ճակատը կը դարձնէր չորս կողմ եւ ռնգունքը կը թրթռային այնքան փափուկ՝ իր կոպտացած դէմքին վրայ, ծաղկի թերթերու նման։

- Նստեցէք, ըսաւ վերջապէս կուպրով ծածկուած պատուանդանը ցուցնելով որուն վրայ հաստատուած էր երրորդ կարգի ճամբորդներու վրանը։

Տաճատ վարանող եւ անորոշ շարժում մը ըրաւ, այն ատեն Բարսեղի հոգիին մէջէն դղրդեցաւ մշտնջենական ցաւը. անմիջապէս հասկցաւ իր եւ քաղքենիին տարբերութիւնը. իր բեռերու տակ կքած ողնայարը ի զուր վեր բռնելու պիտի ճգնէր, իր ծառայութեան տարիները այնպիսի անջնջելի հետքեր ձգեր էին իր անձին վրայ որ միշտ բնազդով եւ խորապէս նսեմ պիտի զգար ինքզինքը լաւ հագուած երիտասարդի մը քով, քիչ մը առաջ ինչպէ՛ս մոռցեր էր ասիկա, վերջալոյսին տիրական գեղեցկութիւնը հոգին լուսաւորած էր իր ամէն խորշիկներուն մէջ եւ բնութեան հետ լոյսով եւ գեղեցկութիւնով հաղորդակից՝ մոռցեր էր բոլորովին իր մարդկային ճակատագրական եւ անողոք իրականութիւնը. հակառակ հորիզոնին վրայ բոցավառող արեգակին իր աչքերը մթին եւ խոնաւ էին եւ անոնց խորքին մէջ զարմանալի նշոյլ մը կար պլպլացող եւ անհանգստող. այն նշոյլը ցանկութիւն էր քան հպարտութեան անբռնաբարելի զգացումը, անոր մէջ ըմբոստացում կար եւ անսահմանելի արհամարհանք մը, բայց թէ մանաւանդ խորունկ անչափելի ցաւ, սաստիկ եւ անողոք որ ջղաձգօրէն թարթափել կուտար իր թարթիչները։

Բարսեղի այդ պրկուած դէմքը, դուրս երկնցած կզակը եւ մանաւանդ այդ մթին բոցը աչքերուն բոլորվին տարբեր տպաւորութիւն ըրին Տաճատին վրայ. այդ վայրկեանէն Բարսեղ առանց իր իսկ գիտնալուն այնպիսի ազդեցութիւն մը ունեցաւ որ պիտի տեւէր մինչեւ ետքը, երկվայրկեան մը Տաճատին մտքին մէջէն տարակոյսը անցաւ իր իսկ կարողութեան վրայ եւ զարմանալի բան, ամչցաւ իր ճերմակ եւ մաքուր ձեռքերէն, իր բաց գորշագոյն հագուստէն, իր նուրբ ճերմակեղէնէն, եւ թերեւս ներքին զգացումի մը հետեւելով պիտի նստէր կուպրով ծածկուած պատուանդանին վրայ, երբ Բարսեղ յանկարծ իրեն դառնալով ըսաւ չոր եւ տիրական ձայնով մը.

- Լաւ, լաւ դուք չէք կրնար նստիլ հոս, ոտքի վրայ մնացէք. հետզհետէ սակայն արուեստագէտի հպարտութիւնը վստահութիւն տուաւ Բարսեղին եւ սկսաւ խօսիլ իր գործին, իր երազներուն, իր դիտողութիւններուն վրայ։

- Կը տեսնէք, երբէք նիւթականապէս գոյնը լոյսին թափանցկութիւնը չտար. երեկոյեան մանաւանդ երբ արեւը անհետացած է եւ շուքերը որոշ չեն, ամեն գոյն եւ ամեն ձեւ զարմանալի թափանցկութիւն մը կ՚առնեն՝ որ անկարելի է գրեթէ թանձր եւ իւղոտ նիւթերով յառաջ բերել. այնպէս չէ՞, ինչ որ ջանքերով կ՚ստանանք բոլորովին յարաբերական բան մըն է։

Տաճատ միշտ բնութիւնը ընդնշմարելու վարժուած քան թէ ուշադրութեամբ դիտելու իր բոլոր երեւոյթներուն մէջ՝ ընդհանուր եւ առաձգական բաներ կ՚ըսէր, մինչեւ որ մոլորէր մտքին այն անել թարթափումներուն մէջ որ աստիճանաբար զինքը կը հեռացնէին բուն նիւթէն. իր ոճին իսկական թերութիւնն էր ասիկա որ շատերուն խորութեան պատրանքը կուտար. ասիկա լաւ էր մայրաքաղաքացիներուն համար, որ խօսքի կամ բառի (առանձինն առնելով) խաբուսիկ շնորհէն կը հրապուրուին եւ նոյն իսկ տեսակ մը վանկերու հաճելի հնչակութիւնը շատ մը իմաստներու տեղ կը բռնէ, բայց Բարսեղ իր առողջ եւ պայծառ մտքով հեռու էր ճաշակելէ ասիկա եւ յաճախ կը կրկնէր անկեղծօրէն։

- Բայց ատիկա մեր նիւթէն դուրս է բոլորովին եւ կամ թէ՝ ես բան մը չհասկցայ։

Այն ատեն Տաճատ մեծ մարդու արհամարհող ժպիտը կը գտնար, բայց անմիջապէս Բարսեղին հարցնող աչքերուն առաջքը ձայնը բոլորովին կը խղդուէր եւ խօսքը կը վերջացնէր թոթովելով։

Այլեւս գորշ շուք մը իջած էր ծովուն մէջ եւ ալիքները մթին կը բարձրանային վետվետալով. թեթեւ մրմունջ մը կը բարձրանար ծովէն եւ կղզիները ու կղզեակները կը մթննային, կը ծանրանային եւ հետզհետէ հեռաւոր կը թուէին. շոգենաւին մէջ ասդին անդին պզտիկ լոյսեր սկսան պլպլալ. Բարսեղ իր շինած պատկերները կը ցուցնէր Տաճատին. բոլորն ալ բնութեան վրայէն étudeներ. յետոյ աւելի երկչոտութեամբ մէջտեղ բերաւ ամբողջ կարգ մը ձեռքեր եւ ոտքեր գծագրուած։

- Օ՜հ, ասոնք ոչի՛նչ, դեռ գեղարուեստից վարժարանը չէի երթար, երբ իրիկունները սենեակս կ՚առանձնանայի՝ ածուխի կտորով մը ոտքս կամ ձեռքս կը գծէի. ուրիշ մօտէլ չունէի, ի՞նչ կրնայի ընել։

Տաճատ արհամարհանքով կը ժպտէր. նոյն միջոցին առաջին եւ երկրորդ կարգի ճամբորդներու ընթրիքին զանգակը զարկաւ. Տաճատ ձգեց ձեռքի թուղթերը եւ պիտի հեռանար երբ նաւապետը հոնկէ անցնելով կեցաւ իրենց մօտ։

- Ի՞նչ նայելու վրայ էք տեսնեմ, եւ Բարսեղին թոյլտուութեան վրայ գծագրուած ոտք մը առաւ եւ դէպի լոյսին դառնալով դիտեց.

- Բայց, գիտէ՞ք որ շատ լաւ է ասիկա, շատ դիտողութեամբ եւ ճշտութեամբ գծուած, դո՞ւք գծած էք տղաս։

Բարսեղին հաստատական պատասխանին վրայ նաւապետը զարմացմամբ նայեցաւ գաւառացիին եւ բարեկամաբար ձեռքը ուսին դրաւ.

- Գիտէ՞ք տղաս, ես շատ կը սիրեմ գեղարուեստները, կ՚ուզէ՞ք ինծի հաճոյք մը պատճառել. առէք բոլոր այս թուղթերը եւ եկէք ինծի հետ ընթրելու, վերջը մէկիկ մէկիկ կը նայինք ասոնք եւ դիտողութիւններս կընեմ եթէ կը ներէք։

Բարսեղ յուզմունքէն կը դողար, ակռաները կը կափկափէին. այդ մէկ քանի խօսքերը զինքը հրճուանքով եւ հպարտութեամբ լեցուցին. մէկու մը կը նմանէր որ երկար ատեն ծարաւէ տառապելէ ետքը, շրթունքը անգիտակցաբար գաւաթի մը եզերքը կը դնէ եւ կ՚զգայ բարերար հեղուկը. այդ միջոցին այնպիսի անձնուիրութիւն մը կ՚զգար նաւապետին նկատմամբ՝ որ պատրաստ էր մեռնիլ անոր համար, ու երեսէն վար առանց իր գիտնալուն արցունքները կը վազէին. նաւապետը րոպէ մը խօսէի բռնուեցաւ Տաճատին հետ, մինչեւ որ խեղճ գաւառացին իր թուղթերու ծրարը հաւաքեց հագուստին եզերքներէն քաշեց վար ամէն կողմէ, լաւ երեւնալու միամտութեամբ, փողկապը՝ որ մէկ քով գացած էր՝ իր ջղուտ եւ կարճ վզին վրայ ճիշտ թուշին տակ բերաւ եւ գրեթէ տղայական հոգածութեամբ մը ծայրերը տեղաւորեց բաճկոնին մէջ եւ քառթօնը թեւին տակ, իր կոշկտացած եւ թխացած ձեռքերը իրարու վրայ փորին դրած եկաւ կեցաւ նաւապետին քով։

- Եկու տղաս, ըսաւ նաւապետը եւ զինքը յառաջացուց. այն ատեն յուզմունքին եւ երջանկութեան մէջ Բարսեղ դողդողացող ձայնով մը ըսաւ Տաճատին.

- Միասին պիտի ըլլանք այնպէս չէ՞։

- Ոչ, պատասխանեց այս վերջինը չոր եւ կտրուկ ձայնով մը եւ ակնթարթի մը մէջ աներեւոյթ եղաւ երկրորդ կարգի սրահին մէջ։

Ճամբորդութեան մնացեալ օրերը օդը փոխուելով շոգենաւը տատանեցաւ մինչեւ Լիոնի ծոցը. Տաճատ ծովէ բռնուած ըլլալով գրեթէ իր խցիկէն դուրս չելաւ, բայց իմացաւ որ Բարսեղ նաւապետին թոյլտուութեան վրայ առաջին կարգի խցիկ մը փոխադրուած էր. այս պարագան ինքնին շատ չնչին եւ սովորական, մեծ տպաւորութիւն ըրաւ Տաճատին վրայ, անգիտակցաբար ներքին անդիմադրելի յարգանք մը եւ նոյն իսկ երկչոտութիւն մը զգաց իր ազգակցին նկատմամբ. անոր ֆիզիքական ուժը եւ մանաւանդ թէ մտքին եւ արուեստին արտայայտման մէջ դրած ուղղութիւնը եւ պայծառութիւնը զինքը կը շփոթեցնէին, զինքը նեղը կը դնէին. բնազդով հասկցաւ անոր գերազանցութիւնը հակառակ արտաքին երեւոյթներուն. այն երկար ժամերուն որ խցիկին մէջ անցուց կռնակին վրայ երկնցած անկողնին մէջ, երկարօրէն մտածեց այս բաներուն վրայ, եթէ բնաւ չխոստովանեցաւ իւր անձին տկարութիւնը գաւառացի տղուն քով, վայրկեան մը եղաւ սակայն որ անորոշ տարակոյս մը սպրդեցաւ մտքին մէջ, իր մեծութեան զգացումը պահ մը դղրդեցաւ. ասոր նպաստեցին նաեւ բնութեան երեւոյթները։ Միջերկրականի մէջ փոթորիկը այնքան մեծցաւ որ իր խցիկին բոլորակ պատուհանը միշտ ողողուած կը տեսնէր փրփուրով եւ կանաչորակ կոհակներով ու գիշերները ֆոսֆորային լոյսեր պզտիկ կայծակներու պէս սողոսկելով ամէն կողմին տատանող շոգենաւին եզերքին, զինքը սարսափով եւ անձկութեամբ կը լեցնէին. միշտ առողջ, միշտ գովուած եւ շփացած, երբէք չէր խորհած մահուան եւ անէացման վրայ. եւ յետոյ մեծութեան զգացումը այնքան գրաւած էր իր միտքը իր ամէն երեւոյթներուն մէջ, որ տեղ չէր ձգած ուրիշ մարդկային զգացումներու, հեռաւոր սարսափ մը կար թէեւ իր հոգիին մէկ անկիւնը թառած վերջնական անյեղլի օրէնքին համար, բայց ասիկա տարտամ եւ անձեւ բան մըն էր. բայց փոթորկոտ գիշերներուն մէջ՝ ծովուն անհունութեամբը պաշարուած այդ գաղափարը բանաձեւուեցաւ. եւ առաջին անգամ ըլլալով ինքզինքը պզտիկ եւ չնչին զգաց։

Շատ հաւանական է որ` այս զգացումը միանալով Բարսեղին կրած տպաւորութեան, իր բարերար ազդեցութիւնը ընէր եւ հակազդեցութիւն մը յառաջ գար իր մտքին մէջ, բայց անակնկալօրէն պարագաները արգելք եղան բոլորովին. ճամբորդութեան վերջին օրն էր եւ առաւօտեան դէմ յանկարծ ծովը հանդարտեցաւ. ալիքները տափակցած եւ դեռ բոլորովին փրփուրոտ կը սահէին մեղմօրէն տարօրինակ մրմունջով մը, կարծես թէ բռնի զսպուած ըլլային իրենց կատաղութեան մէջ. բարակ եւ ցուրտ անձրեւ մը կը տեղար եւ գորշագոյն ու մառախլապատ երկինքը այնքա՛ն ցած կը թուէր որ կայմերուն գագաթները չէին երեւնար. հեռուն հորիզոնին վրայ միայն սատափի ճերմակութեամբ գիծ մը կ՚երեւէր որուն վրայէն սեւ եւ անձեւ ամպեր արագօրէն կը փախչէին։

Այլ սակայն շոգենաւը հանդարտօրէն կը յառաջանար եւ բոլոր ճամբորդներն ալ հաւաքուած սրահներուն մէջ թղթախաղով կամ խօսակցութեամբ զբաղած էին, հետեւեալ առաւօտուն կանուխ Մարսիլիա պիտի հասնէին եւ նաւապետը փափաքեցաւ հացկերոյթ մը եւ երեկոյթ մը տալ առաջին եւ երկրորդ կարգի ճամբորդներուն. երբ ճաշացուցակը պատրաստուեցաւ, նաւապետը խնդրեց Բարսեղէն որ (en têtê) մը նկարէ։ Մինչեւ ցարդ Բարսեղ բնութեան վրայէն աշխատած եւ միայն étudeներ ըրած՝ բաւական ճկունութիւն եւ դիւրութիւն չունէր երեւակայութեամբ բան մը շինելու, անոր համար հարցուց միամտութեամբ.

- Ի՞նչ կ՚ուզէք որ շինեմ։

- Ծաղիկներ, պտուղներ, վերջապէս ի՛նչ որ կ՚ուզէք. ձեր արուեստագէտի քմահաճոյքին կ՚ապաւինինք։

Տաճատ թղթախաղին հետեւելու երեւոյթով մտիկ կ՚ընէր նաւապետին եւ Բարսեղին խօսակցութեանը. հասկցաւ որ Բարսեղ գրիչի հարուածով մը de chic բան մը մէջտեղ հանելու անկարող էր. քիչ մը ետքը երբ Բարսեղ մտածկոտ երեւոյթով կամրջակին վրայ ելաւ՝ ինքն ալ հետեւեցաւ անոր։

Քանի մ՚օրուան փոթորիկը ամէն բան աղտոտեր, տակն ու վրայ էր ըրեր. կայմերը եւ շոգենաւին բոլոր կազմածքը աղով ծեփուած ճերմակ կ՚երեւէին. խումբ մը նաւաստիներ բոպիկ ոտքերով եւ մերկ բազուկներով, կը մագլցէին ամէն կողմ, եւ մեծ աշխուժութիւնով շոգենաւին արդուզարդին կ՚աշխատէին։ Բարսեղ ապրանքներու հակի մը կռթնած ուշադրութեամբ կը դիտէր. իր աչքերը կը խնդային երիտասարդ եւ ճկուն անդամներու շարժումներուն, քանի օր է որ անգործութեան դատապարտուած՝ աշխատութեան եւ շարժումի պէտք կ՚զգար իր ընդարմացած մկանունքներու մէջ եւ ինչքա՜ն մերձաւոր եւ եղբայր կ՚զգար ինքզինքը այդ աշխատողներու դասակարգին հետ քան բարեկեցիկ ճամբորդներու որոնց հետ ընկերելու հրաւիրուած էր. միեւնոյն ատեն կարծես իր բոլոր երկչոտութիւնը եւ միամտութիւնը կ՚անհետանային եւ հետզհետէ գիտակից կը դառնար իր վիճակին, իր կոչումին, վայրկեան մը իր կացութեանը հպարտութիւնը ունեցաւ, իր չարքաշ եւ տաժանելի կեանքին հպարտութիւնը եւ հասկցաւ տառապանքին բոլոր գեղեցկութիւնը եւ դառն գեեցկութիւնը բեռերու տակ ճնշուած հոգիներուն. այդ ջանքերու եւ աշխատութեան տակ ձգտուած մկանունքները, պրկուած բազուկները, կքող հասակները, մագլցող սրունքները ինքն ալ ունէր, այդ աղի օդէն եւ արեւէն սեւցած եւ խորշոմած դէմքերուն մէջէն հեւացող կուրծքերուն եւ ուժէ վեր ջանքերուն ներքեւ ջլատուող անդամներուն մէջէն ազգականութիւնը եւ եղբայրութիւնը զգաց տքնող մարդկութեան։ Նոյն միջոցին հեռուէն տեսաւ Տաճատը իր բաց գորշագոյն հագուստին մէջ եւ զգաց որ հակառակ ամէն բանի աւելի օտար էր անոր հետ քան սա նաւաստիներուն որոնց անունը իսկ չէր գիտեր։ Քիչ մը առաջ Տաճատէն գաղափար պիտի ուզէր իր նկարելիքին համար, բայց հիմա մղոններով հեռու կզգար ինզքինքը անկէ եւ իր արագ եւ ուղիղ դատողութեան շնորհիւ անմիջապէս հասկցաւ որ իրենց միտքերը երբէք չպիտի հաշտուէին իրարու հետ. հետեւաբար առանց անոր սպասելու վրանին ներքեւ մտաւ, սնտուկ մը բացաւ եւ գծագրութեան խոշոր թուղթ մը եւ ածուխի կտոր մը առնելով եկաւ ուրուագծելու նաւաստիներուն շարժումները. մէկ կողմէն աշխատելով կը խորհէր ճաշացուցակին վրայ շինելիք պատկերին վրայ. սանկ, կայմեր վերջալոյսի ատեն ցոլքերու մէջ թաթխուած եւ բոցավառ ճաճանչներու պէս, որոնց երկայնքին պրկուած չուաններու վրայ նաւաստիներ կը մագլցին. նոյն միջոցին նաւապետը իր խցիկը պիտի վերադառնար եւ տեսնելով Բարսեղը մօտեցաւ իրեն. Բարսեղ բացատրեց միտքը։

-Աւելի թեթեւ բան մը տղաս, աւելի թեթեւ…։

Իրիկուան դէմ, սրահին մէջ հաւաքուած ճամբորդներէն շրջապատուած Բարսեղ կ՚աշխատէր. Տաճատ ըսած էր իրեն թէ պտուղներ կամ ծաղիկներ աւելի յարմար պիտի ըլլային եւ հիմա կը ջանար իր դէմը դրուած պտուղները ընդօրինակելու պզտիկ թուղթի մը անկիւնը. իր մեծ գիծերու եւ մեծ շարժումներու վարժուած մատները չէին ճկեր փոքրիկ պտուղներ շնորհալիօրէն գծելու, գոյները կը դիզուէին, զիրար կը չեզոքացնէին, քունքերուն վրայ քրտինքի կաթիլները կը խոշորնային եւ զգալի կերպով մատները ծանր եւ անյարմար կ՚զգար, յանկարծ մէկ կողմ նետելով թղթի կտորը՝ Տաճատին դարձաւ եւ գոչեց.

-Անկարելի է, չպիտի կրնամ։

Այն ատեն Տաճատ շտապով առաւ թերթ մը թուղթ, ջրաներկի գոյները շարեց եւ այն զարմանալի դիւրութեամբը որ նշանակած էինք արդէն իր տղայութեան ժամանակէն, վրձինի մէկ քանի հարուածներով ծաղիկի փունջեր շինեց մէկ քովէն ինկած վարդագոյն ծաղկի ողկոյզներով, լայնօրէն բացուող հորգանսիաներով եւ մագլցող վարդի շնորհալի կոկոններով՝ լայն եւ կանաչ տերեւներու վրայ։

Ներկաները հիացած յափշտակեցին ճաշացուցակը եւ նաւապետին տարին. եւ ամբողջ երեկոյթի միջոցին գովուեցաւ շփացաւ իր ճամբու ընկերներէն ինչպէս ժամանակաւ եղած էր դպրոցին մէջ։ Բարսեղ նախ թեթեւ տխրութիւն մը զգաց, բայց Տաճատին յաջողութիւնը զինքը չվիրաւորեց, միայն թէ ճաշի միջոցին, շուարած եւ շլացած այնչափ լոյսերէն, աղմուկներէն եւ հեւ ի հեւ հետեւելով Ֆրանսացիներու սրամիտ եւ արագ խօսակցութեան՝ լուռ եւ միայնակ մնաց անկիւն մը։ Եւ երբ ամենքը իրենց խցիկը պիտի երթային պառկելու համար, գրեթէ կոպիտ շարժումով մը Տաճատին թեւէն բռնեց, կեցուց զինքը եւ թեթեւ մը կարմրելով ըսաւ հաւատքով.

- Կը տեսնես եղբայր, այդպէս գրչի հարուածներով ծաղիկներ շինելը փուճ բան է, ես անկարող եմ ատոր բոլորովին, - եւ շուարած Տաճատին երկնցնելով բռունցքը՝ թեզանիքները սօթտեց եւ ձգտուած մկանունքներով ուժեղ բազուկը ցոյց տուաւ.

- Միմիայն բնութիւնը, կը տեսնա՞ս, իր ամէն երեւոյթներուն մէջ առհասարակ. ես երկայն մտածեցի քու նկարելու դիւրութեանդ վրայ եւ հասկցայ որ անոր համար դուն կրցար այն ծաղիկները շինել երկվայրկեանի մը մէջ, որովհետեւ այդպիսի ծաղիկներ ճշդիւ չկան ոչ մէկ կլիմայի տակ եւ դուն տեսած չես կրնար ըլլալ։

Եւ որովհետեւ Տաճատ նենգութեամբ կը ժպտէր.

- Հիմակ որ այս բազուկս տեսար, մարդկային բեկոր մը, կրնա՞ս ըսել թէ այնպէս շուտով եւ ճիշդ նման բազուկ մը պիտի կրնայի՞ր շինել քանի մը վայրկեանի մէջ մտքէդ։

- Հարկաւ թէ, ըսաւ Տաճատ տատամսելով եւ անվստահ ձայնով։

- Ես ալ այն ատեն պարծենալով կ՚ըսեմ թէ քու շինած ծաղիկներէդ երբէք, երբէք չպիտի կրնամ շինել։

Եւ իրարմէ դժգոհ հեռացան առանց բարի գիշեր մաղթելու։

Հետեւեալ առաւօտուն երբ Տաճատ Չարըքեան արթնցաւ՝ արդէն Մարսիլիա հասած էին եւ ճամբորդներուն մէկ մասը մեկնած էր որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ Բարսեղ Սարգիսեան. ինքը երկու օր մնաց Մարսիլիա, բայց որովհետեւ ոչ մէկ ծանօթ չունէր հոն, գաղափարը որ ոչ ոք ուշադրութիւն կ՚ընէր իրեն. ոչ ոք գիտէր իր ի՛նչ եւ ո՛վ ըլլալը, այնքան անհանդուրժելի եղաւ որ վերջապէս յաղթեց նոր քաղաք մը տեսնելու եւ հոն ապրելու շատ նրբին հաճոյքին. աճապարանքով իր սնտուկը առաւ եւ կայարան գնաց Բարիզ երթալու համար։ Վակոնին մէջ շարունակական աղմուկով եւ շարժումով գրեթէ ապուշցած, բնաւ ժամանակ չունեցաւ խորհելու իր ընելիքին եւ բռնելիք ընթացքին վրայ. սաստիկ յոգնութիւն մը կը ջլատէր զինքը բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս որուն մէջ կար նաեւ Մարսիլիա ունեցած անախորժ տպաւորութեանը տարտամ զգացումը. հետզհետէ քանի օրը յառաջացաւ եւ շոգեկառքը դէպի հիւսիսային Ֆրանսա կը սուրար, մառախլապատ եւ գորշ մթնոլորտ մը յաջորդեց հարաւային Ֆրանսայի ծիծաղկոտ եւ արեւոտ գիւղանկարներուն. իրիկուան մութը հասած էր երբ շոգեկառքը կեցաւ կէս ժամու չափ. տխուր կայարան մը գրեթէ բոլորովին գորշագոյն, գետինը՝ խոնաւ սալայատակին վրայ օդային կազի ցոլքեր կ՚անդրադառնային եւ կը պլպլային. մեկնումի աճապարանքին մէջ մարդիկներ ծանր պայուսակներով բեռնաւորուած եւ մէկ կողմերնուն ծռած կը վազէին տաժանքով. ողջերթի մաղթանքները եւ բարի եկաքի ցնծուն ձայներ մինչեւ իրեն կը հասնէին. դեռատի աղջիկ մը վակոնէ վակոն կը վազէր մէկը փնտռելով. յետոյ ահաւասիկ սուլումներ, շոգեկառքը կը դղրդի եւ դարձեալ յոգնեցուցիչ եւ ջլատիչ վազքը մթութեան մէջէն որուն միջոցին Տաճատ կ՚ընդնշմարէր կաղամախիներու ձիգ ուրուագիծերը, եւ անսահմանելի տխրութիւնը հարթ եւ գորշ հողերուն. ասդին անդին հազիւ թէ պլպլացող լոյսերու խումբ մը որ հեռուէն գիւղ մը կամ քաղաք մը կը յայտնէր, յետոյ երբեմն ճամբուն վրայ կարմիր ուժգին լոյս մը, ուրիշ շոգեկառքի հապճեպով անցքը աղմկալի եւ հեւքոտ որ ամէն անգամուն զինքը կը դղրդէր տղայական վախով մը. տրտում, յուսաբեկ եւ հոգին լեցուած անբացատրելի զգայնութիւնով մը. Տաճատ գլուխը դրաւ վարձուած բարձի մը եւ ջանաց քնանալ. բայց իր կարճ մրափներուն մէջ որոնցմէ գրեթէ միշտ ուժգնօրէն կ՚արթննար, կ՚երազէր իր թաղը, իր բարեացակամ եւ ներողամիտ թաղը ուր բան մը, մեծ մարդ մըն էր ինքը. իր մեծութեան զգացումը վիրաւորուած էր արդէն առաջին անտարբեր նայուածքէն որ վակոնի ընկերներէն մէկը իր վրայ դարձուցած էր. մէկէն զգացումը ունեցաւ իր իրական ոչնչութեան՝ մեծ եւ անծանօթ երկրին մէջ, մէկ կողմէն մտքին կը ներկայանար իր թաղին ծանօթ փողոցները, հասարակաց պարտէզը ուր ամէն իրիկուն աղջիկներու նայուածքը կ՚ընդունէր խնկարկութեան մը պէս եւ ուր վստահ էր թէ իր վրայ կը խօսակցէին մրմնջելով. զինքը գովելով, զինքը ցանկալով եւ միս կողմանէ կը գուշակէր ուսանողի առանձին սենեակը, ձմեռը ցուրտ, ամառը հեղձուցիչ, անկողինը, ճերմակեղէնները անխնամ, հիւանդութիւններ մենաւորիկ, պատը երեսին եւ նոյն իսկ մահը, սարսափելին ա՛լ աւելի, իր նոր ընդգրկած կեանքին մէջ. ու գաղափարը իր դիակին անտարբերութիւնով պաշարուած՝ այնպիսի ցնցում մը պատճառեց որ բոլոր հասակովը ելաւ կանգնեցաւ յանկարծակի. շոգեկառքը միշտ կը խոյանար զուգահեռական գիծերուն վրայ մեղմօրէն հեռանալով ընդարձակ եւ տափարակ հողերուն մէջ, արշալոյսը կը ծանուցանէր ինքզինքը տժգոյն եւ անթափանց գոյնով մը որ մառախլապատ մթնոլորտին մէջ կը ծածանէր առանց անոր խառնուելու. աւելի ճերմակ եւ վճիտ գետ մը օձապտոյտ իր արծաթեայ ջուրերը կը պտըտցնէր միշտ տափարակ հողերու վրայ եւ հեռաւորութեան մէջ կը կորսուէր. իր վակոնի ընկերները մէկիկ մէկիկ արթնցան եւ սկսան խօսակցիլ անփութօրէն եւ զուարթութեամբ, ինչպէս շուտով իրար կը ծանօթանային եւ նոյն իսկ զիրար կը ճանչնային իրենց անունով, ինքը մինակ անծանօթն էր, այլեւս օտարականը որուն հազիւ թէ կը նայէին հաւանականաբար իր խրտչող, տխուր եւ հանդիսաւոր երեւոյթին համար։

Այսպէս մառախլապատ եւ անձրեւոտ առաւօտով մը Տաճատ Բարիզ հասաւ, բարոյապէս արդէն հիւանդ, տարտամ մելամաղձոտութիւն մը քիչ մը կը թոյլցնէր իր մեծ մարդու երեւոյթը եւ աչքերը պզտիկ, անփայլ, աննշան սովորականին մէջ աւելի մարդկային կը դառնային տխրութիւնով տոգորուած. նախկին ծանօթ մը, դպրոցական ընկեր մը որ երկրաչափութեան ուսանող էր՝ զուարթօրէն ընդունեցաւ զինքը եւ զայն տեղաւորցուց պզտիկ սենեակ մը Մօնժ փողոցին վրայ. երբ Տաճատ իրեն անհրաժեշտ կարասիներ գնելէ ետքը առաջին անգամ գիշեր մը անցուց իր ուսանողի սենեակին մէջ, աւելի ամոքուած զգաց ինքզինքը, հետեւեալ առաւօտուն ամէն հաշիւ ընելով, եռամսեայ տան վարձքը վճարելէ ետքը 200 ֆրանքի չափ գումար մը կը մնար քովը։ Երբ Մանուկ Միհրանեան՝ իր երկրաչափ ընկերը առաւօտուն կանուխ եկաւ դուռը զարնելու, Տաճատ ոտքի վրայ էր, արդէն հագուած եւ թեթեւ մը տենդոտ՝ քաղաքը տեսնելու հետաքրքրութենէն. միւս կողմէ իր անգիտակցութիւնը կեանքի պայմաններուն Բարիզի մէջ՝ զինքը փոխն ի փոխ անհանգիստ կ՚ընէր եւ կը վարանեցնէր մտաբերելով իր 200 ֆրանքի գումարը։

- Որչա՞փ ատեն կը կարծես որ ապրիմ 200 ֆրանքով, ըսաւ յանկարծ ընկերոջը երբ սանդուխներէն վար կ՚իջնային։

- 200 ֆրանք ունիս այս ժամուն, գոչեց հիացումով իր ընկերը եւ գրեթէ ձեռքերը իրար զարնելով, բայց ատիկա ամբողջ հարստութիւն մըն է, օ՜հ, օ՜հ, զուարճանալիք ունինք։

Տաճատ մէկէն հասկցաւ եւ իր հանդիսաւոր եւ անթափանցելի երեւոյթը առաւ։

Միհրանեան բարեկեցիկ ընտանիքի տղայ մը երեք ամիսէ ի վեր իր հօրը յանկարծական մահուան պատճառաւ անակնկալ թշուառութեան մը մէջ կը գտնուէր, նուրբ եւ ազնիւ երեւոյթով երիտասարդ մըն էր, քիչ մը աննշան դէմքով եւ տկար կամքով, երեք ամիսէ ի վեր դեռ չէր կրցած որոշել թէ պէ՞տք է իր ծնողքին քով վերադառնայ ասպարէզը ձգելով, թէ շարունակէ իր ուսանողութեան շրջանը ինչ գինով որ ըլլայ. երեք ամիսէ ի վեր օրը օրին կ՚ապրէր 2 ֆրանք մէկէն, 5 ֆրանք միւսէն փոխ առնելով. ամէն առաւօտ իր ընելիքին եւ ուտելիքին անորոշութիւնը զինքը այնպիսի հոգերու մէջ դրած էր որ կրնար իրմէ աւելի ուժով մէկն ալ ջախջախել. իր արդէն նիհար հասակը աւելի բարակցած էր եւ դէմքին գիծերը սկսած էին կանխահաս ծերութիւն մը ստանալ. իր բարակ եւ թափանցիկ ականջները, երկնցած քիթը, սուրցած թուշը եւ մանաւանդ մորթին վատառողջ դեղնութիւնը արդէն կը ծանուցանէին այնպիսի վատուժութիւն մը եւ անարիւնութիւն մը որ անկարելի էր աւելի լուրջ եւ թաքուն հիւանդութեան մը վրայ չխորհիլ. իր տղայութիւնէն ծնողքին բարեկեցիկութեան շնորհիւ ժպտուն եւ բարեացակամ դէմքեր տեսնելու վարժուած, միւս կողմանէ զրկուած թափանցելու եւ դիտելու կարողութիւնէ, դեռ չէր անդրադառնար այն անախորժ ծամածռութիւններուն որով կ՚ընդունէին զինքը իր ընկերները՝ վստահ ըլլալով որ դրամի դիմում մը ունէր ընելիք. անբաղդ տղան կը կարծէր միշտ որ ուրիշ անակնկալ պատահար մը իրերու ընթացքը պիտի փոխէր եւ միշտ վստահութեամբ ու զուարթութեամբ էր որ կ՚ըսէր.

- Ամսու գլխուն կը վճարեմ։

Ուրիշ ատեն ալ հօրը ողջութեանը պատահած էր որ դրամը հատնի եւ փոխ առնելու ստիպուի, ինչպէս ինքը իր կարգին փոխ տուած էր, բայց հիմա իր վստահութիւնը եւ բարի կամքը խաբէութիւն մը կը համարուէր եւ զինքը դուրս կը ձգէին գրեթէ միշտ ընկերներու համախմբութիւններէն, գիտնալով որ երբէք սու մը չպիտի ունենար ծախսելիք. միւս կողմանէ հագուստները կը հիննային, ճերմակեղէնը անխնամ սկսած էր ըլլալ, կօշիկները մաշած էին եւ ինքը չէր անդրադառնար բոլոր ասոնց, թէեւ տարտամօրէն կը զգար իր ընկերներուն ցրտութիւնը եւ մանաւանդ տեսակ մը նայուածքներու յամառ սեւեռումը իր կօշիկներէն մինչեւ գլխարկին վրայ, հոգիով թոյլ եւ չափազանց զգայուն Մանուկ՝ ճշմարտապէս տղայ մնացած էր, դպրոցին մէջ ինքզինքը Տաճատին պէս բանաստեղծ կարծած էր քիչ մը, ցանկալով անոր ազդեցութեան եւ նոյն իսկ ոտանաւորներ գրած էր որոնք մինչեւ հիմա կը յամառէր արտասանել. որչափ ատեն որ քսակը լեցուն եղած էր՝ իր անձին հետ հանդուրժած էին նաեւ իր ոտանաւորներուն, բայց հիմա առանց գիտակցութիւնը ունենալու որոշապէս իրերու տրամաբանական ընթացքին՝ չէր համարձակեր զանոնք բերանը առնելու։

Տաճատ սանդուղներուն վրայ յանկարծ յիշած էր Միհրանեանի կացութեան պարագաները եւ զղջացած էր արդէն առաջին անգամ անոր դիմելուն, բայց եղածը եղած էր եւ որոշեց խիստ ըլլալ իր վարմունքին մէջ։

Ըլլայ բնազդով, ըլլայ դիտողութեամբ, Միհրանեան զգացած էր ասիկա. Տաճատ արդէն դպրոցի շրջանէն միշտ ազդեցութիւն ունեցած էր իր վրայ, հետեւաբար առանց ամօթի եւ հպարտութեան Մանուկ սկսաւ քծնիլ իրեն եւ տարօրինակ փութկոտութիւնով մը ծառայել իր նորեկ բարեկամին. իր նկարագրի տկարութիւնը ի վաղուց խորամանկ դարձուցած էր զինքը, այս էր պատճառը նաեւ որ աւելի դիւրութեամբ կը կրէր իր նիւթական ներկայ վիճակը. որոշապէս մեծ փոփոխութիւն մը չկար իր ապրելու եղանակին մէջ եթէ նոյն իսկ անհրաժեշտ պէտքերու զրկանքը չըլլար որ ուղղակի իր ֆիզիքական կազմութեանը կը վնասէին. Տաճատ վայրկեան մը ընկերոջը վերյիշումներէն շողոքորթուած – այնքան ատեն կար որ զինքը մեծ վարպետ չէին անուանած – եւ նոյնիսկ անոր տժգոյն եւ տկար երեւոյթէն փղձկուած, մարդկային շարժում մը ունեցաւ հոգիին մէջ, բայց շուտով ինքզինքը բռնեց մտածելով որ իր նպատակին հասնելու եւ իր հանճարը ճանչցնելու համար ամենուն, իր բոլոր նիւթական ուժերուն պէտք ունէր եւ հարկ չկար տկարութիւններ ունենալու. նոյն իսկ ըստ իրեն իր կացութիւնը, իր մեծ մարդու բացառիկ կացութիւնը կը պահանջէր որ ինքը ցուրտ եւ խուլ մնար այսպիսի ողորմելիներու վիճակին եւ քաջութիւնը ունենար ամէն նկատողութիւններու վրայէն կոխոտելով իր պատուանդանին հասնելու. բոլոր մեծ մարդերու եւ հանճարներու նոյնօրինակ արարքները մտաբերելով կը կազդուրէր իր վարանող կամքը. ու դարձեալ ահաւասիկ մեծութեան մոլութիւնը աւելի խիզախ, անդիմադրելի կը կանգնէր իր մէջ՝ հանճարեղ տղու գմբեթաձեւ ճակատը ցցել տալով գոռոզութեամբ։

Միհրանեան անզգալաբար տխրած էր եւ լռելեայն կը քալէին Լիւքսէնպուրկի պարտէզէն, Միւզէն այցելելէ ետքը. կէս օրը մօտ էր եւ սկսած էր հնարքներ փնտռել ինքզինքը ճաշի հրաւիրել տալու համար. բայց արեւին տկար ճառագայթներով փայլուն գմբեթաձեւ ճակատը անողոք մնաց մինչեւ ետքը. միայն թէ մօտակայ սրճարան մը գացին ախորժաբեր ըմպելիք մը խմելու՝ ինչպէս կ՚ըսէր Մանուկ հեգնական տխրութիւնով մը, յաճախ այս անգթութիւնը ըրած էին իրեն որուն խաղալիկ եղած էր սկիզբները. իր յամառող ներկայութենէն ազատելու համար զինքը սրճարան մը կը տանէին եւ հոն pernot մը կամ amer մը հրամցնելէ ետքը կը ձգէին որ իր գրգռած ստամոքսը յագեցնելու միջոց մը գտնար. հետզհետէ աւելի վարպետ եւ խոհեմ դարձած էր սակայն, ասոր համար է որ երբ գացին Պուլըվառ Սէն Միշէլի վրայ սրճարան մը տեղաւորուեցան եւ երբ Տաճատ երկու ապսէնթ ապսպրեց ընդհատելով զայն՝ կարսոնին պոռաց.

- Ապսէնթ մը եւ տաք կաթ մը։

Տաճատ քիչ մը գինովցած իրեն համար անսովոր եղած ըմպելիքէն, կը խօսէր հայ ուսանողութեան վրայ տեղեկութիւններ հարցնելով. Մանուկ դանդաղօրէն իր տենդոտ եւ չորցած շրթունքը կը թրջէր կաթին մէջ, յետոյ կաթիլ կաթիլ կը խմէր. խանդաղատանքով նայելով բարերար հեղուկին՝ երկու ափերը կռթնցուցած տաք գաւաթին, այնքան ցուրտ կ՚զգար հակառակ միջօրէի արեւին որ վերջապէս փարատած էր մառախուղը եւ երկինքի կամարին վրայէն վարդագոյն ճառագայթներու անձրեւ մը կը տեղացնէր գորշ քաղաքին վրայ։

Տաճատին գինովութիւնը օգնելով՝ հետզհետէ Մանուկ աւելի քննող՝ աւելի խորամանկ դարձաւ։ Չարըքեանին հարցումներուն կը պատասխանէր դանդաղութեամբ եւ անկատար ձեւով մը, միշտ զայն հետաքրքրող կէտ մը ձգելով. յետոյ երբ զայն բաւական թոյլ կարծեց, յանկարծ իր վիճակը մէջ բերաւ, անօթի անցուցած օրերը, անլոյս անցուցած գիշերները եւ հիմա այս վայրկեանին ահաւասիկ սու մը չունէր, սու մը…։

- Ես ըսել որ այս ժամուս 200 ֆրանք ունիս հէ՜, երջանիկ արարած։

Իր նախկին բարեկեցիկ օրերուն կատակները միտքը ինկան անկուտիութեան վրայ, բայց ինչպէս անոնք հիմա իրենց նշանակութիւնը կորսնցուցած էին եւ եղերական հանգամանք մը առած էին։

- Ոսկի ունի՞ս, ցուցուր, գիտե՞ս որչափ ատեն է որ ոսկիի գոյն չեմ տեսած, վա՛յ սատանայ… ի՜նչչափ մատներս պանքտոմսին մետաքսաւէտ շփումին կարօտը ունին… հըմ, ի՜նչ կ՚ըլլայ, տուր մէյ մը բռնեմ… կը կարծե՞ս որ իրենց արժէքէն բան մը կը մնայ մատներուս վրայ։

Տաճատ սկսաւ զուարճանալ եւ իր ամբողջ գանձը դրաւ սեղանին վրայ։ Միհրանեանին մարած աչքերուն մէջ յանկարծ անօրինակ եւ անախորժ բոց մը անցաւ, յետոյ մատներովը բռնեց մէկիկ մէկիկ հինգ նաբօլէոնները եւ 100 ֆրանքնոց պանքտոմսը՝ աւելի տժգոյն քան երբէք, ակռաները սեղմուած եւ գրեթէ դողդոջելով, եւ որովհետեւ Տաճատ զանոնք կը հաւաքէր գրպանելու համար, ցած ձայնով գրեթէ մրմնջելով աղաչեց.

- Մինակ երկու ֆրանք, ի՞նչ կ՚ըլլայ։

Տաճատին խոստումին վրայ իր անփոյթ տղու զուարթութիւնը եկաւ. պանքտոմսը միշտ ձեռքերուն մէջ էր եւ կ՚ըսէր կէս մը խնդալով եւ կէս մը լուրջ.

- Կը տեսնա՞ս, բարեկա՛մ, ամէն բանի սկիզբը եւ վերջը. դրամը ամէն բան է, ամէն բան… սրտագին աղաղակ մըն էր ասիկայ. կարծես յանկարծ գիտակցութիւնը ունեցաւ իր վիճակին, բայց րոպէ մը ետքը երջանիկ ուսանողի վերյիշումներ զինքը պաշարեցին։

- Եւ ըսել որ ինչչափ աղուոր ուտելիքներ, ինչչափ զուարճութիւն, ըմպելիք եւ նոյն իսկ պզտիկ սիրուն աղջիկներ կը պարունակէ այս թղթին կտորը. վա՜յ սատանայ…։

Տաճատ նեղուած եւ անհանգիստ շարժում մը ընելով առաւ պանքտոմսը ձեռքէն, քսան ֆրանքնոց մը աւրեց եւ հազիւ թէ երկու ֆրանքը վճարած էր ընկերոջը, տեսաւ որ անիկայ կը հեռանար դեդեւող անհաստատ քայլերով կողմնակի փողոցի մը մէջէն։

Տաճատ Չարըքեան դժուարաւ իր տունը գտաւ եւ մինչեւ իրիկուն անցուց իր սենեակին մէջ փակուած. ճշմարտիւ իր նպատակն էր որոշումի մը յանգիլ եւ ուղղութիւն մը դնել ապրելու եղանակին մէջ. բայց կարծես թէ գլուխը ամպով լեցուած ըլլար՝ ամէն բան գորշ եւ անհաստատ էր իր գեղեցիկ գմբեթաձեւ ճակտին տակ. այդ անորոշութեան վիճակը սկսած էր Մարսիլիա ոտքը դրած վայրկեանէն, երբ ինքզինքին հետ մինակ մնացած էր. կ՚անդրադառնա՞ր թէ իր հանճարը ուրիշներուն մրմունջներով եւ գովասանքներով կազմուած վաղանցիկ երեւոյթ մըն էր միայն եւ թէ երբ ուշադրութեամբ նայէր իր մէջ, պարապը պիտի գտնէր. ամէն պարագայի մինչեւ ցարդ գոռոզ, ինքնավստահ, հիմա հարկ կը տեսնար կողմնակի միջոցներու դիմելու. ասիկա արդէն տկարութեան ակամայ եւ տարտամ խոստովանութիւն մը չէ՞ր. հետզհետէ թեթեւ գլխու ցաւ մը բոլորովին ցիր ու ցան ըրաւ իր կցկտուր մտածումները, այնպէս որ որոշեց յանկարծ քիչ մըն ալ իրերու ընթացքին հպատակիլ։

Դրացի պզտիկ ճաշարանի մը մէջ ընթրելէ ետքը սկսաւ հարցունել café Mullerը. Մանուկ ըսած էր թէ օրուան գրական մարդիկը, որ հայ ուսանողութեան մէջ մեծ տեղ մը կը գրաւէին այն միջոցին, café Muller կը հաւաքուէին. անոնցմէ ոչ ոք կը ճանչնար անձամբ, բայց ենթադրեց որ անոնք զինքը անունով կը ճանչնային եւ առանց վարանելու ուղղուեցաւ հոն։ Այս ժամուն մեծ քաղաքը իրեն տարտամ վրդովմունք մը եւ վախ մը կը պատճառէր, ի՞նչ էր ինքը այդ ամբոխին մէջ. հապճեպով գործաւորներ կ՚անցնէին իր քովէն զինքը երբեմն հրելով, անգիտակից ըմբոստացումներ կ՚ունենար. չէի՞ն տեսնար զինքը արդեօք. որքան որ անհաւատալի թուի, ճշմարտութիւնը այն է որ՝ իր մեծութեան զգացումը այնպիսի պատրանք մը եղած էր, այնպիսի նախապաշարում մը, որ հակառակ ամենէն տարրական տրամաբանութեան ինքզինքը վիրաւորուած կ՚զգար, որովհետեւ ոչ ոք ուշադրութիւն կ՚ընէր իրեն։ Երբ սրճարան մտաւ՝ իր օտարոտի եւ հանդիսաւոր երեւոյթը վայրկեան մը ուշադրութիւն գրաւեց. բայց ինքը լոյսերու առատութենէն, զանազան կարգի աղմուկներէն եւ սրճարանին ծանր եւ մուխով թանձրացած մթնոլորտէն շլացած, խլացած, ապուշցած բան մը չտեսաւ. ճշմարտիւ զղջաց իր անձնավստահութեանը եւ առանձին հոն գալու յանդգնութեանը վրայ՝ երբ ամէն աղմուկներէն վեր աղաղակներու մէջ հայերէն բառեր որոշեց. աւելի թանձր ծխախոտի ծուխ մը ամպի պէս մասամբ կը ծածկէր սրճարանին այդ անկիւնը, որուն ալիքներուն մէջերէն կ՚երեւէին թուխ դէմքեր, սեւ մազեր եւ այնպիսի շարժումներ որոնք բոլորովին յատկանշական են։

Տաճատ դեռ իրենց չէր մօտեցած եւ կը խորհէր ինքզինքը յայտնելու կարեւոր արարողութեան վրայ՝ երբ Բարսեղ Սարգիսեան եկաւ դէպ իրեն ժպտուն։ Տաճատ գոհ էր ծանօթ դէմք մը տեսած ըլլալուն։

Շոգենաւին մէջ անցուցած վերջին գիշերէն ի վեր զիրար չէին տեսած, բայց Բարսեղ բոլորովին մոռցեր էր իրենց վերջին հանդիպումին պարագաները. իսկ Տաճատ այս միջոցին շատ ստիպողական կերպով մէկու մը պէտք ունէր, զայն իրեն յիշեցնելու համար ցուրտ վարմունքով մը. հետեւաբար նոյնքան գոհ ըլլալու երեւոյթ առաւ եւ իրեն շռայլեց այն հազուագիւտ ժպիտներէն մէկը, որ տարօրինակ մրմունջով մը շրթունքներու թեթեւ շարժում մըն էր, թուշը մասնաւոր կերպով մը վեր ցցած, այդ պահուն դէմքին վերի մասը եւ աչքերը անշարժ եւ անայլայլ կը մնային, ինչ որ իր արտայայտութեան կուտար բռնազբօսիկ, եւ նոյն իսկ վրդովեալ հանգամանք մը։

- Եկո՛ւ զքեզ ընկերներու ներկայացնեմ։

Տաճատ հնազանդեցաւ։

Երկայանաձեւ սեղանի մը շուրջը խառն ի խուռն նստած էին քանի մը երիտասարդներ եւ կիներ, այդ միջոցին Գաբրիէլ Պալըքճեան գեղեցիկ երիտասարդ մը՝ որ զարմանալի նմանութեան կէտեր ունէր Ադամեանի Համլէթի պատկերին հետ, կը խօսէր իր ներկայացնելիք մէկ խաղին վրայ։ Գաբրիէլ Պալըքչեան Թիֆլիզի մէջ դերասանական փորձեր ընելէ ետքը՝ Բարիզ եկած էր իր արուեստը կատարելագործելու։ Ադամեանի սիրահար, անոր այլ եւ այլ դերերու մէջ ունեցած լուսանկարները ուսումնասիրելով, դէմքի այնպիսի կատարեալ նմանութիւններու կը հասնէր որ առաջին անգամ ճշմարտիւ կը հիացնէր տեսնողը. չեմ գիտեր թէ արդէն դիմագծերու բնական նմանութիւն մը կը դիւրացնէր իր mimiqueի խաղերը, թէ այդ խաղերն էին նոյն իսկ որ իրեն կեղծ նմանութիւն մը տուած էին սքանչելի դերասանին հետ։

Անոր մօտ կեցած Անտօն Եարտեան շարունակական ծամածռութիւններ կ՚ընէր, ինչ որ քուրջի կտորի մը պէս կը ճմռթկէին իր վիժած տղու կապկային, վտիտ դէմքը, երբեմն Պալըքճեանի խօսքը ընդհատելով իբր թէ գայթակղած, երկու ձեռքերը ականջներուն կը տանէր, սուր ուսերը կը բարձրացնէր եւ կը գոչէր.

- Լռէ՛ հապիտ, լռէ՛ այլ եւս…։

Տաճատ զարմացումով կը տեսնէր՝ թէ այս թշնամական բառերը ոչ մէկ ձեւով չէին վրդովեր դերասանը՝ որ այս միջոցին Օթէլլօի վայրագ երեւոյթ մը առած, երկու ձեռքերուն տասը մատները ջղաձգօրէն կարկամած, կը խոյանար մօտը եղող ֆրանսացի աղջկան մը վրայ ըսելով.

- Ահա այսպէս, այսպէ՛ս կը խեղդեմ Տէզտէմօնան։

Կ՚երեւի խեղճ աղջիկը բնաւ փափաք չունէր Տէզտէմօնաի դերը կատարելու, որովհետեւ կեղծ խնդուածքով մը կ՚ընկրկէր որքան կարելի էր, մինչեւ որ Գաբրիէլ ակնթարթի մը մէջ դէմքի արտայայտութիւնը փոխեց, իբր թէ դիմակ մը փոխած ըլլար եւ սկսաւ խօսիլ իր ներկայացնելիք թատրոնին վրայ. անփութօրէն կը խօսէր անիկա ուշադրութիւն չընելով որ զինքը մտիկ չէին ըներ. նոյն իսկ իր խառն եւ անհասկնալի հայերէնով կ՚ուղղուէր ֆրանսացի աղջիկներու, որոնք կարծելով թէ բան մը արտասանելու վրայ է՝ քթին կը խնդային յայտնի կերպով։

Հետզհետէ աւելի ջղագրգռուած՝ Անտօն Եարաեան թշնամական խօսքերը կը կրկնէր.

- Ալ հերիք, ե՞րբ զմեզ պիտի ազատես քու զզուելի ներկայութենէդ…։

Բարսեղ նոյն միջոցին Տաճատը կը ներկայացնէր Սուրէն Սահակեանին. ասիկա քիչ մը գէր, թանձր երեւոյթով երիտասարդ մըն էր որ երկու սրունքները բացած ձեռքերը բանթալօնին գրպաններուն մէջ, կը տատանէր մեղմօրէն. իր գեղեցիկ տղու դէմքին վրայ սքանչելի սեւ աչքեր, որոնք քնարերգական եւ մելամաղձոտ բան մը ունէին, այնպիսի անհասանելի յուսահատութիւն մը եւ ջլատում մը կ՚արտայայտէին եւ կը ներշնչէին, որ տեսնողին շունչը կը կտրէր. հակառակ իր թարմ եւ լեցուն շրթունքներուն որ մետաքսի պէս սեւ պեխերուն ներքեւէն կարծես կը հեգնէին, այդ ջլատիչ յուսահատութեան զգացումը կը յաղթէր եւ աչքերէն կը տարածուէր ամբողջ անձին վրայ. երբ Սուրէն Բարսեղը տեսաւ, աչքերուն արտայայտութիւնը աւելի սուրցաւ եւ իր աչքերը գրեթէ սեւեռեցան անոր նայուածքին մէջ։

- Պիտի տա՞ս թէ պիտի չտաս, ըսաւ յանկարծ։

- Չեմ կրնար, եղբայր, տրամադրելի չունիմ, վաղը առաւօտ։

Սուրէնին շրթունքներուն վրայէն արհամարհանքի եւ հեգնութեան շարժում մը անցաւ։

Մտազբաղ ներկայացաւ Տաճատին, բայց հակառակ իր անուշադիր երեւոյթին անմիջապէս դատեց Չարըքեանը. Սուրէն Սահակեան թափանցող, խելացի եւ շատ մեծ գրական յատկութիւններով օժտուած տղայ մը՝ այդ միջոցին իր գեղեցիկ տաղանդը կը քնացնէր 40 սուի որսորդութեան պատճառաւ որ ամէն առաւօտ ընելու ստիպուած էր. իր ծնողքը զինքը Բարիզ ղրկած էին որպէս զի գրական եւ որոշ ապագայ ունեցող գործի մը հետեւի. բայց ինքը այնքան տիրապէս գրականութեան հակում ունէր՝ որ քանի մը ամիս ծնողքը խաբխըբելէ ետքը յայտնած էր իր որոշումը, անոնք ի փոխարէն գրած էին թէ մինչեւ որ իրենց փափաքած շաւղին մէջ չի գայ ամսական չպիտի ղրկէին։ Սուրէն ճշմարիտ արուեստագէտ մըն էր, բայց իր պարարտ ու խնամուած մարմինը չէր կրնար տոկալ չքաւորութեան. ծայրայեղ կերպով զգայնասէր, իր բոլոր զգայարանքներուն զրկանքներովը հաւասարապէս կը տանջուէր. իր տաղանդը խառնուրդ մըն էր շատ նուրբ քնարերգական (lyrique) կարողութեան մը եւ անողոք գրեթէ դիւային cynismeի մը. գողար միամտութիւններու քով, առեղծուածային եւ կախարդիչ բան մը ունէր՝ որ բոլորովին կը յատկանշէին ոչ միայն իր տաղանդը այլ նաեւ իր նկարագիրը եւ նոյն իսկ դէմքը։ Իբրեւ ճշմարիտ, բնական նոյն իսկ բնազդային արուեստագէտ, իր հոգիին եւ տաղանդին նոյնութիւնը զինքը բոլորովին կ՚ազատէր արուեստականութենէ. այլ սակայն արտագրելու, բան մը գրելու արտակարգ դժուարութիւն մը կ՚զգար, ինչ որ զինքը օրերով անգործութեան կը դատապարտէր. բառերը, խօսքերը կ՚ելնէին մէկիկ մէկիկ տաժանքով, ճշմարիտ երկունք մը, թերեւս անոր համար որ իր ամբողջ հոգին, այն հակասական եւ առեղծուածային հոգին էր նոյն իսկ իր տաղանդը եւ իր փոյթն էր իր հոգիէն բան մը տալ. բայց հակառակ ասոր բառերը եւ ֆրազները կ՚ելնէին մաքուր իրենց վերջնական ձեւին մէջ դարբնուած եւ օժտուած հանդարտ եւ կատարեալ գեղեցկութիւնով մը, չափազանց դժուարահաճ եւ խիստ ինքզինքին համար՝ նոյն խստութեամբ կը դատէր ուրիշները. Սուրէն հասկացողութեան ծայրայեղ ճշդութեան մը հասած էր եւ մէկ նայուածքով կ՚որոշէր կեղծ ադամանդը իրաւէն, գրեթէ անգիտակից բնազդով մը, աչքի հարուածով մը։

Հետեւաբար դիւրին է հասկնալ թէ երկայն ատեն չդրաւ Տաճատը հասկնալու համար։

Հազիւ թէ ներկայացուած էին, pour tàter le terrain, մէկ քանի խօսք փոխանակեց իրեն հետ՝ որուն միջոցին Տաճատ պզտիկ աղջկան մը պէս սկսաւ կարմրիլ։ Չարըքեան փլուզում մը կ՚զգար իր մէջը. կարծես թէ պիտի հասկնար ինքզինքը. այդ սեւ յուսահատութիւնով ողողուած աչքերը եւ հեգնող, դառն խօսքերով բաբախուն շրթունքը իրեն գլխու պտոյտ կը պատճառէին. այդ վայրկեանէն զայն ոխերիմ թշնամի նկատեց, բայց ո՞ւր մնացած էր այլ եւս իր անձնավստահ արհամարհանքը. կ՚ուզէր իր մէջ բան մը գտնալ եւ բանի մը կառչիլ, բայց իր հանճարեղ տղու կարծեցեալ կարողութիւնները կը խուսափէին, կը կորսուէին ունայն երեւոյթներու պէս. վայրկեան մը նկարչութեան դարձի գաղափար մը ունեցաւ. բայց իր եսին երազը զինքը ուժովցուց. չէ՞ մի որ գիրք մը պիտի գրէր եւ թէ ինչե՜ր ունէր ըսելիք, ինչե՜ր պիտի գտնար իր հոգիին խորքերուն եւ ծալքերուն մէջ եւ այդ.

-Ինչե՜ր , ինչե՜ր, ինչե՜ր… մտածած ատեն, տարտամօրէն կը զգար թէ այդ ինչե՜րը ունայն բառեր էին։

Մեծ ջանքերով ինքզինքը բռնեց եւ իր գմբեթաձեւ ճակատը դարձուց Սուրէնին. զգալի կերպով տժգոյն էր իր բաց գորշագոյն հագուստներուն մէջ եւ ծունկերը կը դողային, բայց ներքնապէս գիտնալով որ ինքզինքը կը խաբէր, այդ տկարութիւնը ճամբորդութեան յոգնութեան վերագրեց։

Այդ միջոցին Սուրէն իր աչքերը սեւեռած Տաճատին վրայ, իր գեղեցիկ սեւ աչքերը որոնց մէջ կարծես դողդոջուն լոյս մը կար, կ՚ըսէր համոզումով.

- De la douceur, de la douceur, de la douceur.

- Calme un peu ces transports febriles, ma charmante.

Բարսեղ ներում խնդրեց Սուրէնէն եւ մեկնելու պատրաստուեցաւ։ Առջի օրը միայն զիրար ճանչցած էին, բայց հակառակ իրենց արտաքին երեւոյթներուն, դաստիարակութեան, նկարագրի տարբերութիւնը՝ իրարու մէջ ճանչցած էին ճշմարիտ տաղանդաւորներու եղբայրակցութիւնը, եւ ասիկայ թէեւ դեռ սքօղուած բայց տեսակ մը մտերմութիւն կը դնէր իրենց մէջ։

- Չնստիս բան մը չառնե՞ս, բարեկամ, ըսաւ Սուրէն։

- Ո՛չ եղբայր, ըսի որ չեմ կրնամր այս իրիկուն, անկարելի է։

Երբ Բարսեղ անոնց ձեռքերը սեղմելէ ետքը մեկնեցաւ, Սուրէն ալ աւելի յուսահատած ուսերը ցնցեց ու գոչեց Տաճատին cynismeով։

- Կը տենե՞ս սա cretinը, ստակ ունի եւ սակայն մէկ սու չի կրցայ հանել տալ։

- Օ՜հ, այո՛, ըսաւ Տաճատ իր բռնազբօսիկ խնդուածքովը, վատօրէն։

Եւ յետոյ յանկարծ Սուրէնին բարեկամութիւնը շահելու, զայն իրեն կապելու փութկոտութիւնով մը.

- Թերեւս քիչ մը դրամի պէտք ունիք, կ՚ուզէ՞ք որ ձեզի քսան ֆրանքնոց մը փոխ տամ։

Սուրէն նախ չհաւատալով, երազկոտ իրեն նայեցաւ. բայց սա երջանիկ նորեկները ամենքն ալ դրամ ունէին. միտքը ինկաւ իր առաջին օրերը Բարիզի մէջ հիացած, յուզուած, իր միամիտ եւ բանաստեղծ տղու խանդավառութիւնները, որու միջոցին դրամը իր մատներուն մէջէն կը սահէր կ՚երթար ջուրի պէս։ Երբ Տաճատ ոսկի դրամը իրեն կարկառեց, վերացած աչքերովը որոնց յուսահատութիւնը կը յամառէր սակայն, իրեն նայեցաւ մրմնջելով.

- De la douceur, de la douceur, de la douceur.

Յետոյ յանկարծ Տաճատը հոն իր ճակատագրին ձգելով սեղանին մօտիցաւ եւ նստաւ. Անտօն Եարաեան որ աչքին պոչովը դիտելու վրայ էր Տաճատը, հարցուց.

- Ի՞նչ տեսակ բան է , հէ՞։

Սուրէն գլուխը շարժեց տարտամօրէն, երազկոտ, եւ իր նայուածքը փոխադրելով Անտօնին վիժած տղու դէմքին վրայ, որուն տգեղութիւնը միշտ անակնկալի մը պէս զինքը կ՚ապշեցնէր.

- Զուտ տխմար մը, տղա՛ս, ըսաւ մտածկոտ, կեղծ հանճարի թիփ մը որ, փառաւոր…։

Այլ սակայն Տաճատ այս անգամ քաջութիւնը ունեցաւ սեղանին մօտիկնալու եւ երբ կարսօնը իր գլխուն վերեւ կեցած հրամանի մը կը սպասէր, բաւական վստահ ձայնով ապսպրեց իր խահուէն. իր շուրջը աղմուկը այնքան կը բարձրանար ամէն բերաններէ որ Պալըքճեանին խօսքերը եւ բացագանչութիւնները կը կորսուէին բոլորովին. կիները բարձրաձայն կը խնդային իրենց գունաւորուած շրթունքերը զգուշաւորութեամբ պրկելով որպէսի շպարը չը ճաթռտի. միայն Սուրէն Սահակեանին քով նստած սքանչելի գեղեցկութեամբ կին մը լուռ կը կենար եւ կը ժպտէր հանդարտօրէն, իր պարզուկ արդուզարդը, մազերուն շտկուածքը եւ մանաւանդ վճիտ լուսաւոր կապոյտ աչքերուն հանդարտութիւնը ցոյց կուտային թէ ինքը իր դրացի կիներուն դասակարգին չէր պատկաներ. թէեւ առանց իսկ անդրադառնալու այդ տարբերութեան՝ արմուկ արմուկի կը խօսէր եւ մտիկ կ՚ընէր զիրենք. երբեմն միայն իր կաթնային մաքուր մորթը թեթեւ մը կը վարդագունէր եւ աչքերը կը մթթնային իբր թէ ամպ մը անցած ըլլար անոնց կապոյտին վրայէն։

- Սօֆի Կաժէվսքա՛, բան մը ուտել կ՚ուզե՞ս, հարցուց Սուրէն իրեն։

Եւ սեղանին տակէն իրեն ցուցուց քսան ֆրանքնոցը։

Սօֆիին մանկական շրթունքներուն վրայէն անփոյթ ժպիտ մը անցաւ եւ ուսերը թեթեւ մը թօթուեց. ի՞նչ կ՚անցնէր իր ազնուական, չհասկցուած հոգիին մէջէն։

- Ո՛չ ըսաւ կտրուկ ձայնով մը, ես բոլորովին կուշտ եմ։

Այն ատեն Սուրէն կարսօնը կանչեց եւ ինքզինքին համար ապսպրեց գետնախնձորի աղցան մը. Քաֆէ Միւլլէրի մասնագիտութիւնն էր գետնախնձորի աղցանը, որ մասնաւոր համով մը կը պատրաստէին. ամենուն ախորժակները գրգռուեցան եւ քիչ մը ետքը սեղանը ծածկուած էր աղցանով լեցուն սկաւառակներով. միայն Անտօն Եարաեան, Տաճատ Չարըքեան եւ Սօֆի Կաժէվսքա չէին մասնակցեր այս souperին եւ Գաբրիէլ բոլորովին անուշադիր շուրջը անցած դարձածին, ոտքի վրայ, սեւ րէտէնկօթին մէջ փաթթուած, դէմքը տժգոյն եւ մելամաղձոտ, աչքերը վերի կոպերուն տակ թափառուն կը մրմնջէր.

- Լինիլ, թէ չլինիլ…

- Cabotin, cabotin, cabotin… գոչեց Անտօն ինքզինքէն ելած եւ բոլոր կիները՝ բերաննին գետնախնձորով լեցուն չափազանց զուարճացած եւ ոտքերնին չափով մը գետին զարնելով սկսան գոչել.

- Cabotin, cabotin, cabotin…

Իր այս անակնկալ յաջողութեան վրայ Անտօն ոտքի ելաւ եւ սկսաւ պտուտքիլ։ Այս տղան եղերական բան մը ունէր իր երկայն եւ բարակ սրունքներուն վրայ թառած տխեղծ իրանովը եւ սուր ուսերը ցցուած գրեթէ մինչեւ ականջները, իր այդ շարժումին հետեւանքով թիկունքը՝ ոսկրուտ եւ նիհար՝ կը կաղապարուէին հագուստին տակէն եւ իրեն կուտային չարագուշակ եւ գիշատիչ թռչունի մը երեւոյթը. բնութենէն այսչափ անիրաւուած տղան յաջողութեան բուռն փափաք մը ունէր կեանքի ամէն բաներու մէջ. թէեւ բանաստեղծական ճշամրիտ տաղանդով մը օժտուած իր միտքը կցկտուր եւ անկապակից՝ զինքը անկարող կը դարձնէր ամբողջութիւն մը ըմբռնելու. իր բանաստեղծութեան հատուածներն իսկ անկապակից եւ անձեւ էին. բայց սքանչելի տողեր կը շինէր, գունաւոր, կուռ եւ չափազանց արտայայտիչ, թելադրող պատկերներով եւ ապրող՝ իրենց խտացած իմաստի եւ décorative գեղեցկութեան բնածին եւ ուժգին կեանքովը. այսպէս իր միտքը գերագոյն կարողութիւններու եւ անկարողութեան խառնուրդ մըն էր, տեսակ մը հակասական եւ կցկտուր վիճակ որ կ՚երեւէր նաեւ իր խօսքերուն եւ վարմունքին մէջ։ Ինքը հեռու էր գիտակցութիւնը ունենալէ իր մտաւորական անհաւասարակշիռ վիճակին եւ ընդհակառակը ինքզինքին իրաւունք կուտար վէսօրէն արհամարհելու ինչ որ իր մտքին կաղապարէն դուրս կը մնար։ Այդ միջոցին ֆրանսական գրականութեան մէջ յայտնուող խորհրդապաշտ դպրոցին յաջողութիւնը գինովցուցած էր զինքը. Վէրհարէնի ընթերցող էր մասնաւորապէս, առանց ամբողջովին ըմբռնելու մեծ բանաստեղծին intuitif եւ մեծ գեղեցկութիւնով մը հոծ տողերը. միւս կողմանէ սակայն երեւոյթական նոյնութիւն մը ունէին իր հատուածները սքանչելի բանաստեղծին հետ. ասիկայ անգիտակից ենթակայութիւն մըն էր գրելու ձեւի. որովհետեւ Անտօն Եարաեան բոլորովին անկարող էր Վէրհարէնի հանճարին համադրական արժէքը հասկնալու եւ անոր արձանային եւ կուռ տողերուն մէջէն զգալու այն տաք եւ կենսական շունչը որով տաքցած եւ միացած էին պելճիքացի բանաստեղծին բոլոր հատորները իր բոլոր գործերէն ամբողջական շինուածք մը կազմելով. ներշնչումի եւ գաղափարի նոյնութիւն մը, գիտակից եւ մէկ, բոլորովին անմատչելի էր իր պատառատուն ուղեղին. ասկէ զատ Վէրհարէնէն դուրս, գրեթէ տգէտ ժամանակակից ֆրանսական գրականութեան՝ առիթ չէր ունեցած հասկնալու խորհրդապաշտ դպրոցը իր ամբողջութեան մէջ, իր միտքը ըմբոստ ըլլալով՝ ո եւ է շարունակական եւ մէթոտիք ընթերցումի, տարտամ տպաւորութիւն մը կրած էր՝ լսած կամ կարդացած ցանցառ հատուածներէն. իր տաղանդին մասնաւոր յատկութիւնն էր անօրինակ եւ անգիտակից intuitionի կարողութիւն մը. ասոր համար է որ առանց ջանքի եւ մասնաւոր ուսումնասիրութեան իր ոճը իր մէջ կը կրէր գեղեցկութեան մասնակի փուլեր, իր բանաստեղծութիւնները կարելի էր նմանցնել գունագեղ մոզաիքի մը որուն վրայէն խիճեր թափած են եւ պատկերը ամբողջութիւնը կորսնցուցած է. բայց դիպուածաւ մնացած խիճերը առանձին գոյներու եւ ներդաշնակութեան գգուանք մըն են աչքի, թէ հակառակ ամբողջական պատկերի մը պակասութեան` տեսակ մը տարտամ գեղեցկութեան զգայնութիւնը կուտան, բոլորովին զգայարանական հաճոյք մը, գրեթէ կրաւորական։

Այս առաւելութիւնը բոլորովին մոլորեցուցած էր սակայն Անտօն Եարաեանի ընթերցողներէն շատերը եւ հակառակ իր յայտնի մտաւորական պակասութիւններուն՝ զինքը շփացուցած եւ գոված էին. Սուրէն Սահակեան միայն հասկցած էր զայն իր ճշմարիտ արժանիքին մէջ եւ իր տաղանդը սահմանած էր զինքը «Բառերու բանաստեղծ» կոչելով. ջղագրգիռ եւ քենոտ, անյագ յաջողութեան, Անտօն Եարաեան ատելութեան բուռն տագնապներ կունենար անոնց համար որ իրեն չէին հաւնէր, իր վիժած տղու դէմքը անողոք եւ կարծր կը դառնար եւ աչքերուն մէջ ոճիրին կամքը կը յայտնուէր ցուրտ եւ հաստատ ցոլքով մը. իր գիշատիչ թռչունի անախորժ եւ չարագուշակ երեւոյթին եւ խօսելու անընդունակութեան պատճառաւ երկար ատեն թշուառութեան մէջ մնացած էր, այս պարագան աւելի թունաւորած էր իր քենոտ հոգին եւ զինքը չափազանց խորամանկ դարձուցած էր. իր խորամանկութիւնը հաշուուած եւ նրբին՝ օգուտ քաղել կուտար իր կէս յիմարի վիճակէն. երբ բացատրութիւն մը ունենար տալիք եւ կամ որոշ պատասխան մը՝ իր ըրած մէկ արարքին վրայ, կ՚սկսէր կցկտուր բառեր մրմնջել մինչեւ որ խօսակիցը յոգնեցնէր եւ ինքզինքը ազատէր դժուար կացութենէ մը. այսպէսով շատերը զինքը իրաւամբ խենթ կը կարծէին եւ թերեւս ալ ամէն հաշիւ ընելով ճշմարտութիւնը հոգ էր։ Անտօն Եարաեան ամէն պարագային տաղանդաւոր խենթ մըն էր որ երբեմն իր մտքին անհաւասարակշռութեան շնորհիւ իսկ հանճարի ցոլքեր կ՚ունենար արագ եւ վաղանցիկ որ խորապէս կը սխալեցնէր իրեն համակիրները։ Այդ համակիրներէն մէկն էր որ երկու ամիսէ ի վեր յաջողած էր ամսական մը կապել տալ եւ իրեն ապահովցնել նիւթական հանգստութիւնը որով միայն կը խոստանար իր գլուխ գործոցը տալու, բայց անգամ մը որ ազատած էր սոված գայլի մը պէս փողոցէ փողոց թափառելէն, անգամ մը որ ընթրիքը եւ նախաճաշը ապահով զգացած էր եւ կռնակը անցուցեր էր ձեռք մը մաքուր հագուստ, այլեւս պէտքը չէր զգար իր գեղեցիկ տողերը արձանագրելու թուղթին վրայ։

Տաճատ Չարըքեան բնազդով հակակրութիւն զգացած էր այդ կապիկի դէմքով տղուն համար, որուն թունաւոր աչքերը զինքը անհանգիստ կ՚ընէին, միւս կողմանէ իր գրաւած պզտիկ ուշադրութիւնը զինքը կը գայթակղեցնէր եւ մտքովը յուսահատօրէն կը կառչէր սա գաղափարին թէ՝ ասոնք ամենքն ալ բան մը չեն արժեր։ Սուրէն Սահակեան կարծես հասկնալով մտքէն անցածը, երբեմն երբեմն իր տխրութիւնով տոգորուած աչքերը կը բարձրացնէր անոր վրայ որոնց սեւ պլպլացող ցոլքին մէջ կարծես թէ արհամարհանք կար եւ քիչ մըն ալ հեգնութիւն։ Տաճատ՝ այլեւս մեկնելու միջոցին կը խորհէր, բայց ինչպէ՞ս կրնար ձգել որ իր հեռացումէն ետքը ուզածնին ըսեն իր վրայ. այս մտածումէն կազդուրուած հաստատուեցաւ աթոռին վրայ, նոյն միջոցին իսկ լսեց Սուրէնը որ կը կոչէր.

- Մանկիկ, Մանկի՛կ, հոս եկո՛ւր։

Տաճատ զարմացումով ետեւ դարձաւ եւ տեսաւ Մանուկ Միհրանեանը, չափազանց տժգոյն քաֆէին պոռոտ լոյսերուն մէջ, թեւը առած սիրուն պզտիկ թխորակ աղջիկ մը՝ խանդոտ եւ վառվռուն աչքերով։

- Մանկիկ, Մանկի՛կ…

- Ա՜հ նայեցէք, Լուիզն է, գոչեցին կիները։

Սօֆի Գաժէվսքա որ այլ եւս աղմուկէն յոգնած Իպսէնի Նօրան կարդալու վրայ էր, գլուխը բարձրացուց։

- Ինչպէ՛ս ալ կիները՝ տժգոյն եւ հիւանդկախ մարդերը կը սիրեն, ըսաւ Սուրէն ցանկութեամբ պզտիկ Լուիզին նայելով

Սօֆի նշմարեց այդ նայուածքը եւ իր մոլեռանդ աչքերուն մէջէն կրկին ամպ մը անցաւ, յետոյ մեղմօրէն գլուխը կախեց եւ ընթերցումը շարունակեց։

- Ա՜խ Մանկիկ, հա՛պա մայրիկդ տեսնայ նէ՜։

- Մայրիկս, մայրիկս… թօթովեց խեղճ տղան։

Ամէն կողմէ կատակներ տեղացին, կիները խանդավառուած ընդհանուր ժխորէն՝ սկսան աւելի բարձր խնդալ եւ ոմանք սեղանին եզերքը նստիլ, ինչպէս ուրիշներ դարձած աթոռներու վրայ. ասդին վերջապէս Սուրէն Սահակեան, Անտօն Եարաեան եւ Տաճատ Չարըքեան միացած կը խօսէին գրականութեան եւ արուեստներու վրայ։

- Բան մը ունիմ ցուցնելիք, բան մը ունիմ, կը գոչէր Մանուկ, երջանիկ եւ գոհ ինքզինքը օգտակար դարձնելուն համար։

Ամենուն ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացաւ։

- Ցուցու նայի՛նք։

- Գուշակեցէ՛ք։

- Անպատճառ հողը ծախուած է, ըսաւ Սուրէն Սահակեան։

- Ի՞նչ , ի՞նչ, ըսին գաղղիացի կիները։

Հարկ եղաւ իրենց թարգմանել։

Եւ ահաւասիկ յիմարական խնդութեան պահ մը եղաւ. բոլոր կիները մէկանց Մանուկին վրայ յարձակեցան։

- Ըսէ՛ նայիմ, հրեշտակս, ի՞նչ պիտի հրամցնես մեզի…։

Ուրիշներ կը կատակէին Լուիզին հետ…։

- Ասանկ հէ՞, բաղդաւո՛ր, հող կը բռնես ոսկի կը կտրի…։

Մանուկ սակայն կը գոչէր որչափ որ կրնար.

- Բայց չէ՛, բայց չէ՛, մտիկ ըրէ՛ք, լռեցէ՛ք քիչ մը։

Եւ գրպանէն քառթ մը հանելով որչափ որ կարելի է վեր բռնած՝ ըսաւ.

- Ահաւասիկ, ահաւասիկ անակնկալս։

Հակառակ ջանքերուն, քառթը յափշտակեցին ձեռքէն եւ սեղանին վրայ դրուեցաւ։

- Օհօ՜, անկարելի է։

Քառթին վրայ գրուած էր։

Baron Gabriel de Balekdji

Artiste Dramatique

Վայրկեանի մը զարմացումին եւ կասկածին յաջորդեց տեսակ մը արհամարհանք։

- Ո՞ւր է աս farceurը։

Բայց Գաբրիէլ Պալըքճեան շատոնց հեռացած էր. պահ մը կասկածեցան Մանուկին վրայ։

- Իմ դրամս ուրկէ՞ է որ ասանկ կատակ պիտի ընեմ։ Ձեզի կ՚ըսեմ կոր. Գաբրիէլ իր թատրոնին հրաւիրագիրներուն վրայ ալ այսպէս ստորագրած է եւ թէ դեռ չէք գիտե՜ր…

- Ի՞նչ բան, ըսէ , Մանուկ։

- Իմացայ որ ֆրանսացի տիկիններու դիմեր է, ըսելով որ ինքը հայ առաջնակարգ դերասան է, որ մասնաւոր թատրոն մը ունէր Պօլիս ճիշդ Սառա Պէռնարին պէս, թէ այդ թատրոնը մեծ երկրաշարժին փլեր է եւ թէ ծնողքն ալ փլատակներուն տակ մնացեր են…։

- Վայ Պալըքճի, վա՛յ, կը տեսնէ՞ք…։

Անհանգստութիւն մը կար ամենուն դէմքին վրայ. Մանուկ կը կրկնէր մեքենաբար.

- Դուք ան նայեցէք որ տիկիններուն սիրտը գէշ է եղեր եւ հանգանակութիւն մը բացեր են… վայ սատանա՜յ…

Քիչ մը ատեն հայ տղաքները իրարու երես նայեցան լռին. Սօֆի Կաժէվսքա պահ մը ընդհատուած իր ընթերցումին մէջ, գիրքը ձեռքը առաւ նորէն, իսկ կիները կը շարունակէին բարձրաձայն խնդալ կողերնին բռնած եւ գոչելով.

- Աւելի աղէկ կ՚ըլլար ինքզինքը անուանէր baron de la purée հէ՞։

Ուրիշ սեղաններէ ֆրանսացի երիտասարդներ այդ կիներուն կը հարցնէին իրենց զուարճութեան պատճառը եւ երկու խօսքով լսելէ ետքը իրենց կարգին կը խնդային եւ կը խօսէին. սրճարանը այդ միջոցին այնքան լեցուած էր որ լոյսերուն եւ մարդկային տաքութենէն օդը հեղձուցիչ դարձած էր, պչրոտ կիներէ արտաշնչուած զանազան կարգի fade բուրմունքներ ա՛լ աւելի կը ծանրացնէին մթնլորոտը. սեղաններուն վրայ գունաւոր ըմպելիքներով լեցուն գաւաթներ կը պսպղային եւ իրենց գունագեղ ճառագայթները կը ցոլացնէին հարթ եւ մարմարեայ սեղաններուն վրայ. ամէն ազգէ ուսանողներու հոծ բազմութիւն մըն էր հոն հաւաքուողներու ամբողջութիւնը՝ ուր ամենէն թեթեւ նիւթերէն ամենէն կենսական եւ լուրջ խնդիրներու վրայ վիճաբանութիւններ կ՚ըլլային. բժշկութեան, իրաւագիտութեան, գրականութեան եւ գիտութեանց ուսանողներ, որոնցմէ շատերը կոչուած էին դեր մը խաղալու վաղը իրենց երկիրներուն մէջ. ասոր համար է որ հակառակ այսօրուան անփոյթ եւ երիտասարդական ուրախութիւններուն որ ծիծաղներով կը յայտնուէր, երբեմն ասդին անդին կանխահաս լրջութիւններ, յոգնած աչքեր, լեցուն ճակատներ եւ տժգոյն դէմքեր զարմանալի հակասութիւն մը կը կազմէին։

Այն անկիւնին մէջ ուր հաւաքուած էին հայ ուսանողները, Մանուկի տժգոյն դէմքը կ՚ուրուագծուէր ծխախոտի մուխերէ կազմուած ամպի մը մէջ. այս միջոցին սրտի խառնուուք կ՚զգար եւ Սուրէն Սահակեան զինքը կը կազդուրէր։

- Բան մը չէ մանկիկ, ինքզինքդ բռնէ, վաղը քեզի տօքթէօռ Քօլօլեանին կը տանիմ։ Սուրէն երկար ատենէ ի վեր վարժութիւն ըրած էր զայն մանկիկ կոչել կրճատելով իր բուն անունը։ Մանուկ նախ նեղացած էր այս հեգնական կրճատման դէմ, բայց ինքն ալ վարժուած էր հիմա եւ կը թողուր որ զինքը ծաղրէին, քաշքշէին, բաւական էր որ անոր փոխարէն քովերնին պահէին զինքը ու երբեմն երբեմն պատառ մը հաց տային ուտելու։

Դարձեալ այդ պահուն հակառակ սրտի խառնուուքին որ մեռելի մը պէս ճերմկցուցած էր իր դէմքը, Մանուկ վաղուան հոգէն բռնուած եւ զգալով որ Սուրէնին քով դրամ կար, փոխառութիւն մը կը խորհէր. վերջապէս ըսաւ իր միտքը։

- Հողս ծախուելուն պէս ամենքն ալ պիտի վճարեմ.

Սկիզբները հաւատացեր էին այդ հողի պատմութեան, բայց այլ եւս իրենց sornet մը կը թուէր, կը կարծէին թէ Մանուկ խաբէութեան միջոց մը գտած էր այդպէսով։

- Ամօթ է Մանուկ, ամօթ է, ըսաւ Սուրէն կէս լուրջ կէս ներողամիտ։

Սուրէնին յանդիմանական խօսքերուն վրայ Մանուկի տժգոյն դէմքը աւելի ճերմկեցաւ. իր բարակ եւ անարիւն շրթունքը բառեր կը թօթովէին անհասկնալի. յետոյ դեդեւելով ոտքի ելաւ եւ սեղանը բռնած Լուիզին մօտ եկաւ որ կը խօսակցէր ուրիշ կիներու հետ։ Տաճատ աչքովը հարցուց Սուրէնին Մանուկին վրդովման պատճառը։ Սուրէն անհոգութեամբ ուսերը թօթուեց։


- Ես ի՞նչ գիտնամ, ըսաւ բռնազբօսիկ ժպիտով մը։


Ճշմարտութիւնը այն էր որ այդ հողի խնդիրը իրականին մէջ գոյութիւն ունէր եւ Մանուկ հեռու էր շահագործելէ մտածին բան մը. իր միամտութեան մէջ չէր տարակուսած մինչեւ հիմա որ կասկածի ներքեւ կը դնէին իր խօսքերուն ճշմարտութիւնը։ Սուրէնի խօսքերը խորապէս վիրաւորած էին զինքը։ Հիմա իր Լուիզին քով ապաստանած կը խորհէր շատ մը բաներու վրայ. հօրը մեռնելէն քիչ ետքը Մանուկին մայրը կը գրէր իր տղուն թէ Կէտիկ Փաշայի կողմերը հող մը ունին որ պիտի ծախէ եւ ասով միջոց պիտի տայ որ իր սիրական զաւակը ուսումը շարունակէ։ Տիկին Միհրանեան դպրոցասէր տիկնանց վարժարանէն շրջանաւարտ, փառասէր եւ մեծամոլ կին մը եղած էր եւ անոր համար էր որ հաճած էր ամուսնանալ իրմէ շատ աւելի տարիքով մարդու մը հետ որուն համար կ՚ըսէին թէ հարուստ է։ Ամուսնութենէն քանի մը ամիս ետքը անդրադարձեր էր թէ այդ գովուած հարստութիւնը հազիւ թէ բարեկեցիկ կեանք մըն է իրականութեան մէջ. յուսախաբ, տխուր, տիկին Միհրանեան հոգեկան շատ ջլատիչ վիճակի մը մէջ, առանց սիրոյ եւ առանց համակրանքի ամուսնութենէ մը ունեցած էր իր տղան. եւ ահա իր բոլոր փառասիրութիւնը տեղափոխած էր զաւկին վրայ. անկէ ետքը անձնուէր, բարի մայրը եղած էր իր տղուն նայուածքին եւ ժպիտին մէջ ապրող. իր տաք գուրգուրանքովը պարուրուած, տղան տխեղծ եւ վտիտ կը մեծնար սակայն. պատանեկութեան մէջ ծանր թոքատապէ մը բռնուած հազիւ թէ մահուընէ ազատած էր, բայց երիտասարդութիւնը կ՚սկսէր աւելի տժգոյն եւ տկար. զինքը խնամող բժիշկը լուրջ կասկածներ ունէր թէ հիւանդութիւնը հետքեր ձգած է. յետոյ սակայն Մանուկ կը փոխուէր, գոյները կը վերադառնային, տեսակ մը առոյգութիւն եւ կորով կ՚ստանար. նոյն միջոցին մայրը կը վերսկսէր իր փառասիրական երազներով օրօրուիլ. իր տղուն առնական երեւոյթը յոյս եւ քաջութիւն կուտար իրեն։ Այդ միջոցին է որ զինքը կը ղրկէր Բարիզ, մասնագիտութեան մը հետեւելու։ Մինչեւ այն ատեն Մանուկ այնչափ իր մօրը քղանցքին ներքեւ ապրած էր որ նորստացիկ աղքատութիւնը չկրցաւ գործածել. երկար ատեն սրճարան չէր երթար, ըմպելիք չէր խմեր եւ կիներէ հեռու կը մնար. երբ իր ընկերները զինքը կը հրաւիրէին ո եւ է զուարճութեան, խեղճ տղան մտքէն կը խորհէր թէ մայրիկը թոյլ պիտի տա՞ր եթէ հոս ըլլար. միամիտ եւ չափազանց բարի, յաճախ բարձր ձայնով ալ կ՚ըսէր ընկերներուն.

- Մայրիկս ի՞նչ պիտի ըսէր եթէ գիտնար։

Ասոր համար զինքը յաճախ կը քաշքշէին. հետզհետէ ուսանողի կեանքը մոռցնել տուած էր իրեն մօրը պատուէրները, բայց կը բաւէր որ իր զուարճացած կամ կնոջ մը ժպտած պահուն ընկերներէն մէկը ըսէր.

- Մանուկ, մայրիկդ ի՞նչ պիտի ըսէր եթէ տեսնար։

Խեղճ տղան իր կամքը մօրը քով ձգած էր կարծես, ամէն պարագային ճշմարիտ մանկիկ մըն էր, որբացած, անխնամ, անսէր, պզտիկ տղու մը պէս ցաւագին եւ արցունքոտ աչքով։ Հօրը մահուընէն ի վեր չքաւորութիւնը եւ զրկանքները քիչ մը կամք գրած էին հոգիին մէջ, եւ իր ապրուստը ճարելու պէտքը, օրը օրին, տաժանելիօրէն հասունցուցած էր զինքը աստիճան մը. հիմակ այլեւս չէր վախնար թեւ թեւի երեւնալու իր պզտիկ բարեկամուհիին հետ, անձնուէր եւ սիրուն Լուիզին հետ որ քիչ մը ծիծաղ, քիչ մը եռանդ բերած էր իր երկչոտ եւ տխուր տղու կեանքին մէջ։ Եւ ահա վերջապէս իր ականջին, վարժուած արհամարհանքներու, գէշ կը հնչէին Սուրէնին խօսքերը եւ հոգիին խորէն տեսակ մը սարսուռ կ՚զգար։

Անիրաւուած մարդու ըմբոստացումն էր թէ սրտին ցաւը, անողոք, բռնաւոր որ երկար քունէն կ՚արթննար իր կուրծքին մէջ, ուժովցած՝ չքաւորութեան երկար եւ տաժանելի օրերէն։

- Լուիզ, գէշ կ՚զգամ կոր, երթանք, ըսաւ ակռաները կափկափելով։

Հակառակ սրճարանին հեղձուցիչ օդին՝ իրաւամբ Մանուկ կը դողար. իր կզակին ոսկորը կը ձգտուէր պրկուած եւ տմոյն մորթին տակէն, եւ աչքերը կը մթննային իբր թէ անոնց մէջի լոյսը մարած ըլլար։

- Լուի՛զ, Լուի՛զ։

Իր բոլոր շփացած եւ տկար տղու գորովանքը փոխադրած էր Լուիզին վրայ եւ անոր կը հնազանդէր կուրօրէն ինչպէս ժամանակաւ հնազանդած էր իր մօրը. երբեմն իր անսահման ինքնալլկման մէջ, երբ փայփայող բառերը չէին գար լեզուին ծայրը իբրեւ գերագոյն գովասանք կ՚ըսէր իր բարեկամուհիին.

- Ա՜խ, ինչչա՜փ մայրիկիս կը նմանիս. իրաւ ալ այդ տկար, վատոյժ, աղքատ տղուն քով Լուիզին դերը մայրական բան մը ունէր. ինքն ալ այն դողար եւ տաք հոգիներէն էր որ սիրուելու, խնամուելու պէտքը ունին ամէն բանէ առաջ. իր դիւրաթեք, պզտիկ անդամները պիտի ըմբոստանային առողջ եւ հուժկու մարդու մը փայփայանքներէն։ Լուիզ երջանիկ կ՚զգար Մանուկին չքաւորութիւնը բաժնելու մէջ, եւ տեսակ մը հպարտութեամբ կը մերժէր աւելի գեղեցիկ եւ հարուստ ուսանողներու դարպասը. իր կածկլտող աչքերուն մէջ հակառակ իր վարած մռայլ կեանքին՝ անմարելի զուարթութիւն մը կար. ոստոստուն թռչունի մը պէս, պզտիկ Լուիզ այն էականապէս բարի, հաւատարիմ, բնական եւ սիրող կիներէն էր որուն նմաններուն յաճախ կը հանդիպին Քառթիէի ուսանողները։

- Լուիզ, Լուիզ, մրմնջեց անգամ մըն ալ Մանուկ ցաւագին շեշտով մը եւ կարծես սրճարանին բոլոր լոյսերը մարեցան եւ ոտքերուն տակէն գետինը փախաւ։

Տաճատ, Սօֆի Կաժէվսքա, Լուիզ եւ բոլոր կիները շուրջը հաւաքուեցան. մինակ Անտօն եւ Սուրէն հեռուէն կը դիտէին առանց մօտիկնալու։

Վայրկենական նուաղումէ մը ինքզինքին եկած Մանուկ մեռելի պէս ճերմակ՝ շուրջը կը նայէր. շնչառութիւնը տաժանագին էր եւ թանձր լորձունք մը կուգար շրթունքին վրայ զոր հապճեպով կը սրբէր. շատոնց է որ Մանուկ տժգոյն եւ տկար էր, բայց մէկուն մտքէն չէր անցներ որ լրջօրէն հիւանդ ըլլայ։

Կէս գիշերը անցած էր եւ մեկնելու մօտ. կիները խորհեցան կառք մը բերել եւ իրենց մէջ դրամը հաւաքելով կարսօնը ղրկեցին. դժուարաւ Մանուկ մինչեւ կառքին դուռը հաrաւ, սրունքները կարծես թէ քուրջէ ըլլային կը ծալլուէին իր ծանրութեան տակ. Տաճատ ուզեց ընկերանալ եւ ճամբայ ելան. դուրսը օդը մառախլապատ եւ ցուրտ էր եւ Լուիզ ու Տաճատ իսկ կը դողդղային եւ ծունկերնին իրարու կը զարնուէին. բնաւ չէին խօսեր եւ զիրար չէին տեսներ, երբեմն երբեմն սրճարանի մը ելեքտրական լոյսին ներքեւ կառքին արագ անցքին միջոցին կուրուագծուէին Մանուկի տժգոյն դէմքը եւ Տաճատին գմբեթաձեւ ճակատը։

Մօնժ փողոցին մէջ նոյնքան դժուարաւ Մանուկը իջեցուցին կառքէն, ու Լուիզ միայնակ զայն բարձրացուց սանդուղներէն գրեթէ ամեն աստիճաններուն կենալով։

Տաճատ սրտաբեկ, յուսախաբ, հոգին լեցուած անսահմանելի թախիծով մը եւ սարսափով մը, տուն գնաց իր կարգին. երբ սենեակին մէջ առանձին մնաց, վառած մոմին դիմաց սեղանին առաջ, ծանր ճակատը երկու ձեռքերուն մէջ առած, մնաց երկար ժամեր, մինչեւ որ մոմը հատաւ. այն ատեն հանուեցաւ եւ խարխափելով անկողինը մտաւ եւ իրեն թուեցաւ թէ սաւանները, բարձերը, ամբողջ անկողինը դագաղի մը պէս պաղ էին եւ այսպէս անքուն մնաց մինչեւ առաւօտ, ջղագրգռուած, սառած մեռելի պէս եւ անկարող վայրկեան մը աչքերը գոցելու։

Անկէց քանի մը շաբաթ ետքը՝ Տաճատ Չարըքեան մտահոգ կ՚իջնար Ռիւ տէ զէքօլէն. հակառակ ծայրայեղ խնայողութիւններուն՝ իր երկու հարիւր ֆրանքի գումարէն մէկ ոսկի դրամ մնացած էր. հազիւ թէ շաբթուան մը ապրուստը, ասկէ զատ դեռ ոչ մէկ բարեկամ չունէր որուն վրայ կարենար հաշուել. իր յանձնապաստան խրոխտութիւնները իրմէ պզտիկները խրտչեցուցած էին եւ իրմէ մեծերուն արհամարհանք ներշնչած էին։ Սուրէն Սահակեան միայն կուգար երբեմն զինք տեսնելու եւ կամ իրեն կը մօտենար Միւլլէր սրճարանին մէջ, պարզապէս իր dilettanteի հեգնող եւ չարամիտ բնազդներուն գոհացում տալու, ճարտարօրէն մղելով Չարըքեանը որ իր Եսին, իր հանճարին վրայ խօսի։ Տաճատ՝ հակառակ իր վսեմ կուրութեանը, երբեմն կ՚անդրադառնար Սուրէնի սեւ եւ գեղեցիկ աչքերուն մէջ բոցավառող ուրախութիւններուն, ամէն անգամ որ իր հոգիին մէկ նոր էջը բանար անոր, բայց ասոնք վաղանցիկ եւ յանկարծական տպաւորութիւններ էին որ կը կորսուէին իր անսահման ինքնավստահութեան մէջ։

Քանի մը օր առաջ Տաճատ բարոյապէս եւ նիւթապէս ընկճուած՝ յանկարծ մտադրած էր իր գիրքը սկսելու եւ զայն ծանուցած էր Միւլլէրի մէջ Անտօն Եարաեանին եւ Սուրէն Սահակեանին։

- Ձեզի միայն կ՚ըսեմ, ըսած էր իր խղդուկ ձայնովը եւ այնպիսի շարժումով մը որ իր վայելուչ հասակին հանդիսաւոր եւ գրեթէ թատերական բան մը կուտար. ձեզի միայն կ՚ըսեմ, այնպիսի գիրք մը պիտի ըլլայ ասիկա որուն պէս դեռ չէ գրուած եւ չպիտի գրուի. անիկա կոչուած է տիեզերական դեր մը կատարելու, անիկա ապահով պիտի փոխէ արուեստական եւ իմաստասիրական մինչեւ ցարդ գոյութիւն ունեցող ըմբռնումները, անիկա ամբողջ իմ Եսս պիտի ըլլայ, իմ Հոգիս։

Անկարելի է արտայայտել այն շեշտը որ ունեցած էր Եսս եւ Հոգիս արտասանած ատեն. առաջին անգամ ըլլալով՝ Սուրէն անոր սովորաբար աննշան աչքերուն մէջ ցոլք մը տեսած էր, անհանգստող եւ վրդովիչ բան մը՝ ինչպէս երբեմն ունին յիմարներուն աչքերը։

Մանուկ որ այս միջոցին հոն կը գտնուէր եւ իր հիւանդութենէ ծանրացած գլուխը երկու ափերուն մէջ առած մտիկ կ՚ընէր, հիացումով եւ գրեթէ ջերմեռանդութեամբ կը նայէր Տաճատին։ Անտօն Եարաեան շարունակական ծամածռութիւններով անհասկնալի բառեր կը մրմնջէր, եւ միայն Սուրէն ուշադիր եւ հետաքրքրուած մտիկ կ՚ընէր Տաճատին։

Երբ, վերջապէս, Չարըքանին ձայնը խղդուելով չկրցաւ շարունակել եւ յուզմունքէն տժգոյն, գմբեթաձեւ ճակատը ցցելով, որուն վրայէն մազերը օրէ օր աւելի ետեւ կ՚ընկրկէին, մեկնեցաւ սրճարանէն, Սուրէն իր ընկերներուն դառնալով ըսաւ լրջօրէն։

- Այս տղան հիւանդ է։

- Հիւա՞նդ, կրկնեց Մանուկ զարմանքով։

Այդ օրէն Մանուկ լեցուած էր Տաճատին համար այնպիսի հիացումով մը որ իր նկուն հոգիին համար ծանր կուգար եւ կարծես աստիճան մը թեթեւնալու համար հանդպածին կը պատմէր լսածը։

- Այնպիսի գիրք մը՜… վայ սատանա՛յ, որուն պէս ոչ ոք չէ գրած մինչեւ ցարդ։ Ոմանք կը խնդային, բայց շատերը սկսած էին շահագրգռուիլ։ Տաճատ Չարըքեան տիպար մը կ՚ըլլար հետզհետէ Բարիզի հայ ուսանողութեան մէջ եւ զարմանալին այն էր որ այս անգամ ալ իրեն ընծայուած արժէքը բանի մը համար էր որ դեռ գոյութիւն չունէր։

Այդ օրը սակայն ինքը դեռ չէր գիտեր թէ ի՞նչ կը խորհէին իր վրայ. կը մտաբերէր խնայողութեամբ անցուցած մռայլ օրերը եւ անորոշ ապագան բոլորովին կը տարտղնէր իր մտածումները իր կրի-բէրլ հագուստը սկսած էր գունատիլ եւ տարօրինակ տպաւորութւն մը կ՚ընէր աշնանային անթափանց մթնոլորտին մէջ։ Օրական ապրուստէն զատ ձմեռային զգեստներու կարեւորութիւնը օրէ օր կը շեշտուէր. ա՜հ, որքա՜ն հեռու էր այդ միջոցին իր շքեղ Եսին վրայ մտածելէ. մտքովը մանրակրկիտ հաշիւներ եւ ենթադրութիւններ կ՚ընէր այնպիսի ճարտարութեամբ մը՝ որ անհրաժեշտութիւնը ամենէն վերացական մտքերուն ալ կը ներշնչէ։ Նոյն միջոցին նոր հրատարակուող թերթի մը ցրուիչները սկսան վազվռտել ամէն ուղղութեամբ, օրուան յօդուածագիրներուն անունները գոչելով։

Յօդուած մը՜… Օգթավ Միւպօէն… Լօրան Թայյատէ՜ն…։

Տաճատ անբացատրելի տգիտութիւն մը ունէր օրուան գրական մարդերուն վրայ. բոլոր համբաւները զինքը կը վիրաւորէին եւ որովհետեւ չէր կրնար անոնց անունները աւրել ամենուն մտքէն, ինքը կը գոհանար զանոնք չճանչնալով, բայց ցրուիչները կը գոչէին եւ ասիկա իրեն այնպիսի սրտի սեղմում մը պատճառեց որ պահ մը կեցաւ։ Նոյն միջոցին Քօլէժ տը Ֆրանսի առաջքը կը գտնուէր։ Անձնական կառքերը փողոցը խճողած էին, երկու երիտասարդ կիներ, պերճօրէն հագուած՝ իջան Քօլեժի սանդուղներէն եւ կառք մտան. մանիշակի եւ ֆուժէռի թեթեւ բուրմունք մը վայրկեան մը ծածանեցաւ օդին մէջ. դասախօսութիւն մը վերջացած ըլլալու էր, որովհետեւ պահ մը ետքը խառն բազմութիւն մը աշխարհիկներու, ուսանողներու հանդարտօրէն տարածուեցաւ մարմարեայ սանդուղներուն վրայ. ոմանք իրարու հետ կը խօսակցէին եւ կը դանդաղէին, ոմանք հապճեպով կ՚երթային դէպ ի Պուլվար Սէն-Միշէլ գրեթէ դիմաւորելով պչրող կիները որոնք իրենց երեկոյեան պտոյտին համար դուրս ելած էին եւ կ՚արտաշնչէին քրէմներու, բրնձափոշիի եւ զանազան օծանելիքներու հոտեր. այդ զուարթ, գրեթէ անփոյթ եւ ժպտուն բազմութեան մէջ ասդին անդին օտար ուսանողուհիներ, չափազանց համեստ զգեստներով, կարծես կամովին տգեղութեան դատապարտուած, լեցուն գրքապանակը թեւերուն տակ, բազմութիւնը ճեղքելով կ՚անցնէին եւ կ՚երթային՝ անտարբեր շուրջի պերճանքին, զուարթութեան եւ հաճոյքներուն։ Տաճատին աչքերը սեւեռեցան պզտիկ ծերունիի մը վրայ, համեստ եւ աննշան երեւոյթով, քիչ մը կորաքամակ որուն ճերմակ մազերը կէս բոլորակ մը կը շինէին ծոծրակին վրայ, գլանաձեւ գլխարկին ներքեւէն. կարմիր rosaceը միայն այդ մթին եւ համեստ երեւոյթին վրայէն կը ցայտէր. շատերը ետեւ դարձան եւ մրմնջեցին.

- Բրօֆէսէօրը…։

Գեղեցիկ, մասնաւորի կառք մը յառաջացաւ սանդուղներուն առաջքը, բայց ծերուկը ձեռքովը նշան մը ըրաւ կառապանին, իր գրքապանակը յանձնեց եւ ճկուն շարժումներով յառաջանալով բազմութեան մէջ խառնուեցաւ։

Տաճատ ապշած կը նայէր եւ կը խորհէր. ինքը ի՜նչ վսեմ շարժումով մը պիտի մտնար կառքը եւ պիտի անցնէր ամբոխին մէջէն։ Այս Բարիզցիները շատ անօրինակ են, մտածեց, եւ անհասկանալի բոլորովին։

- Որի՞ կը նայիս այդպէս ապշած երեւոյթով, ըսաւ ծանօթ ձայն մը ետեւէն։

Տաճատ դարձաւ. Բարսեղ կեցեր էր հոն՝ ահագին Շասի մը ձեռքը։

- Ո՞ւր այսպէս, կրկնեց դարձեալ երբ տեսաւ որ Տաճատ չէր պատասխաներ։

- Պտոյտի, ըսաւ վերջապէս Չարըքեան յուզմունքէն ալ աւելի խղդուկ ձայնով մը։ Եւ երկուքը մէկ յառաջացան դէպի Լիւքսէնպուրկի պարտէզը։ Դժուարաւ անցան Պուլըվառ Սէն-Միշէլի հետզհետէ հոծ ամբոխին մէջէն, երբ պարտէզ մտան՝ Տաճատ տկարութիւն մը ունեցաւ. ծունկերը կրթոտեցան եւ մօտակայ նստարանի մը վրայ նստեցաւ յոգնած։

- Ա՜խ… վերջապէս… Բարիզը զիս կը սարսափեցնէ՜… ես չեմ կրնար հոս ապրիլ։ Շրթունքները կը դողդղային եւ չափազանց տժգոյն էր, աչքերուն կոպերը կարմրած էին ակնոցներուն ներքեւէն։

- Ես չեմ կրնար, չեմ կրնար, թօթովեց կրկին, անգիտակցաբար, մոռնալով Բարսեղին ներկայութիւնը, ես ի՞նչ պիտի ըլլամ այս դժոխքին մէջ։

Բարսեղ անխօս կեցած էր անոր դիմաց եւ վերջալոյսի արեւէն աչքերը թարթափելով բերանը կը ծռէր մէկ կողմին, իրեն սովորական եղող վաղեմի ծամածռութեամբ մը. ու քամակն ալ կը հակէր հետզհետէ արմուկովը Շասիին կռթնած, թիկնեղ իրանը դէպ առաջք, ճիշդ այնպէս ինչպէս ժամանակաւ կ՚սպասէր քարափին վրայ որպէս զի բեռեր դնէին իր կռնակը։

Տաճատ այդ տարօրինակ երեւոյթը տեսնելով ինքզինքին եկաւ. յանկարծ ամչցաւ իր տկարութենէն եւ ուզեց դարմանել զայն ու կեղծ ձայնով մը հազիւ թէ մրմնջեց.

- Ալ չեմ կրնար մնալ հոս, որովհետեւ, կը տեսնա՞ս, անկարելի է այս քաղաքին մէջ աշխատիլ… այս պայմաններով, եւ ես այնքան ընդարձակ ծրագիրներ ունիմ։

Բարսեղ ուժգնօրէն, գրեթէ կոպտութեամբ պատասխանեց.

- Անկարողի արդարացում է այդ… այնչա՜փ մարդիկ կ՚աշխատին այս քաղաքին մէջ։

- Այո՛, բայց ոչ այս պայմաններով։

Վերջին բառը ծանրացաւ Տաճատի բերնին մէջ. անմիջապէս գաղափար մը անցեր էր մտքէն ու սիրտ առած ոտքի ելաւ։

Բաւական ատեն Լիւքսենպուրկի ծառուղիներուն մէջ պտուտկեցան խօսակցելով։ Տաճատ՝ կեանքերնուն մէջ առաջին անգամ նիւթական դժուարութիւն կրող մարդերու անճարակութեամբ խնդիրը սկիզբէն սկսաւ. նախ խօսեցաւ իր ծրագիրներուն, իր գրքին վրայ, յետոյ անցաւ այսչափ ընդարձակ եւ կարեւոր ծրագրով գործ մը գլուխ հանելու դժուարութեանց եւ ժամանակին սղութեան վրայ, յետոյ յայտնեց թէ եթէ դեռ երկու հարիւր ֆրանքի չափ գումար մը ունենար, չպիտի յուսահատէր, օ՜հ բնաւ, ի՞նչ կար արդէն յուսահատելու, յաջողութիւնը յայտնի եւ ակներեւ չէ՞ր ամենուն համար, անոնք որ կը տարակուսէին…։

Կը հասկնա՞ս բարեկամ, ամէն երկրի մէջ եւ ամէն մեծ մարդու համար տարակուսողներ եղած են, բայց ի՞նչ է այդ տխմարներուն կարծիքը հանճարին համար որ արեւի պէս պայծառ կը ծագի վերջապէս օր մը՜…։

- Կամաց, եղբայր, ինծի կը թուի թէ խոհեմութիւն չէ այդպիսի պատրանքներ ունենալ ինքզինքին վրայ, ես գրականութենէ չեմ հասկնար, իմ խելքս շատ քիչ բանի կը հասնի, բայց ինծի այնպէս կուգայ որ… դժուար, շատ դժուար բան է…։

- Ա՜հ, կը տեսնե՞ս, Բարսեղ, ընդմիջեց Տաճատ զինքը, անոր համար որ դուք նկարիչներդ գաղափարական մարդիկ չէք, դուք չէք հասկնար գաղափարին ամենակարողութիւնը. ինչ որ ես իմ հոգիիս խորը կ՚զգամ վսեմ եւ հզօր, դուն ի՞նչպէս կրնաս սահմանել քու թանձր գոյներովդ եւ չոր գիծերովդ, քու տաղանդդ որոշեալ գիծերու եւ երանգներու գերին է…։

- Այլ սակայն լոյսը եւ ստուերը… ա՜հ…։

Տաճատ անհամբեր եւ տարտամ շարժում մը ըրաւ։

- Ծառը միշտ ծառ մըն է եւ ոչ ուրիշ բան, մինչդեռ…։

Բարսեղ այնպիսի միամիտ ապշութեամբ մը նայեցաւ իր աչքերուն մէջ որ Տաճատ յաղթական, իր սուր մօրուքը ցցեց. բթամատին եւ ցուցամատին ծայրերով ակնոցը տեղաւորցուց քթին վրայ եւ շրթունքներու մասնաւոր մրմունջով մը, որ իրեն յատուկ էր, ծիծաղեցաւ քանիցս։

Երբ արեւը մայրը մտաւ, գաղջ եւ հաճելի մթնոլորտը յանկարծ ցրտացաւ. հեռուէն ծառերը տերեւազուրկ սեւ եւ մերկ ցցուեցան ստուերոտ հորիզոնին վրայ. Տաճատ եւ Բարսեղ սարսռացին։

- Եկու միասին թէյ մը խմենք, ըսաւ Բարսեղ։

Ճամբան՝ առանց ընկերի մնացած աղջիկներ կը կառչէին իրենց։ Տաճատ զզուանքով մէկ կողմ կը հրէր զանոնք եւ իր մեծ մարդու ճակատը կը ցցէր խրոխտութեամբ, ոմանք անախորժ կատակներ եւ վիրաւորիչ խօսքեր կ՚ուղղէին իրենց։

- Ինչո՞ւ այդպէս կը վարուիս այդ խեղճերուն հետ, ըսաւ Բարսեղ բարութեամբ։

- Զիս կը զզուեցնեն, ա՛հ չափազանց կը գրգռուին ջիղերս, ես կիները չեմ սիրե՛ր…։

- Բոլոր կինե՞րը, հարցուց Բարսեղ հեգնելով։

Այդ ջղային, դիւրագրգիռ, անկայուն նկարագրով եւ կարողութիւնով երիտասարդին մօտ՝ Բարսեղ իր հուժկու եւ կորովի անձովը, զայն պաշտպանելու պէտք մը կ՚զգար բնազդմամբ։ Քանի մը շաբաթուան Բարիզի կեանքը՝ զինքը փոխած եւ աւելի յստակ վստահութիւն մը ներշնչած էր իր անձին եւ բարեխառնած էր իր բնական երկչոտութիւնը եւ կասկածոտութիւնը, եւ հիմա երբ Տաճատին վրայ կը նայէր, այն տարտամ հիացումը չկար իր զգացումին մէջ որ նախապէս գեղեցիկ եւ վայելուչ երիտասարդը՝ հանճարին պատրանքով լուսապսակուած՝ ներշնչած էր իրեն, առանց կարենալ բոլորովին զայն դատելու՝ կը նախզգար անոր բուն հոգեկան եւ մտաւորական վիճակը եւ Սուրէնին անոր մասին ըսած խօսքերէն ալ լուսաբանուած՝ ներողամտութեամբ եւ կարեկցելով կը նայէր Տաճատին վրայ եւ այս զգացումին մէջ հետաքրքրութիւն ալ կար։

Օր մը Տաճատի կանանց համար ունեցած ժուժկալութեանը վրայ խօսելով, Սուրէն ըսած էր չարամտութեամբ.

- Այս թիփը ճանցուած étiqueté թիփ մըն է. այս Հանճարեղները Տիւլսինէ մը կ՚ունենան որ զիրենք կը զրահաւորէ ուրիշ կիներու դէմ։

Բարսեղ այդ միջոցին Սուրէնին խօսքերուն վրայ կը խորհէր, երբ զարմանքով տեսաւ որ Տաճատին աչքերը, ակնոցին ներքեւէն կը վարագուրուէին երազանքով։

- Միակ կին մը, ըսաւ վերջապէս խղդուկ ձայնով մը՝ որ յուզմունքէն գրեթէ խռպոտ կը դառնար, միակ կին մը կարող էր իմ սիրտս գրաւել եւ այդ իտէալ կինը գոյութիւն ունի, որուն գաղափարը զիս կ՚առաջնորդէ իմ ընդգրկած դժուարին ասպարէզիս մէջ։

- Եւ այդ կինը հոս կը գտնուի՞, կը ճանչնա՞մ։

Տաճատ ըմբոստ շարժում մը ըրաւ եւ հեռաւոր անհունութիւնը ցուցուց տարտամօրէն։

- Այդ կինը շատ հեռուն է … շատ հեռո՜ւն։

Քիչ մը ատեն բազմութիւնը ընդհատեց իրենց խօսակցութիւնը եւ գրեթէ իրարմէ հեռացան։ Կէյ-Լիւսաք փողոցին վրայ միայն կրցան իրարու քով գալ։ Տաճատին դէմքին վրայ դարձեալ տխրութիւն եւ հոգը կ՚երեւէր, իր աչքերը գրեթէ մարած էին եւ կակուղ գլխարկին ներքեւէն մատները սանտրի պէս բացած մազերուն մէջ կը մխրճէր եւ դէպի ետեւ կը մղէր. շարժում որ մեծ մտահոգութիւն կը նշանակէր իր վրայ. Բարսեղ աչքին ծայրովը կը դիտէր զինքը եւ մտքով կը հաշուէր թէ կրնա՞ր այդ երկու հարիւր ֆրանքի գումարը փոխ տալ Տաճատին որուն պէտք ունենալը յայտնած էր քիչ մը առաջ. իբրեւ լաւ եւ ուղիղ ընկեր, առանց ժամանակ ձգելու որ Տաճատ այդ դիմումը ընէ, ինքը առաջարկեց այդ փոխատուութիւնը։

- Երկու հարիւր ֆրանքը կրնայ երեք ամիս քեզի բաւել, մինչեւ այն ատեն կը ջանաս որ միջոց մը գտնաս, այսինքն թէ բարեկամաբար խօսելով, պէտք չէ հաշուես գիրքիդ վրայ… ինծի կը թուի թէ ատի հեռաւոր յաջողութիւն մըն է, առ այժմ նայէ որ միջոցը գտնաս գոնէ հարիւր ֆրանքի ամսական մը կապել տալ քեզի… եւ աշխատիս… կը տեսնա՞ս բարեկա՛մ, աշխատութիւնը կը նուիրագործէ ամէն բան, ապա թէ ոչ կը դառնաս այն շատ մը անուանական ուսանողներէ մէկը, որոնք դրամ կ՚առնեն եւ փոխարէն բան մը չեն ըներ… այդ պայմաններուն մէջ մուրացկանութիւն է… կ՚ընդունիմ. երբ մարդ բացարձակ վստահ չէ ինքզինքին վրայ, դարձեալ աւելի աղէկ է տասնըհինգ տարի բեռնակրութիւն ընել… բայց քու պարագադ տարբեր է, վստահութիւնը չէ որ կը պակսի քեզի…։

Տաճատ արհամարհանքով ուսերը թօթուեց։

- Որովհետեւ միջոցը ունիս այդ երկու հարիւր ֆրանքը փոխ տալու ինծի, անոր համար կը յանդգնիս խորհուրդներ տալ. այդ տոկոսով անմարսելի է, բարեկամս։

Բարսեղ այս խօսքերէն չվիրաւորուեցաւ եւ աւելի փղձկուած բարութեամբ նայեցաւ ընկերոջը։

- Մի՛ նեղանար իմ խօսքերուս, բնականաբար ազատ ես ուզածդ ընելու, ես միշտ պատրաստ եմ քեզի այդ երկու հարիւր ֆրանքը փո՛խ տալ… եւ քեզի յայտնել միջոցը անով երեք ամիս ապրելու Բարիզի մէջ. թերեւս այս վերջին տոկոսը աւելի մարսելի ըլլայ, չէ՞։

Այլ եւս առանց խօսելու քալեցին մինչեւ Գլօտ-Պէռնառ փողոց ուր Բարսեղ կը բնակէր. հոն հասնելնուն Տաճատ չուզեց ընկերոջը սենեակը ելնել, բայց Բարսեղին ստիպումներուն վրայ տեղի տուաւ։

Բարսեղ վեցերորդ յարկը բակի վրայ պզտիկ սենեակ մը կը բնակէր որուն բոլոր կարասիներն էին երկաթէ մահճակալ մը, որուն վրայ խոտէ անկողին մը դրուած էր, ճերմակ փայտէ սեղան մը լրագիրներով ծածկուած, եւ աթոռ մը. ապակիները ծածկուած էին ծակոտկէն գորշագոյն վարագոյրներով որոնց նախնական գոյնը ճերմակ ըլլալու էր։

Բարսեղ աթոռը հիւրին հրամցուց եւ ինքը նստեցաւ անկողնին վրայ, եւ որովհետեւ Տաճատ դեռ քէն ըրած ըլլալու երեւոյթը ունէր, ըսաւ անոր կորովի ձայնով մը.

- Ես ուղիղ եւ պարզ մարդ մըն եմ, ես դեռ երկար ատեն թերեւս բեռնակիր մնամ. պէտք չէ ինծի վշտանալ, այդ լաւ բան չէ. ինչ որ ըսի քիչ մը առաջ եթէ մտիկ ընէիր, վնաս չէր հասներ քեզի, բայց կ՚ըսեն, հանճարեղ մարդիկ տարբեր կ՚ըլլան։

Այս վերջի խօսքերէն շողոքորթուած եւ մանաւանդ երկու հարիւր ֆրանք ունենալու գոհունակութենէն սրտապնդուած՝ Տաճատ ներեց Բարսեղին եւ բաւական զգացնելէն ետքը անոր իրմէ վար ըլլալը, ըսաւ վերջապէս խնդալով։

- Հիմա ըսէ՛ տեսնենք, ի՞նչ միջոցով կարելի է երկու հարիւր ֆրանքը երեք ամիս տեւեցնել. կը խոստովանիմ թէ այս կարգի նիւթերու մէջ բոլորովին անկարող եմ։

- Համեստութիւնդ գնահատելի է, եղբայր, թերեւս լաւ է երբեմն ինքզինքը անկարող զգալ… բայց գանք մեր նիւթին, ահաւասիկ կը բաւէ որ ըսեմ քեզի թէ ես ինչպէ՜ս կ՚ապրիմ…

- Կը կարծե՞ս թէ ես կրնամ քեզի պէս ապրիլ, ըսաւ Տաճատ իր շուրջը նայելով։

Բարսեղ այս անգամ վիրաւորուած լուռ մնաց եւ իր կզակը հզօր, անկիւնաւոր, ոսկրուտ ցցուեցաւ սպառնական, բայց անմիջապէս ինքզինքը գտաւ եւ ոտքի ելնելով իբր թէ հարկադրէր Տաճատը իր ձեւով ապրելու, ըսաւ խիստ եւ կտրուկ ձայնով մը.

- Մեր կացութեան մէջ եղող ուսանող մը պէտք չէ քառասուն ֆրանքէ աւելի եռամսեայ վարձք վճարէ. քառասուն ֆրանքով այսպիսի սենեակ մը կունենաս եւ այդ կը բաւէ քեզի, օրը մէկ ու կէս ֆրանք կը յատկացնես սնունդիդ. առաւօտուն մէկ սու հաց եւ մէկ սու կաթ կամ շոքոլա, բաւական է. ցորեկին աշխատութեան ատեն շատ ժամանակ չունիս կորսնցնելիք, չորս սուի տապկուած գետնախնձոր կը գնես, կամ խոզենի կամ կաթով սուրճ. երկու սու հաց եւ երկու սու կարագ կամ պտուղ, քեզի կը մնայ մէկ ֆրանք որով շատ լաւ կրնաս ընթրել ուսանողի ճաշարաններու մէջ. ասիկա քեզի կ՚ընէ ամսական քառասունը հինգ ֆրանք, եռամսեայ հարիւր երեսուն եւ հինգ, որուն վրայ աւելցուր քառասուն ֆրանքի տան վարձքը, կ՚ունենաս հարիւր եօթանասունը եւ հինգ ֆրանքի պիւտճէ մը եւ դեռ քեզի կը մնայ քսան եւ հինգ ֆրանք՝ զուարճութեան, նամակադրոշմի եւն։ Այսպէս կ՚ապրին Բարիզի գործաւորուհիները, ֆրանսացի աղքատ ուսանողները, շատ մը պզտիկ պաշտօնեաներ, ես անմիջապէս հարցուցի եւ գիտցայ. պատճառ մը չկայ որ մենք ալ այդպէս չապրինք։

-Է՛հ, թրամուէյի, կառքի ծախքերը եւ դեռ…։

- Կը քալես, բարեկամ, կը քալես եւ մնացեալը կը մոռնաս, առ այժմ հիմա խնդիրը քեզի համար այդչափը ապահովելն է, քեզի պէտք է տարեկան ութը հարիւր ֆրանք եւ հարիւր ֆրանք զգեստի։

- Օ՜հ, բաւական է գոչեց Տաճատ ինքզինքէն ելած…։

Բարսեղ առանց զինքը մտիկ ընելու, բաճկոնակը բարձրացուց, գօտին քակեց եւ անոր ծալքերուն մէջ պահուած քսակ մը հանելով, մէջէն տասը ոսկի դրամ առաւ եւ դրաւ սեղանին վրայ, Տաճատին առջեւը. յետոյ աճապարանքով սկսաւ թէյը պատրաստել մինչ Տաճատ ջղային շարժումներով կ՚երթեւեկէր սենեակին մէջ դժգոհ, վիրաւորուած եւ երբեմն խրոխտ երեւոյթով։

Քիչ մը ետքը երբ Տաճատ մեկնեցաւ Բարսեղին սենեակէն, խառն եւ հակասական զգացումներով լեցուն էր հոգին. ջղային եւ սրտնեղ կտրած՝ երկու անգամ անցաւ Պուլըվառ Սէն-Միշէլէն, գրեթէ կոպտութեամբ արմուկներովը հրելով մարդիկը որ իր ամէն մէկ քայլին արգելք կ՚ըլլային. իրեն կը թուէր թէ նոյնքան հեշտ պիտի ըլլար ինքզինքին ճամբայ բանալը իր ասպարէզին մէջ ու այդ պատրանքը իրեն տեսակ մը արբեցութիւն պատճառեց. յետոյ ֆիզիքապէս յոգնեցաւ եւ մեծ ախորժակ մը զգաց. անմիջապէս առանց խորհելու մտաւ թավէրնը եւ աղուոր ընթրիք մը ըրաւ. կարծես այդպէսով գործնականապէս հեգնել կ՚ուզէր Բարսեղին խորհուրդները եւ ժպտել անոնց վրայ. ներքին գոհունակութիւն մը եւ քաջութիւն մը կ՚զգար իբր թէ յաղթանակ մը տարած ըլլար. իր աչքին իր Եսը կը բարձրանար ալ աւելի եւ իրեն կը թուէր թէ աշխարհ իրեն էր. ճշմարտապէս երկու հարիւր ֆրանքի ապահովութիւնն էր որ իրեն այս պատրանքները կուտար, բայց եթէ ներքնապէս կ՚զգար ճշմարտութիւնը, անիկա կը վանէր մտքէն եւ կը կառչէր իր պատրանքներուն վարդագոյն մշուշին։ Հետզհետէ աւելի տաք արիւն մը արագօրէն կը սուրար երակներուն մէջ, տենդային բան մը կար իր շարժումներուն եւ մանաւանդ իր աչքերուն մէջ որ երբեմն սեւեռելով կէտի մը վրայ կը փայլատակէին ակնոցներուն ետեւէն. նոյն իսկ միջոց մը զգաց որ մատները կը դողային պատառաքաղին եւ դանակին վրայ. բազուկներուն վրայ երակները ցցուած եւ կապտորակ կ՚երեւէին եւ իրենց զարկը գրեթէ նշմարելի կը դառնար. մէկ երկու հոգիներ իր մօտէն անցած ատեն ուշադրութեամբ նայեցան իրեն։

- Ի՞նչ ունիմ Ասուած իմ, խորհեցաւ ինքնին ու մէկէն ախորժակը անհետացաւ, կոկորդը կը սեղմուէր. կզակը կարկամած մնաց եւ ձեռքը ճակտին տարաւ մեքենաբար. գլուխը կրակի պէս տաք էր։ Գրեթէ տաժանքով քանի մը կաթիլ ջրախառն գինի խմեց եւ գլուխը աթոռին յենակին կռթնցուցած պահ մը հանգչեցաւ. բայց գրեթէ անմիջապէս իր մտահոգութեան յաջորդեց յիմարական ուրախութիւն մը. աչքերը խոնաւցան փղձկումէն, կուրծքը ուռեցաւ հպարտութեամբ եւ ինքնիրեն մրմնջեց.

- Ա՜հ, երկունքի տառապանքները, Աստուած իմ։

Իրաւամբ այդ միջոցին կարծես միտքը լուսաւորուած էր անօրինակ ճառագայթով մը. գաղափարներ զգայնութիւններ եւ տպաւորութիւններ կը խուժէին նախ քաոսական վիճակի մը մէջ, յետոյ յստակ եւ մեկին ապրած կեանքի էջեր, հեռաւորութեան եւ կամ անցեալին գաղափարովը իտէալացած, գիւղանկարներ, սիլուէթներ, եղելութիւններ եւ նոյն իսկ տարտամ եւ հեռաւոր շարժումներ որոնք իրեն գերագրգռուած մտքին մէջ մեծ համեմատութիւններ կ՚առնէին եւ ասոնք ամենքը լուսաւորուած էին իր Եսէն որ արեւի պէս կեանք կուտար անոնց, մէկիկ մէկիկ, մաղուելով, բազմապատկուելով եւ խոշորնալով իր տպաւորութիւններուն, իր հոգիին զգայնութիւններուն զօրութիւնովը։ Ինչ որ ինք տեսած էր եւ ինչ բան ամենէն չնչիններն ալ – որ իր ուշադրութիւնը գրաւած էին նոյն իսկ անգիտակցաբար, նուիրական կը դառնային իրեն համար եւ չէր ուզեր անոնցմէ ալ մէկը կորսնցնել. այդ ժամուն իրեն կը թուէր թէ ոչ ոք իրեն պէս նայած էր արտաքին աշխարհին վրայ եւ իր կրած տպաւորութիւնները իր հանճարին ամենակարողութեամբը բոլորովին ինքնատիպ, անօրինակ եւ նոյն իսկ գերմարդկային կը թուէին։

Յղացումի այս արբեցութեան մէջ խորին վիշտ մը կը գալարէր իր հոգին. նիւթականապէս անկարելի էր այդ միջոցին իր մտքէն անցածները անմիջապէս արձանագրել թուղթին վրայ. ամենքն ա՜լ. ամենքն ա՜լ…։

Բոլոր կեղծ հանճարներուն պէս իր պատրանքը կատարեալ եղաւ. բնաւ մտքէն չանցուց թէ իր ուղեղի տենդէն յառաջ եկած երեւոյթական եւ վաղանցիկ կարողութիւն մըն էր զգացածը, գրեթէ տագնապ մը որուն բուլերը սակայն պիտի կառչէին այլ եւս իր մտքին եւ իրեն սեւեռեալ գաղափարը պիտի ըլլային։

Առանց ժամանակ կորսնցնելու կանչեց կարսօնը եւ սեղանի սպասները վերցնել տալով թուղթ եւ գրիչ ուզեց. այն գիշերուան թավէրնի յաճախորդները զարմանքով տեսան այս եզական երիտասարդը որ առանց շուրջը նայելու, գրեթէ վերացած կը գրէր անընդհատ։

Բայց վերջապէս իր ուղեղին տենդը մարեցաւ եւ յանկարծ պարապ զգաց ինքզինքը. թեթեւ սարսուռ մը ողնայարին վրայէն սողոսկելով կ՚անցնէր եւ զինքը կը ցնցէր երբեմն. հապճեպով թուղթերը հաւաքեց, խնամքով դրաւ կարմիր մարօքէնէ թղթապանակին մէջ եւ մեկնեցաւ։

Դուրսի օդը աստիճան մը աւելի կազդուրեց զինքը, բայց այտերուն վրայ դեռ հիւանդագին կարմրութիւն մը կար եւ իր անդամներուն մէջ տեսակ մը անախորժ ծանրութիւն կ՚զգար իբր թէ թմրած ըլլային։

Սորպոն փողոցին անկիւնը հանդիպեցաւ Սուրէն Սահակեանին, որ իրեն սովորական շարժումովը երկու սրունգներուն վրայ թեթեւ մը տատանելով, իր յուսահատած աչքերը դարձուց իր վրայ, այնպիսի սեւեռումով մը որոնց մէջ չէր կարելի հասկնալ ցա՞ւ թէ հեգնութիւն կար։ Տաճատին բոլոր խօսքերուն նախ պատասխանեց՝ Վերլէնէն կցկտուր տողեր արտասանելով որոնց իմաստը կը գերագրգռէր զինքը իր անպայման հիացումովը մեծ բանաստեղծին համար։

Բայց վերջապէս Տաճատին երեւոյթէն շահագրգռուած՝ երբ անիկա սրտնեղած հեռանալու վրայ էր, թեւէն բռնեց եւ կեցուց։

- Ի՞նչ ունիս այսպէս նոր բան մը…։

Իր կարգին Տաճատ չպատասխանեց Սուրէնին, աչքերը մելամաղձոտութեամբ լեցուն դարձեալ սեւեռեցան՝ Տաճատին աչքերուն մէջ։

- Եկու Միւլլէր երթանք, թերեւս կարենանք զուարճանալ։

Հեռուէն Մանուկը տեսան որ դժուարութեամբ կը քալէր մայթին վրայէն, մեռելի պէս տժգոյն։

- Այս տղան օր օրի գրեթէ աչքերնուս առջեւը կը հատնի կոր։

- Աւելի կարեւոր բան մը չունի ընելիք այս աշխարհիս վրայ, պատասխանեց Տաճատ բռնազբօսիկ ձայնով մը։

Այս չարութիւնը կեղծ էր, բայց Չարըքեան իբրեւ մեծ եւ տարօրինակ մարդ՝ երբեմն հարկ կ՚զգար ինքզինքը անսիրտ ցուցնելու։

Երբ սրճարանէն ներս մտան, Սուրէնին դէմքը ճառագայթեցաւ դիւային ուրախութիւնով մը. իր սեւ պեխերուն տակէն շրթունքը հեգնութեան ծալքը առին աւելի որոշ կերպով, բայց Տաճատ ի զուր շուրջը նայեցաւ, ծխախոտի ամպերուն մէջէն բան մը չնշմարեց եւ չհասկցաւ թէ ի՞նչ էր Սուրէնին ուրախութեան պատճառը։

- Հոս նստինք տղա՛ս, ըսաւ Տաճատին առանձին սեղան մը ցուցնելով։

- Ինչո՞ւ, ըսաւ Տաճատ զարմանքով։

Նոյն միջոցին Գաբրիէլ Պալըքճեան ծխախոտի ամպերուն մէջէն դուրս ելնելով, իբր թէ թատրոնի վրայ ըլլար, երկու թեւերը բացաւ եւ դէպի Տաճատը եկաւ։

- Ա՜հ եղբայրս, որչա՜փ ատենէ զիրար չենք տեսած, ես այնքան զբաղած էի, բայց ընկերնե՜րս… ա՜հ, ուսանողութեան ընկերները նուիրական են…։

Արդէն սկսած էր խօսիլ մէկու մը պէս որ ուսանողութեան շրջանը աւարտած է եւ իր յաջողութեան մէջ չմոռնար նախկին ընկերները։

Սուրէն կը խնդար երկու կողերուն վրայ տատանելով, բայց Տաճատ դէպի ետ կ՚ընկրկէր սրտնեղած եւ մանաւանդ վախնալով երկու կարկառած թեւերուն փայփայանքէն։

- Եղբայրս, եղբայրներս, յաջողութիւնը զիս չգինովցուց…։

Ճշմարտութիւնը այն է որ Պալըքճեանի թատերական ներկայացումը ծիծաղելի եւ մանաւանդ ամօթալի անկում մը եղած էր։ Ծանօթ թատերական քննադատ մը սկիզբէն մեկնած էր, զայրացած այդպիսի ներկայացումի մը զինքը հրաւիրել համարձակելնուն եւ թերթերէն ոմանք կրկնած էին այս ձախորդ պարագան։ Բայց Պալըքճեան, կարծես թէ իր անձին վրայ չըլլար խնդիրը, այնպիսի յանդգնութիւնով մը իր յաջողութեան վրայ կը խօսէր որ կը շուարեցնէր ստուգիւ իր խօսակիցը։

Աւելի ուշ Պօլսոյ թերթերը գովեստով խօսել էին իր վրայ եւ Բարիզեան թղթակիցներ այնպիսի մեծարանքներ շռայլեր էին իր հանճարին համար որ Պալըքճեան զանոնք պաշտօնապէս թարգմանել տուած էր եւ իբր վաւերաթուղթեր կը մտադրէր ծառայեցնել նոր դիմումներու։

Սուրէն եւ Տաճատ վերջապէս ստիպուեցան սուրճերնուն գաւաթները առնելով հեռանալ Պալըքճեանէն, ազատելու համար իր սնոտի շատախօսութիւններէն։

- Ի՞նչ զարմանալի թիփ է, ըսաւ Տաճատ իր բռնազբօսիկ ժպիտովը։

- Աւելի զարմանալիները կան, ըսաւ Սուրէն իրենցմէ քիչ մը հեռու խումբ մը ցուցնելով։ Կարճահասակ, վտիտ սրունքներով, խոշոր գլխով երիտասարդ մը նոյն միջոցին ոտքի վրայ, անընդհատ կը խօսէր. սրճարանին աղմուկին մէջ իր ձայնին շեշտը միօրինակ, առանց ելեւէջի. կեղծ եւ ջղագրգիռ բան մը ունէր. իր բոլոր խօսքերը չէին լսուեր, բայց կցկտուր բառերէն կը հասկցուէր թէ իր անձին վրայ կը խօսէր, որովհետեւ յաճախ բեմասացի ընտանի եւ վարժ շարժումով մը ձեռքը կուրծքին կը տանէր, այնպիսի համոզումով մը որ անկարելի էր տարակուսիլ։

- Ո՞վ է, ըսաւ Տաճատ հետաքրքրուած։

- Ես ըրին, իր բուն անունով Հրանդ Մարտիկեան։

- Ա՜հ, Հրանդ Մարտիկեանը, ըսաւ Տաճատ աւելի կարմրելով եւ աւելի ուշադրութեամբ սկսաւ մտիկ ընել։

- Ե՜ս, առաջին անգամ այդ բանին գաղափարը տուի, կը գոռար միօրինակ ձայնը որ թեթեւ մը ճաթած մետաղի շեշտ մը ունէր։ Խիտ եւ գռուզ մոխրագոյն մազեր կը ծածկէին իր գլուխը, որ այտերուն վրայ կուգար կը միանար մօրուքին սկզբնաւորութեան հետ, նոյնպէս մոխրագոյն եւ սրածայր։ Միջոց մը դէպի Տաճատին դարձաւ եւ իրենց աչքերը հանդիպեցան իրարու։ Տաճատին մտքին մէջ տպաւորուեցան անոր դեղին, խելացի աչքերը որ միակ գեղեցկութիւնը կը կազմէին անոր վատուժ անձին. ճակատը գմբեթաձեւ եւ դէպ առաջ ցցուած՝ նմանութիւններ ունէր Տաճատին ճակտին հետ. մանաւանդ երբեմն, լոյսի եւ դիրքի մասնաւոր պայմաններով՝ կարծես երկուքը մէկ կաղապարի մէջ թափուած էին։

Հրանդ Մարտիկեան սկիզբները մեծապէս օժտուած գրագէտ մը եղած էր, որուն շունչը յանկարծ կտրեր էր եւ ինքզինքը տուած էր քննադատութեան. եթէ Պօլիս գտնուէր. տեղական մտաւորական պայմանները զինքը պիտի մղէին ուսուցչութեան մէջ ապաւինելու. առ այժմ, արդէն էապէս վարժապետ էր, բառին բուն նշանակութեամբ եւ իր վարելու բնազդները կը գոհացնէր քննադատութեան մէջ. գործունեայ, կորովի, աշխատասէր, իր բոլոր ջանքերը կը վատնուէին պարապին մէջ. իր մէրաքն էր կարծել թէ ամէն դրական բան մեր համայնքին մէջ ինքը ըրած էր, ինքը սկսած էր. եթէ հեռաւոր տեղ մը դրական ձեռնարկ մը ըլլար, կը գոհանար ըսելով թէ ինքը գաղափարը տուած էր. իսկ իրմէ առաջ եղած բաներուն առ հասարակ չէր հաւներ. ասոր համար հայ ուսանողութեան մէջ զինքը Ես ըրի կը կոչէին. ինքը այնքան գինովցած էր իր Եսով որ չէր անդրադառնար թէ նոյն իսկ իր քիթին տակ զինքը կը ծաղրէին. իր եսամոլութիւնը զարմանալի հակադարձութիւն մը յառաջ բերած էր որ զինքը մօտէն չճանչցող մը կրնար սխալեցնել։ Չափազանց կը տանջուէր երբ մտածէր թէ իրմէ եւ իր անձէն անկախ ձեւով մտաւորական գործունէութիւն մը կարելի է մեր մէջ, ասոր համար է թերեւս որ իր հովանաւորութիւնը կ՚ուզէր տարածել ամբողջ հայ ուսանողութեան վրայ. անոնց անձնական գործերուն կը խառնուէր, խորհուրդներ կուտար, դիմումներու կը մղէր եւ կը յաջողէր վերջապէս ամենուն գործերը իր ձեռքին մէջ ունենալու. ասիկա իրեն մեծ գոհացում մը կը պատճառէր եւ դիւրին է երեւակայել թէ ի՛նչ քէն կը պահէր անոնց որ նեղը եղած ատեն իր մօտ չէին գար. իր համեստ եւ խճողուած սենեակը ժամադրավայրը եղած էր ձախորդութեան մէջ գտնուող, անճարակ, անկարող, քննութենէ մերժուող ուսանողներու։ Գէշը այն է որ իր վրայ յուսացնել տալէն վերջը յաճախ մեծ բան մը չէր կրնար ընել եւ շատեր յուսախաբ, իր թշնամին կը դառնային. իր չար, յուզմունքի եւ զգացումի անկարող հոգիին միակ հրայրքն էր ասիկա. իր բոլոր կարողութիւնները եւ ընդունակութիւնները վատնուած էին այսպէսով. ամէն օր ահագին թուող նամակներ ունէր գրելիք աշխարհիս ամէն կողմը գտնուող հայ մտաւորականութեան հետ. բնականաբար հեռուէն զինքը նպաստաւոր կերպով կը դատէին եւ ասիկա աստիճան մը կ՚ամոքէր իր մօտը գտնուող ապերախտներուն անտարբերութիւնը կամ հեգնութիւնները։

Հրանդ Մարտիկեան իր դէմքին երեք քառորդը դարձնելով դէպի Տաճատին կողմը – նպաստաւոր դիրք, որուն արժէքը շատ լաւ գիտէր – ձայնը ուռեցուց, հպարտ եւ վիրաւորուած երեւոյթ մը առաւ, յօնքերը թեթեւ մը պռստեց եւ շարունակեց վայրկեան մը եւս խօսիլ, բայց վերջապէս ձայնը մարեցաւ։ Տաճատ նշմարեց որ յուզուած եւ դառնացած երեւոյթ ունէր եւ իր սեղանակիցներուն հետ փսփսալով իրարու վրայ ումպ ումպ զովացուցիչ ըմպելի կը խմէր։

- Կարծես թէ բանի մը վշտացած է, դիտեց Տաճատ։

Սուրէն նրբօրէն ժպտելով պատասխանեց.

- Իմ ներկայութիւնս է որ զինքը անհանգիստ կ՚ընէ, ատենէ մը ի վեր թշնամացած է հետս։

Տարիներ առաջ Սուրէն՝ Հրանդին աշակերտը եղած էր եւ աւելի սերտ բարեկամ դարձած էին, գրեթէ ազգականի պէս ապրելով օտարութեան մէջ. բայց Սուրէն իր մտքին սրատեսութիւնովը անմիջապէս ընդնշմարած էր իր վարպետի տկարութիւնները անոր խաբուսիկ երեւոյթներուն ներքեւ։ Հրանդին անկարողութիւնը ճշմարիտ զգացումներու, որ իր գրական արուեստը անկատար կը դարձնէր եւ իր բոլոր յղացումները վիժել կուտար, շատոնց է որ ծանօթ էր իրեն. ինքը իր մտերմութեան եւ հասկացողութեան եւ մանաւանդ խարդախ բնաւորութեան շնորհիւ դիտած, լրտեսած եւ ըմբռնած էր ճշմարիտ թիփը Հրանդին մէջ որուն գլխաւոր թերութիւնն էր չափազանց եսասիրութիւն. այնպիսի անողոք եսասիրութիւն մը որ կը չորցնէր իր հոգիին բոլոր փթթումները եւ կարող էր զինքը բացարձակ ամլութեան դատապարտելու եթէ հպարտութիւնը միեւնոյն ատեն մեծ կորով մը չներշնչէր իրեն եւ չհակազդէր իր բնական տրամադրութիւններուն. բայց ասիկա էապէս արժէք մը չէր տուած իրեն եթէ ոչ արտադրելու, ֆրազներ կազմելու մեծ դիւրութիւն մը որ մէկ ցայտումով կը ժայթքէր իր ուղեղէն. քննադատութիւնը յարմարագոյն ասպարէզն էր այս մտքին որովետեւ ստեղծելու հարկը չկայ հոն. քննադատը ուրիշին արտադրութեան շնորհիւ է որ գոյութիւն ունի որ յաճախ անկարողութեան կատաղութիւնը կուտայ, այս է պատճառը թերեւս շատ մը քննադատներու բուռն ոճին։

Այլ սակայն պէտք չէ կարծել թէ Հրանդ Մարտիկեան համակերպած էր քննադատի ամուլ դերին. ընդհակառակը կը կառչէր հեղինակի յաւակնութիւններուն, միշտ կը խօսէր ընելիք գործերուն վրայ, մեծ դիւրութեամբ կը պարզէր գրական ծրագիրներ. այս կարգի մտքերուն յատկանշական է նաեւ սքանչելի ծրագիրներ յղանալու յատկութիւնը։ Սուրէն Սահակեան կ՚ըսէր թէ այդ ծրագիրները իրենց գեղեցկութեան եւ կատարելութեան պատճառաւ իսկ անգործադրելի են։ Թերեւս քննելիք կէտ մը կայ այս պարագային մէջ. միտքեր կան որ իրենց ստեղծելու ձիրքը կը վատնեն, կը շռայլեն այսպէս անգիտակցաբար եւ գործադրելու միջոցին պարապ կ՚զգան ինքզինքնին. թերեւս նաեւ անկարելիին ձգտումն է որ ամլութեան կը դատապարտէ իրենց մտադրութիւնները. ինչ որ ալ ըլլայ՝ Հրանդ Մարտիկեան երկայն ատեն մեծ բանաստեղծի պատրանքը ներշնչած էր երբեմն ամենէն դժուարահաճներուն եւ թերեւս նոյն իսկ ժամանակաւոր բայց իրական կարողութիւն մըն էր ասիկա, որուն յիշատակը ալ աւելի կը դառնացնէր զինքը. ներքնապէս երբեմն գիտակցութիւնը ունենալու էր իր այսօրուան անկարողութեան զոր յաճախ կը յայտնէր գրեթէ տղայական եւ միամիտ բարկութիւններով։

Իրիկուն մը Թէաթրը Անդուանէն վերադարձին, զգետնուած Իբսէնի Ուրուականները հոյակապ խաղէն, իր հիացած ընկերներուն ըսած էր սա բառերը որ վերջին ծայր յատկանշական են.

- Իբսէ՜ն… պա՛հ, կը կարծէ՞ք որ այդքան ալ տարօրինակ բան է, վերջապէ՜ս… եթէ ես ժամանակ ունենայի… եւ իր բոլոր առաւելութիւնները… պահ մը իր ըսած խօսքերէն շուարած լուռ մնացեր էր, բայց տարտամ շարժում մը ընելով աւելցուցած էր համոզումով. – բայց ես այնքան բան ունիմ ընելիք, այնքան զբաղումներ, այնքան գործեր որոնք ամիսներէ ի վեր պէտք էր կատարուէին եւ չեն կատարուած։

Եւ այդ բաները, այդ զբաղումները, այդ գործերը ուրիշ բան չէին բայց եթէ թղթակցութիւններ հեռաւոր եւ տարտամ անձնաւորութիւններու հետ, առանց դրամի մնացած ուսանողներու համար դիմումներ, որոնք իրեն ձեռքը կը նայէին եւ վերջապէս ուրիշներու կատարած գործերուն վրայ թեր ու դէմ կարծիքներ։

Հրանդ Մարտիկեանին մօտ կեցած էր արդէն առաջին երիտասարդութիւնը անցուցած մարդ մը, որ զինքը հիացումով մտիկ ընելու երեւոյթը ունէր եւ որ սակայն երբեմն կը դառնար եւ քովը նստող երիտասարդին կը նայէր հեգնօրէն ժպտելով։ Անտօն Եարաեան՝ իրենց դէմ ոտքի կեցած ծամածռութիւններ կ՚ընէր, երբեմն երկու ձեռքերով երեսները կը գոցէր, ուսերն ալ աւելի կը ցցէր եւ բառեր կը մրմնջէր, կցկտուր, անգութ երկբայական բառեր, զորս չէիր հասկնար թէ որո՞ւ եւ ի՞նչ բանի ուղղուած էին, իրեն ուշադրութիւն չէին ըներ որովհետեւ ամենքն ալ զինքը խենթի տեղ դրած էին եւ ինքը գոհ էր ու կը խնդար, երբեմն չարագուշակ խնդուածքով մը, ապաստանած իր կե՞ղծ թէ իրական խենթութեան մէջ, մինչ միւս ընկերները չէին համարձակեր իսկ յայտնի կերպով ժպտիլ ու լուրջ եւ խոհական երեւոյթ մը առած մտիկ ընել կը ձեւացնէին Հրանդը։ Նոյն միջոցին սրճարանին դուռը բացուեցաւ. Սուրէն պատահմամբ այն կողմը դարձած ըլլալով՝ զսպանակէ մղուածի պէս ոտքի ելաւ յանկարծ.

- Շատ բանի կը տոկամ, տղա՛ս, ըսաւ Տաճատին ուղղուելով, բոլոր ես ըրիներու արհամարհական եւ սպաննիչ նայուածքներուն, սուտ խենթերուն եւ նոյն իսկ հանճարեղներուն… բայց ասո՞ր… կը խոստովանիմ թէ անկարող եմ։

- Ո՞վ է, ըսաւ Տաճատ հետաքրքրուած։

- Ա՜հ, չե՞ս ճանչնար Վահէն։

- Վահէ՛ Սապահեա՞նը։

- Այո՛, բարեկամս, մեծ Արիականը։ Եւ որովհետեւ Տաճատ շուարած մնաց այս վերջին որակումէն, Սուրէն հարկ եղած բացատրութիւնները տուաւ։

Վահէ Սապահեան քառասուն տարեկանի մօտ, միջահասակ, թուխ, համակրելի դէմքով անձ մըն էր եւ օժտուած իրական եւ մեծ երաժշտական տաղանդով մը. իր սքանչելի ձայնը խօսեցնել կուտար նոյն իսկ ֆրանսական մամուլը, ամէն անգամ որ նուագահանդէս մը տար, բայց ինքը չէր բաւականանար ատով եւ եթէ զինքը գովէին միայն ձայնին համար՝ խորապէս կը վիրաւորուէր. իր յաւակնութիւնները կը ձգտէին հաւասարապէս գրականութեան, իմաստասիրական, լեզուաբանական եւ ցեղաբանական գիտութեանց եւյլն։ Այս վերջի ատենները Տրէյֆիւսի խնդրէն՝ երբ ամբողջ ֆրանսական մամուլը սեմական եւ հակասեմական երկու մասերու բաժնուած էր, ուժգնօրէն ազդուած էր եւ զարմանալի միտքի սեւեռում մը ունէր, անմիջապէս որ բերանը բանար կը խօսէր սեմական եւ արիական ցեղերուն վրայ, հաստատելով պնդելով թէ ինքը զուտ արիական մըն է։ Չափազանց շատախօս, առանց դադարի կը խօսէր ժամերով ու բառերը խօսքերը այլ եւս թոյլ, լորցունքոտ, թափթփելով կ՚իյնային կարծես շրթունքէն. ու իր ամբողջ անձը ստացած էր արդէն այդ իյնող, թափթփուող նկարագիրը. մազերը երկայն ձգուած եւ ողորկ կ՚իյնային աչքերուն մէջ, քունքերուն վրայ, պեխերը բերնին անկիւններէն ի վար կը կախուէին թոյլ երկայն ծայրերով։ Երկայն թեւերը դէպի առաջ՝ հասակի թեթեւ կորութեան մը պատճառաւ, վար դարձած օձիքին մէջէն թոյլ եւ երկայն փողկապը, եւ նոյն իսկ րէտէնկոթին վրայ շինուած ուղղահայեաց ծալքերը իրեն կուտային այդ ծածանող, անկայուն, ձգձգուող նկարագիրը որ սքանչելիօրէն կը ներդաշնակուէր իր խօսուածքին հետ։ Վարի շրթունքն ալ թոյլ կախուած էր եւ բերնին անկիւնները ճերմկած էին թուքէն, այնքան շատ գրեթէ անընդհատ կը խօսէր. միայն իր սեւ եւ երազուն աչքերուն մէջ, ակնոցներուն ետեւ ծածկուած, կար ճշմարիտ արուեստագէտի հանդարտ ցոյլքը, մեղմ եւ գրաւիչ նայուածքով որոնք կարճատեսի յատուկ տեսակ մը հաճելի տարտամութիւնը ունէին։


Միակ բան մը, բացառաբար Վահէին մոռցնել կուտար իրեն հալածանքը սեմականներու դէմ. իր իբր թէ յաջողութիւնները աշխարհիկ կեանքի մէջ եւ այն բարձր շնորհները որ կը վայելէր բարձրաստիճան եւ տիտղոսաւոր տիկիններու կողմէ. նորահաս եւ երիտասարդ ուսանողներ կը հաւատային եւ հիացումով ու ցանկութեամբ կը նայէին իրեն, բայց ընդհանրապէս իր մեծխօսիկութիւնները գաղտնիք մը չէին ու չարաչար կը ծաղրէին զինքը. շատեր նոյն իսկ այդ ծիծաղելի թերութիւններով զինուած կ՚ուզէին ստուեր ձգել իր ճշմարիտ արուեստագէտի կարողութիւններուն վրայ։

- Ի՜նչ հպարտ եւ երջանիկ զգալու է ինքզինքը, ըսաւ Տաճատ Սուրէնին, իր յաջողութիւններուն համար։

- Աւելի հպարտ կ՚զգայ ինքզինքը արիական ըլլալուն համար։

Վահէ դէպի իրենց կ՚ուղղուէր, բայց տեսնելով որ Տաճատ եւ Սուրէն ոտքի ելան, բարեւեց եւ անցաւ. յետոյ տեսաւ Հրանդ Մարտիկեանին խումբը եւ անմիջապէս հոն ուղղուեցաւ։ Նոյն միջոցին լսելի եղաւ Անտօն Եարաեանի ձայնը որ կը գոչէր մատովը Վահէն ցուցնելով.

- Կ՚սպառնա՜յ կոր…

Արդարեւ Վահէ կը յառաջանար շրթունքները թեթեւ մը շարժելով եւ այնքան մտազբաղ կը թուէր որ գլուխը վեր չէր առներ եւ ամբողջովին լեցուն կը թուէր ունայն խօսքերով։

Անդին դրանը մօտ Սուրէն եւ Տաճատ իրարմէ բաժնուեցան։

- Կը փափաքէի Մարտիկեանի ներկայանալ, ըսաւ Տաճատ, չեմ գիտեր ինչպէս ընել։

- Ուղղակի իր մօտ գնա՛, ըսաւ Սուրէն, զիրար շուտով կը ճանչնաք։

Սուրէն չէր սխալած. երբ Տաճատ Հրանդին մօտ եկաւ՝ զիրար գտան ու ճանչցան. կարծես հին բարեկամներ ըլլային։ Հրանդ լսած էր Անտօնէն Տաճատին ծրագիրները, յոյսերը, իրեն սիրտ տուաւ եւ խոստացաւ ձեռք տալ, զինքը մղել դէպի յաջողութիւն։

- Գրածներնիդ բերէք անգամ մը կարդամ եւ յետոյ ձեզի հարկ եղած խորհուրդները կուտամ, ըսաւ պաշտպանող ձայնով մը։

Աւելի երկայն չը կրցան խօսիլ գրաւուած Վահէին շատախօսութենէն. մինչեւ կէս գիշեր տեւեց այսպէս, շատերը յուսահատած եւ ջլատուած մեկնած էին արդէն, ուրիշներ կը յօրանջէին եւ ոմանք առանձին կը խօսէին. երիտասարդ ուսանող մը նոյն իսկ փորձեց երգել ծածկելու համար այդ յոգնեցուցիչ եւ միօրինակ ձայնը։ Տաճատ եւ Հրանդ միայն ստիպուեցան մտիկ ընել զայն, որովհետեւ Վահէ ուղղակի իրենց ուղղուելով կը խօսէր. կէս գիշերին հազիւ թէ կրցին ազատիլ ու մեկնելէ առաջ Տաճատ եւ Հրանդ ժամադրութիւն տուին հետեւեալ օրուան համար։

Այդ օրէն արդէն Հրանդ իր պաշտպանութեան տակ առած էր Տաճատը. իրենց երկրորդ տեսակցութեան՝ ուշադրութեամբ կարդալէ ետքը երիտասարդ հեղինակին առաջին էջերը, վերապահած էր իր կարծիքը յայտնել թէեւ, բայց ընդհանուր տպաւորութիւնը լաւ եղած էր, իրաւ էր թէ խիստ դժուար էր առաջին անգամէն բան մը ըսել Տաճատին գրուածքին վրայ. անիկա փալփլող, շլացուցիչ բան մը ունէր այն գաղափարներու կուտակումին իսկ պատճառաւ որոնք զիրար կը հրէին, իրարու կը բաղխէին եւ ընթերցողին ուշադրութիւնը կը ցրուէին, կը յոգնեցնէին ու այդ ընդհանուր մտքին ջլատման մէջ գեղեցիկ բառեր, երբեմն պատկերներ կը յամառէին, կը մնային եւ կ՚ազատէին առաջին տպաւորութիւնը։

Անիկա նկարագրութիւնն էր անտառի մը, մթին, վայրենի անտառի մը որուն մէջ Տաճատ կը ցուցադրէր իր հոգւոյն, իր Եսին զգայնութիւնները իր ամենէն նրբին մանրամասնութիւններուն մէջ, եւ անտառը կը տեսնար նման իր հոգեկան վիճակին մթին, տատանող, մրմնջող, երբեմն արեւի բարակ ճառագայթ մը կը մխրճուէր հոն եւ կը լուսաւորէր զայն, բայց անիկա ինչքան դիւրաբեկ էր, հազիւ թէ ցոլք մը, վաղանցիկ եւ խուսափուկ, ու դարձեալ այլազան զգայնութիւններ, գաղափարներ, յաճախ սովորական եւ անկարեւոր, մեծ համեմատութիւններ առած կը խռնուէին, կը կապկպուէին, անքակտելի հանգոյցի մը պէս։

Երբեմն ալ, եւ այս էր բուն յատկանշական դրոշմը իր գործին, հեղինակը կը ցայտէր գաղափարներու կապակցութեան օրէնքով իր նիւթէն դուրս, երբեմն պահ մը կը վերադառնար երկչոտութեամբ իր նախնական գաղափարին շուրջ, բայց կարծես զայն ճակատելէ ու սեւեռելէ վախնալով, յանկարծ կը հեռանար, կը թափառէր ու դեդեւելով, խարխափելով հետզհետէ կը մոլորէր իր մտքին անել ուղիներուն մէջ։

Այդ հատուածներուն Հրանդ րոպէ մը վազն ի վազ կը հետեւէր հեղինակին մտքի ընթացքին, բայց շուտով յուսահատած կանգ կ՚առնէր ակամայ յարգանքի եւ տարտամ հիացումի զգայնութիւն մը ունենալով այն խաբուսիկ զօրութենէն որ ամէն անծանօթ եւ չհասկցուած բաները կը ներշնչեն։

Նոյն միջոցին Տաճատ չափազանց կը տանջուէր. սիրտը կը դողար որ Հրանդ հարկ եղած ուշադրութիւնը չդներ այլ եւ այլ կէտերու վրայ. անոր դէմքին պարզած իր աչքերը ակնոցներուն տակէն կը փայլատակէին, կ՚սպասէին որսալու համար հիացումի արտայայտութիւնը որուն ջերմապէս կը հաւատար թէ իրաւունք ունի։

Երբեմն ջղային ցնցում մը կ՚ունենար երբ հետզհետէ Հրանդ թուղթերը սեղանին վրայ կը դնէր եւ կ՚անդրադառնար որ կարեւոր նկատած մէկ հատուածը աննշմարելի անցած էր. նոյն իսկ վայրկեան մը հոգւոյն խորէն դառնութիւնն ունեցաւ խորհելու որ Հրանդին համար ալ իր հանճարը, իր Եսը անհասկնալի պիտի մնար ու տխրօրէն ժպտեցաւ, բայց անմիջապէս գրեթէ այս զգայնութիւնը, չհասկցուողի, զոհի զգայնութիւնը, ինչպէս միշտ, տեսակ մը հեշտանք պատճառեց։

Տաճատ կանացի բան մը ունէր իր խառնուածքին մէջ որ իր մտքին մասնաւոր փափկութիւն մը կուտար երբեմն. տրամադրութեանց եւ որոշողութեան տկարութիւն, սեւեռեալ ուշադրութեան պակասութիւն եւ ասոնց փոխարէն միայն իրերէն եւ դէպքերէն արագ եւ հարեւանցի տպաւորութիւն մը կրելու բնազդային յանդգնութիւնը, ինչ որ յաճախ թափանցողութեան պատրանքը կուտայ, այդ տպաւորութիւնը արդիւնքը ըլլալով մանրամասնութեանց, որոնք պիտի խուսափէին սովորական մտքի մը ուշադրութենէն… նաեւ բոլոր նկարագրի, կանացի տկարութիւնները որոնց գլխաւորն էր ինքզինքը չի հասկցուած եւ զոհ կարծելու հաճոյքը. ինչ որ սակայն կիներու համար հաճախ ներքին պատրուակ մըն է արդարացնելու իրենց կատուազգիի նենգաւոր պչրանքները եւ խարդախութիւնները, Տաճատին համար զուտ հոգեկան հիւանդագին հեշտանք մըն էր, ու այդ ներքին համոզումին մէջ թէ ինքը ուրիշներուն տգիտութեան եւ անհասկացողութեան զոհուած մըն է, կը գտնար տենդագին եւ վաղանցիկ ուժ մը որ իրեն երբեմն յիմար խանդավառութիւններ եւ համարձակութիւններ կը ներշնչէր, որովհետեւ այդ համոզման հետեւանքով էր գլխաւորաբար որ ինքզինքը իր միջավայրէն եւ ժամանակամիջոցէն դուրս եւ վեր կը գտնար, առանձնացած եւ մենաւորիկ իր գերազանցութեան մէջ։

Այդ անզսպելի զգացումէն դրդուելով էր որ երբ դեռ Հրանդ չէր աւարտած ձեռքի թուղթերը, ոտքի ելաւ յուզմունքէ դողդղալով բայց կոպտութեամբ ձեռքէն յափշտակեց զանոնք եւ իր խղդուկ ձայնովը որ յուզմունքը գրեթէ անլսելի կը դարձնէր ըսաւ.

- Աւելի լաւ է… ես կարդամ եւ դուք մտիկ ըրէք։

Հրանդ առանց բան մը հասկնալու ձգեց որ ուզածը ընէ. ինքն ալ իր կարգին ազդեցութեանը տակ էր այդ եզական տղուն. այդ կոպտութիւնը, անոր ձայնը որ եղերական բան մը ունէր, խռպոտ եւ խղդուկ, աչքերուն փայլատակումը, որոնց նայուածքը տենդահար մէկու մը անհանգստող սեւեռումը ունէին եւ կարծես չէին նայեր, մանաւանդ հասակը եւ յաղթանդամ երեւոյթը՝ տպաւորութիւն ըրին իր պզտիկ մարդու բնազդային երկչոտութեանը վրայ։ Երբ Տաճատ սկսաւ կարդալ, Հրանդին միտքը շփոթուած էր ու խառնակ, բայց դարձեալ նկարագրութեան ճշմարիտ գեղեցկութիւնը հրապուրեց զինքը ու սանձեց պահ մը իր ցրուած ուշադրութիւնը։ Կարծես կը տեսնար մռայլ անտառը որ կը տատանէր փոթորիկին տակ եւ ծառերուն գագաթները մրրկուած ծովի մը պէս կը կոհակուէին, կը ծածանէին, կը շառաչէին, յետոյ ահաւասիկ կը մրմնջէին անոնք իրենց սօսաւիւնը խորութիւններու մէջ, պուրակներուն մէջ ու հողը դղրդուած փոթորիկէն՝ ապագայ ծիլերուն ուռճացումը կ՚երկնէր. զգայնոտութեան հազուագիւտ նրբութիւն մը կար այդ նկարագրութեան մէջ. գոյնի, ձայնի, բուրմունքներու զգայնութիւնը տալով ու բոլոր անտառը շարժելով, ապրեցնելով իր ստուերոտ եւ հսկայ կենսականութեամբը։

Բայց յանկարծ պատկերէ պատկեր, գաղափարէ գաղափար հեղինակը կը մոլորէր եւ իր մտածումները անժամանակ, ճղճիմ եւ տարտամ իրենց ընծայուած կարեւորութիւնով միտքը կը մոլորեցնէին, կը հեռացնէին, կը ցրուէին։ Բայց Տաճատ ատոնցէ է որ կը կառչէր մասնաւորապէս, անոնք իր Եսն, իր ինքնութիւնն էին. դուրսի աշխարհը իբրեւ շրջանակ պիտի ծառայէր իր հոգեկան վրդովմունքներուն. անոնք չէ՞ մի որ կարեւորութիւն կ՚ստանային իր իսկ կրած զգայնութիւններուն շնորհիւ եւ անոնց ինքն չէ՞ր որ մասնաւոր դրոշմ մը կուտար։

Ու պէտք էր տեսնալ զինքը երբ կը կարդար այն տողերը որոնք իր հոգին կ՚արտայայտէին. վերջապէս յուզմունքին սաստկութենէն ձայնը մարեցաւ բոլորովին. ձեռքը ճակտին տարաւ, ակնոցները հանեց եւ հապճեպով թաշկինակը աչքերուն տարաւ. ո՛չ այնքան հապճեպով սակայն որ Հրանդ չի տեսնար անոր աչքերը արցունքներով ողողուած։ Տաճատ փղձկուած էր իրեն իսկ մեծութեանը գաղափարէն։ Հրանդ շուարեցաւ այս յուզմունքին առաջքը, պահ մը մտքէն անցաւ որ արդեօք հիւա՞նդ էր, ու բան մը ըրած ըլլալու համար մրմնջեց.

- Հանդարտէ՛, եղբա՛յր, յուզուելու ի՞նչ կայ։

Տաճատ իրաւամբ տկար եւ ընկճուած կ՚զգար ինքզինքը. անսահման յուսահատութիւն մը յաջորդեց իր ինքնավստահութեան, խորին, թանձր յուսահատութիւն մը սեւ ամպի մը պէս կը մթագնէր իր հոգիին մէջ ճառագայթող բոլոր ըղձանքները եւ երազները. բայց ինքը վէսօրէն չուզեց անդրադառնալ որ իր հաւատքը դղրդուած էր ու բոլոր իր գէշ տրամադրութիւնները վերագրեց Հրանդ Մարտիկեանին գաղջ շնորհաւորութիւններուն եւ անոր խրախուսիչ բառերուն տակ իսկ ծածկուած տարտամ անհաւատութեանը իր հանճարին նկատմամբ։ Մեկնելէն ետքը մինչ Լիւքսէնպուրկի պարտէզէն կ՚անցնէր, գաւազանին ծայրովը ակօսներ բանալով ջղաձգօրէն գետնին աւազին մէջ, կը խորհէր այս բաներուն, գլուխը ծանրացած եւ իր ամբողջ հոգւոյն մէջ զգալով անիմանալի խլրտում մը. երբեմն իր մտածումին բոլորովին օտար բառեր կ՚արտասանէր մեղմօրէն, բայց անմիջապէս անդրադառնալով գլուխը կը ցնցէր, ճակատը կը կարկառէր դէպ առաջ եւ վերջալոյսին ստուերոտ եւ մանիշակագոյն մթնոլորտին մէջ կարծես անոր վրայ ուրուագծուող ուռեցքները կը ցցուէին, դէպի դուրս կը ձգտէին։ Երբեմն ալ շնչասպառ կը կենար, նայուածքը կորսուած հեռաւոր ծառուղիներու մշուշոտ խորութիւններուն մէջ, միտքը տարտամ եւ երազուն։

Ի՜նչչափ հաճելի պիտի ըլլար այդ ժամուն խորհիլ իր սիրելիին, իր Աննային վրայ, միտքը պայծառ եւ զերծ ո եւ է մտահոգութենէ. բայց ամէն անգամ որ իր մտածումը դէպի անոր կը սուրար, անիկա կը սանձուէր կարծես ուժգնօրէն Հրանդին պատկերովը որ մասնաւոր կերպով մը հեգնօրէն կը ժպտէր իրեն, կը տեսնէր անոր ճակատը կնճռոտած, յօնքերը վեր թառած, աչքերը կիսախուփ եւ բերնին մէկ անկիւնը միայն դէպ ի վեր ձգտուած։ Ասիկա Հրանդին յատկանշական ժպիտն էր. կէս մը կեղծ բռնազբօսիկ ժպիտ մը որ իրեն բարձրօրէն հեգնողի արտայայտութիւնը պիտի տար եթէ չը հակասէր յայտնի կերպով իր ճշմարտապէս միամիտ մարդու խառնուածքին հետ։

Բայց Տաճատ զայն առաջին անգամ ըլլալով տեսած էր եւ անոր մէջ ընդնշմարած էր տեսակ մը անփոյթ արգահատանք։ Այդ ժպիտին յիշատակը զինքը տանջեց. միւս կողմանէ զարմացաւ նաեւ որ ինքզինքէն զատ ուրիշի մը կարծիքին այդ աստիճանի կարեւորութիւն կ՚ընծայէր, ատիկա կ՚զգար որ իր կամքէն ուժով բան մըն էր եւ առաջին անգամը ըլլալով կը պատահէր իրեն. վայրկեան մը անկեղծօրէն ըմբոստացաւ իր տկարութեան դէմ, ուզեց ազատագրուիլ Հրանդին ազդեցութենէն, ուզեց որ անոր կարծիքը դասաւորուի անանուն ամբոխին կարծիքին հետ, թէ ինքը իր մեծութեան պատուանդանին վրայ ինքզինքը վեր զգայ, անմարդկային եւ վէսօրէն առանձին, բայց բոլոր այդ ջանքերը ապարդիւն մնացին. մարդը, գորովանքի եւ գովեստի կարօտ մարդը արթնցած էր իր հոգիին մէջ, ու երբ պտոյտէն ետքը իր ցուրտ սենեակին մէջ գտաւ ինքզինքը, զգաց խորապէս իր անփառունակ առանձնութիւնը, հիմակ իր աչքին անկարելի երեւցող դիրքի մը եւ հեռաւոր – օհ՜ ինչքան հեռաւոր այդ ժամուն – սիրելիի մը գաղափարին հետ։ Յանկարծ երեւակայեց սովորականներու, միջակներու կեանքը, տաք եւ հանգստաւէտ սենեակ մը, վառարանին մէջ ճարճատող կրակը, վարդագոյն լուսամփոփին տակէն մաղուող մեղմ լոյսը, ընդարձակ սեղան մը ու կնոջ մը շրջազգեստին շշնչիւնը, անոր տաք ու բուրումնաւէտ ներկայութիւնը. խարտեաշ եւ թուխ մազերու ոլորքներ երեւցան իր աչքին, ու ժպտող նայուածքներ. յիշեց ասդին, անդին տեսնուած կիներ, իր միտքը վայրկեան մը սեւեռեցաւ անոնցմէ մէկուն յիշատակին վրայ ու շրթունքները անոր անունը մրմնջեցին։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլար որ յանկարծ ադ մոռցուած կնոջ պատկերը կուգար կը կանգնէր իր դիմաց, պչրոտ եւ ժպտուն. ինքզինքին հարցուց թէ երբէք սիրած է՞ր զայն, խորհա՞ծ էր անոր, ու յիշատակները դրոշմուեցան, կենդանութիւն առին. անգամ մը, իր հօրը տան մէջ, սեղանին վրայ տետրակ մը կը թղթատէին. ինքը դեռ տղայ մըն էր գրեթէ այն ատեն, ու այդ կնոջ ձեռքը իր մատներուն հանդիպած էր. երկար ատեն անիկա կինը եղած էր իր նորահաս պատանիի անորոշ ցանկութիւններով բորբոքած երեւակայութեան մէջ, յետոյ անիկա մեկնած էր թաղէն ու ինքն ալ հետզհետէ մոռցած էր զայն, հիմա ի՞նչ առնչութիւն կար իր եւ անոր մէջ. ուզեց զայն վանել մտքէն, բայց անոր գաղջ մատներուն յիշատակը յամառեցաւ. կարծես այդ մատները սրտին դպան ու զայն արիւնեցին. ներքին ցաւագին ջերմութիւն մը կ՚զգար ու միեւնոյն ատեն բուռն կերպով վերստին արթնցան իր մէջ իր անչափահաս տղու անորոշ եւ տենդագին ցանկութիւնները. սակայն կամաց կամաց, այդ կնոջ պատկերը նախ որոշ եւ հալածող իր նայուածքին եւ ժպիտին սեւեռումովը, հետզհետէ ստուերոտ եւ տմոյն աւրուեցաւ, իր շագանակագոյն մազերուն կարմրորակ ոսկին մարեցաւ ու անոր պչրոտ եւ յանկուցիչ ժպիտը մնաց միայն, ծածանեցաւ երկար ատեն իր մռայլ հոգիին մէջ եւ հոն մեղմօրէն օրօրելով իր բուռն զգացումները, զանոնք փոխանցեց սիրոյ եւ անվերջ գորովանքի կարօտին։

Կէս գիշերին, դեռ իր պլպլացող մոմին առաջք, Տաճատ իր սրտին բոլոր ջերմութիւնը կ՚արտայայտէր երկար նամակի մը մէջ՝ ուղղուած իր սիրելի Աննային ու ինքն ալ կը զարմանար որ ամէն անգամ երբ կ՚ուզէր մտաբերել անոր սիւլուէթը, միւս խարտեաշ կինը կը ներկայանար իրեն։

Հետզհետէ յոգնած եւ ջլատուած գլուխը ծանր զգաց. հազիւ նամակը վերջացուցած, անկողին մտաւ, բայց երկար ատեն իր վրդովուած մտքին մէջէն, կէս քուն վիճակի մէջ, խառն ի խուռն անցան իր կեանքէն դրուագներ, դարձեալ մոռցուած եւ անհետացած կնոջ պատկերներ, իր գիրքէն էջեր, բառեր. յետոյ ամենուն վրայ հեգնող եւ անողոք Հրանդին ժպիտը, բերնին մէկ անկիւնը դէպ ի վեր ձգտուած, ու երկար ատեն տանջուեցաւ այսպէս, գորովանքի, զայրոյթի եւ ատելութեան զգացումներու մէջ տարուբերելով եւ իբրեւ մոռացութեան միակ միջոց կառչելով իր սիրուհիին անունին, թալիսմանի մը պէս, զայն կրկնելով մեքենաբար – Աննիկ, սիրելիս, սիրելիս, սիրելիս…։

Երբ առաւօտուն արթնցաւ, անդամները ծանր էին, գլուխը կ՚այրէր եւ չկրցաւ ոտքի ելնել. անհուն յոգնութիւն մը կ՚զգար իր ամբողջ էութեան մէջ եւ շրթունքը դողդղալով, մեքենաբար բառ մը կը մրմնջէին. յանկարծ անդրադարձաւ. այդ էր յոգնութիւնը, այդ բառը, իր սիրելիին անունը յաճախած էր իր միտքը ամբողջ գիշերը ու այդ բառը անցած էր իր տենդահար մարդու ամէն մղձաւանջներուն մէջէն, այդ անունը այլ եւս ծանր բանի մը պէս պարապ նշանակութենէ, անիմաստ զանգուածի մը պէս կը ճնշէր իր հոգւոյն վրայ։

Քիչ մը ետքը դարձեալ թմրութեան մէջ ինկաւ, կէս օրի մօտ միայն աչքերը բացաւ, սաստիկ տենդ ունէր, շրթունքը եւ բերանը չորցած էին, լեզուն խոշորցած կ՚զգար եւ աչքերը կը վիրաւորուէին վարագոյրներուն ետեւէն իսկ մաղուող լոյսէն. դուրսէն լսեց քաղաքին խուլ ժխորը, թրամվէյներուն թաւալումը եւ իրեն թուեցաւ որ անոնք հեռաւոր բաներ էին. բայց այդ իրմէ անջատ գոյութիւն ունեցող հսկայ կեանքը յիշեցուց իրեն որ մինակ էր, անկարող ոտքի ելնելու, դէպի աղմկալից կեանքը երթալու. իրեն թուեցաւ որ ամբողջ Բարիզ քաղաքը իր աղմուկովը կը ճնշէր իր վրայ, զինքը կը ճզմէր ու կը հեռանար։

- Այսպէս պիտի մեռնիմ առանձին, խորհեցաւ նախ մեղմօրէն, յետոյ ինքզինքին վրայ գթալով, իր անձին, իր անդամներուն վրայ, իր ձեռքերը, մատները, իր աչքերը եւլն. մեծ համեմատութիւններ կ՚առնէին, մեքենաբար կը կրկնէր մտքէն. – խե՜ղճ աչքերս, խե՜ղճ գլուխս, խեղճ ինքզինքս… ա՜հ։

Յետոյ հետզհետէ սարսափը սպրդեցաւ հոգիին մէջ ու տժգոյն եւ նիհար սիլուէթ մը ուրուագծուեցաւ աչքին առջեւը. անիկա նախ Մանուկին սիլուէթն էր, սրածայր մօրուքով, մեծ տենդագին եւ երազող աչքերով, հիւծախտաւորի աչքեր, որոնք երբեմն դէպ ի ներս նայուածք մը ունէին կարծես, այնքան ուշադիր, սեւեռեալ էին եւ միեւնոյն ատեն բանի մը չէին նայեր։ Յետոյ Մանուկին պատկերին վրայէն տակաւ առ տակաւ ինքզինքը գտաւ, ինքզինքը տեսաւ, իր առողջ եւ հուժկու մարմինը հիւծած եւ վատոյժ, անկարող կրելու իր հանճարեղի խոշոր գլուխը, եւ ահաւասիկ այդ գլուխը կը տատանէր, կ՚օրօրուէր, յետոյ կ՚իյնար մէկ ուսէն միւսին վրայ չոր եւ ուժգին շարժումով մը ու անոր չարագուշակ եւ եղերական յանկերգով կ՚օրօրուէին իր մտածումները, երգ մը կ՚ըլլային, անժամանակ եւ վսեմ երգ մը որուն բառերը իր իսկ հասկացողութեան անմատչելի կը մնային եւ որոնց անիմանալի զգայնութիւնը հազիւ թէ դպչելով իր ուղեղին կ՚անցնէր կը կորսուէր անհունութեան մէջ։

Ու իր այս հիւանդագին վերացումներուն մէջ միայն երբեմն Տաճատ կը կարծէր լսել իր ոսկորներուն ճարճատիւնը որոնք կարծես իր ջերմութենէն սաստիկ տաքցած անկողնին մէջ, պիտի քանդուէին։

Ուշ ատեն ընդոստ արթնցաւ. իր դրանը կը զարնէին. Սուրէնն էր. իր անգործութիւնը պահ մը ձանձրախտէն ազատելու համար եկած էր Տաճատը տեսնելու. այդ ներկայութիւնը, ծանօթի մը ներկայութիւնը դրանը ետեւ, իրեն սիրտ տուաւ եւ ելաւ նստաւ անկողնին մէջ։

- Սուրէ՛ն, բարեկամս, եղբայրս, հիւանդ եմ, ոտքի չեմ կրնար ելնել… ձայնը փղձկեցաւ յուզմունքէն. գնա՛ դարբին մը կանչէ, դուռը բանալ տուր։

- Ջանք մը ըրէ Տաճա՛տ, կ՚ըսէր Սուրէնին ձայնը դրանը ետեւէն, ո՞վ դարձեալ վեց յարկ պիտի իջնէ, ելնէ։

Բայց Սուրէն ստիպուեցաւ կատարելու Տաճատին խնդիրքը. երբ վերջապէս անոր անկողնին մօտ եկաւ, իր երազուն եւ հեգնող աչքերը պահ մը պտտցուց Տաճատին տժգոյն եւ տենդահար դէմքին վրայ, ձեռքերը գրպաններուն մէջ, առանց բանի մը դպչելու եւ արդէն սարսափելով այն հարկադրութենէն որ կ՚իյնար իր վրայ, Տաճատը խնամելու կամ իր բարեկամներուն իմաց տալու. բայց իր ծուլութեանը խնայուեցաւ անակնկալ պարագայով մը. Բարսեղ Մանուկը չտեսնելով քանի մը օրէ ի վեր, քիչ ետքը եկած էր Տաճատէն տեղեկութիւն առնելու։

- Այդ ոչինչ, եղբայր, ըսաւ Բարսեղ պարզութեամբ՝ երբ Տաճատ իր վիճակին բոլոր դժուարութիւնները ներկայացուց։ Ես կը հսկեմ քու մօտդ, դասի ժամերէն ետքը հոս կուգամ եւ բոլոր գիշերը հոս կ՚անցնեմ։

Անկէ երկու շաբաթ ետքը Տաճատ առողջացած էր եւ բաւական կազդուրուած. հազիւ թէ հիւանդագին տժգունութիւն մը դեռ կը յայտնէր իր անցեալ տկարութիւնը, միւս կողմանէ սակայն ապաքինման երկայն, անգործ ժամերը իրեն խորհուրդներ էին տուած, ինքզինքը աւելի պատրաստ կ՚զգար պայքարելու եւ տենդերու միջոցին իր գործին դրուագներէն յաճախումները մտքին մէջ անոնց նոր արժէք մը տուած էին. կը պատահէր նոյն իսկ որ իր գործին վրայ խորհած ատեն երբեմն չէր մտաբերեր այն ինչ որ գրած էր, այլ այն ինչ որ ներկայացած էր իր տենդերէն հրդեհուած մտքին մէջ. այդպիսով անոնց կարևորութեան հորիզոնը ընդլայնուած էր անսահմանօրէն և ինքզինքը աւելի վսեմ եւ մեծ կ՚զգար։ Բայց իր հիւանդութենէն, իր մարմնոյն խեղճութեանը վրայ տարտամ զգացում մը պահած էր եւ իր հիւանդութեան վաղորդայնէն մտքի եւ զգայարանքներու խանգարումները դառն եւ հեշտագին համ մը ձգած էին. երբեմն նոյն իսկ բարձրաձայն կ՚ողբար իր մարդկային տկարութիւններուն վրայ։

- Ի՛նչ հիքութիւն, մեր մարդկային բնութիւնը, կ՚ըսէր խորհրդաւոր եւ խռպոտ ձայնով, խորհելով կիներու որոնք անցած էին իր կեանքին մէջէն առանց իրենց քղանցքին ծայրով իրեն դպչելու, բայց անոր շշուկին յիշատակը ու բուրմունքն ալ ձգելով յաճախ։

Ու այսպէս բոլոր մարդկային պէտքերու եւ հարկադրութիւններու համար, ապրելու հարկը, դրամ հայթայթելու ստիպողականութիւնը իր խեղճութեան, իր պզտիկութեան վրայ լացընել կուտային զինքը։ Այլ սակայն հետզհետէ ճարպիկ եւ խորամանկ կը դառնար. կ՚սկսէր պաղարիւնութիւնով մտածել ընելիք դիմումներուն վրայ, հաշուել անոնց յաջողութեան եւ անյաջողութեան պատահականութիւնները ու իր բոլոր այս կարգի մտածումներուն ալ օգնութեան կը հասնէին իր ներքին արժէքին վրայ ունեցած մեծ համարումը որ զինքը նախապէս կը զրահաւորէր ո եւ է մերժումի մը դէմ։

Իրիկուն մը Միւլլէր մտած ատեն հեռուէն Հրանդը տեսաւ. նախ չափազանց տժգունեցաւ եւ չուզեց յառաջանալ, բայց զսպելով իր ներքին զգացումները դէպ անոր մօտիկցաւ։

- Ո՞ւր ես եղբայր, ըսաւ Հրանդ բարութեամբ ժպտելով ու կարծես մոռցած էր ընթերցումին տպաւորութիւնը. Տաճատին անօրինակ վարմունքը. յետոյ զինքը դէպի մէկ կողմ առնելով, որպէս զի ընկերները չիմանան, ըսաւ փսփսալով.

- Քեզի համար դիմումներ ըրի, Անտօնը ըսած էր կացութիւնդ, ապարդիւն եղան մինչեւ հիմա. բայց երէկ նամակ մը գրեցի բարեկամի մը որ գրականութեան սիրող մըն է, եւ անձնուէր մը ջերմապէս յանձնարարեցի զքեզ. կը յուսամ որ արդիւնք մը ունենայ… պահ մը կեցաւ։ Այդ ժպիտը, հեգնող ժպիտը կարծես թէ պիտի ուրուագծուէր Հրանդին բերնին անկիւնը, բայց անոր դեղին, խելացի աչքերը լուրջ մնացին եւ անհունապէս միամիտ եւ բարի։

- Եթէ ոչ ամսական մը, գոնէ մէկ անգամէն գումար մը կը յուսամ, ըսաւ խօսքը վերջացնելով, ինչ որ ալ ըլլայ արդիւնքը՝ ինծի լուր տուէք։

Տաճատին աչքին սրճարանին բոլոր լոյսերը կարծես աւելի փայլեցան, ծխախոտի ծուխերով հոծ մթնոլորտը, հեշտագին եւ գաղջ մթնոլորտի մը փոխուեցաւ, բոլոր կիները իրեն կը ժպտէին կարծես ու անոնց շպարին տակ անհամար համբոյրներէ թոռմած շրթունքներն անգամ թարմ եւ ցանկալի թուեցան եւ արժանի իր յաջողութիւնը աւետելու։ Հոգիին խորէն անսահման խայտանք մը զգաց եւ ասոնց բոլորը անմիջական նիւթական ապահովութենէն աւելի Հրանդին իրեն համար ցոյց տուած համակրութեան պատճառաւ որուն վրայ կասկածած էր ատեն մը եւ հիմա կ՚զգար թէ որքան կարօտ էր անոր։ Այդ միջոցին ինքզինքը կարող զգաց ամէն կարգի վատութիւններու՝ անոր համարումը չկորսնցնելու համար եւ աչքերը խոնաւ, ճշմարտապէս յուզուած կարգ մը շնորհակալութեան բառեր թոթովեց որոնք անհասկնալի մնացին, յետոյ լռեց, ձայնը խղդուած կոկորդին մէջ, վերացած, երջանիկ։

Ու մինչ Հրանդ տարտամ շարժում մը կ՚ընէր բողոքելու համար Տաճատին ցոյց տուած երախտապարտութեանը համար, Տաճատ վերջապէս ձայնը գտաւ եւ ջղային արագութեամբ ըսաւ.

- Դուք պիտի գրէք իմ գիրքիս յառաջաբանը, այնպէս չէ՞։

Տաճատին համար ասիկա խնդիրք մը եւ շնորհք մըն էր միանգամայն որ կ՚ընէր Հրանդին։

Այն տարին ձմեռը կը ծանուցուէր վաղահաս խստութիւնով մը. փոթորիկներ իրարու յաջորդած էին եւ ծառերը ցնցուելով շարունակ մերկացած էին իրենց վերջին տերեւներէն։ Իրիկունները մասնաւորապէս ցուրտ եւ մառախլապատ էին եւ վերջալուսային վարդագոյն ցոլքերը օրէ օր կը տժգունէին մանիշակագոյն երանգներու մէջ, որոնք հազիւ թէ քանի մը վայրկեան կը լուսաւորէին երկնքին կապարային գորշութիւնը. սեւ ամպեր յամրօրէն կ՚անցնէին տանիքներուն վերեւէն իրենց մթութիւնովը ստուերելով ամբողջ քաղաքը եւ երբեմն ալ կը ցածնային, կ՚իջնային մինչեւ վար՝ բարակ եւ անշշուկ անձրեւի մը ձեւին տակ որ խոնաւ եւ գորշ մշուշով մը կը պարուրէր ծառուղիները, տուները, մարդիկը։

- Օ՜հ, ի՛նչ ցուրտ, կ՚ըսէր Տաճատ խոշոր կրկնոցին մուշտակապատ օձիքը դարձնելով եւ ձեռքերը արդէն ձեռնոցներով ծածկուած մխրճելով գրպաններուն մէջ։ Հակառակ իր գանգատին՝ ձայնին մէջ ուրախութիւն կար, գլուխը բարձր բռնած սէգօրէն, մօրուքը ցցած եւ նայուածքը եռանդուն ակնոցներուն ետեւէն. իր ամբողջ անձէն կ՚արտաշնչուէր հանգստաւէտ գոհունակութիւն մը եւ ուրիշներուն թշուառութեան վրայ արհամարհանքով նայողի զգացումը։

Իր քովէն կը քալէր Սուրէն Սահակեան գլուխը հակած մէկ կողմին, յուսաբեկ, տխուր, աչքերը մթին եւ տարտամ։

Տաճատին բացագանչութիւնները զինքը ցնցեց իր մտմտուքէն եւ քովնտի նայուածք մը ուղղեց անոր, բայց անիկա չտեսնել ձեւացուց եւ շարունակեց։

- Ձմեռը իր հրապոյրները ունի, տեսէ՛ք՝ ինչպէս գեղեցիկ է։ Լիւքսէնպուրկի պարտէզին մէջ էին եւ արդարեւ հեռապատկերը սքանչելի էր. մարդ չկար գրեթէ եւ հեռուէն քաղաքը ամայի կը թուէր, մացառուտ ծառեր կը ծածկէին հորիզոնը իրենց անթիւ չոր եւ մերկ ճիւղերու հանգոյցներովը, երբեմն ոստերու տրցակ մը կը սլանար անոնց մէջէն ուղիղ ցայտումով մը, երբեմն ալ ճկուն ու նրբին կորութիւններ կը կազմէին եւ հետզհետէ անորոշ եւ անգոյն կը ներդաշնակուէին մթնոլորտին հետ. մեղծ մելամաղձոտութիւն մը կը ծածանէր ամէն կողմ ու երեկոյեան հովն անգամ, Մէտիշիզներու պալատին վրայէն սուրալով, ծառերուն ճիւղերուն մէջ կը մոլորուէր զանոնք հեծել տալով իր ծանրութեան տակ ու մրմնջելով անօրինակ, գրեթէ մարդկային հեծեծանք մը։

Սուրէն պահ մը իր տխուր աչքերը դարձուց հորիզոնին, բայց անոնք շուտով շեղեցան իրենց ուղղութենէն եւ սկսաւ գետինը կէտի մը նայիլ, մասնաւոր սեւեռումով մը որ իրեն մէջ մեծ մտահոգութիւն կը նշանակէր։ Երբ պարտէզին դրան մօտ եկան, Սուրէն քայլերը դանդաղցուց, ժամերէ ի վեր մտքովը միջոց մը կը մտածէր դրամ հայթայթելու եւ կ՚զգար որ Տաճատ հարուստ էր այդ միջոցին. բայց անոր խրոխտ երջանկութիւնը զինքը երկչոտ եւ անճարակ կը դարձնէր։ Կ՚երեւակայէր տխուր երեւոյթը, ցուրտ սենեակին մէջ աղքատ ընթրիքէ մը ետքը Սօֆիին համակերպող եւ պայծառ նայուածքին տակ. այդ նայուածքին յիշատակը այլ եւս զինքը կը յոգնեցընէր, ձանձրոյթ կը պատճառէր գրեթէ, անոր ազնիւ եւ վեհանձն համակերպութիւնը նախատինքի մը պէս կը մտրակէր իր մեղկացած հոգին եւ անոր մէջ եղերական եւ մելամաղձոտ ձայներ կ՚արթնցնէր. կը յիշէր անոր տժգոյն եւ ցուրտ ձեռքերը, մաքուր, կաթնային մորթը որուն թափանցկութեան մէջէն սակայն կապոյտ երակները ընդնշմարել կուտային իր բուն խառնուածքը. ցրտօրէն մոլեռանդ սիրոյ եւ ատելութեան մէջ, պատրաստ ամէն կարգի զոհողութեանց եւ արարքներու. կը յիշէր անոր գրեթէ միշտ փակ շրթունքները որոնց միացած տեղը ճերմակ գիծ մը կը մատնէր թագուն յուզմունքներ կամ զրկանքներ. ատեն մը զայն սիրած էր յիմարաբար իր արեւելցիի զգայնոտ տղու բոլոր եռանդովը, ու իր եսասէրի կոյր հեշտանքներուն մէջ չէր տեսած անոր աչքերուն միամիտ զարմացումը որոնք չէին հասկնար կարծես, անոր մանկական շրթունքներուն լռութիւնը եւ այդ կաթնային մորթին ցրտութիւնը զոր ոչ մէկ հրայրք չէր տաքցներ. այդ կինը խորունկ եւ անհասկնալի բան մը ունէր՝ ներքին եւ անսովոր զգացումներէ վարուած, որոնք անհաղորդ կը մնային իր բարեկամին. իր համակերպութեան եւ անձնուիրութեանը մէջ յուսաբեկութիւն կար յայտնի կերպով. Սուրէնին եսասէր հեշտամոլութի՞ւնն էր որ զինքը վիրաւորած էր առաջին օրէն, ու զինքը առանձնացուցած էր իր երազներուն մէջ, թէ տարբեր մտածումներ եւ ձգտումներ ժամանակաւոր զարթնումէ մը ետքը վերստին քնացուցած էին իր կնոջական բնազդները։ Սուրէն շատ լաւ կ՚զգար ասոնք. իր թափանցող եւ ոչինչ բաներէ զգայնութիւն կրող հոգին իր կարգին վիրաւորուած էր այդ կնոջ հզօր անհատականութենէն որ գերազանցութիւն մըն էր. միջոց մը մտատանջութեան մէջ ըլլալէ ետքը անոր հոգեկան վիճակին վրայ, իր անկայուն եւ ծոյլ բնութիւնը յոգնած էր վերջապէս եւ հիմա անիկա զինքը անհանգիստ կ՚ընէր միայն, այդ անհանգստութիւնը զայրոյթի կը փոխուէր ամէն անգամ երբ անհրաժեշտութեան մը առաջք կը գտնուէին, եւ երբ փոխանակ իր բարեկամուհիին մէջ գործօն եւ ճարպիկ ընկեր մը տեսնելու՝ կրաւորական համակերպութեան մը կը հանդպէր։ Խորապէս բոլոր ասոնք փոյթը չէր սակայն եւ յաճախ միջոց կը գտնար մխիթարուելու, բայց այդ գիշեր կեանքը իրաւամբ ծանր կուգար. բոլոր այս մտածումները, մխիթարուելու անկարելիութիւնը իր նիւթական վիճակին պատճառաւ, յիմարաբար արթնցուցին իր մէջ հեշտանքի եւ հաճոյքի զգացումներ, իր երջանկութեան կարօտով լեցուն երեւակայութեան մէջէն անցան լուսաւորուած եւ տաք սրահներ, ծաղիկներ, բուրմունքներ, գրգռիչ եւ հաճելի ըմպելիներ, համեղ կերակուրներ…։

Ինքզինքը պզտիկ ու տղայ կ՚զգար, հոգին լեցուած հետզհետէ գալիք զրկանքներու սարսափովը, սրտմտած իր կեանքի պայմաններուն դէմ. յանկարծ գաղափար մը անցաւ մտքէն.

- Եթէ Տիկին Զանոքիին երթանք այս գիշե՜ր…։

Տիկին Զանոքի Սօֆիին բարեկամուհին էր եւ յաճախ փորձած էին այդ միջոցը։ Երբ ընթրիքի հնարաւորութիւնը կը կորսուէր իրենց համար, թեւ թեւի, քալելով կ՚երթային մինչեւ Ավընիւ տը Թրօքատէրօ ուր կը բնակէր այդ կինը, տաղանդաւոր եւ ծանօթ գրագիտուհի մը, որուն դռները բաց էին միշտ իրենց համար։ Սուրէն կէս ճամբան քաջութիւնը կը կորսնցնէր, անցնող թրամվէյները արգիլուած բանի մը պէս nostalgie կուտային իրեն, ցանկութեամբ կը խորհէր հանգստաւէտ սեղանի մը իր մօտ, ճաշարանի մը մէջ, ու այսպէս կը հասնէին հոն սպառած յոգնութենէ, վերադարձին հեռապատկերը ունենալով մտքերուն առջեւը։ Բայց յիշեց նաեւ սալօնէն ճաշասրահ անցնիլը, թէյի ճոխ սեղանը գրեթէ ծածկուած պիսքիւիներով եւ կարկանդակներով. իր քանի օրէ ի վեր գէշ ճաշած մարդու չյագեցած քիմքին վրայ կարծես զգաց համը վիէննական խմորեղէններու՝ պարարտ ճզմուած նուշի եւ պիստակի խաւերով եւ բուրումնաւէտ զանազան ըմպելիքներով. աչքին առջեւը եկան քրէմներով եւ շոքոլայով պատուած gateauներ եւ համեմուած հացերուն մէջէն նշուլող շաքարապատ պտուղները։ Ախորժակը գրգռուած բոլոր այս վերյուշումներէն, անօրինակ քաջութիւն մը ստացաւ. աչքերը իրենց մթութեան տակ քօղարկուած հուրք մը ունէին կարծես, շրթունքը կը կարմրէր հեշտանքէ, եւ հազիւ ինքզինքին եկաւ երբ ուժգին հով մը նախ գետնին վրայ սողալով եւ ցանցառ տերեւները վերցնելով բարձրացաւ վերջապէս եւ զիրենք ցնցեց սարսուռի մը մէջ։

Երբ պարտէզէն դուրս ելան բոլորովին մութ էր այլ եւս. պուլվար Սէն Միշէլին վրայ քղանցքնին հանգրիճած կիներ լրբօրէն նայելով իրենց՝ կ՚անցնէին եւ կ՚երթային. երբեմն հրաւիրող ժպիտ մը կամ խօսք մը մեքենաբար կեցնել կուտար Սուրէնը։ Խոնաւ գետնի վրայէն կառքերը կ՚անցնէին անշշուկ եւ արագ ստուերներու պէս. լոյսերը պղտոր կը թուէին, մարելու մօտ, այնքան իրենց տժգոյն եւ անճառագայթ լոյսը կը խղդուէր խոնաւութիւնով հոծ մթութեան մէջ։

Հետզհետէ քանի ընթրիքի ժամը կը մօտենար, բազմութիւնը կ՚ստուարանար։ Երկու ընկերները չէին խօսեր իրարու հետ եւ իրարու նոյն իսկ օտար կ՚զգային այդ պահուն. Տաճատ ալ կ՚երազէր, բայց իր երազանքները բոլորովին տարբեր բնութիւն ունէին։ Երկու շաբաթ առաջ Հրանդին դիմումին արդիւնքը ստացած էր, 400 ֆրանքի չէք մը, ընկերացած երկայն նամակով մը որուն մէջ հեռաւոր եւ իրեն անծանօթ բարեկամը կը խնդրէր, կը պաղատէր որ յանուն գրական արուեստին իր գիրքը վերջացնէ. իրեն կը խոստանար հետզհետէ իր եւ իր բարեկամներուն նիւթական աջակցութիւնը. յետոյ ուրիշ նամակներ յաջորդած էին անոր այլ եւ այլ տեղերէ. գրական հանդէս մը հրատարակած ըլլալով՝ իր ղրկած առաջին էջերը իբր նմոյշ խոստացուած գիրքին եւ զայն ներկայացնելով իբր «զուտ արուեստի անխարդախ եւ գերագոյն արտայայտութիւն» արձագանք եղած էր ասդին անդին փսփսացող հիացումներուն։ Զարմանալին այն էր սակայն որ իր վրայ հիացողներէն շատերը զինքը չէին կարդացած. անոնց մէջ կար նախ մեծ թիւ մը իր դպրոցական ընկերներէն որոնք իր կանխահաս եւ հանճարեղ տղու ազդեցութիւնը կրած էին կանուխէն։

- Տաճա՜տը… օ՜հ տարօրինակ բան է…։ Յետոյ կային այդ ընկերները եւ զինքը լսողները որոնք տարիներէ ի վեր հրաշալի գիրքին վրայ կը խօսէին խորհրդաւոր վերապահումներով եւ վերջապէս անոնք որ այդ հրատարակուած հատուածները կարդալով սահմռկած մնացեր էին, հզօր ազդեցութիւնը կրելով բոլոր չհասկցուող բաներու զօրութեանը։

Տաճատ իր մտքին մէկ անկիւնին մէջ այս բացատրութիւնները կը գտնար երբեմն. բայց անմիջապէս կը հակազդէր իր ներքին պայծառատեսութեան, ապաստանելով իր պատրանքներուն մէջ որոնք այլ եւս իրականութիւններ էին իրեն համար եւ որոնց կը կառչէր այնպիսի բուռն հաւատքով մը որ կը յատկանշէր իր մոլեռանդութիւնը իր Եսին եւ զայն պատմող գիրքին համար։

Այս հոգեկան վիճակին կը նպաստէին իր խառնուածքէն դուրս օր օրի իրեն հասած հիացումի արտայայտութիւնները. Տաճատը այլ եւս թիփ մը եղած էր, կարեւոր անհատականութիւն մը, յարգանքով եւ պատկառանքով կը վարուէին իրեն հետ։ Գաղթականութեան մէջ իր վրայ սկսած էին խօսիլ եւ արդէն կարգը դրած էին զայն այն մէկ քանի ճշմարտապէս կարող անհատականութիւններուն որոնք արուեստի եւ գրականութեան մէջ ֆրանսական մամուլին գնահատման արժանացած էին։ Ալ աւելի, ինքը կը ներկայանար իր խոստումներովը, գերազանցապէս մեծ եւ սաւառնող այդ համեստ համբաւներուն վրայ. խօսքին առաձգական եւ աննիւթական զօրութիւնովը կը բարձրանար ինքը անհամեմատօրէն, գաղափար մը կ՚ըլլար, իտէալ մը եւ ամենուն հոգիին մէջ կը փայփայուէր այդ իտէալը։

Օր մը մեծահարուստ եւ խելացի վաճառական մը խօսելով հայ գրագէտներու եւ ուսանողներու խումբի մը մէջ ուր Տաճատ ալ կը գտնուէր, ըսած էր. «Մենք եւրոպական միջավայրներու մէջ բաւական յառաջ գացած ենք եւ պատուաւոր դիրք ունինք յաճախ, բայց ինչ որ մեզի պակսած է անսովոր կարողութիւն մըն է. երեւակայեցէք ի՛նչ պիտի ըլլար մեր բարոյական ազդեցութիւնը արուեստներու եւ գրականութեան մէջ եթէ մեծ եւ անվիճելի հանճար մը ունենայինք օրինակի համար Պալզաք մը, Հիւկօ մը, Շօբէն մը, Պէթհօվըն մը». Տաճատ ինքնիրենը խորհած էր։

- Ես այդ հանճարն եմ։

Այս մտածումը ինչքան ալ տարօրինակ թուի իր արձագանքը ունէր իրեն վրայ հիացողներուն հոգւոյն մէջ. ինքը նախասահմանուած մըն էր, անիկա եկած էր ոչ միայն պարապ մը լեցնելու այլ իր արուեստին համաշխարհային զօրութեամբ բարձրացնելու իր համայնքին մտաւորականութիւնը։

Ահաւասիկ այսպիսի մտածումներ կ՚օրօրէին զինքը եւ իրեն կը թուէր որ ամէն բան գեղեցկացած էր իր շուրջը իր հոգւոյն համապատասխաներու համար։ Այն գիշեր նոյն իսկ Տաճատ հաճոյքով կը նայէր կիներուն ու անոնց շպարը անգամ որ դէմքերուն եւ աչքերնուն գերագրգռուած նկարագիր մը կուտար, սիրուն կը թուէր իրեն, պչրանք մը իր վսեմ եւ մեծ խորհուրդներով բաբախող սիրտը շահելու համար։

Յանկարծ անդրադարձաւ որ մինակ էր. Սուրէն աներեւոյթ եղած էր. չորս կողմը դարձաւ փնտռելու համար եւ տեսաւ զայն հեռուն որ կը խօսէր սրճարանի մը առջեւ կնոջ մը հետ. լայնեզր եւ փետրաւոր սեւ գլխարկին տակէն որ ամբողջ դէմքը շուքի մէջ կը ձգէր, ծնօտին շրջագիծը հազիւ թէ կ՚երեւէր փափուկ եւ յղկուն, ջերմանոցի մէջ հասած ճերմակ քամելիաի փափկութեամբ, փղոսկրի գոյն ասուէ հագուստ մը կը կաղապարէր իր բարձր եւ պերճ հասակը որ հեշտագին ճկունութիւններ ունէր, շարժումներու գեղանի եւ գրգռիչ կորութիւններ, ներդաշնակ հակումներով. այդ կնոջ երեւոյթը վայրկեան մը զինքը խռովեց եւ ցանկութեամբ խորհեցաւ Սուրէնին վրայ. ի՞նչ ունէր անիկայ որ կիները կը հրապուրէր եւ ամենէն գեղեցիկներուն ընտրութեանը կ՚արժանանար, վայրկեան մը սեւ եւ լայն գլխարկին տակէն դէմքը դէպի ի անոր դարձաւ եւ ելեկտրական լոյսի հոսանք մը ողողեց զայն. այդ շրթունքը, կրակի պէս կարմիր, աչքերուն սեւ խորութիւնները պաշտելի թուեցան իրեն եւ զգաց որ ձեռքերը գրպաններուն մէջ կը պաղէին յուզմունքէ եւ ցանկութենէ։

Այն գիշեր, Տաճատ հակառակ իր հոգեկան լաւ տրամադրութիւններուն շատ գէշ ընթրեց, պատառները կոկորդին մէջ կը մնային եւ հազիւ թէ կը դպչէր ապսպրած կերակուրներուն. անոր փոխարէն գրգռիչ եւ ոգելից ըմպելիներ խմեց՝ կազդուրուելու մտահոգութեամբ։ Երբ ճաշասրահէն դուրս ելաւ, մտքին մէջ ամէն բան կը պարէր. եւ փոխն ի փոխ իր յաջողութեանց ուրախութիւնը, ընդնշմարուած կնոջ ներդաշնակ սիլուէթը՝ վայելքի եւ չճաշակուած հաճոյքներու փափաքով կը տանջէին զինքը. երբեմն ինքզինքը կը յանդիմանէր օրէ օր իր մեծ մարդու խիստ պարկեշտութիւնը կորսնցնելուն համար ու կը մրմնջէր իւրովի.

- Այս քաղաքը զիս պիտի կորսնցնէ։

Մտքին մէջ կ՚ուրուագծուէր արդէն հեռաւոր ծրագիր մը. հիմակ որ իր յաջողութեան վստահութիւնը ունէր, հիմակ որ իր հանճարը դադրած էր գաղտնիք մը ըլլալէ, աւելի լաւ չէ՞ր որ վերադառնար Պօլիս, իր սիրելի Աննիկին մօտ եւ անոր ներկայութեամբ կազդուրուած շարունակէր իր գործը. կ՚երեւակայէր իրեն ըլլալիք ընդունելութիւնը, փայփայուած եւ շողոքորթուած իր ընկերներէն ու սիրտը կ՚ողողուէր ջերմ հաճոյքով մը. իրաւ է որ տխմարներ պիտի ըլլային, նախանձողներ եւ անկարողներ որ չպիտի հասկնային զինքը, որ անիրաւ պիտի գտնուէին իրեն նկատմամբ, բայց նոյն իսկ այս պարագան զինքը պիտի նուիրագործէր. հալածուած եւ անտեսուած մարդիկ միշտ լուսապսակ մը կ՚ունենան իրենց համբաւին շուրջը եւ վերջապէս ամենէն հաւնուիլը լաւ յանձնարարական մը չէ բնաւ։

Այս  բաներուն վրայ մտածելով կ՚ուղղուէր դէպի Միւլլէրի սրճարանը երբ տեսաւ Բարսեղը որ աճապարանքով անկէ ելնելով դէպի պուլվար կուգար. իրեն դէմ գնաց։

- Ա՜հ, զքեզ փնտռելու վրայ էի եղբա՜յր, ըսաւ, զինքը տեսնելուն պէս։

Այն ատեն Տաճատ անդրադարձաւ որ իր ընկերը չափազանց տժգոյն էր եւ մեծ անձկութիւն կար անոր դէմքին վրայ։

- Ի՞նչ ունիս, ըսաւ Տաճատ։

- Մանուկը, եղբա՛յր, շատ ծանր է, եկու միասին։

Ճամբան պատմեց եղելութիւնը։

Մանուկ ստիպուելով իր բնակարանը ձգել, փոխադրուած էր ուրիշ սենեակ մը, դարձեալ Մոնժ փողոցին մէջ ու տեղափոխութեան միջոցին չարաչար յոգնելով ու ցուրտ առնելով անկողին ինկած էր. անկէց ի վեր չէր կրցած իր ընկերներուն երեւալ. ոչ ոք գիտէր թէ ի՞նչ եղած էր. այն առաւօտը միայն Լուիզ եկած էր զինքը գտնելու եւ կացութիւնը բացատրելու. անմիջապէս ընկերացեր էր խեղճ աղջկանը եւ գտեր էր Մանուկը, անճանաչելի վիճակի մը մէջ, մահուան պէս տժգոյն, հիւծուած։

Բարսեղ գլուխը կը տատանէր դիւրութեամբ։

- Գէշ վիճակի մէջ է կարծեմ, եղբա՜յր, յոյս չունիմ ես։

Տաճատ մեքենաբար կը քալէր առանց խօսելու, րոպէ մը ըմբոստացաւ այն գաղափարին դէմ որ կուգային իր թանկագին ժամանակը գրաւելու, ուշադրութեան արժանի կէտ մըն էր ասիկա իր նկարագրին մէջ. օրերով, շաբաթներով տող մը չէր գրեր, միտքը տարտամ եւ ժամանակը կորսնցնելով երազանքով կամ զբաղած ծրագիրներ կազմելու… կը բաւէր որ քանի մը ժամ ուրիշներու տրամադրելու հարկին մէջ ըլլար, որպէս զի կարծէր, ջերմապէս հաւատար որ այդ ժամերուն մէջ հրաշալիքներ պիտի արտադրէր. իրաւամբ զարմանալի հակասականութեամբ մը ինքզինքը բեղմնաւոր եւ արտադրելու վիճակի մէջ կ՚զգար, ճիշդ երբ նիւթական արգելք մը կ՚ելնէր իր դէմը։ Յանկարծ այս մտածումներուն անսալով, կոպտութեամբ ըսաւ Բարսեղին.

- Չեմ հասկնար իմ ներկայութեանս անհրաժեշտութիւնը, ի՞նչ օգուտ կրնայ ունենալ հիւանդի մը քով, աւելի աղէկ է բժիշկ մը բերել։

Բարսեղ՝ այս խօսքերուն՝ իրեն դարձաւ եւ աչքերը սեւեռեց այնպիսի նշանակալից խստութիւնով մը որ Տաճատ ստիպուեցաւ իրենները խոնարհեցնել եւ ալ առանց դիտողութիւն ընելու հետեւեցաւ Բարսեղին։

Երբ Մօնժ փողոցը Մանուկի բնակած տունը հասան, Բարսեղ շնչասպառ ելաւ վեց յարկերը ու երբ Տաճատ հասաւ ետեւէն՝ սենեակին դուռը բացուած էր արդէն եւ մոմին դողդոջուն լոյսը կ՚երկարէր մինչեւ դուրս. Բարսեղ մատը շրթունքին դրաւ եւ լռելեայն մտան ներս. ա՜հ ցուրտ եւ տխուր սենեակը. կարծես մասնաւոր եւ ճնշող մթնոլորտ մը ունէր բեռնաւորուած հիւանդին կարճ եւ հեւքոտ շնչառութենէն, վառարանին առաջքը Լուիզ հակած կը ջանար քարէ պզտիկ ջերմոցը վառել. մոմին անբաւական լոյսը կէս ստուերի մէջ կը ձգէր եւ կը պարտկէր աստիճան մը պատերուն խոնաւ մերկութիւնը. անկիւնը երկաթեայ մահճակալի մը մէջ Մանուկ կը քնանար։ Տաճատ զարմացումով կը դիտէր անոր անհաւատալի այլափոխութիւնը, այտերը խոռոչացած էին եւ գանկոսկրը խոշորցած լայնցած կը թուէր որուն վրայ պրկուած եւ թափանցիկ մորթին տակէն ոսկորին դեղնորակ երանգը կ՚արտացոլար. աչքերը նոյնպէս կորսուած էին խորութիւններու մէջ. արդէն անիկա մահուան դիմակը ունէր, անաշխարհային արտայայտութեամբ մը իր քնացած դէմքին վրայ. երբեմն շնչառութիւնը թեթեւ, անլսելի կը դառնար եւ երբեմն ալ ամբողջ մարմնոյն ցնցումներ կը պատճառէր, հեւքոտ, գրեթէ խռպոտ որուն տաժանքին ներքեւ աչքերը կէս մը կը բացուէին եւ շրթունքը անլսելի բառեր կը մրմնջէին։

Բարսեղ եւ Տաճատ լուռ նստած էին անկողնին մօտ եւ կ՚զգուշանային նոյն իսկ իրարու նայելու, երբեմն խորունկ եւ սրտագին հառաչ մը կ՚ընկերանար հիւանդին հեւքոտ շնչառութեան. անգամ մը, Մանուկ աւելի ուժգին ցնցուելով բարձրանալու ջանք մը ըրաւ, աչքերը բացաւ, մոլորուն նայուածքով, կարծես մէկը փնտռելով ու չտեսնելով իր ընկերները. յետոյ ինկաւ իր բոլոր ծանրութեամբ կռնակին վրայ եւ գոչեց.

- Մայրի՜կս, մայրի՜կս…։

Տաճատ Բարսեղին նայեցաւ փղձկուած. ճշմարիտ եւ մարդկային յուզմունքը մտած էր իր հոգւոյն մէջ. Բարսեղ անթափանց եւ ջերմեռանդ երեւոյթ ունէր. յայտնի էր որ առաջին անգամը չէր որ պանդուխտ ընկերոջ մը սնարին քով այս գերագոյն կոչը կը լսէր. ու ո՞վ գիտէ ինչ կը խորհէր այդ միջոցին. իր դէմքը դառն եւ տխուր արտայայտութիւն մը առած էր. երբեմն գլուխը աւելի կը ծռէր, իր խոշոր ձեռքերը կը դնէր ծունկերուն վրայ՝ մատները գալարելով ջղաձգօրէն անզսպելի յուզմունքի մը ազդեցութեան տակ։

Սպասումի եւ անձկութեան ժամեր անցուցին այսպէս. Մանուկ միշտ կը քնանար եւ հետզհետէ իր շնչառութիւնը կը թեթեւնար, անլսելի կը դառնար. հեւքերը եւ հառաչները կը խեղդուէին կարծես կուրծքին մէջ եւ ուժ չունէին այլեւս արտայայտուելու. Լուիզ յաջողած էր վերջապէս ջերմոցը վառել եւ անոր մօտ սկսաւ մրափել անքուն անցուցած քանի մը գիշերներու յոգնութենէն յաղթուած։ Կէս գիշերը անցած էր. տանը մէջ ամէն աղմուկ լռած էր այլեւս, երբեմն միայն ուշ մնացած ուսանողի մը ոստոստուն քայլերը կը լսուէին սանդուղներուն վրայ եւ որոնք կը բարձրանային մինչեւ վեցերորդը ու կը կորսուէին նրբանցքին խորութիւններուն մէջ։

Հիմակ այլեւս Տաճատ անսահմանելի վախ մը կը զգար. պիտի չուզէր ոչ մէկ բանի համար առանձին գտնուիլ ինքզինքին հետ. այդ մահամերձի արտայայտութենէ զուրկ դէմքին պատկերը կարծես կառչած էր իր աչքերուն եւ առանց անոր նայելու ալ կը տեսնէր զայն. իր հոգւոյն մէջ անկայուն, դողդոջուն բան մը սպրդած էր որ հիւանդին շնչառութեան չափականութիւնը [1] ունէր եւ որուն չափովը ակամայ կը շնչէր ինքն ալ. ու գաղափարէ գաղափար միտքը կը թափառէր ծանր մտածումներու մէջ. կանգ կ՚առնէր այս ինչ կամ այն ինչ պարագային վրայ եւ ասոնց ամբողջութենէն հետզհետէ անդիմադրելի եւ ահաւոր կ՚ուրուագծէր մեծ եւ սարսռիչ քաղաքին առթած սարսափը։

- Պէտք է մեկնիլ, մեկնիլ անմիջապէս… կարծես Մահը, այնքան մերձաւոր իրենց այդ րոպէին, իրեն կը հպէր, զինքը կը պարուրէր իր քայքայումի հանդարտ բայց անվրէպ ազդեցութեամբը։

Յանկարծ Մանուկ աչքերը բացաւ։ Հիւանդագին կարմրութիւն մը ունէին անոր ճակատը եւ այտերուն վերին ու ցցուած մասերը. աչքերը անսովոր կենդանութիւն մը եւ գեղեցկութիւն մը ստացած էին. թարթիչները իրենց արագ թարթափումին մէջ երկայն շուքեր կը ձգէին դէմքին վրայ։

Տաճատ զարմացումով դիտեց թէ մէկ վայրկեանի մէջ փոխուած էր անիկա. տենդին ազդեցութեան տակ կենդանացած՝ Մանուկ առողջութեան պատրանքը կուտար. գրեթէ առանց դժուարութեան ելաւ նստեցաւ անկողնին մէջ. յետոյ մեղմօրէն ժպտեցաւ իր ընկերներուն, Բարսեղ եւ Տաճատ յուզմունքի սաստկութենէն բան մը չէին կրնար ըսել, բայց Մանուկ իրենց սիրտ տուաւ իր սովորական, գրեթէ ջինջ ձայնովը.

- Շատո՞նց է որ հոս էք… երկայն քնացայ, հէ՞… ինչո՞ւ չարթնցուցիք զիս, վա՜յ սատանայ, ի՜նչ հարբուխ, ընկերնե՜ր. քանի օրէ ի վեր տանջուեցայ, բայց հիմա աղէկ եմ։

Անգիտակցաբար սակայն, ձեռքերը՝ երկնցած մատներով եւ կապտորակ եղունգներով կը գալարուէին վերմակին վրայ. Տաճատ աչքին ծայրովը կը նայէր անոնց։

- Ի՜նչ տաքութիւն… Լուիզը գիտէ, զառանցանքներ ունեցայ։

Յետոյ, երիտասարդ ուսանողի իր վաղեմի սովորութեամբ ամէն բան հեգնելու, սկսաւ կատակներ ընել. նոյն միջոցին բռունցքը կուրծքին զարկաւ.

- Այս կմախքը դեռ բաւական հաստատուն է. հոգ մի՛…

Ձայնը խղդուեցաւ հազի տագնապի մը մէջ. Լուիզ աչքերը բացաւ եւ իր մօտ եկաւ, ամենքն ալ հաւաքուած էին անկողնին մօտ գթութեամբ խառն զարմացումով մը. Մանուկ քանի՛ անգամ հազի միջոցին ուզեց խօսիլ. բայց չկրցաւ, ու աչքերը կը շարունակէին խնդալ, վերադարձած իրենց հին արտայայտութեանը։

- Կը տեսնէ՞ք, յաջողեցաւ ըսել վերջապէս, եթէ այս հազը չունենայի…, պահ մը լռեց, մտածկոտ, յետոյ հազիւ լսելի մրմնջեց… վա՜յ սատանայ…

Յանկարծ անսահման տխրութեան դիմակ մը առաւ. աչքերը մարեցան, դէմքը ամէն ուղղութեան կնճռոտեցաւ. շրթունքները դեռ խոնաւ՝ լորձունքէ դառնութեան արտայայտութիւն մը ունեցան, միայն այտերը կարծես աւելի ցցուած կը բոցավառէին վատառողջ կարմրութիւնով մը, այլ եւս չխօսեցաւ՝ պաշարուած ո՞վ գիտէ ինչ մտածումով. այն ատեն Բարսեղ քաջութիւն առաւ եւ թէեւ ձայնը քիչ մը դողդոջուն՝ վստահութեամբ ըսաւ իր ընկերոջը.

- Մանո՛ւկ, դուն պէտք է հանդարտ մնաս այսպէս. մենք կ՚զբաղինք քեզմով. ուրիշ ընկերներու ալ կ՚իմացնենք եւ փոխն ի փոխ կը խնամենք զքեզ. վաղը առաւօտ տօքթէօռ Քօլօլեանը պիտի գայ, իմացուցած ենք արդէն իրեն…։ Հիւանդը տխրութեամբ կը նայէր Լուիզին, Բարսեղին եւ Տաճատին եւ անոնց առողջութենէն օգնութիւն կը հայցէր կարծես. իր աչքերը ալ աւելի տղու աչքեր դարձած էին, լալու պատրաստ եւ որոնց արցունքը իյնալէ առաջ կը չորնար, այնքա՜ն անոնք վառելու երեւոյթը ունէին. իր ամբողջ դողդոջուն կեանքը ապաստանած էր այդ երկու լայն բացուած բիբերուն մէջ, եւ հոն կը հատնէր կարծես. հետզհետէ, իր ընկերներուն աչքին առաջ։

Այն գիշեր, Տաճատ հակառակ իր հոգեկան լաւ տրամադրութիւններուն շատ գէշ ընթրեց, պատառները կոկորդին մէջ կը մնային եւ հազիւ թէ կը դպչէր ապսպրած կերակուրներուն. անոր փոխարէն գրգռիչ եւ ոգելից ըմպելիներ խմեց՝ կազդուրուելու մտահոգութեամբ։ Երբ ճաշասրահէն դուրս ելաւ, մտքին մէջ ամէն բան կը պարէր. եւ փոխն ի փոխ իր յաջողութեանց ուրախութիւնը, ընդնշմարուած կնոջ ներդաշնակ սիլուէթը՝ վայելքի եւ չճաշակուած հաճոյքներու փափաքով կը տանջէին զինքը. երբեմն ինքզինքը կը յանդիմանէր օրէ օր իր մեծ մարդու խիստ պարկեշտութիւնը կորսնցնելուն համար ու կը մրմնջէր իւրովի.

- Այս քաղաքը զիս պիտի կորսնցնէ։

Մտքին մէջ կ՚ուրուագծուէր արդէն հեռաւոր ծրագիր մը. հիմակ որ իր յաջողութեան վստահութիւնը ունէր, հիմակ որ իր հանճարը դադրած էր գաղտնիք մը ըլլալէ, աւելի լաւ չէ՞ր որ վերադառնար Պօլիս, իր սիրելի Աննիկին մօտ եւ անոր ներկայութեամբ կազդուրուած շարունակէր իր գործը. կ՚երեւակայէր իրեն ըլլալիք ընդունելութիւնը, փայփայուած եւ շողոքորթուած իր ընկերներէն ու սիրտը կ՚ողողուէր ջերմ հաճոյքով մը. իրաւ է որ տխմարներ պիտի ըլլային, նախանձողներ եւ անկարողներ որ չպիտի հասկնային զինքը, որ անիրաւ պիտի գտնուէին իրեն նկատմամբ, բայց նոյն իսկ այս պարագան զինքը պիտի նուիրագործէր. հալածուած եւ անտեսուած մարդիկ միշտ լուսապսակ մը կ՚ունենան իրենց համբաւին շուրջը եւ վերջապէս ամենէն հաւնուիլը լաւ յանձնարարական մը չէ բնաւ։

Այս բաներուն վրայ մտածելով կ՚ուղղուէր դէպի Միւլլէրի սրճարանը երբ տեսաւ Բարսեղը որ աճապարանքով անկէ ելնելով դէպի պուլվար կուգար. իրեն դէմ գնաց։

- Ա՜հ, զքեզ փնտռելու վրայ էի եղբա՜յր, ըսաւ, զինքը տեսնելուն պէս։

Այն ատեն Տաճատ անդրադարձաւ որ իր ընկերը չափազանց տժգոյն էր եւ մեծ անձկութիւն կար անոր դէմքին վրայ։

- Ի՞նչ ունիս, ըսաւ Տաճատ։

- Մանուկը, եղբա՛յր, շատ ծանր է, եկու միասին։

Ճամբան պատմեց եղելութիւնը։

Մանուկ ստիպուելով իր բնակարանը ձգել, փոխադրուած էր ուրիշ սենեակ մը, դարձեալ Մոնժ փողոցին մէջ ու տեղափոխութեան միջոցին չարաչար յոգնելով ու ցուրտ առնելով անկողին ինկած էր. անկէց ի վեր չէր կրցած իր ընկերներուն երեւալ. ոչ ոք գիտէր թէ ի՞նչ եղած էր. այն առաւօտը միայն Լուիզ եկած էր զինքը գտնելու եւ կացութիւնը բացատրելու. անմիջապէս ընկերացեր էր խեղճ աղջկանը եւ գտեր էր Մանուկը, անճանաչելի վիճակի մը մէջ, մահուան պէս տժգոյն, հիւծուած։

Բարսեղ գլուխը կը տատանէր դիւրութեամբ։

- Գէշ վիճակի մէջ է կարծեմ, եղբա՜յր, յոյս չունիմ ես։

Տաճատ մեքենաբար կը քալէր առանց խօսելու, րոպէ մը ըմբոստացաւ այն գաղափարին դէմ որ կուգային իր թանկագին ժամանակը գրաւելու, ուշադրութեան արժանի կէտ մըն էր ասիկա իր նկարագրին մէջ. օրերով, շաբաթներով տող մը չէր գրեր, միտքը տարտամ եւ ժամանակը կորսնցնելով երազանքով կամ զբաղած ծրագիրներ կազմելու… կը բաւէր որ քանի մը ժամ ուրիշներու տրամադրելու հարկին մէջ ըլլար, որպէս զի կարծէր, ջերմապէս հաւատար որ այդ ժամերուն մէջ հրաշալիքներ պիտի արտադրէր. իրաւամբ զարմանալի հակասականութեամբ մը ինքզինքը բեղմնաւոր եւ արտադրելու վիճակի մէջ կ՚զգար, ճիշդ երբ նիւթական արգելք մը կ՚ելնէր իր դէմը։ Յանկարծ այս մտածումներուն անսալով, կոպտութեամբ ըսաւ Բարսեղին.

- Չեմ հասկնար իմ ներկայութեանս անհրաժեշտութիւնը, ի՞նչ օգուտ կրնայ ունենալ հիւանդի մը քով, աւելի աղէկ է բժիշկ մը բերել։

Բարսեղ՝ այս խօսքերուն՝ իրեն դարձաւ եւ աչքերը սեւեռեց այնպիսի նշանակալից խստութիւնով մը որ Տաճատ ստիպուեցաւ իրենները խոնարհեցնել եւ ալ առանց դիտողութիւն ընելու հետեւեցաւ Բարսեղին։

Երբ Մօնժ փողոցը Մանուկի բնակած տունը հասան, Բարսեղ շնչասպառ ելաւ վեց յարկերը ու երբ Տաճատ հասաւ ետեւէն՝ սենեակին դուռը բացուած էր արդէն եւ մոմին դողդոջուն լոյսը կ՚երկարէր մինչեւ դուրս. Բարսեղ մատը շրթունքին դրաւ եւ լռելեայն մտան ներս. ա՜հ ցուրտ եւ տխուր սենեակը. կարծես մասնաւոր եւ ճնշող մթնոլորտ մը ունէր բեռնաւորուած հիւանդին կարճ եւ հեւքոտ շնչառութենէն, վառարանին առաջքը Լուիզ հակած կը ջանար քարէ պզտիկ ջերմոցը վառել. մոմին անբաւական լոյսը կէս ստուերի մէջ կը ձգէր եւ կը պարտկէր աստիճան մը պատերուն խոնաւ մերկութիւնը. անկիւնը երկաթեայ մահճակալի մը մէջ Մանուկ կը քնանար։ Տաճատ զարմացումով կը դիտէր անոր անհաւատալի այլափոխութիւնը, այտերը խոռոչացած էին եւ գանկոսկրը խոշորցած լայնցած կը թուէր որուն վրայ պրկուած եւ թափանցիկ մորթին տակէն ոսկորին դեղնորակ երանգը կ՚արտացոլար. աչքերը նոյնպէս կորսուած էին խորութիւններու մէջ. արդէն անիկա մահուան դիմակը ունէր, անաշխարհային արտայայտութեամբ մը իր քնացած դէմքին վրայ. երբեմն շնչառութիւնը թեթեւ, անլսելի կը դառնար եւ երբեմն ալ ամբողջ մարմնոյն ցնցումներ կը պատճառէր, հեւքոտ, գրեթէ խռպոտ որուն տաժանքին ներքեւ աչքերը կէս մը կը բացուէին եւ շրթունքը անլսելի բառեր կը մրմնջէին։

Բարսեղ եւ Տաճատ լուռ նստած էին անկողնին մօտ եւ կ՚զգուշանային նոյն իսկ իրարու նայելու, երբեմն խորունկ եւ սրտագին հառաչ մը կ՚ընկերանար հիւանդին հեւքոտ շնչառութեան. անգամ մը, Մանուկ աւելի ուժգին ցնցուելով բարձրանալու ջանք մը ըրաւ, աչքերը բացաւ, մոլորուն նայուածքով, կարծես մէկը փնտռելով ու չտեսնելով իր ընկերները. յետոյ ինկաւ իր բոլոր ծանրութեամբ կռնակին վրայ եւ գոչեց.

- Մայրի՜կս, մայրի՜կս…։

Տաճատ Բարսեղին նայեցաւ փղձկուած. ճշմարիտ եւ մարդկային յուզմունքը մտած էր իր հոգւոյն մէջ. Բարսեղ անթափանց եւ ջերմեռանդ երեւոյթ ունէր. յայտնի էր որ առաջին անգամը չէր որ պանդուխտ ընկերոջ մը սնարին քով այս գերագոյն կոչը կը լսէր. ու ո՞վ գիտէ ինչ կը խորհէր այդ միջոցին. իր դէմքը դառն եւ տխուր արտայայտութիւն մը առած էր. երբեմն գլուխը աւելի կը ծռէր, իր խոշոր ձեռքերը կը դնէր ծունկերուն վրայ՝ մատները գալարելով ջղաձգօրէն անզսպելի յուզմունքի մը ազդեցութեան տակ։

Սպասումի եւ անձկութեան ժամեր անցուցին այսպէս. Մանուկ միշտ կը քնանար եւ հետզհետէ իր շնչառութիւնը կը թեթեւնար, անլսելի կը դառնար. հեւքերը եւ հառաչները կը խեղդուէին կարծես կուրծքին մէջ եւ ուժ չունէին այլեւս արտայայտուելու. Լուիզ յաջողած էր վերջապէս ջերմոցը վառել եւ անոր մօտ սկսաւ մրափել անքուն անցուցած քանի մը գիշերներու յոգնութենէն յաղթուած։ Կէս գիշերը անցած էր. տանը մէջ ամէն աղմուկ լռած էր այլեւս, երբեմն միայն ուշ մնացած ուսանողի մը ոստոստուն քայլերը կը լսուէին սանդուղներուն վրայ եւ որոնք կը բարձրանային մինչեւ վեցերորդը ու կը կորսուէին նրբանցքին խորութիւններուն մէջ։

Հիմակ այլեւս Տաճատ անսահմանելի վախ մը կը զգար. պիտի չուզէր ոչ մէկ բանի համար առանձին գտնուիլ ինքզինքին հետ. այդ մահամերձի արտայայտութենէ զուրկ դէմքին պատկերը կարծես կառչած էր իր աչքերուն եւ առանց անոր նայելու ալ կը տեսնէր զայն. իր հոգւոյն մէջ անկայուն, դողդոջուն բան մը սպրդած էր որ հիւանդին շնչառութեան չափականութիւնը [1] ունէր եւ որուն չափովը ակամայ կը շնչէր ինքն ալ. ու գաղափարէ գաղափար միտքը կը թափառէր ծանր մտածումներու մէջ. կանգ կ՚առնէր այս ինչ կամ այն ինչ պարագային վրայ եւ ասոնց ամբողջութենէն հետզհետէ անդիմադրելի եւ ահաւոր կ՚ուրուագծէր մեծ եւ սարսռիչ քաղաքին առթած սարսափը։

- Պէտք է մեկնիլ, մեկնիլ անմիջապէս… կարծես Մահը, այնքան մերձաւոր իրենց այդ րոպէին, իրեն կը հպէր, զինքը կը պարուրէր իր քայքայումի հանդարտ բայց անվրէպ ազդեցութեամբը։

Յանկարծ Մանուկ աչքերը բացաւ։ Հիւանդագին կարմրութիւն մը ունէին անոր ճակատը եւ այտերուն վերին ու ցցուած մասերը. աչքերը անսովոր կենդանութիւն մը եւ գեղեցկութիւն մը ստացած էին. թարթիչները իրենց արագ թարթափումին մէջ երկայն շուքեր կը ձգէին դէմքին վրայ։

Տաճատ զարմացումով դիտեց թէ մէկ վայրկեանի մէջ փոխուած էր անիկա. տենդին ազդեցութեան տակ կենդանացած՝ Մանուկ առողջութեան պատրանքը կուտար. գրեթէ առանց դժուարութեան ելաւ նստեցաւ անկողնին մէջ. յետոյ մեղմօրէն ժպտեցաւ իր ընկերներուն, Բարսեղ եւ Տաճատ յուզմունքի սաստկութենէն բան մը չէին կրնար ըսել, բայց Մանուկ իրենց սիրտ տուաւ իր սովորական, գրեթէ ջինջ ձայնովը.

- Շատո՞նց է որ հոս էք… երկայն քնացայ, հէ՞… ինչո՞ւ չարթնցուցիք զիս, վա՜յ սատանայ, ի՜նչ հարբուխ, ընկերնե՜ր. քանի օրէ ի վեր տանջուեցայ, բայց հիմա աղէկ եմ։

Անգիտակցաբար սակայն, ձեռքերը՝ երկնցած մատներով եւ կապտորակ եղունգներով կը գալարուէին վերմակին վրայ. Տաճատ աչքին ծայրովը կը նայէր անոնց։

- Ի՜նչ տաքութիւն… Լուիզը գիտէ, զառանցանքներ ունեցայ։

Յետոյ, երիտասարդ ուսանողի իր վաղեմի սովորութեամբ ամէն բան հեգնելու, սկսաւ կատակներ ընել. նոյն միջոցին բռունցքը կուրծքին զարկաւ.

- Այս կմախքը դեռ բաւական հաստատուն է. հոգ մի՛…

Ձայնը խղդուեցաւ հազի տագնապի մը մէջ. Լուիզ աչքերը բացաւ եւ իր մօտ եկաւ, ամենքն ալ հաւաքուած էին անկողնին մօտ գթութեամբ խառն զարմացումով մը. Մանուկ քանի՛ անգամ հազի միջոցին ուզեց խօսիլ. բայց չկրցաւ, ու աչքերը կը շարունակէին խնդալ, վերադարձած իրենց հին արտայայտութեանը։

- Կը տեսնէ՞ք, յաջողեցաւ ըսել վերջապէս, եթէ այս հազը չունենայի…, պահ մը լռեց, մտածկոտ, յետոյ հազիւ լսելի մրմնջեց… վա՜յ սատանայ…

Յանկարծ անսահման տխրութեան դիմակ մը առաւ. աչքերը մարեցան, դէմքը ամէն ուղղութեան կնճռոտեցաւ. շրթունքները դեռ խոնաւ՝ լորձունքէ դառնութեան արտայայտութիւն մը ունեցան, միայն այտերը կարծես աւելի ցցուած կը բոցավառէին վատառողջ կարմրութիւնով մը, այլ եւս չխօսեցաւ՝ պաշարուած ո՞վ գիտէ ինչ մտածումով. այն ատեն Բարսեղ քաջութիւն առաւ եւ թէեւ ձայնը քիչ մը դողդոջուն՝ վստահութեամբ ըսաւ իր ընկերոջը.

- Մանո՛ւկ, դուն պէտք է հանդարտ մնաս այսպէս. մենք կ՚զբաղինք քեզմով. ուրիշ ընկերներու ալ կ՚իմացնենք եւ փոխն ի փոխ կը խնամենք զքեզ. վաղը առաւօտ տօքթէօռ Քօլօլեանը պիտի գայ, իմացուցած ենք արդէն իրեն…։ Հիւանդը տխրութեամբ կը նայէր Լուիզին, Բարսեղին եւ Տաճատին եւ անոնց առողջութենէն օգնութիւն կը հայցէր կարծես. իր աչքերը ալ աւելի տղու աչքեր դարձած էին, լալու պատրաստ եւ որոնց արցունքը իյնալէ առաջ կը չորնար, այնքա՜ն անոնք վառելու երեւոյթը ունէին. իր ամբողջ դողդոջուն կեանքը ապաստանած էր այդ երկու լայն բացուած բիբերուն մէջ, եւ հոն կը հատնէր կարծես. հետզհետէ, իր ընկերներուն աչքին առաջ։

Հետեւեալ առաւօտուն հազիւ լուսցած էր երբ տօքթէօռ Քօլօլեան հասաւ. տմոյն լոյս մը կը դողդոջէր մերկ սենեակին մէջ եւ անքուն մնացած ընկերներու դէմքին ալ հիւանդի արտայայտութիւն կուտար։ Ժամերով Տաճատ եւ Բարսեղ մնացեր էին այդպէս առանց համարձակելու շարժիլ. երբեմն աչքերնին իրարու սեւեռած եւ երբեմն իրարու նայուածքէ խուսափելով՝ այնքա՛ն իրենց գլուխը հոծ էր տաժանելի մտածումներով, Լուիզ վառարանին մօտ կը մրափէր եւ երբեմն կ՚արթննար ընդոստ եւ հիւանդին կը նայէր կասկածով։

Դժուար գիշեր մը անցուցած էր Մանուկ եւ առաւօտուն միայն կրցեր էր ննջել. դէմքը մեղրամոմի գոյն, շրթունքը փրփուրոտ։ Երբեմն անիկա աչքերը կը բանար ու Տաճատ եւ Բարսեղ կը կարծէին թէ արթնցած է, բայց անիկա չէր պատասխաներ իրենց հարցումներուն ու կրկին մեղմօրէն կը գոցէր արտեւանունքը։ Երբեմն ալ քունին մէջ բացուած այդ աչքերը այնպիսի անսահմանելի արտայայտութիւն մը ունէին որ Տաճատ ջղագրգիռ, կը սարսռար բոլոր մարմնովը, մինչ Բարսեղ կզակը կը ցցէր անձկութեամբ եւ երբ կը փորձէին խօսիլ՝ բառը բերանը կը մնար, չէր համարձակեր այլեւս կոչել։

- Մանուկ բան մը կ՚ուզե՞ս։

Ոչ, այլեւս անիկա բան մը չէր ուզեր. իր քրտնաթոր ճակատը, իր կծկուած շրթները, իր ցաւէն ու շնչառութեան դժուարութենէն ելեւէջող կուրծքը կ՚ըսէին թէ այլ եւս բանի մը պէտք չունէին։ Անոր լուռ դէմքը եւ քունին մէջ բացուող աչքերը այնքան վրդովիչ էին որ հիմա իր ընկերները կը նախընտրէին որ անիկա պոռար, անիկա զառանցէր հասկնալու համար այդ անհանգստող աչքերուն արտայայտութիւնը։

Տօքթէօռ Քօլօլեանի մուտքը քիչ մը կեանք բերաւ հոգեվարքի այդ տխուր սենեակին մէջ. ամենքն ալ սիրտ առին ու մօտիկցան անոր. մեծ գրգռութեամբ կը խօսէին ու կը բացատրէին պատահածները եւ երեքն ալ պզտիկ տղաքներու պէս յանկարծ երկչոտութենէ բռնուած կ՚ըսէին իրեն.

- Պիտի աղէկնայ, այնպէս չէ՞, տօքթէօռ, ըսէք որ պիտի աղէկնայ։

Ու երբ բժիշկը դէպ ի հիւանդին դարձաւ, սարսափով տեսան որ Մանուկ արթնցած ու նստած էր անկողնին մէջ, ձեռքերը գալարուն սաւանին վրայ ու աչքերը արհաւիրքով ու ցաւով բացուած՝ դէպ իրենց կը ցցէր իր գլուխը ու կը ջանար լսել իրենց խօսքերը։

Երկարօրէն տօքթէօռ Քօլօլեան քննեց հիւանդը ու զինքը քաղցրութեամբ յորդորեց. արդէն Մանուկ իր վերջին ջանքէն սպառած ինկած էր անկողնին մէջ գրեթէ զգայազիրկ. անոր աչքերը միայն տենդով լեցուն ու կարծես կուրացած ներքին կրակէ մը՝ զիրենք կը սեւեռէին առանց տեսնելու։ Նոյն միջոցին հասաւ Սուրէն Սահակեան. իր ետեւէն կ՚երեւէր նաեւ Նորաեանի չարագուշակ դէմքը, սանդուղներուն վրայ ալ դեռ ոտքի ձայներ կային. Քօլօլեան պատուիրեց որ փոխն ի փոխ հսկեն հիւանդին քով եւ սենեակը չխճողեն բնաւ։ Տաճատ եւ Բարսեղ սպառած քնատութենէ եւ յուզումէ, կը պատրաստուէին դուրս ելնելու երբ անորոշ աղմուկ մը իրենց ուշադրութիւնը հրաւիրեց։

Մանուկ անլսելի բառեր կ՚արտասանէր, դէմքը ծամածռելով։

- Հանդարտէ՛, հոգիս, հանդարտէ՛, կ՚ըսէր Լուիզ յուզումով։

- Ամենքդ ալ հոս էք, լսելի եղաւ վերջապէս անակնկալօրէն բարակ ձայնով մը… ամենքդ ալ եկա՛ք, վա՛յ սատանայ… ոչ մէկ ատեն ասանկ բան ըրած չունէիք, ի՞նչ կայ այսօր։

Ելաւ նստեցաւ անկողնին մէջ, սաւանին ծայրովը քրտինքը սրբեց ու սկսաւ խնդալ. երկար ատեն սահմռկած մտիկ ըրին զինքը, նոյն իսկ պահ մը անկարելի եղաւ որոշել թէ քրքիջնե՞ր էին որ իր հազի տագնապներուն մէջ կը խեղդուէին թէ հեծկլտանքներ։ Դէմքը դիւային արտայայտութիւն մը առած էր ու յաճախակի արագ ու ջղուտ շարժումով մը սաւանին ծայրը կը տանէր երեսին, երբեմն թեւը կը մնար այդպէս ու կը վարանէր իր շարժումներուն մէջ ու կը նայէր ամենուն՝ կարծես ըսել ուզելով «Ի՞նչ պիտի ընէի»։

Հետզհետէ սակայն տեսակ մը պայծառութիւն եկաւ իր դէմքին վրայ ու սկսաւ խօսիլ աւելի կանոնաւոր։

- Ի՞նչ կայ այսօր, ըսէ՛ք… օրերով մինակս մնացի, դուռս զարնող մը չեղաւ, օրերով յուսացի ձեր վրայ, ձեր իւրաքանչիւրին վրայ… ու յոյսերս պարապ ելան. «Անիկա զիս երեսի վրայ չը ձգեր» կը խորհէի ձեր ամէն մէկին վրայ մտածելով ու դուք ամէնքդ ալ երեսի վրայ ձգեցիք զիս. այսօր, վա՜յ սատանայ… ի՞նչ կայ, ամենքդ ալ ժողվուեր էք։

Դուրսի ոտքի ձայները զինքը աւելի գրգռեցին.

- Ա՛հ… ընկերներ, եկեր էք տեսնելու թէ ինչպէ՜ս պիտի մեռնի Մանուկը… հետաքրքրական բան ըլլալու է, չէ՞… ձեզմէ ո՞վ առտուն կանուխ պիտի ելլար գար ինծի պատառ մը հաց բերելու, անօթի եղած օրերս… ըսէ՛ք…

Ամէնքը անհանգիստ իրարու երես կը նայէին. Սահակեան արդէն զղջացած կը թուէր այս դժնդակ մթնոլորտին մէջ գտնուելուն եւ անձկագին նայուածքներ կ՚ուղղէր դէպ ի դուռը։

- Բայց ձեր հացին պէտք չունիմ այլ ե՛ւս… գոչեց մէկէն Մանուկ այնպիսի ձայնով մը որ կարծեցին թէ իր վերջին աղաղակը պիտի ըլլայ… ձեր բոլոր տուածը, ձեր ողորմութիւնները ձեզի պիտի դարձնեմ… ձեր երեսին պիտի նետեմ… ձեր թուքով մուրով տուած դրամը, կը հասկնա՞ք, վա՜յ ասոնց, կը հասկնա՞ք ընկերներ… հողս ծախուեր է. մայրիկս դրեր է ինծի, երէկ առտու դուք դեռ չեկած առեր էի նամակը…

Ջղագրգռուած շարժումներով փնտռեց նամակը բարձերուն տակէն՝ քանիցս մրմնջելով «Մայրի՜կս… մայրի՜կս…»

- Մայրիկս գրեր է, վերջապէ՛ս… ու պիտի աղէկնամ. վա՜յ սատանայ, պիտի աղէկնամ, հիմակ որ քանի մը սու ունիմ… պիտի աղէկնամ… բոլոր ունեցածս այս է, ընկերնե՜ր, բոլոր ունեցածս… ձեր ողորմութեամբ տուած հացն է որ զիս կ՚այրէ, որ կը փճացնէ։ Անիկա դեռ չէ մարսուած իմ մէջս, տօքթէ՜օռ, աս է ունեցածս, մայրի՜կս… գրեր է, տօքթէ՛օռ, մայրի՜կս…։ Կռնակի վրայ ինկաւ հեւալով, միջոց մը առանց կարենալ շարժելու, ամենքն ալ լուռ մնացին, Մանուկ կ՚ուզէր խօսիլ բայց հազի տագնապները աւելի յաճախակի զինքը կ՚ընդհատէին, ձայնը կը խեղդէին։

Երբեմն Լուիզի քաղցր ու ամոքող ձայնը կը խառնուէր անոր ձայնին։

- Հանդարտէ՛ հոգիս, հանդարտէ։

Յետոյ երկար լռութիւն մը տիրեց։

Նոյն միջոցին Քօլօլեան օգուտ քաղելով այս վիճակէն՝ նշան ըրաւ Բարսեղին եւ դուրս ելան։

Տաճատ եւ Ռուբէն դէպի պատուհանը գացին. չափազանց տժգնութիւն մը փղոսկրի գոյն տուած էր Չարըքեանի ճակատին որուն վրայ ցցուածքները կապտորակ կ՚երեւային, աչքերը մթին, յուզուած եւ խոնաւ էին եւ թուշը բարակցած՝ ալ աւելի սրածայր կը թուէր մօրուքին տակէն. մազերը չսանտրուած կը ցցուէին գագաթին վրայ եւ ինքը կը դողդողար կրկնոցին մէջ կորսուած, չկրնալով խօսիլ, ձայնը ալ աւելի խեղդուկ յուզումէն ու կզակը կափկափելով ամէն անգամ որ փորձէր բառ մը արտասանել։

Սուրէն նոյնպէս իր խոշոր կրկնոցին մինչեւ վերի կոճակները կոճկած, օձիքը դարձուցած, երկու ձեռքերը գրպաններուն մէջ, կը կենար անխօս, ու անսահմանելի վախէ մը բռնուած, երբեմն թեթեւ մը կը տատանէր իր սրունքներուն վրայ եւ աչքերը հարցական ու անձկալի կը դարձնէր Տաճատին, վերջապէս սակայն ինքը առաջին անգամ ըլլալով կրցաւ խօսիլ.

- Պէտք է հիւանդանոց փոխադրել ասիկայ։

Այլ եւս Մանկիկը չէին ըսեր իբր թէ արդէն գոյութիւն ունենալէ դադրած ըլլար խեղճ երիտասարդը ու կարծես վախնալով վերյուշելու այն տանջանքի եւ զրկանքի էակը որ մարմնաւորուած էր այդ անունին մէջ։

- Քօլօլեանը կ՚ըսէ թէ անկարելի է այլեւս այս վիճակին մէջ։

- Ո՞վ պիտի նայի զինքը…

- Մենք… փոխն ի փոխ, ըսաւ Տաճատ, վստահ ձայնովը մէկու մը որ իր կարգը անցուցած է։

Քանի մը վայրկեան լուռ մնացին. Սուրէնի աչքերուն մէջ անկայուն, պղտոր բան մը կար, անոնք անգիտակցաբար ժպտուն սկսան դառնալ։

Այդ հողին ծախուելուն խնդիրը իրա՞ւ է, ըսաւ վերջապէս գողունի նայուածքներ ուղղելով հիւանդին մահճակալին։

Տաճատ ճշմարտապէս շփոթեցաւ. ինքն ալ լսեր ու զարմացեր էր քիչ մը առաջ ու մեծ յուզումով մը սիրտը դղրդուած էր խորհելով այդ օգնութեան որ այնքան ուշ կը հասնէր խեղճ ուսանողին, բայց խորհելով մանաւանդ տարաբաղդ մօրը վրայ, որ անդին զուարթութեամբ լեցուն՝ իր հեռաւոր զաւկին համար, եւ որուն մահուան լուրը պիտի տային հաւանօրէն։

Ահաւոր, ապշեցնող յայտնութիւն մը եղաւ Սուրէնի այս հարցումը իրեն համար։ Ո՛չ, անկարելի էր տարակուսիլ. Սահակեան նոյն զգացումներէն դրդուած չէր որ ըրած էր այդ հարցումը. անոր պղտոր անկայուն նայուածքով աչքերը՝ այդ բարաին տնկուած էին, այդ ողորմելի բարաին որ անկարող պիտի ըլլար խեղճ հիւանդին հոգեվարքն իսկ ամոքելու, նոր գրգռութիւն մը աւելցնելով անոր ջղային տագնապներուն մէջ. անբացատրելի նողկանք մը ու միեւնոյն ատեն գթութիւն զգաց Սուրէնին համար եւ այս անգամ առատօրէն իր աչքերը լեցուեցան արցունքով։

Օ՜հ բարերար արցունքները, տարիներէ ի վեր տղայութենէն ի վեր, չէր լացած այսպէս, սրտանց, հեծկլտալով. այդպէս դուրս ելաւ սենեակէն ու երկար ատեն չկրցին ամոքել զինքը ու իր հեկեկալը մտիկ ըրին, իր տղու պէս հեկեկալը՝ մարդկային ու ճշմարիտ արցունքներով որոնք կ՚իջնային այդ ծամածռած երեսն ի վար.

- Տաճատ խենթ ես ի՛նչ ես, գլուխնիս կորսնցնելու ատենը չէ հիմա։

Այս անսովոր ու անակնկալ դժբաղդութիւնը ամէնքն ալ միացուցած ու եղբայրացուցած էր այդ միջոցին։

Հոն էին նաեւ Անտօն Եարաեան, Պալըքճեան եւ Վահէ Սապահեան, ամենքն ալ վայրկեան մը զբաղած Տաճատով՝ ուշադրութիւննին կրկին դարձուցին տօքթէօռ Քօլօլեանին։

- Դժբաղդաբար, եզրակացուց համակրելի բժիշկը, այլեւս բան մը չէ կարելի ընել. քիչ մը ժամանակի, թերեւս քանի մը ժամու խնդիր է իր կեանքը… մեր բոլոր պարտականութիւնը կը կայանայ իր վերջին մէկ քանի րոպէները կարելի եղածին չափ ամոքելու եւ մանաւանդ իրեն մոռցնելու թէ մահամերձ է… թոքախտաւորները յաճախ սքանչելի պատրանքներ կ՚ունենան իրենց վերջի ժամերուն. ջանացէք որ իւր չարչրկուած երեւակայութիւնը դէպի գեղեցիկ երազները դառնայ…

Բարսեղ ջերմեռանդութեամբ մտիկ կ՚ընէր, ձեռքերը միացուցած կուրծքին վրայ. Տաճատ ինքզինքը գտած էր բոլորովին եւ կը պատրաստուէր արդէն իր ուշադրութիւնը սրելու եւ հիւանդին վրայ նայելու հետաքրքիր արուեստագէտի պաղարիւնութիւնով. Պալըքճեան կը բացատրէր արդէն թէ չափազանց զբաղուած՝ երկար ատեն չպիտի կրնար կենալ եւ Անտօն իր երկայն սրունքներուն վրայ թառած իր գէշ թռչունի չարագուշակ դիմաստուերը կը ցցէր անարտայայտ դէմքով, միայն սովորականէն աւելի տժգունած. նոյն միջոցին Սահակեան դուրս ելաւ իր կարգին։

- Ես, կ՚երթամ, ահա, ըսաւ ամենուն վրայ իր նայուածքը դանդաղօրէն պտտցնելէ ետքը. իրեն ընկերացաւ Քօլօլեան խոստանալով քիչ ատենէն վերադառնալ. Պալըքճեան եւ Վահէ թողուցին որ մեկնի ու իրենք ալ կը պատրաստուէին մեկնելու երբ Լուիզին աղաղակը զիրենք ցնցեց. ամենքն ալ սենեակ խուժեցին։

Փրփուրոտ արիւնի ահագին արատ մը կը լճանար հիւանդին անկողնին վրայ ու դեռ անիկա կը փոխէր անօրինակ ցնցումներով գրեթէ անձայն. թանձր ու լպրծուն արիւնը դեռ շատ կարմիր կը կախուէր շրթներէն վար ու երբեմն կը ժայթքէր անհաւատալի առատութիւնով մը ռնգունքէն ու բերնէն միանգամայն, ու հիւանդին աչքերը զարմացած ու սարսափահար կը դառնային իրենց, օգնութիւն հայցելով ու կարծես ահաւոր բան մը ըսել ուզելով. անտարակուսելի էր թէ ներքին անօրինակ զգայնութիւն մը զինքը ցաւագինօրէն կը զարմացնէր, բոլոր երեւակայուած ու արդէն կրուած ցաւերէն տարբեր բան մը ըլլալու էր ասիկա, մինչ իր ճակատը արդէն, շագանակագոյն, քրտնաթոր մազերու ներքեւէն, մեռելի գոյն կ՚ստանար։

Ամէնքն ալ հոն կեցած կը նայէին առանց մօտիկնալու իրեն, անսահմանելի ու դժնդակ լռութիւն մը կար սենեակին մէջ որու միջոցին միմիայն փոխուած ատենին, խղդուկ եւ պզտիկ աղմուկը կը լսուէր ցնցումներու հետ. ու Մանուկ փոխն ի փոխ իր ընկերներուն աչքերուն մէջ կը տեսնէր արդէն ճակատագրական եւ անդառնալի վճիռը ու աչքերը ալ աւելի զարմացկոտ արհաւիրք մը կ՚ստանային։ Ոչ ոք խորհեցաւ երթալ վազել ու Քօլօլեանը կանչել, ոչ ոք խորհեցաւ իրեն մօտենալ իր օրօրուն գլուխը բռնել, կռնակը հանգչեցնել բարձի մը… մինչեւ որ անակնկալօրէն կանացի դիմաստուեր մը երեւցաւ. կարծես զայն չի ճանչցան, այնքան այլափոխուած էր Սօֆի, նուիրական պարտականութեան մը գիտակցութիւնովը ու իր կապոյտ պայծառ աչքերը տաքցած էին գթութեամբ, գորովով. անիկա, վայելուչ, գեղեցիկ ու գրեթէ պատկառելի մօտիկցաւ հիւանդին, գործին վարժ մէկու մը ճարպիկութեամբ ու հանդարտութեամբ հիւանդը ուսերէն մեղմօրէն բռնելով բարձրացուց, հանգչեցուց բարձին մօտ ու յստակ ձայնով մը հարկ եղած հրամանները տուաւ որպէս զի արիւնով պղծուած անկողինը մաքրուի անմիջապէս։

Սօֆի Կաժէվսքիի երեւումը եւ իր ընթացքը մեծ քաջութիւն ներշնչեց ամենուն. հիացումով կը նայէին իրեն ու իրեն կը հնազանդէին տղու պէս. կարծես ամենուն վրայէն պատասխանատուութեան բեռը առած էր անիկա ու իրեն ցրուած տրամադրութիւններուն մէջ կարգ ու կանոն կը դնէր։

Այսպէս կրցան որոշել որ Տաճատ եւ Բարսեղ մեկնին՝ կարենալ հանգչելու համար, թէեւ Բարսեղ կը պնդէր թէ ստիպուած էր académie երթալ. հիւանդին քով մնացին Լուիզ եւ Սօֆի, Վահէ եւ Անտօն մինչ Պալըքճեան կը մեկնէր։

Քանի մը ժամ շարունակ գրեթէ մեռելական քունի մը մէջ թաղուած մնաց Մանուկ. նոյն իսկ կարծեցին թէ այլեւս չպիտի արթննար. իրիկուան դէմ բացաւ սակայն աչքերը եւ յայտնի բարւոքում մը զգաց, ելաւ նստեցաւ անկողնին մէջ միշտ կռնակը կրթնցուցած եւ մեղմօրէն սկսաւ նայիլ իր բարեկամներուն՝ հանդարտ եւ անոխակալ նայուածքով մը։ Ատենէ մը ի վեր այսպէս տեսած չէին զինքը ու ամենքն ալ սիրտ առին։ Լուիզ յիմար զուարթութիւն մը կ՚զգար ու դեռ արցունքոտ աչքերով կը ժպտէր Մանուկին. միջոց մը Վահէ եւ Անտօն սկսան խօսիլ այլեւայլ գրական նիւթերու վրայ ու Մանուկ կը հետեւէր իրենց խօսակցութեան. երբեմն կը ժպտէր նոյն իսկ, յոգնած ժպիտով մը որ մինչեւ ցարդ անծանօթ ծամածռութիւն մը կուտար իր վտիտ դէմքին, աչքերը սակայն միշտ մթին տխրութիւն մը ունէին տենդէն չափազանց գեղեցկացած խիտ թարթիչներուն ետեւէն որոնց շուքը աւելի սեւ կ՚երեւար իր տժգոյն դէմքին վրայ. այտերուն ոսկորներն ալ շատ ցցուած կ՚երեւէին եւ շառագունած անհանգստող կարմրութիւնով մը որոնց տենդագին ուժգնութիւնը կը համապատասխանէր իր նայուածքին թաղծութեան։

Կամաց կամաց ուզեց ինքն ալ խօսիլ եւ ի՛նչ գորովագին եւ երջանիկ պահ մը եղաւ ասիկա իրեն համար. յանկարծ մեծ վստահութեամբ մը ու լաւատեսութիւնով մը լեցուած զգաց ինքզինքը ու ծրագիրներ պարզեց ապագային համար։

- Կէտիկ Փաշայի մէջ ընդարձակ հող մըն էր մեր ունեցածը… երեք հարիւր ոսկիի ծախուեր է, մայրս պահեր է հարիւր ոսկին ինքզինքին համար։ Չէ՛, իրաւ որ ճիշտ պիտի չըլլար այսպէս ըսել… անիկա պահեր է դարձեալ ինծի համար որպէս զի օր մը երբ վերադառնամ… գործի սկսելէ առաջ նեղութիւն չկրեմ… գիտէ թէ որքա՜ն փափուկ է առողջութիւնս, մայրիկս շա՜տ բան քաշած է տղայութեանս…։

Պահ մը լուռ մնաց, աչքերը հեռուն սեւեռած ու գլուխը հակած մէկ կողմին, իբր թէ զգար մայրենի ուսին գաղջութիւնը իր գլխուն տակ… ու բոլոր այն հոգածութիւնները, այն խանդաղատանքը որուն մէջ մեծցեր էր ինքը եւ որուն անհունօրէն կարօտը ունեցեր էր իր պանդխտութեան օրերուն մէջ, կարծես բոլոր այդ գորովագին եւ ջերմ խնամքներուն գումարը զինքը կը պարուրէր այս միջոցին տեսակ մը ապահովութիւն ու ինքնալքման անսահման հեշտանքը տալով։

- Մայրի՜կս… մայրի՜կս… երկու հարիւր ոսկին ղրկեր է ինծի ըսելով ո՛ր… կեցէք նամակը գտնեմ, բարձիս տակն է…

- Մի՛ , մի՛ շարժիր Մանուկ։

- Օ՜հ, արդէն փոյթ չէ, միտքս պահած եմ մայրիկիս գրածները… ըսեր է որ շատ զրկուեցար, շատ տանջուեցար սիրելի զաւակս… ալ քիչ մը նոյն իսկ շռայլութիւն ըրէ, զուարճացի՛ր, կարօտդ ա՛ռ զրկուած հաճոյքներէդ եւ այնպէս սկսէ՛ աշխատիլ ու վերադարձիր իմ մօտս շուտով…

Բայց ես, կը հասկնա՞ք ընկերներ, փափաք չունիմ զուարճանալու… շատոնց է որ այդ սովորութիւնը կորսնցուցեր եմ… միայն թէ կարգ մը խնդիրներ կան կարգադրելիք… պարտքեր… ու յետոյ պիտի աշխատիմ, աշխատիմ… մեզի ամիսը հարիւր ֆրանքը կը բաւէ… չէ՞ Լուիզ…

- Անտարակոյս, սիրելի՛ս…

- Լուիզ անձնուէր ու բարի է… ու իմ ցաւի ու տագնապի օրերս բաժնած է ինծի հետ… վա՜յ սատանայ… խնդիրը հոն է որ ես կ՚ուզեմ Լուիզը հետս տանիլ, յետոյ իրեն հետ ընտանիք կազմել… բայց մայրիկս…

Մեծ մտահոգութիւն մը երեւցաւ իր լուրջ դէմքին վրայ։

- Մայրիկս… չեմ գիտեր թէ պիտի ուզէ՞, ահա խնդիրը…

Երկայն ատեն մնաց մտատանջ, ակռաները սեղմած եւ աչքերը անձկութեամբ լեցուն։

- Բայց վա՜յ սատանայ… մինչեւ այն ատեն ժամանակ ունինք… նախ պէտք է առողջանամ… մեծ խնամք պիտի տանիմ ինքզինքիս… սա հազս, յետոյ… գիտէք ընկերներ, երկու տարի առաջ արդէն անգամ մըն ալ այսպէս արիւն փսխած եմ… յետոյ ասկէ մէկ քանի ամիս առաջ ալ, բայց այդ ոչինչ բան է… ինծի նոյն իսկ աղէկ կու գայ, դիտած եմ…

Ինծի ըսին որ շատ ուտեմ, ու ես կրցածիս չափ չունէի ուտելիք… ահռելի բան է անօթի մնալը… հիմակ որ երկու հարիւր ոսկի ունիմ բարձիս տակ, խնդալով կը մտածեմ այդ բանին վրայ. սկիզբները կը զուարճանայի, բայց ոչ վերջերը. ձեզի կ՚ապահովցնեմ… օրեր եղան ընկերնե՛ր, որ աղիքներուս գալարուիլը զգացի, ներսէս ինքզինքս կ՚ուտէի կարծես, ճշմարիտը կ՚ըսեմ, ինքզինքս կ՚ուտէի… ու կը զգայի որ կը հատնիմ կոր… բայց այս ալ իր աղէկ կողմերը ունի… գրաւ կը դնեմ որ ոչ ոք ձեզմէ կարող է ինծի չափ անօթի մնալ…

Մանուկ հետզհետէ աւելի ոգեւորուած սկսաւ նոյն իսկ զուարթանալ…։

- Ըսէ՛ք նայիմ, քանի՞ ժամ անօթի կրնաք մնալ։

Հա՛, կը տատամսիք, որովհետեւ փորձը չէք ըրած, ես, կը տեսնէ՞ք, այսքան տկար ու նիհար կ՚երեւամ բայց ներքնապէս շատ դիմացկուն եմ… ես 12 ժամ կը դիմանամ առանց ո եւ է նեղութեան, յետոյ անօթութիւնը կ՚անցնի ու տեսակ մը ծարաւ կը յաջորդէ անոր. եթէ ջուր խմեմ ումպ ումպ քնացնելու համար ախորժակս եւ մարելու համար տեսակ մը ներքին տենդ, որ փորէդ կ՚սկսի եւ մինչեւ կոկորդդ կը բարձրանայ, կրնամ տոկալ մինչեւ 24 ժամ… յետոյ ինչ որ անտանելի է… գլխու պտոյտ եւ ականջներու մէջ բզզիւն, ամէն բան կը դղրդի շուրջդ… ոչ թէ գինովներուն պէս որոնց համար ամէն բան կը դառնայ շուրջերնին… այլ ասիկա տարբեր բան է, ամենէն հաստատուն իրերը կարծես կը խախտին ու դողդոջուն բան մը կ՚առնեն, որոնց հետ դուն ալ կ՚սկսիս դողդղալ քու բոլոր մկանունքներովդ… նեարդներովդ… նայուածքդ կը դողդղայ… ձայնդ կը դողդղայ… սրունքներդ կը թոյլնան ու կը դողդղան. մատներդ չեն բռներ ու շարժումներդ չեն համապատասխաներ կամքիդ … ահռելի բան է կ՚ըսեմ… երբ այսպէս անօթութենէ կատաղի, թուքդ չորցած որուն տեղ բերնիդ մէջ տարտամ արիւնի համ կ՚զգաս, երբ այսպէս դուռնէ դուռ կ՚իյնաս, ընկերներդ կը փնտռես, որոնք ամենքն ալ, վա՜յ սատանայ, վեցերորդ յարկերը կը բնակին, ու երբ բաղդը ունենաս պատառ մը բան գտնալու ուտելու համար… դարձեալ բաղդաւոր ես…

Դարձեալ բաղդաւոր ես կ՚ըսեմ… ընկերնե՛ր, որովհետեւ… երբեմն անսիրտ, չար, անողոք եւ դիւային ընկերներ ալ կան… Ա՜հ ի՞նչ դիւրին բան է չհաւատալ, բայց ես անձամբ փորձառութիւնը ունեցած եմ… ա՛հ չէք ուզեր հաւատալ ինծի… բայց ես ի՞նչ պէտք ունիմ ստելու, խաբելու… Չէ՛, չէ՛ շատ բանի ստիպուած, հարկադրուած զգացած եմ ինքզինքս, լալու փափաքէս խղդուող ձայնով խնդացած եմ քանի՛ անգամներ, ձեզի, ընկերներ, ձեզի զարմացնելու համար… բայց…

Մէկէն ջղագրգռուած ելաւ ցցուեցաւ անկողնին մէջ, Սօֆի եւ Լուիզ մօտը եկան զինքը հանդարտեցնելու…բայց նոյն միջոցին իսկ դուռը զարնուեցաւ եւ Սուրէն Սահակեանի թուխ դէմքը երեւցաւ կիսաբաց դռնէն…

- Հա՛, ահաւասիկ աղէկ որ եկար… եկուր հոս կ՚ըսեմ իմ մօտս ու մտիկ ըրէ ինծի. Մանուկ սրտմտած գլուխը կը շարժէր ու կ՚ուզէր շատ մը բան մէկէն ըսել, այլափոխուած էր այդ միջոցին եւ կատարեալ յիմարի երեւոյթ առած, - Մանկիկը մեռած է այլ եւս… անիկա թաղեցինք… հի՛մակ ուրիշ մարդ մը կայ ձեր դէմը… կը հասկնա՞ս Սուրէն… այս ընկերները չեն ուզեր իմ խօսքերուս հաւատալ, իրարու երես կը նային ու ինծի չեն նայիր… զգալու համար ճշմարտութիւնը… այդքան տաժանելի բա՞ն է ուրեմն ճշմարտութեան ճակատ դարձնել, կը յիշեմ օր մը այսպէս անօթութենէ սպառած վիճակի մէջ հասայ քու քովդ… այդ ի՞նչ է Մանկիկ ըսիր, ոտքերդ Գամպէրին ձիուն ոտքերուն կը նմանին… ա՜հ, բայց դուք չէք գիտեր Գամպէրին պատմութիւնը… խեղճ անտէր յիմար մըն էր անիկա Սկիւտար, կառապանի աշկերտ մը, ախոռը կը բնակէր…

Այն տարին մենք եւ Սուրենենք Սկիւտար օդափոխութեան գացեր էինք… երկուքս ալ տղայ էինք, կուկուճ կը խաղայինք փողոցը… Գամպէր ձիու մէրագ ունէր բայց խեղճը ուրկէ՞ պիտի կրնար գնել… երբեմն սակայն անիկա յաղթական կ՚իջնար Աճի-պատէմէն վար, ձիու մը սանձէն բռնած… ծօ՛, ատ ի՞նչ է Գամպէր, կ՚ըսէինք։ «Չէք տեսնար կոր, պէկիր է… աս առտու առի ձիերը, խեղճ հոգեվարք ձիեր, ներս քաշուած կողերով, դժուարաւ, քսքսուելով կ՚իջնային քարոտ ճամբուն վրայէն եւ ոտքերնին դողդողալով իրարու մէջ կ՚անցնէին… որովհետեւ բոլոր կառապանները եւ ձիապանները գիտնալով Գամպէրին մէրագը իրենց մահամերձ կենդանիները կը ծախէին անոր, մէկ քանի ղրուշի, մեռնելէն ետքը դարձնելու պայմանաւ…։

Մանուկ երկայն հառաչագին շունչ մը առաւ, քրտինքի կաթիլներ կ՚երեւային քունքերուն վրայ եւ աչքերը գոցած կը հեւար, իր յոգնատանջ մտքին մէջ կ՚երկարէր նոյն պահուն Աճի-պատէմի քարոտ ճամբան արեւով ողողուած եւ մէկ կողմէն եզերուած գերեզմաննոցով որուն սեւ նոճիներուն համաչափ օրօրումը կ՚զգար կարծես իր արիւնին զարկին մէջ, նախ տեսակ մը շփոթ տպաւորութիւն էր ասիկա բայց հետզհետէ պատկերը պայծառացաւ, կենդանութիւն առաւ, ամենափոքր մանրամասնութիւններ կը յիշէր, ախոռի մը դուռը, քովը պզտիկ սրճարան մը, դրանը առաջք աթոռակներով… արեւին դարձած փայտաշէն տուները ճերմակ վարագոյրներով, որոնց ընդմէջէն իրեն ընտանի գլուխներ կը ճանչնար… ու Գամպէրը, ահաւասիկ, խեղճ յիմարը, ահագին գլուխով, վտիտ վիզով եւ անկար սրունքներով որ խորդացող եւ ողորմելի կենդանի մը քաշքշելով կ՚իջնար զառիվարէն գոհունակ ժպիտով, երջանի՜կ… Միջոց մը իր պատրանքը այնքան ուժգին եղաւ որ իր տենդահար հիւանդին շփոթ մտքին անգիտակցութեամբ բարակցած քիթը ցցեց ու պզտիկ տղու չարաճճի խնդուածքով գոչեց.

- Ծօ՛, ատ ի՞նչ է Գամպէր…

Վահէ վախնալով այս զառանցանքէն, ուզեց հիւանդին մտքին տրամադրութիւնները փոխել։

- Մանուկ, մի՛ խորհիր այդ բաներուն վրայ, միտքդ ու սիրտդ հանդարտ պահէ, մանաւանդ թէ մի՛ խօսիր այդքան արագութեամբ, տես ինչ վիճակի մէջ ինկար…

Անիկա չէր լսեր ու կը խնդար.

- Ասիկա ալ ձի՞ է, Գամպէր… կաշին ոսկորը մնացեր է…

Լուիզ որ ատենէ մը ի վեր կը հետեւէր Մանուկին շարժումներուն առանց ըսածներէն բառ մը հասկնալու, սկսաւ անձկութեան մէջ մտնալ։

- Ինչ զառանցանքի ու արհաւիրքի ժամեր, կը գոչէր Անտօն առանց փոյթ ընելու որ հիւանդը կրնար լսել։

Սուրէն՝ իր կարգին շփոթած և կարծես զգալով Մանուկին քիչ մը առաջուան սրամտութեան պատճառը, արդէն զղջացած կը թուէր գալուն, եւ մինչ Սօֆի գաւաթ մը գաղջ կաթ կը դնէր հիւանդին շրթունքներուն, յանկարծ անիկա փոթորիկի պէս պոռթկաց, հրեց բաժակը որուն կէսը գրեթէ թափուեցաւ կուրծքն ի վար եւ ինքզինքէն ելած, աչքերը կոպիճներէն դուրս, սկսաւ գոչել…

-Ապսէ՛նթ… ախորժաբեր ըմպելիքը… քանի անգամ հրամցուցեր ես ինծի Սուրէն… երբ գիտէիր թէ ժամերէ ի վեր բան մը դրած չէի բերանս… ես անշշուկ կուլ տուած եմ խորհելով, յուսալով որ ինծի ընթրիքի պիտի հրաւիրես ու յոյսս դերեւ ելած է… քանի՜ անգամ… այս անգամ… mon vieux… չեմ կրնար կոր քու ապսէնթդ կլլել…

Հակառակ զինքը զսպելու ըրած ջանքերուն, անիկա գրեթէ անկողնէն դուրս նետուեցաւ ու պարապին մէջ բան մը կը փնտռէր, կարծես Սուրէնը կը փնտռէր… հոգեվարքի կամ գինովի տարտամ շարժումներով… յետոյ ձայնը լալագին քաղցրութիւն մը առաւ իբր թէ ինքզինքին վրայ խղճար… իր այն օրուան ցաւագին եւ սովատանջ անձին վրայ… իբր թէ զայն որոշ տեսնար իր դէմը… իր աչքերուն առաջք…

- Սրունքներս կը դողդոչէին, աչքերս կը դառնար… կանանչ, դեղին կը տեսնէի ամեն բան, ինծի կը թուէր որ գետինը կամաց կամաց վեր կ՚ելլայ, եւ յետոյ յանկարծ կը դառնայ կոր ինքզինքին վրայ, բերանս այնքան չորցած էր որ լեզուս քիմքիս կը փակէր… Սուրէ՛ն, ըսի, … այսօր ահռելի վիճակի մէջ եմ… ինծի ֆրանք մը տուր պիֆթէք մը ուտեմ… ակռաներս կակուղցեր էին լինտերուս մէջ ու ծամելու վարժութիւննին կորսնցուցած… բայց ես կարմիր արիւնոտ միս մը խածնելու պէտքը կ՚զգայի, բիբերուդ մէջը նայեցայ Սուրէն, կոճակէդ բռնեցի, քեզի ցնցեցի… հասկցայ որ դրամ ունէիր այն օրը, շրթունքներէդ հասկցայ, դէմքիդ գոյնէն հասկցայ, խնդուածքէդ հասկցայ… եկո՛ւ Մանկիկ, ապսէնթ մը խմէ պատասխանեցի՛ր, քովդ նստեցայ խելոքիկ, սմքած… ինքզինքս կորսնցուցած… Օ՛հ, գարշելի՜ հեղուկը… Սուրէն, ի՞նչպէս այն օրը ինծի խմցուցիր այդ բանը, գիտէիր սակայն որ չէի կրնար, բայց դէմքիս ծամածռութիւնները կը տեսնէիր ու կը զուարճանայիր… ումպ մըն ալ… ակռաներս սեղմեցի, ումպ մըն ալ խմեցի, գաւաթը պարպուած էր… ներսս կը փառատուէ՛ր, ան միջոցին Սուրէն, դուն ի՞նչ գիտէիր, ինչպէ՜ս կը յուսայիր այդ բանը Մանկիկէն, խեղճ երեսի վրայ ձգուած Մանկիկէն, այդ միջոցին կ՚ըսեմ, չեմ գիտեր ինչ գազան մը արթնցաւ մէջս, ակռաներս լինտերուս մէջ հաստատուեցան, սուրցան կարծես… օձիքիդ մէջէն ճերմակ պարարտ վիզդ կը տեսնէի, արիւնդ կը տեսնէի մորթիդ տակ… Սուրէ՜ն… դուն ան միջոցին կը խնդայիր… շրթունքդ ապսէնթին մէջ թաց եւ կարմիր՝ չեմ գիտեր ինչ ըրաւ իմ մէջս… ոտքի ելայ դողդոչելով, աչքերս մոլորուն ու… ա՜հ Սուրէն… եթէ գիտնայիր, եթէ գիտնայի՛ր… մազերդ տեսայ որ սեւ շուքի մը պէս կը փախչէին աչքերուս առաջքէն, ուզեցի բռնել, քեզի կառչիլ, եւ ահաւասիկ, ողորմելիօրէն գետին ինկայ եւ փսխեցի, բոլոր խմածս փսխեցի ու ժամերէ ի վեր պարապ ստամոքսիս մէջ հաւաքուած մաղձս փսխեցի ու ամեն բան նսեմացաւ, մթնցաւ աչքիս։ Ան իրիկունը, Սուրէ՛ն… միտքդ բե՛ր, երկու սու տուիր վերջապէս… Գամպէրին ձիուն պէս քաշքշուելով ոտքերս իրարու մէջ անցնելով գացի, երկար ատեն, չեմ գիտեր որչափ ատեն… յետոյ կրկին անօթութիւնը արթնցաւ մէջս ու ապսէնթի նողկանքը մոռնալու համար քու երկու սուովդ բօմ ֆրիթ գնեցի… կզակներս կը դողային, իրենց սովորական շարժումը չէին գտնար… քայլ մը առած չէի, անոնք ալ փսխեցի… բա՛ն մը, բա՛ն մը չէ մնացած ձեր տեսածներէն իմ մէջս։ Ամէն բան փսխած եմ այսպէս, նողկանքով… գարշելի, անմարսելի բան է ողորմութիւնը… ու դեռ ինչ որ տուած էք ինծի պիտի դարձնեմ… պիտի … մայրիկս… գրեր է… ահաւասիկ նամակը… երկու հարիւր ոսկի, վա՜յ սատանայ… կարծես թէ իրաւ չըլլար… այնքան աղւոր բան է…»

Ի զուր կը ջանային զինքը պառկեցնել, զինքը հանդարտեցնել… Սուրէն հիւանդին չափ տժգոյն պատին կռթնած չէր շարժեր։

Սօֆի թէեւ չէր հասկնար Մանուկին խօսքերը բայց կարծես թէ կ՚ըմբռնէր անոնց նշանակութիւնը… թաղծալից տխրութիւնով մը կը նայէր Սուրէնին ու կը ջանար ամոքել հիւանդը, դգալ մը դեղ տալ ու հանդարտեցնել անոր գրգռուած ջիղերը։ Բայց անիկա չէր ուզեր, գլուխը կը տատանէր ուժգնութեամբ, կը թքնէր դեղը, կը գոչէր, կը խնդար ու կուլար գրեթէ միեւնոյն ատեն, այնպիսի արագութիւնով մը որ թէ տեսակ մը զարմացում եւ թէ վախ կը պատճառէր։

Այս տագնապները տեւեցին բաւական ատեն, կարճ ընդմիջումներով, երբեմն անիկա յանկարծ կը դադրէր խօսելէ ու կը հազար հեւքոտ, սիրտը բաբախուն որուն ուժգին հարուածները կը տեսնուէին շապիկին վրայէն։

Երբ Բարսեղ ու Տաճատ վերադարձան, հիւանդը գտան նոյն գրգռեալ վիճակին մէջ, իրեն պատահած անհամար դէպքերը կը պատմէր անհաւատալի մանրամասնութիւններով, իբր թէ զանոնք վերստին զգալու առիթն ունենար նոյն ուժգնութեամբ ու իր ընկերներէն ամէնքն ալ փոխն ի փոխ կարմրելու պատճառներ կը գտնէին իր խօսքերուն մէջ։ Ու յետոյ այդ տառապագին կեանքին մերկացումը զիրենք կ՚ապշեցնէր, ցաւագինօրէն կը տանջէր։ Ամենքն ալ այդ միջոցին պատրաստ էին ապահովաբար ամենէն մեծ զոհողութիւնները ընելով, մոռցնել տալ իրեն մահամերձ ընկերոջ, բոլոր այդ մարտիրոսութիւնը. հետզհետէ այդ թշուառ ընկերը, այդ զրկուած ու տառապած ընկերը, իրենց աչքին մեծ համեմատութիւններ կ՚առնէր… անիկա կարծես ամբողջ հայ աղքատ ուսանողութիւնն էր, թշուառութեան մահիճին վրայ, անտեսուած, չհասկցուած, տառապագին։

- Ամէնքդ ալ, ամէնքդ ալ բաժին ունեցած էք իմ տառապանքիս մէջ, ամէնքդ ալ սիրտս ծակած էք, սիրտս արիւնած էք… յանկարծ ձայնը անսովոր եւ հանդարտ հանդիսաւորութիւն մը առաւ… կ՚ըսեն թէ, ըսաւ, հիւանդներուն վերջին կամքը կը կատարուի… անիծուա՛ծ ըլլաք։

Սահմռկած ամէնքն ալ ընկրկեցան Մանուկի անկողինէն իբր թէ իր ճերմկած շրթունքներէն ելած անէծքը ծածանէր, եւ չարաբաստիկ ազդեցութիւն մը ունենար։ Մինակ Բարսեղ՝ անհուն գթութեամբ ու բարութեամբ աւելի մօտիկցաւ հիւանդին, ձեռքը անոր հրակէզ ճակտին վրայ եւ ողոքող խօսքերով օրօրեց զայն. քանիցս արդէն գտնուած էր անտէր ու դժբաղդ մահամերձներու քով ու քանիցս արդէն անոնց թոթովող շրթներէն լսած էր այդ գերագոյն եւ ոխակալ աղաղակը, ու երբէք չէր հասկցած թէ այդ անէծքը գերագրգռուած երեւակայութի՞ւն մը, թէ տեսակ մը պայծառատեսութեան արդիւնք էր։

Երեք օր անցեր էր այս դէպքերէն ետքը, եւ Մանուկ բոլոր այդ միջոցին փոխն ի փոխ հոգեվարքի տագնապներէն եւ երկարատեւ թմրութիւններու մէջ տարուբերեր էր. իր ընկերները նախ վարժուած եւ յետոյ յոգնած էին այդ դրութենէն ու զարմանալի անհամբերութիւն մը յառաջ եկած էր իրենց մէջ. միւս կողմանէ երկարատեւ սպասման ժամերը անտանելի դառնալով հաւաքուած կը մնային եւ կը խօսակցէին իրենց ընտանի նիւթերու վրայ. այս առթիւ առժամապէս վարձեր էին նոյն յարկին վրայ գտնուող պարապ սենեակ մը եւ հոն կը մնային ժամերով մինչ իրենցմէ մէկը կը հսկէր հիւանդին քով։ Երբեմն, երբ Մանուկին սենեակին դուռը կը բացուէր, անոր զառանցանքները կը լսէին ու ամենքը մէկանց կը լռէին, ուշադիր, ինքնամփոփ ու երկչոտած։

Կիրակի առաւօտ էր. սաստիկ ցուրտ կար այն օրը. առանց կարասիի սենեակը՝ մռայլ եւ պաղ էր։ Սուրէն եւ Բարսեղ կզկտած նստած էին, մէկը աթոռի մը վրայ, միւսը սնտուկի մը եզերքը։ Սուրէն անդադար կը ծխէր եւ երբեմն թմրած սրունքները կ՚երկնցնէր ու վայրկեան մը վարանելէ ետքը ոտքի կ՚ելնար ու կը տատանէր, նայուածքը միշտ տարտամ, դժգոհ ու տժգունած ցուրտէն, դուռը բացուեցաւ եւ Պալըգճեան երեւցաւ։

- Ես պիտի սատակեցնեմ այն շան որդիին… գոչեց յանկարծ ու աչքերը մոլորուն, թեւերը կարկամած, կզակը պինդ սեղմած եկաւ կանգնեցաւ սրահին մէջ։ Բարսեղ եւ Սուրէն նախ ուշադրութիւն չըրին այս թատերական մուտքին, բայց որովհետեւ Պալըգճեան կը շարունակէր մռնչել, Սուրէն ակռաներուն մէջէն ըսաւ.

- Հերի՛ք, ծօ՛, հերիք հաջես…

- Ես ասում եմ…

Բարսեղ յուսահատած դէպ իրեն դարձաւ, եւ այդ յուսահատութեան տեղի կար, երբէք չէին հասկցած ինչո՞ւ, ամէն անգամ որ Պալըքճեան կատղած ըլլար կամ հանդիսաւոր բան մը ունենար ըսելիք, ռուսահայ բարբառով կը խօսէր եւ անգամ մը որ սկսէր, կարելի չէր իր զրաբանութիւններուն առաջքը առնել. այս ստիպողական հարկէն դրդուած երկու ընկերները թօթափեցին իրենց թմրութիւնը եւ Պալըքճեանին ձայնը գոցեցին.

- Ամօթ է, եղբայր, ամօթ է, քովի սենեակը հոգեվարք մը կայ։

Վերջապէս Պալըքճեան ստիպուեցաւ լռել. ժամը տասնին ատենները Տաճատ եկաւ, լաւ հագուած, ինքզինքը գտած եւ բարոյապէս շատ լաւ տրամադրութեան մէջ. ձեռքը նոր հասած նամակներ կային եւ հակառակ Սուրէնին անձկալի նայուածքներուն՝ զանոնք կարդաց իր ընկերներուն, միշտ անծանօթ գրասէրներու ներբողականներ էին անոնք եւ Տաճատ իր հանճարեղ ճակատը ցցելով եւ ձայնը խեղդուկ յուզումէն՝ կ՚ըսէր.


- Հետզհետէ կ՚ըմբռնեմ կոր իմ կացութեանս մեծութիւնը, ես դեր մը ունիմ կատարելիք մեր մտաւորականութեան մէջ։


Յետոյ առանց այլ եւ այլի, աչք մը նետեց Պօլսէն եկած գրական հանդէսներու վրայ… արհամարհանքով գետին ձգեց զանոնք եւ մրմնջեց.


- Մարդ չկայ, եղբայր, մէկը չկայ, մեղք տպագրութեան համար եղած ծախքին, մեղք թուղթին… բոլոր ասոնք մէկ բանի մը կը ծառայեն, քիչ մը բոց հայթայթելու. ու ոտքովը զանոնք դէպ ի վառարանը հրեց. այս գաղափարը ժպտեցաւ ամենուն, եւ դեռ ուրիշ դիզուած թուղթեր հաւաքելով սկսան վառել, Պալըքճեան նոյն միջոցին անկիւն մը կռթնած, ահաբեկած աչքերով իբր թէ տեսիլք մը ունենար կը գոչէր մեքենաբար.

- Այն շա՜ն որդիին որ դուք բանաստեղծ էք կոչում…

- Բարսեղ, Սուրէն եւ Տաճատ մօտիկցան բոցերուն եւ առանց ուշադրութիւն ընելու Պալըքճեանին, ջանացին տաքնալ։

Երբեմն, երբեմն Մանուկին ձայնը հեռուէն կու գար խառնուիլ Պալըքճեանի բանդագուշանքներուն։

- Մայրիկս… մայրիկս…

Երբ կէս օրին Անտօն՝ հիւանդին քովէն իրենց սենեակը եկաւ, դէմքը սաւանի մը պէս ճերմկած էր, անկապակից բառեր ըսաւ որոնցմէ բան մը չհասկցան եւ Բարսեղ անմիջապէս հիւանդին քով վազեց եւ քանի մը վայրկեանէն վերադարձաւ։

- Ընկերնե՛ր, ըսաւ դողդողացող ձայնով մը, այլ եւս այս անգամ ճշմարիտ հոգեվարքն է։ Ամէնքն ալ ոտքի ելան եւ Մանուկին քով գացին։

Անիկա լուռ եւ աչքերը կէս մը գոց երկնցած էր անկողնին մէջ, անդամները գրեթէ ձգտուած, կանանչորակ դեղնութիւն մը դիակնային բան մը կուտար իրեն. անիկա չէր քնացած բայց աչքերը այլ եւս չէին տեսնար եւ չճանչցաւ ընկերները, երբեմն կզակը կը բանար, մէկ քովին կը գալարէր բերանը՝ կիսատ յօրանջումի նմանող շարժումի մը մէջ եւ վերստին կ՚ստանար իր անշարժութիւնը. կարծեցին թէ Մանուկին վերջին վայրկեաններն էին ասոնք։ Լուիզ գետինը փռուած անկողնի մը վրայ կը քնանար. արթնցուցին զինքը ու ամենքը մէկ բոլորուած մնացին Մանուկին անկողնին շուրջ. տաժանելի վայրկեաններ եղան ասոնք իրենց համար, հիւանդին իւրաքանչիւր թեթեւ շնչաւորութեան կը կարծէին թէ վերջինն է… անձկութիւնը այնքան մեծ էր որ ոչ ոք կ՚արտասուէր, քառորդ ժամ մը անցաւ, յետոյ կէս ժամ… հետզհետէ իրենց լուռ եւ հանդիսաւոր սպասումը անհամբերութեան փոխուեցաւ, հիւանդին կուրծքին իւրաքանչիւր ելեւէջը յուսաբեկութիւն կը պատճառէր… դարձեա՜լ… ու իրարու երես կը նայէին հարցաքննող նայուածքով մը։ Մանուկ միշտ կը շնչէր, նոյն իսկ երբեմն իր մթնցած աչքերուն վրայէն կոպերը կը բարձրանային, հազիւ նշմարելի շարժումով մը որոնց տակէն սեւ բիբերը կարծես պաղած դուրս պիտի իյնային. այնքա՜ն պղտոր եւ անլոյս, լպրծուն նիւթի մը տպաւորութիւնը կ՚ընէին։

Երբեմն ալ դէմքի մկանունքներու մասնակի ձգտումներ տարտամ եւ վաղանցիկ արտայայտութիւններ կուտային իր դիմակին, ամենքն ալ ապշած կը դիտէին զինքը ու կը կարծէին թէ բան մը ըսել կ՚ուզէ երբ մանաւանդ չոր եւ անախորժ պզտիկ աղմուկով մը երբեմն երբեմն թուքը կլլելու ջանք մը կ՚ընէր։

Ժամ մը ետքը Մանուկ դեռ կը շնչէր. թէեւ այդ շնչառութիւնը սկսած էր խռպոտ դառնալ իբր թէ ելեւէջող հեղուկ մը ըլլար կուրծքին մէջ… կուրծքին մէջ… նախ Սուրէն յոգնած փախաւ. իր ետեւէն հասաւ՝ Տաճատ. կամաց կամաց ամէնքն ալ քաշուեցան ու կրկին քովի սենեակը գացին. մինակ Բարսեղ կ՚սպասէր հիւանդին քով Լուիզին հետ։

Կէս օրէ ետքը ժամը չորսին Մանուկ կը շնչէր դեռ. իր ընկերները քովի սենեակէն այլեւս մէկ լուրի մը կ՚սպասէին. ամէն անգամ որ հիւանդին քովէն մէկը կուգար, ամէնուն հարցաքննող նայուածքները կը սեւեռէին անոր վրայ եւ անփոփոխելի կերպով նոյն պատասխանը կ՚ստանային։

- Դեռ չէ՜ մեռած…

Այո՛, Մանուկ դեռ չէր մեռած եւ իր ընկերներուն անգիտակից անհամբերութիւնը անգութ, ահռելի բան մըն էր գրեթէ, բայց ալ ոչ ոքի մէջ հսկումէ եւ անքնութենէ վատուժցած, այս կարգի զգացում մը արթնցաւ. իրենց մէջ հետզհետէ պակսեր էր այն խանդաղատանքը որ սիրելի հոգեվարքի մը քանի մը վայրկեաններն իսկ նուիրական կը դարձնէ։ Իրիկուան ժամը վեցին տօքթէօռ Քօլօլեան եկաւ եւ հաստատեց հոգեվարքը։

Այն գիշերը ընկերները որոշեցին չցրուիլ եւ միասին անցընել իրենց մահամերձ ընկերոջ մօտ. միջոց մը հիւանդին տաժանելի շնչառութիւնը նուազեցաւ եւ կարծեցին թէ ալ վերջացած է. Տաճատ գնաց լուր առնելու։

- Դեռ չէ՜ մեռած, պատասխանեց վերադարձին։

Կոկորդին սեղմուած ու մեծ յուզումով մը լեցուած չկրցին ընթրել. բայց երբ ժամը 7ին Բարսեղ սպառած յոգնութենէ, իրենց մօտ եկաւ, ըսաւ գաւառացիի յիշատակներ միտքը բերելով.

- Բան մը կայ որ զինքը կը տանջէ կոր… հոգին չբաժնուիր կոր իրմէն։

Եւ սկսաւ կարգ մը նմանօրինակ պատմութիւններ ընել, թէ ինչպէս իր մօրեղբայրը որ առողջութեանը սովորութիւն ունէր տանը մօտ կնձնիի մը շուքին ներքեւ հանգչելու, մեռնելու մօտ կարօտը ունեցեր էր կնձնիին ու տանջուեր էր անով ժամերով։

- Պատուհանէն կը տեսնուէր կնձնիին մէկ մասը սաստիկ հով կար այն օրը, ճիւղերը կը տարուբերուէին. ամէն անգամ որ անոնք կ՚անհետանային իր աչքին առջեւէն, կը հանդարտէր ու հոգին տալու վրայ կ՚ըլլար. բայց ահա դարձեալ հովէն մղուած կնձիին ճիւղերը կ՚երեւային իրեն ու կը տանջուէր, կը տանջուէր։

- Է՛հ, ինչպէ՞ս վերջացաւ հարցուցին իրեն։

- Երկու օր տեւեց հոգեվարքը… ու այդպէս դեռ շատ պիտի տեւէր. դրացի պառաւներ կ՚ողբային ու կը գոչէին թէ հոգեդարձ պիտի ըլլայ. յաղթանդամ, կտրիճ մարդ էր ու սարսափելի էր տանջանքը. մահուան դէմ կուրծք կուրծքի կռուեցաւ կարծես. վերջապէս կրտսեր եղբայրը կատաղած կնձնիին դէմ՝ գնաց կացինով տապալեց զայն. երբ կնձնին ինկաւ. մօրեղբայրս խալսեցաւ եւ հոգին աւանդեց։

Ուրիշներ ալ յիշեցին նմանօրինակ դէպքեր. հեռաւոր մէկու մը կարօտը, չյագեցած տենչանք մը, մտահոգութիւն մը արգելք եղեր էին հոգեվարքներու. արդեօք Մանուկին հոգը ի՞նչ էր, ի՞նչ բանի կարօտ ունէր.

- Կեանքին, արեւին, իր երիտասարդութեանը, գոչեց Բարսեղ ու փղձկուած սկսաւ լալ մեծ ցնցումներով ու յանկարծ իր լալագին ձայնովը սրտին կրակը մարելու համար, ու թերեւս իր արցունքներէն ամչնալով եւ ուզելով հեծկլտանքները խեղդել սկսաւ երգել… ի՜նչ գերագոյն քաղցրութիւն մը կ՚արտաշնչուէր այդ գաւառական երգերէն, մեռելի քով, մեռելի օրով երգուելիք երգեր էին անոնք, մեր միւս քաղաքացի ընկերներուն համար անծանօթ եւ այնպիսի տխուր հրապոյրով մը թրթռուն որ ամէնքն ալ ընկճուած ու օրօրուած մտիկ կ՚ընէին. կարծես բան մը կը դղրդուէր իրենց մէջ. այդ ձայնը այդ ելեւէջը երգին, իրենց հոգիներուն մէջ փակ մնացած շաւիղներ կը բանար նոր եւ անսահման, եւ իրենց ընտանի էին այդ երգերը, թէեւ բնաւ լսած չըլլային, բայց տխրութեան օրերու մէջ ներքնապէս զգացած էին անոնց թաղծալի դաշնակութիւնը։

Վահէ որ հիւանդին քով կը գտնուէր, լսելով Բարսեղին ձայնը պահ մը եկաւ. սովորականին պէս ամենուն աչքերը իրեն վրայ սեւեռեցան։

- Դեռ չէ մեռած, ըսաւ անիկայ։

Բոլոր գիշերը այսպէս անցուցին, ու բոլոր գիշերը Մանուկ տանջուեցաւ, գալարուած, գրեթէ քարացած անկողնին մէջ։

Առաւօտեան դէմ, ջղագրգռուած, ուժասպառ, շատեըր ուզեցին մեկնիլ. Բարսեղ թոյլ չտուաւ. բայց որովհետեւ այլ եւս ոչ ոք կ՚ուզէր առանձին հիւանդին մօտ մնալ, ամէնքը մէկ տեղափոխուեցան Մանուկին սենեակը։

Անօրինակ կացութիւն մը յառաջ եկաւ, հետզհետէ հիւանդին տաժանելի շնչառութեան այլ եւս ընտանեցած՝ սկսան կամաց կամաց խօսիլ անձնական հոգերու եւ խնդիրներու վրայ. միջոց մը Տաճատ եւ Անտօն վէճի բռնուեցան եւ իրարու անախորժ խօսքեր ըրին ձայներնին բարձրացնելով, թէեւ այս վերջինը ջղային դողէ մը բռնուած բոլոր մարմնովը կը դողդոջէր, Պալըքճեան անկիւնը կանգնած կատաղութենէն եղունգները կը կրծէր, բայց այլեւս չէր համարձակեր իր սպառնալիքները ընել Անտօնի ներկայութեան որուն ուղղուած էին։ Տաճատ նոյն օրը իմացած էր որ Բարսեղ académieի մրցումին մէջ առաջին հանդիսացած էր. յանկարծ մտաբերեց ու դէպի Բարսեղը եկաւ՝ դէմքը ծամածռած կեղծ ժպիտով մը.

- Կը շնորհաւորեմ, եղբայր, յաջողութիւնդ académieի մրցումին մէջ։

- Այդ ոչի՛նչ, պատասխանեց Բարսեղ տարտամ շարժում մը ընելով եւ խանգարուած իր մտածումներուն մէջ։

Շփոթ գրգռութիւն մը կար այդ միջոցին իր ուղեղին մէջ եւ շատ մը անցեալ ու ներկայ բաներու վրայ կը խորհէր միեւնոյն ատեն. աչքին առաջք հոգեվարք Մանուկը զինքը կ՚ըմբոստացնէր այն չար բաղդին դէմ որուն զոհ եղած էր հէգ երիտասարդը. «Մեզմէ շատերը թերեւս այս ելքին դատապարտուած են» խորհեցաւ իւրովի եւ իր յաղթանդամ եւ ուժեղ կազմուածքին վրայ աչք մը նետեց ապահովուելու համար թէ ինքը ի հարկին պիտի դիմանար. Պալըքճեանին ձայնը զինքը ջղագրգռեց եւ ուշադրութիւնը անոր դարձաւ. ահաւասիկ անմիտ եւ անպէտ արարած մը որուն ոչ մէկ դիւրութիւն չէին խնայեր, այսպէս քանինե՜ր տեսեր էր արդէն իր դեռ նոր կեանքին մէջ, մինչ ուրիշներ՝ Մանուկին պէս միամիտ եւ անուշ հոգիներ ոտքի տակ կ՚առնուէին. ինչո՞ւ չխղճային այս տղուն վրայ, ինչո՞ւ թողուցին որ մեռնի… մինակ, հտպիտնե՞րը եւ սնապարծ անկարողնե՞րն են որ հարուստներու սիրտը կը շարժեն, ասոնք ի՞նչ բանով կը յաջողին շողոքորթել եւ խաբել մարդիկ որոնք վարպետ ըլլալու են խաբեբայութեան մէջ. տարտամ եղբայրակցութիւն մը կ՚զգա՞ն արդեօք… ո՞վ գիտէ։


Յետոյ խորհեցաւ թէ անգիտակցութիւն ու տգիտութիւն կար տուողներուն կողմէն եւ այդ էր բոլոր չարիքին պատճառը, անոնք ալ կը գանգատէին թէ մարդ չհասնիր, թէ իրենց տուածը փուճ տեղը կ՚երթայ… մէկ եւ միւս կողմանէ բարի կամքը չէր որ կը պակսէր. խնդիրը այն էր որ իրարու չէին հանդիպեր. «Ու երբէք չպիտի հանդիպին, եզրակացուց Բարսեղ. տուողներուն եւ արժանիներուն մէջ պիտի ըլլայ այդ հտպիտներու, սուտ խենթերու եւ սուտ հանճարներու ամբոխը որոնք իրենց աղմուկով եւ ունայն շարժուձեւերով պիտի խղդեն միշտ միւսներուն արդար պահանջը։

- Մե՜ղք… մե՜ղք… մրմնջեց նայելով Մանուկին եւ նայելով ինքզինքին ալ վրայ։


- Մե՜ղք ինծի… ես ալ չէ՞ մի որ ուշ մնացած եմ, ժամանակս կորսնցուցած, երիտասարդութիւնս, աւիւնս փճացուցած բեռերու տակ, անդին քարափին վրայ… մե՜ղք այն գեղեցկութեան տեսիլքներուն որոնք ունէի մտքիս մէջ եւ որոնցմով քաջացած քամակս կը ծռէի… հիմակ ո՞ւր են այդ տեսիլները… այսօր ինչի՞ կարող եմ, ի՞նչ կրնամ ընել այս տարիքիս մէջ. վարպետներս, ընկերներս ամենքն ալ հասկնալով իմ ընդունակութիւններս կը խոստովանին թէ ուշ մնացած եմ, թէ մեղք եղած է ինծի… Ո՞վ գիտէ ի՞նչ կրնայի ըլլալ եթէ կանուխէն սկսէի, ո՞վ գիտէ… մե՜ղք, հազար մե՜ղք … այսօր մեր ընկերը Մանուկ հոգեվարք է ու մեր աչքին առջեւը կը մեռնի… մեզի անակընկալ դժբաղդութիւն մը կը թուի ասիկա, բայց մեզմէ շատերուս համար նոր բան մը չէ այս. ամէն օր բան մը խղդած ու թաղած ենք մեր հոգիին մէջ, ամէն օր թանկագին բանի մը մեռնիլը զգացած ենք… ո՞վ գիտէ թէ իմ մէջս, օրինակի համար, մեծ արուեստագէտի մը գերեզմանը չկայ։ Ու այս անակնկալ մտածումէն ապշած որ իրեն աններելի յաւակնութիւն մը թուեցաւ, կարմրեցաւ մինչեւ ականջները, յետոյ ինքզինքին համար ներողամիտ եղաւ. «Էշը էշուն քով եթէ կապես… կ՚ըսեն» խորհեցաւ ու ժպտեցաւ։

Անդին ընկերները կը շարունակէին խօսակցիլ ու վիճիլ։ Լուիզ լալէ ու հառաչելէ յոգնած թէյ պատրաստելու վրայ էր. Մանուկ միշտ կը խորգար ու իր դիակնային ճակտին վրայէն կարծես շուքի պէս բան մը դողդոջելով կ՚անցնէր. արդեօք ան ալ կը խորհէ՞ր դեռ թէ ամէն բան վերջացած էր արդէն իրեն համար։ Ին՛չ ցուրտ, ի՛նչ տխուր սպասում էր այս. ի՞նչ բանի կ՚սպասէր, մեռնելո՞ւ համար խեղճ տղան. ու Բարսեղ օրօրելու համար անոր հոգեվարքը եւ որպէսզի իր վերջին քունը քաղցր ըլլայ, սկսաւ կրկին երգել։

Այդ երգը սրտագին կոչ մըն էր երիտասարդ հոգիի մը որ ցաւի պահուն մանկական վաղեմի սովորութեամբ մը մայրը կը կանչէր. իւրաքանչիւր հատուածին Բարսեղ երկրաձգուած ձայնով մը ողբագին կ՚երգէր. «Մայրի՜կ… մայրի՜կ…»

Ամէնքն ալ յուզուած մօտիկցան Մանուկին. անիկա դեռ չէր մեռած ու չգիտցուեցաւ թէ Բարսեղին երգի՞ն ազդեցութեամբը թէ ընկերներուն մօտիկնալուն պատճառաւ գալարուեցաւ. լռին եւ որուն հասակին սարսուռը տեսան վերմակին վրայէն. յետոյ արտեւանունքը եւ բերանը բացաւ կարծես խօսելու համար ու բազուկը բարձրացուց խարխափելով անսահմանելի շարժումի մը մէջ որ նորածինները եւ մահամերձները կ՚ունենան՝ կարծես բան մը փնտռելու համար, մատները կառչեցան Բարսեղին մազերուն ու Մանուկ վերջին ճիգի մը մէջ զայն դէպի իրեն քաշեց։ Անձկագին անհամբերութեամբ մը ամէնքն ալ ուզեցին իր վերջին խօսքը լսել. բայց անբացատրելի ծամածռութիւն մը միայն տեսան իր դէմքին վրայ, մինչ վերջին շունչը եւ վերջին բառն ալ կը խեղդուէին կոկորդին խռպոտ աղմուկին մէջ։

Հակառակ ամենուն յայտնի եւ սպասուած դէպք մը ըլլալուն, Մանուկին մահը զիրենք սարսափեցուց եւ իբր թէ անակնկալ դժբաղդութեան մը հանդէպ ըլլային շփոթեցան, շուարեցան, սկսան կոչել ու լալ. Լուիզ թէյին դգալը ձեռքը՝ ապշած կը նայէր ու չէր հասկնար. իր միտքը չէր ըմբռներ այս անդարմանելի դժբաղդութիւնը. քանի մը վայրկեան այսպէս անցաւ ու Լուիզ դեռ քարացած մնացեր էր առանց շարժելու հակառակ Անտօնին որ իր չարագուշակ թռչունի սիլուէթովը կանգնած խեղճ աղջկան առջեւը, ուսերը ցցած, երկու ձեռքերը քունքերուն կը գոչէր.

- Մեռա՜ւ, մեռա՜ւ, ձեզի կ՚ըսեմ որ մեռա՜ւ։

Վերջապէս բարերար արցունքները ժայթքեցին Լուիզին աչքերէն ու ցաւին մէջ կորսուած եկաւ Մանուկին դիակին վրայ ինկաւ ու սկսաւ թոթովել։

- Խե՜ղճ, խե՜ղճ, բարեկամս…

Մեռելին աչքերը բաց մնացած էին եւ կարկամած կզակը մէկ քովին կը ծռէր՝ եզերուած արիւնախառն լորձունքով մը։

Պահ մը կատարեալ լռութիւն տիրեց. ժամերէ ի վեր Մանուկին տաժանելի եւ բեկ բեկ շնչառութեան ձայնը այնքան լեցուցած էր սենեակը իր դժնդակ աղմուկովը որ տեսակ մը դադարի, հանգիստի զգացում ունէին լռութիւնը մտիկ ընելով. երբեմն միայն Լուիզի հառաչանքը կամ դիակին անդամներուն ճարճատումը կը խանգարէր այդ լռութիւնը։

Դարձեալ Բարսեղն էր որ քաջութիւնը ունեցաւ գալու եւ Մանուկին աչքերը գոցելու, բայց ինչ որ ըրաւ անկարելի եղաւ կզակը շտկել. անիկա գալարուած մնաց մինչեւ ետքը եւ ասիկա կարծես դժգոհութեան ծամածռութիւն մը կուտար մեռելին, չներուած ոխակալութեանը արտայայտութիւնը ուրկէ կ՚ուզէին ամէնքն ալ ազատիլ։

Կէս օրէ ետքը հարկ եղած ձեւակերպութիւններով զբաղեցան եւ որոշեցին երթալ Հայոց եկեղեցին լուր տալ։

Երբ վերջին անգամ ըլլալով հաւաքուեցան գիշերը Մանուկին մօտ, Լուիզ Սօֆիին հետ մաքրեր ու վերջին արդուզարդը ըրեր էին մեռելին. լատինական սովորութեան համեմատ մոմեր վառեր էին ու կը հսկէին Մանուկին քով. դեղնած, պրկուած, գալարուած անմարդկային բան մը ունէր այլ եւս անիկա, մեղրամոմէ արձանի պէս որուն վրայ յօնքերու սեւ գիծը տարօրինակ ուժգնութեամբ մը երեւան կուգար. թարթիչները աւելի սեւ եւ աւելի գեղեցիկ կ՚երեւային ու բերանը միշտ ծռած, տրտունջի արտայայտութիւնը կը պահէր. միակ կենդանի բանը որ նախկին Մանուկը կը յիշեցնէր, շագանակագոյն մազերու խոպոպ մըն էր որ մարմարեայ ճակատին վրայ կ՚իյնար դեռ իրենց մէջ վարանող կենսաւէտ շունչէ մը։

Ձեռքերնին ծալլած ու գլուխնուն զարնուած ընկերները եկան Մանուկին մօտ. ոմանք լռին կ՚արտասուէին եւ ոմանք անդիմադրելի սարսափէ մը բռնուած կ՚ընկրկէին. շատերը մահը առաջին անգամ ըլլալով այսքան մօտէն կը տեսնէին ու երբ իրենց աչքերը կը հանդիպէր մեռած ընկերոջը դէմքին՝ պաղ քրտինքով մը ողողուած կ՚զգային. երբ մէկ քանի քայլ առնել հարկ կ՚ըլլար սենեակին մէջ, ոտքերնին կը շփոթէր, չէին կրնար յառաջանալ իբր թէ այդ խղճալի դիակը կառչէր իրենց, ու իբրեւ թէ այդ մահուան պատասխանատուութիւնը ունենային խորապէս։

Հիմակ ստիպողական եւ տաժանելի պարտականութիւն մը ունէին դեռ կատարելիք. պէտք էր Մանուկին մօրը նամակով մը իմացնել տղուն մահը. այդ նպատակաւ անգամ մըն ալ քովի սենեակը հաւաքուեցան։ Բացի Բարսեղէն եւ Վահէէն, միւս ընկերները ամէնքն ալ գրագէտ կամ բանաստեղծ ըլլալով կարծեցին նախապէս թէ այդ նամակը դիւրաւ պիտի գրուէր. նախ Տաճատ փորձեց ու անկարող զգաց ինքզինքը. իր մանուածապատ մտքովը միջոցը չէր գտնար այս ճշմարիտ եւ ուժգին դժբաղդութիւնը արտայայտող մէկ քանի պարզ եւ պատշաճ բառեր գտնալ. երբ գրածը կարդաց, ամենքն ալ գանգատեցան։

- Խնդիրը գրականութիւն ընելու վրայ չէ, հիմա, ջանայիր պարզ ու բարի ըլլալ։

Սուրէն ձեռք առաւ նամակը ու իր կարգին տեղի տուաւ. Անտօն միշտ անկապակից բառեր կ՚ըսէր երբեմն եղերական գեղեցկութիւնով մը լեցուն եւ որոնք սակայն դարձեալ մօր մը չէին խրկուեր. բոլոր այդ բառերու եւ ոճի հետ ճամարտակող մարդիկը ինքզինքնին անճրկած զգացին վերջապէս…

Բարսեղ մինչեւ այն ատեն լուռ մտիկ կ՚ընէր, երբեմն գլուխը ցնցելով դժգոհութեամբ. յանկարծ լաւ գաղափար մը ունեցան։

- Բարսե՛ղ, ըսին, դուն այս նամակը պիտի կարենաս գրել. դուն վարժուած ըլլալու ես։

- Տուէք սա թուղթը, ըսաւ, իբր պատասխան։

Երբ Բարսեղ նամակը գրեց ու կարդաց, ամէնքն ալ երկիւղածութեամբ մտիկ ըրին զինքը ու զգացին որ անդին Կէտիկ-Բաշայի մէջ տարաբաղդ մայրը այս տողերը կարդալով ճշմարիտ զգացումը պիտի ունենայ իր սիրական զաւկին վերջին րոպէներուն։

Երբ նամակին գործը վերջացաւ, խորհեցան այն 200 ոսկիին վրայ որ այնքան ուշ հասեր էր Մանուկին. աւելորդ ծախքերու դուռ չբանալու համար որոշեցին առանց օտարներու իմացնելու՝ մօրը վերադարձնել այդ գումարը. 30 ֆրանքի չափ հազիւ ծախսուած էր անկէ Մանուկին վերջին օրերուն. 58 ֆրանք մըն ալ պահեցին յուղարկաւորութեան համար եւ ամենքը համաձայն եղան բաժին մը հանել այդ գումարէն Լուիզին որ օրինաւորապէս ո եւ է իրաւունք չունէր. երկայն ատեն վարանեցան եւ որոշեցին թէ 500 ֆրանքէ աւելի դժուար պիտի ըլլար իրենց տրամադրել այդ գումարէն, ուստի Լուիզը կանչեցին եւ խօսեցան անոր։

Խեղճ պզտիկ աղջիկը, վիշտէն հեծեծագին ու վաղուան անստուգութենէն դողահար՝ մինչեւ ճակատը կարմրեցաւ երբ լսեց ընկերներուն առաջարկը, յետոյ իր պզտիկ անձին բոլոր կորովովը դիմադրելով փորձութեան, մերժեց ո եւ է բան ստանալ Մանուկէն եւ ասիկա այնքան պարզ ու մեկին ձեւով մը որ ընկերները անպատշաճ համարեցին պնդել այդ մասին։

Բարսեղ հիացումով կը նայէր անոր սիրուն եւ փոքրիկ դէմքին, արցունքով ողողուած եւ այնքան մեծ կը գտնար այդ անշահախնդրութիւնը որ ինքզինքը խոնարհած կը զգար այդ գեղեցիկ շարժումին առջեւ։

Հետեւեալ օրը Մանուկին յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ եւ ընկերները մէկ քանի ժամ միասին անցընելէ ետքը ցրուեցան։

Քանի մը ամիս ետքը անոնցմէ ոմանք միացած էին դարձեալ Լիոնի կայարանին մէջ եւ գարեջուր խմելով ողջերթ կը մաղթէին Տաճատ Չարըգեանին որ ուղեւորի վայելուչ հագուստ մը հագած, ձայնը յուզումէն խղդուկ եւ թեւովը լայն շարժումներ ընելու միջոցին մէջ՝ խանդավառութեամբ կը խօսէր իր ունենալիք գրական գործունէութեան վրայ։

- Գիրքս նոր տարեգլուխ մը պիտի բանայ մեր գրականութեան մէջ, իրենց բոլոր պղտոր մտաւորկաանութիւնը պիտի ցնդի անկէ յորդող գաղափարներուն պայծառութեամբը. այդ մարդիկը պիտի շլանան, պիտի արբենան, պիտի զառանցեն։

Իրեն մանրամասնութիւններ կը հարցնէին, կը պնդէին, կը խնդրէին։

- Անիկա այնպէս գիրք մը պիտի ըլլայ. որուն նմանը դեռ չէ գրուած, ի՞նչ է ամբողջ գրականութիւնը մարդոց որոնք արտաքին երեւոյթներու իրենց վրայ ըրած ազդեցութեամբն է որ հասարակ տեղիքներ կը յղանան. իմ գիրքս իմ եսս պիտի ըլլայ, միանգամայն իմ ամբողջ ներքին հայեցողութիւնս, իմ բոլոր նեարդներուս թրթռումը, իմ բոլոր ներքին ձայներուս արձագանգը, ոչ ոք չէ լսած այդպիսի ձայն մը, որովհետեւ ոչ ոք կարող եղած է ինքզինքին ունկնդրել, ինքզինքը հասկնալ ու արտագրել… իմ գիրքս անդին ընծայ մը պիտի ըլլայ այդ խեղճուկներուն, այդ ողորմելի տիրացուներուն, անակընկալ երեւոյթ մը որուն յուսալու իսկ իրաւունքը չունէին… եւ որուն իրաւ է թէ նոյն իսկ արժանի չեն… Ես պէտք էր եւ կրնայի ալ Բարիզ մնալ եւ ինքզինքս չմասնաւորել իմ համայնքիս. իմ կոչումս տիեզերական հանգամանք մը ունի. ո՞վ գիտէ եթէ թանկագին ժամանակ մը չէ որ պիտի կորսնցնեմ հոն, այդ Պօլսահայ գրականութեան տիղմին մէջ, բայց ես կամաւորապէս այդ զոհողութիւնը կ՚ընեմ։


Տաճատ վսեմ շարժումով մը դէպ ի ետեւ դարձաւ ու Բարիզ քաղաքին վրայ նայեցաւ յաղթական ակնարկով մը, հիմակ որ քանի մը վայրկեանէն պիտի մեկնէր, այդ հսկայ քաղաքը իրեն ոեւէ վախ չէր ներշնչեր, այլ ընդհակառակը բոլոր իր հոն վարած կեանքին դժնդակ մանրամասնութիւնները կը մոռնար եւ ջերմապէս կը հաւատար թէ հոն համբաւի եւ այն ալ մեծ համբաւի յաղթանակը ձեռք ձգելը իրեն համար կամքի խնդիր մըն է միայն. այս երջանիկ պատրանքովը զրահաւորուած վերջին գաւաթը պարպեց, բթամատին եւ ցուցամատին ծայրերովը ակնոցը շտկեց քթին վրայ եւ սուր մօրուքը ցցելով կրկնեց քանի մը անգամ.

- Քիչ ատենէն իմ լուրերէս կ՚ունենաք։

Կայարանին պաշտօնեան եկաւ ծանուցանելու rapideին մօտալուտ մեկնումը. ամենքն ալ ոտքի ելան ու զինքը առաջնորդեցին առաջին կարգի վակոն մը։

Քիչ մը ետքը կառախումբը կը դղրդուէր ու ճամբայ կ՚ելնէր. քարափին վրայէն, իր ընկերները, ոմանք հեգնելով, ոմանք հաւատքով եւ ուրիշներ տարակոյսով կը նայէին անոր հանճարեղ ճակատին որ կայարանին բոլոր լոյսերը ընդունելով աւելի գմբեթաձեւ եւ աւելի խոշոր կ՚երեւար պահ մը, ու կը կորսուէր կամարին ներքեւէն մթութեան մէջ։

Եօթը տարիներ անցեր են. գարնան գաղջ իրիկուն մըն էր. յաղթանդամ, գորշագոյն մազերով եւ համակրելի երեւոյթով մարդ մը, մաքուր բայց պարզ կերպով հագուած նստած էր քաֆէ Միւլլէրի մէջ եւ խահուէն խմելով աչքերը կը սեւեռէր մասնաւոր ուշադրութեամբ մը այն անկիւնը ուր ժամանակաւ հայ ուսանողները կը հաւաքուէին. այդ անկիւնը պարապ էր այդ միջոցին. հետզհետէ ֆրանսացի զոյգեր ասդին անդին ցրուած՝ լեցուցին քաֆէն որ սկսաւ իրեն ընտանի մթնոլորտ մը առնել. քանի ժամանակը կը յառաջանար այնքան օտարականը զարմանալու ձեւ կ՚առնէր. վերջապէս միջոց մը ականջները սրեց. երկու երիտասարդներ մտեր էին սրճարանը եւ հայերէն կը խօսէին. անոնց գացած ուղղութեան յառաջացաւ ինքն ալ եւ տեսաւ որ գնդամուխի սրահը կը մտնէին, առանց վարանելու իրենց մօտ գնաց։

- Եղբայրնե՛ր, դուք հա՞յ էք։

Երկու երիտասարդները ապշած դէպ իրեն դարձան ու հաստատելով ազգակիցներ ըլլալնին թողուցին գնդամուխը եւ եկան սեղանի մը առջեւ օտարականին հետ, զիրար հարցաքննելով՝ շուտով ընտանեցան իրարու, երիտասարդներէն մէկը՝ դեռաբոյս խարտեաշ մօրուքով եւ պեխերով, ազնուական երեւոյթով տղայ մըն էր, երկրաչափութեան ուսանող. միւսը՝ շատ աւելի բարձրահասակ, գրեթէ ծայրայեղ վայելչութեամբ մը հագուած, աջ ձեռքին ցուցամատը բեռնաւորուած ադամանդազարդ մատնիով, յայտնեց թէ իրաւաբանութեան ուսանող էր։

Ես, ըսաւ օտարականը, Բարսեղ Սարգիսեանն եմ, նկարիչ։

- Օ՜հ, շատ ուրախ եմ ձեզ ծանօթանալուս, ըսաւ խարտեաշ երիտասարդը յայտնի յուզումով, ձեր համբաւը լսած եմ շատոնց ի վեր եւ կը կարծէի թէ դուք Անգլիա էք։

- Այո՛, ըսաւ Բարսեղ ժպտելով, այս իրիկուն իսկ հասայ Բարիզ։

Եօթը տարուան միջոցին Բարսեղ բոլորովին այլափոխուեր էր, իր գաւառացիի երեւոյթը տեղի տուած էր վայելուչ կերպերու եւ լաւ ու պատշաճ արդուզարդի մը, դէմքն ալ իր կարծրութիւնը մասամբ կորսնցուցած էր թերեւս կիսովին ներկած մազերուն շնորհիւ որոնք կը մեղմացնէին իր դէմքին արտայայտութիւնը. միայն կզակը նոյնը կը մնար եւ իր նախկին տանջուած, դատած մարդէն յիշատակ կը պահէր թեթեւ մը կորացած քամակը։ Արտասանութիւնը պահելով հանդերձ՝ գաւառացիներու յատուկ քաղցրութիւնը՝ բառերուն վերջաւորութիւններուն մէջ կը դնէր անգլիական թեթեւ շեշտ մը ինչ որ առանց հրապոյրի չէր։

Académie Julienի մէջ մտադրած ժամանակը մնալէ ետքը եւ մէկ քանի փայլուն յաջողութիւններ ունենալով մրցումներու մէջ, վերջապէս յաջողեր էր տարեկան նկարչական ցուցահանդէսին մասնակցիլ. առաջին տարին ուշադրութիւն չէր գրաւած, բայց երկրորդ տարին իր վարպետին աջակցութեամբ բաւական յաջողութիւն ունեցեր էր. բարիզեան մամուլը գնահատելով խօսած էր օտար արուեստագէտին վրայ եւ ասիկա իր բարերար ազդեցութիւնը ունեցեր էր իր նիւթական կացութեան մէջ, դանդաղ, բայց ամուր եւ հաստատ քայլերով, անշշուկ յառաջացեր էր Բարսեղ. շատերը չէին ուզեր հաւատալ թէ այդ գնահատուած արուեստագէտը եւ գաւառացի Բարսեղը նոյն մարդիկն էին։ Օր մըն ալ իր ունեցած յարաբերութիւններուն մէջ հանդպեր էր անգլիացի խմբագրապետի մը եւ անոր հետ պայմանագրութեամբ գացեր էր Լոնտոն պատկերազարդ թերթի մը աշխատակցելու. մէկիկ մէկիկ կորսնցուցեր էր իր ընկերները եւ իր նամակներէն շատերը անպատասխանի մնացեր էին։ Քանի մը օրուան արձակուրդէն օգուտ քաղելով, եկեր էր Բարիզ եւ հիմա հետաքրքիր էր գիտնալու թէ ի՛նչ եղած էին անոնք որոնց հետ տառապած, տքնած, աշխատած ու զուարճացած էր ժամանակին։

Այս պատճառաւ է որ երիտասարդ ուսանողին հարցումներ կ՚ուղղէր մէկէն միւսէն լուր հարցնելով, բայց անիկա շատերը միայն անունով կը ճանչնար, տարտամ բաներ, կ՚ըսէր, մինչ իր ընկերը արդէն գացեր էր գնդամուխի սեղանին առաջ ու մեծ շահագրգռութեամբ կը հետեւէր խաղին։

Նոյն միջոցին նշմարեցին, գիրուկ, ճերմակ մազերով, թաւ պեխերով եւ յօնքերով մարդ մը։

- Օ՜հ, ահաւասիկ Նիկողոս աղան, ըսաւ երիտասարդ ուսանողը, անիկա ամէն բան գիտէ, ամենուն վրայ ծանօթութիւն կրնայ տալ։


Ներկայացման ձեւակերպութիւնները ըլլալէ ետքը Բարսեղ խօսք բացաւ։


- Արդեօք կը ճանչնա՞ք Սուրէն Սահակեանը, Տաճատ Չարըքեանը, Անտօն Եարաեանը…։

- Կեցէ՛ք, կեցէ՛ք, մէկիկ մէկիկ ըսեմ։ Սուրէն Սահակեան շատ մը պղտոր գործերու մէջ տապլտկելէ ետքը խմբագրատուն մը մտաւ ուր չեմ գիտեր ի՞նչ կ՚ընէ։

- Սօֆի՞ն, հարցուց Բադսեղ։

Սօֆին մեկնեցաւ, շատոնց… ալ մինչեւ վիզը հասեր էր խեղճ աղջկա՜նը…։

Պալըքճեան չեմ գիտեր ո՛ւր վարդապետ ըլլալու վրայ է առողջաբանական թերթ մը հրատարակելէ ետքը. Տաճատ Չարըքեանը Պօլիս է ուր կ՚երեւայ թէ թաղային վարժարանի մը մէջ իբր ուսուցիչ մտնալու խարար տուեր է…

Հոս սրտագին քրքիջով մը Նիկողոս աղան խօսքը ընդհատեց…

- Ես տահա անանկ տղայ չեմ տեսած, ի՜նչ սնապարծութիւն, ի՜նչ մեծխօսիկութիւն. հիմայ կ՚երեւայ թէ իր բոլոր ինքնահաւանութիւնովը կը չափուի թաղին խեղճ վարժապետներուն հետ. ամէն օր խըռ կը հանէ… ձգեցէք ճանըմ… անիկա եթէ հոս մնար, շատոնց Սէնթ-Աննին ճամբան բռնած կ՚ըլլար Մարտիկեանին պէս։

- Ո՞վ է այդ Մարտիկեանը։

- Մեծ խօսիկին մէկը, ան ա՜լ. գիտութեան ուսանող էր. բայց փոխանակ մարդու պէս աշխատելու, միտքը դրեր է որ համալսարանին բոլոր վարպետները էշ են, բան չեն գիտեր, թէ ինքը մեծ յղացումներ ունի. ատեն մը չեմ գիտեր ի՞նչ գիւտի մը պոչէն բռնեց. սանկ, կարծեմ մարդուս սննդառութեան մէջ չեմ գիտեր ի՛նչ նիւթ պիտի դնէր որ ուղեղին վրայ ազդէր եւ ամենէն տխմարները հանճարեղ մարդու պէս պիտի ըլլային. ես ի՞նչ գիտնամ, եղբայր. մէկ ձայնի կը պոռար որ մարդոց կացութեան անհաւասարութեան ամենէն մեծ պատճառը իրենց խելքերուն մէկ չըլլալն է… շատերը կլլեցին ըսածները, հոգ մ՚ընէ՛ք, շատերը կարծեցին թէ հայ Մէչնիքօք մը կար Մարտիկեանին մէջ, օր մըն ալ իմացանք որ Սէնդ-Անն տարեր են. խեղճը միշտ իր գիւտը կը բացատրէ, գաղտնիքներ ունիմ, կ՚ըսէ, ինքզինքը աշխարհիս ամենէն մեծ գիտունը կը կարծէ, վերջապէս մեծամոլութենէ բռնուած է… Տաճատը ի՞նչ էր, ան ալ չէ՞ մի որ դիրքի մը խօսքը կ՚ընէր շարունակ։

- Այդ գիրքը հրատարակուեցա՞ւ։

- Ո՞ւր պիտի հրատարակուի… Նիկողոս աղա խօսեցաւ այսպէս շատերուն վրայ. ոմանք մոռցուած, ոմանք հեռացած ու ոմանք օտար ամուսնութեամբ կորսուած էին բոլորովին։ Ուրիշ հայ երիտասարդ ուսանողներ ալ եկան որոնցմէ ոչ ոք չճանցաւ Բարսեղ. շատ աւելի լուրջ, ըրածնին գիտցող եւ չափաւոր երեւոյթ ունէին այս նորեկները բաղդատմամբ իր ժամանակակից ուսանողներուն։

- Մեր ժամանակը, շատ աւելի զուարթ, եռանդուն եւ խանդավառ էինք, խորհեցաւ Բարսեղ, երբ իրարու քով կու գայինք, կը վիճաբանէինք, կը խօսէինք, խենթ բաներ կ՚ըսէինք յաճախ, իրաւ է, բայց վերջապէս մեր սիրտը մեռած չէր ասոնց պէս։

Կանուխէն մեկնեցաւ սրճարանէն. յուսաբեկ եւ տխուր կարօտով կը յիշէր իր ատենուան ընկերները եւ գիտնալով անոնց ամենամեծ թերութիւնները, ի՞նչ չպիտի տար այս միջոցին Տաճատ Չարըքեանի մը հանճարեղ խենթի զառանցանքները լսելու, Սուրէնին մելամաղձոտ նայուածքը տեսնելու ու Անտօն Եարաեանի մը կցկտուր ու եղերական բառերը մտիկ ընելու համար։

- Վա՜յ սատանա՜յ, ըսաւ մտովի, Մանուկին ընտանի բացագանչութիւնով, մեր ժամանակը անդարձ կերպով անցեր է եւ մենք տեղերնիս տուեր ենք այդ քաղաքավարի, անհագի, չափուած ձեւուած սերունդին, մենք մեր սրտերուն, մեր կեանքին մսխումովը սպառեցանք, մեծ մեծ երազներ մեզ գինովցուցին, մեզ խանդավառեցին ու ես իսկ շատ անգամ գեղեցիկ պատրանքներով խաբուեցայ եւ այսօր ահաւասիկ հակազդեցութիւնը։

- Մե՜ղք, ըսաւ վերջապէս, ակամայ, պուլվառին վրայ յառաջանալով։

Ու հակառակ իր խիստ դատաստանին իր վաղեմի ընկերներուն նկատմամբ, հակառակ իր խառնուածքով եւ կարողութիւնով տարբեր ըլլալուն՝ այդ միջոցին խորապէս զգաց որ ինչքան խանդակաթ սիրով մը սիրած էր բոլոր այդ կեղծ հանճարները, եւ թէ ինչքա՜ն մեծ գորովանք ունէր այդ հիւանդ, ապասերած եւ երազատես հոգիներուն համար։

Ու մտքին մէջէն հակակշիռը ընելով հիմակուան եւ այն ժամանակուան հայ ուսանողութեան, եզրակացուց.

- Մեր ժամանակը ինչքա՜ն աւելի աղէկ էր, դարձեա՛լ։


----------------------------------------

Հրապարակվում է` «Նիդերլանդական օրագրի» և «Օրեր» Եվրոպական ամսագրի «Արեւմտահայ կին գրողները եւ ժամանակը» նախագծի` «Արեւմտահայ կին գրողները եւ ժամանակը: Զապել Եսայան հոդվածի շրջանակներում («Նիդ.օրագիր»`Saturday, 15 July 2023  և «Օրեր»)

Նյութը մեզ է տրամադրել հիշյալ նախագծի հեղինակ, բանասիրական գիտությունների թեկնածու, դոցենտ` Նաիրա Համբարձումյանը: Համացանցում հրապարակվում է առաջին անգամ: Տեքստի հավաքման աշխատանքը կատարել է ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղյանի անվան Գրակ. ինստ. ասպիրանտ, կրտսեր գիտաշխատող Սիրանուշ Փարսադանյանը:

----------------------------------------




No comments:

Post a Comment