Երգել ազատ մեր պանծալի Հայրենին,
Ազատ է նա՝ ազատ եւ իւր կուսանին:
Անհունություն մը կա իմ մեջս անծանոթ,
Որուն հոգվույս նեղ պատյանը չի բավեր.
Կբեկբեկի, կճմլվի, կարյունի,
Կփշրվի, ինչպես ամպե նուրբ անոթ,
Իր մեջ մըղված խեռ պայքարեն կարեվեր.
Բայց այդ անեղ մրրիկներուն պետք ունի:
Եթերին մեջ, ուր օդ չըկա,
Հոգիս իսպառ կանշարժանա:
Հանգի՛ր, անուն քո լիցի յօդ միութեան:
Հանգի՛ր, յուշ քո կեցցէ ցորչափ աղնիւն և լաւն,
Ցորչափ հանճարըն պաշտեսցի, հանգի՛ր Ոգի՛:
Տգիտութեան ձեր շղթաներ գամ լուծել,
Փափուկ մատանցդ վարդից չարեր բոլորել,
Համր լեզուացդ ազդեմ ջերմիկ եղանակ,
Եւ ձեր քմաց քաղցր ուսման տամ ճաշակ։
Բազուկ հզօր կապել թեւոցդ յաղթական,
Թռել, ճախրել դէպի յազատն այն սահման,
Հապա՜ կուսանք յառաջացէ՛ք մէկ սրտով,
Ազատութիւն Արդ զրկեցէք եւ հոգւով։
------------------------------------------------
Օտարացում
Երա՜զս, երբեմն կը տանին
քեզ ինձմէ հեռու, տափաստանի
մը մշուշին մէջ, սարաւանդի մը
արեւին տակ, կամ այլուր:
Կը յածիս ջուրի եզերքներուն
վրայ, հրուանդաններու ծայրը,
շամբերու ստուերներով վերջացած:
Երա՜զս, ի՜նչքան աղուոր ես
ջուրի եզերքներուն վրայ,
հրուանդաններու ծայրը, շամբերու
ստուերներով վերջացած:
Բայց և, Երա՜զս, դուն այն
ատեն ի՛մս չես...
Թաղում
Ես սիրեցի ծաղկի մը ծոցին
մթութեան մէջ թաղել իմ ցաւս:
Երբ երեկոն հալեցաւ արտին
վրայ, և ցորենի հասկերը իրենց
հրդեհուած քիստերը մարեցին,
ես սուզեցայ հովիտին գորշ
ստուերին մէջ: Ես սուզեցայ հովիտին
գորշ ստուերին մէջ, ուր խոնարհ
զոպան իր աստուածային
բուրմունքը կ’արձակէր:
Ինչպէս քարաքոսը՝ որ պիտի
երբեք արցունքը չճանչնայ, մատներովս
փարեցի հողը խորո՜ւնկ,
խորունկ, և հոն թաղեցի իմ ցաւս,
ծաղկի մը ծոցին մթութեանը մէջ:
Իմ սէրս
Մտայ երեկոյին ապարանքէն
ներս և զովութեան շունչին յանձնեցի
իմ սէրս:
Գորշագոյնն ու մանիշակագոյնը
մուշտակեցին զայն, իրենց մշուշալի
կիսերանգներով:
Հոն իմ սէրս ապրեցաւ, ստուերին
մէջ ըմպելով բոցը խաւարին:
Դարու մը գիշերներէն եկող արհաւիրքը
սարսուռ տուաւ անոր
հիւանդ էութեան:
Ատկէ՜ էր որ մոմի պէս տժգունեցաւ
ան, մսեցաւ ու մեռաւ:
Արբեցութիւն
Այս առաւօտ ամբողջ աշխարհ
մը կը գրկէ հոգիս, հպարտ է
հոգիս, տօն ունի հոգիս:
Կու գամ ուղիներէն՝ ուր մամուռը
երգ ունի, հովը սէր ունի,
պտերը՝ ժպիտ:
Այս առաւօտ տիեզերք մը կը
գրկէ հոգիս, բարի է հոգիս, կայթ
ունի հոգիս:
Կու գամ ուղիներէն՝ որոնց վրայ
շաղն է շղարշեր:
Այս առաւօտ բոց ունի հոգիս,
գինով է հոգիս, ա՜խ, այս առաւօտ
երջանկութիւն մը շնորհեց
հոգիս:
Աքսոր
Աքսորեցի, աքսորեցի՜ հիւանդ
սէրերս: Եւ հիմայ, մոխիրներու
ճամբուն վրայ բուին մայրը կը
վայէ:
Կ'իջնէ երեկոն, հաշիշային,
անուշաբոյր, ուղեկորույս. կ'իջնէ
սանդուխն ի վար մարմարէ:
Մութին մէջ կը հեծեծէ լքւած
Գահը, որուն վրայ երազներուս
ոսկի իշխանն էր բազմեր:
Աքսորեցի՜ բոլոր սէրերս. բայց
ահա, որբ աղջկան մը պէս կու
լամ:
Ի՜նչ խորունկ է պարապութիւնը
մեկնողին:
Ջախջախում
Աչքերս բագիններուդ սևեռած,
ո՜վ Յոյսս, քեզի՜ կ'սպասեմ...:
Այնպէ՜ս թեթև է հոգիս: Կը
սուզիմ կապոյտներուն մէջ, և
հիւսիսայգիներ կը ցանցուին
սրտիս խորը:
Ո՞վ պիտի տայ ինծի արեւը,
սա շիկաբորբ լեզուակներով:
Դո՜ւն, իմ Յոյսս, խոստացար
զայն ինծի հսկումի աղուոր գիշերով
մը: Երջանիկ՝ զայն երազելով,
աչքերս վար կ’իյնան
յանկարծ: Եւ ո՜վ պատրանք, ջղջիկէ
թեւերով աղջամուղջը վրադ
խոյանալով՝ կ'սպառնայ քեզի:
Վհատութիւնն ալ կրակէ թեւերով
հոգիէս ներս կը խուժէ:
Երէկ եւ այսօր
Երազը ո՞րն է, երէ՞կը թէ
այսօր: Երէկ կեանքը կը բռնկէր
անհուն արշալոյսի մը մէջ, և
ամէն բան ճառագայթ էր: Ոստէն
աւիշը կը վերելակէր. և
կապոյտներուն մէջ, սիրող աչքերը
կը ծիծաղէին:
Այսօր՝ կեանքը կը մարի
փլուզակներու մթութեան մէջ: Աղջամուղջը
անթափանց է, և, սիրող
աչքերը դէպի մահը քարացած՝
կ'արտասուե՜ն, կ'արտասուե՜ն...:
Երազը ո՞րն է, կ’ըսէր, երէ՞կը
թէ այսօր:
Թեթեւ ձայներ
Շատ եմ լսեր զանոնք այլևս
չուզելու համար:
Երբեմն անոնք ինծի կու
գային խորհրդաւոր խռովքներով,
ինչպէս թէ հնդիկ անտառի մը
բոյրերը ըլլային:
Թեթև թեթև սոյլեր են այժմ,
որոնց համար սրտիս մէջ ա՛լ
խորշ մը չկայ:
Շա՜տ ընտանի բարեկամներ՝
որոնց կը հանդիպիմ փողոցը կամ
այլուր, և որոնց՝ վարժութեամբ,
«բարեւ» կ'ըսեմ ու կ'անցնիմ:
Հպարտութիւն
Ես պիտի չերթամ անցորդներէն
արգահատանք մուրալու, ցաւին
համար, որ իմ հոգիս կը
հիւծէ:
Հերոսի պէս կ’ուզեմ տանջուիլ,
մի՜ս մինակ, որովհետև գիտեմ
նաև թէ ի՜մ կուրծքիս տակն է
միայն սիրտը՝ որ պիտի ձայն
տայ հեծքերուս:
Ամենէն մութ գիշերին մէջ,
փեղկերս փակ, ակռաներովս
սիրտս խածած՝ յիմարի պէս պիտի
լամ, բայց որպէս զի ոչինչ,
ոչի՜նչ չմատնէ զիս, պիտի
մարած ըլլամ արդէն, աղօտ լոյսն
ալ որ խցիկս կը թրջէ:
Ամայութիւն
Ո՜վ իմ իշխանս, հուրքը՝ աչքերուդ,
կեանքը՝ ձայնիդ մէջ,
եկո՛ւր տիրել քու գահիդ:
Ահա՛ տարի մը, ահա՛ տարի
մ' ալ, այնքան ամուլ է հոգիս,
ա՜յնքան ծարաւի:
Ո՜վ իմ իշխանս, երգը՝ շրթներուդ,
բոցը՝ սրտիդ մէջ, եկո՛ւր
տիրել իմ սրտիս:
Ահա՛ տարի մը, ահա՛ տարի
մ' ալ, ա՜յնքան թափուր է չորս
դիս, ա՜յնքան ամայի:
Յիշատակներ
Յիշատակնե՜ր… որ կը ձիւնէ՜ք,
որ կը ձիւնէք իմ մազերուս:
Ո՜վ բոլոր դուք որ զիս խեղդելու
չափ բարի չէք. ինչո՞ւ յաճախել
լուսամուտիս, երբ առանց
ատոր ալ կմախացած թշուառ
մըն եմ ես: Ո՜վ դուք, մահուան
վարդերու պէս հիւծանոյշ, և
ինչպէս երազ մը՝ ծուլասպիտակ,
ինչո՞ւ ձեր արցունքի տրտմութիւնը
բերել իմ ճամբուս: Հերիք
չէ՞ին այսօրները ծանր ծանր
վիժակներով, և վաղերը անլոյս
վարագոյրով, ինչո՞ւ ձեր աւելորդ
հովբեկներն ալ երէկը այսօրէն
բացխփուլ…:
Ինչո՞ւ, ա՜հ, ինչո՞ւ…:
Տաժանագին վերադարձ
Պէ՜տք էր ուրեմն, վերստին
դառնալ ուղիներուն,
որոնց վրայ երեկոն իր մութն
էր ձգեր: Եւ, կորաքամակ,
քաղել՝ խարխափելով՝ հետքերը
առաւօտի քայլերուն:
Ահ, ծերացած, ծերացա՜ծ է
սիրտը որ հիւանդի պէս կը
հեւայ:
Ու թէպէտեւ ան կը
ճանչնայ ա՜նձնիւր դրոշմը արտին
կակուղ կուրծքին վրայ, բայց
չի կրնար դուրս գալ անկէ:
Օգնութի՜ւն, բարինե՛ր,
ծերունի է. պիտի սուզի՜ եղտիւրին
մէջ:
Յիմարութիւն
Կեանքը նորէ՛ն սկսիլ, ու նորէ՛ն
ժպտիլ աղուոր յոյսերուն,
նորէ՛ն ճանչնալ սէրն ու յուզել
հոգին ակօսներով բոց, նորէ՛ն
գալարուիլ ակնարկներու տակ
կախարդանքով վառ, նորէ՛ն
երազել հօփալները լուրթ,
թիթեռները խօլ, նորէ՛ն տառապիլ,
նորէ՛ն ցաւ զգալ, նորէ՛ն
բաբախել վերջալոյսերուն, նորէ՛ն
նուաղիլ, նորէ՛ն հաւատալ, օ՜,
սիրոյ անհուն խոստումներուն սին
և նորէ՜ն մոռնալ…:
Հայկանուշ Մառք
«Ծուլութեան պահերես», Կ. Պոլիս, 1921, տպ. Մ. Տեր-Սահակեան, 45
էջ:
***
Թաղում
Ես սիրեցի ծաղկի մը ծոցին մթութեան մէջ թաղել իմ ցաւս:
Երբ երեկոն հալեցաւ արտին վրայ, եւ ցորենի հասկերը իրենց հրդեհուած քիստերը մարեցին, եւ սուզեցայ հովիտին գորշ ստուերին մէջ:
Ես սուզեցայ հովիտին գորշ ստուերին մէջ, ուր խոնարհ զոսլան իր աստուածային բուրմունքը կ'արձակէր:
Ինչպէս քարաքոսը՝ որ պիտի երբեք արցունքը չճանչնայ, մատներովս փորեցի հողը խորո՜ւնկ, խորունկ, եւ հոն թաղեցի իմ ցաւս, ծաղկի մը ծոցին մթութեանը մէջ:
Հսկում
Մարդ չի գիտեր հոն՝ ուր երազ մը թաղեցի: Դարաւոր հալուէն կը հսկէ անոր նինջին, սփինքսի մը պէս:
Անցնող թռչունները երբ հարցումներ ընեն, գետնէն երկարող հեծկլտուքի մը տեղը հասկնալու համար, բարի ծաղիկը կը շուարեցնէ զանոնք, հազար սուտ պատասխաններով:
Մարդ չի գիտեր, հովը չի գիտեր, ծովը չի գիտեր, երկինք չի գիտեր հոն՝ ուր երազ մը թաղեցի:
Ու բարի հալուէն դարերով պիտի հսկէ անոր յամր յարութեան:
Այս առաւօտ...
Այս առաւօտ, ի՜նչ արբեցութիւն փոսին կանանչ մամուռին մէջ, սենեակիս սպիտակ որմերուն վրայ, սրտիս այրի մթութեան մէջ, թռչունին կտուցին վրայ, եւ այն ամէն բաներուն մէջ, որոնք կը սուրան:
Փոսին կանանչ մամուռը, սենեակիս սպիտակ որմերը, սրտիս այրի մթութիւնը, թռչունին կտուցը, եւ բաները որոնք կը թեւեն, կը ժպտին ինծի, կը թուին գոհ ըլլալ ինձմէ:
-Ես ի՞նչ ըրի ձեզի, կը հարցնեմ աչքերովս մամուռին, որմին, սրտիս, կտուցին, եւ այն ամէն բաներուն՝ որոնք կը յածին:
Եւ, մամուռը, որմերը, սիրտս եւ բաները՝ որ չեն բռնուիր, կը հասկցնեն իրենց աչքերով.
-Մոռցա՞ր, որ այս գիշեր, խիղճդ գեղեցիկ երազ մը պարգեւեց քեզի:
Պատմէիր...
Պատմէի՜ր, եկւոր, երազ մը արի:
-Մութ էր. ու ես լեռներէն կ'իջնէի: Կ'իջնէին ինծի հետ կտրիճները,
որոնք բռունցքներ ունէին, վրէժներ սեղմած: Մութ էր. եւ անոնց աչքերուն կայծերը սարերուն լոյս կուտային:
Պատմէի՜ր, եկւոր, երազ մը բարի:
-Լոյս էր. ու ես հովիտներէն կ'անցնէի: Կ'անցնէին ինծի հետ կարաւանները, որոնք բազուկներ ունէին դեպի յոյսը կարկառած:
Լոյս էր, եւ անոնց ժպիտները հովիտները կը ներկէին:
Պատմէի՜ր, եկւոր, երազ մը աղուոր:
-Հո՛ն էր... ու ես ակէն կուգայի: Կուգային ինծի հետ աղջիկներ ալ, որոնք ոսկի մազեր ունէին:
Ոսկի մազեր ունէին, եւ հովը կը սանտրէր զանոնք:
Հրաւէր
Ո՜վ իմ ալեւոր տառապանքս, քեզմէ լքուած՝ կը մսի հոգիս:
Ինչո՞ւ խոյս տուիր:
Կարօտը ունիմ սպիտակ գիշերներուն, եւ աչքերուս չորութիւնը, ահաւասի՛կ որ, կոպերս կ'այրէ:
Բոլոր հեշտանքներուն մէջ քուկդ չկայ: Ամենուրեք քեզի կ'որոնեմ բիբերովս, որոնք մութը պիտի ծակեն:
Եկո՜ւր ինծի, հիւղէն կամ պալատէն, եկո՜ւր, գիշերին ծոցէն կամ լուսինին շողերէն, եկո՜ւր, ոճրագործին դաշոյնին փայլէն կամ զոհին կարմիր արիւնէն:
Եկո՛ւր, ա՜հ, եկուր, եկո՛ւր, քեզմէ լքուած՝ կը մսի հոգիս:
Թշուառութեան
Կեցո՛ւր արշաւիդ ձին այլեւս սրտիս խորունկ գիշերներուն մէջ:
Դե՛ւ, չե՞ս տեսներ որ ա՛լ ոյժ չունիմ տոկալու: Պարանոցս, թելի պէս բարակ, - կ'ըսեն, - պիտի իյնայ ուսերուս վրան:
Կ'ուզես ընկճել զիս, բռնակա՛լ, նուաճել բոլոր կամքս, եսս ու զիս:
Բայց, պէտք չկա՛յ, պէտք չկայ, պէտք չկայ, իմ դեւս եւ իշխանս. քեզի
կ’ըսեմ թէ կը սիրեմ զքեզ, ո՜վ իմ եղբայրս Թշուառութիւն, քեզի կ'ըսեմ թէ ահա քուկդ եմ, միա՜յն քուկդ, եւ հետզհետէ քուկդ:
Իմ սէրս
Մտայ երեկոյին ապարանքէն ներս եւ զովութեան շունչին յանձնեցի իմ սէրս:
Գորշագոյնն ու մանիշակագոյնը մուշտակեցին զայն, իրենց մշուշալի կիսերանգներով:
Հոն իմ սէրս ապրեցաւ, ստուերին մէջ ըմպելով բոցը խաւարին:
Դարու մը գիշերներէն եկող արհաւիրք ըսարսուռ տուաւ անոր հիւանդ էութեան: Ատկէ՛ էր որ մոմի պէս տժգունեցաւ ան, մսեցաւ ու մեռաւ:
Նոբալին
Նոբալի մը պիտի ծաղկի փոսին վրայ, ուր անիծեալ սիրտ մը նետեցին երէկ:
Յաւէ՜տ մինակ, ծառը պիտի ծծէ եղերական հծծիւնները, զորս անիծեալ սիրտը պիտի լայ, ցաւատանջ ու լքուած:
Զայն տեսնելնուն՝ ցուլն ու վարազը պիտի խոյս տան հեռուներէն. եւ, ոչ ոք, ոչ ո՛ք պիտի երթայ օր մը զովանալ ստուերին տակ նոբալիին, որ, պիտի ծաղկի այն փոսին վրայ:
Արբեցութիւն
Այս առաւօտ ամբողջ աշխարհ մը կը գրկէ հոգիս, հպարտ է հոգիս, տօն ունի հոգիս:
Կուգամ ուղիներէն՝ ուր մամուռը երգ ունի, հովը սէր ունի, պտերը՝ ժպիտ:
Այս առաւօտ տիեզերք մը կը գրկէ հոգիս, բարի է հոգիս, կայթ ունի հոգիս:
Կուգամ ուղիներէն՝ որոնց վրայ չաղն է շղարշեր:
Այս առաւօտ բոց ունի հոգիս, գինով է հոգիս, ա՜խ, այս առաւօտ երջանկութիւն մը շնորհեց հոգիս:
Մրմունջ
Գեղեցի՜կ ըլլայի, առտուան ցոլքերուն պէս, եւ անոնց լոյսէ ծիծաղին
մէջ՝ շառագոյն:
Վճի՜տ ըլլայի, ինկող ջուրի կաթիլին պէս, եւ անոր բիւրեղին մէջ՝ չթացած մարգարիտ:
Անգա՜յտ ըլլայի, ամպերուն պէս, եւ զանոնք կազմող քուլաներուն մէջ՝ բուրվառէն ելլող ծուխը սպիտակ:
Կապո՜յտ ըլլայի, խոր ծովերուն պէս, եւ անոնց ալքին՝ խորհուրդը նիրհող:
Այլ մանաւանդ, ըլլայի բարի՜, հեղեղներուն պէս, կեա՜նք պարգեւէի հողի արգանդին, ջուր տայի ծովին, եւ երկինքին՝ ամպ:
Անցեալներ
Երէկ գիշեր զձեզ երազս ունէի բոլոր, Անցեալնե՜ր…:
Օ՜հ, ան ի՛նչ տխուր, ան ի՛նչ սրտագրաւ: Մանկութիւնս լոյսի պէս տժգունեցաւ տեղը տալով հիր պատանեկութեան: Ի՜նչ վառ լոյսեր, ի՜նչ
փողփողումներ շիջան հոդ:
Պատանեկութիւնս վարդօրէն թառամեցաւ երիտասարդութեանս մէջ: Ի՜նչ խօլ մտարշաւներ, ի՜նչ ըմբոստ իղձեր մեռան հոդ:
Երիտասա՜րդ…:
Օ՜, կ'զգամ լիլաներու ծանրաբեռնումը արդէն խոնջած ուսերուս վրայ: Ծանր է իրենց տխրանոյշ բոյրը իմ հիւանդ զգացողութեանս:
Անդրադարձէ՝ք , Անցեալներ, լոյսի, վարդի, երազախռով Անցեալներ:
Փրկեցէ՛ք զիս:
Աքսոր
Աքսորեցի, աքսորեցի՜ հիւանդ սէրերս: Եւ հիմա, մոխիրներու ճամբուն վրայ բուին մայրը կը վայէ:
Կ’իջնէ երեկոն, հաշիշային, անուշաբոյր, ուղեկորույս. կ'իջնէ սանդուխն ի վար մարմարէ:
Մութին մէջ կը հեծեծէ լքուած գահը, որուն վրայ երազներուս ոսկի իշխանն էր բազմեր:
Աքսորեցի՜ բոլոր սէրերս. բայց ահա, որբ աղջկան մը պէս կուլամ:
Ի՜նչ խորունկ է պարապութիւնը մեկնողին:
Սպասման պահուն
Գիտե՞ս, սիրելի՛ս, մեր սիրելի տունին փոքրիկ զանգակը թրթռուն հունչ մը ունի օրուան մէջ:
Երբ մութը տակաւ կը խուժէ պատուհաններէն ներս, երբ բոլոր իրերը քունով ծրարուիլ կը պատրաստուին, երբ լոյսին լեզուակը սենեակին մթութիւնը կ'արիւնէ, ու այլեւս կը մեռնին օրուան ժխորները, յանկարծ, գալարուն ու ցնծուն ժայթքով մը, դրան զանգակը կը հնչէ: Այդ պահուն, մեր պզտիկ տունը ձայնի զուարթ ալիքներով կը լեցուի, եւ սիրտս անոնց մէջ կը լողայ:
Սիրելի՛ս, քու ձեռքդ է որ զարկ կուտայ այդ պահուն, մեր սիրելի տունին փոքրիկ զանգակին:
«Էր երբեմն»...
Զարդախուցին մէջ, նետուած, յասմիկի պզտիկ պարապ սրուակը այլեւս սիրող մը չունի: Հազար սիրուն առարկաներու մէջ մոռցուած, գգուող ձեռք մը չերկարիր իրեն: Իր նուրբ վիզին շուրջը, սպիտակ ժապաւէնը, ժամանակի յոգնութենէն գունաթափ, անսարսուռ կուսութեան մը խորհրդանիշն է կարծես:
Բայց, նորանոր յոյզերով արբշիռ սիրտը, ատեն ատեն անուշադիր, երբ ձեռքը տանի անոր խիցին, հիւանդագին, խռովիչ անցելասո՜յզ բոյր մը կ’արձակէ ան:
Այն ատեն սիրտը՝ աչերը փակ ետ ետ երթալով կը հառաչէ. «Է՜ր երբեմն»:
Ջախջախում
Աչքերս բագիններուդ սեւեռած, ո՜վ Յոյսս, քեզի՜ կ'սպասեմ…:
Այնպէ՜ս թեթեւ է հոգիս: Կը սուզիմ կապոյտներուն մէջ, եւ հիւսիսայգներ կը ցանցնուին սրտիս խորը:
Ո՞վ պիտի տայ ինծի արեւը, սա շիկաբորբ լեզուակներով:
Դո՞ւն, իմ Յո՜յսս, խոստացար զայն ինծի հսկումի աղուոր գիշերով մը: Երջանիկ՝ զայն երազելով, աչքերս վար կ'իյնան յանկարծ: Եւ ո՜վ պատրանք, ջղջիկէ թեւերով աղջամուղջը վրադ խոյանալով՝ կ’սպառնայ քեզի:
Վհատութիւնն ալ կրակէ թեւերով հոգիէս ներս կը խուժէ:
Համակերպութիւն
Եւ քանի որ սուգի այսպէս ամրախից փեղկերուս տակ այլք պիտի յամառին իրենց շնական զուարթութիւնը տօնել,
Եւ քանի որ պիտի խիղճ չընեն արցունքներուս թախիծը սրբապղծելու իրենց հնչեղ քրքիջներով,
Եւ քանի որ այն է կամքդ որ իմս պիտի ըլլայ այս ճակատագիրը, ես կը հակիմ անոր տակ, Տէր, եւ կը տանիմ Խաչս Գողգոթան ի վեր:
Ես կը տանիմ զայն տաժանակիր պատկառանքով, անյոգնաբեկ, բայց անգա՛մ մըն ալ փչէ քուն շունչդ երեսս ի վեր, Տէ՜ր:
Տիւանդորր
Փեղկերը փա՛կ: Թարթիչներովս կը բռնեմ լոյսը՝ զոր միջօրէն ինձ կը զրկէ ձողիկներուն օդանցքէն:
Հանդա՜րտ տուն: Հոն ջերմութիւնը կը բզզայ խելագարած մեղուի պէս: Անխլի՜րտ... լայն ու լուսաւոր հեռուները՝ որոնց վրայ ծուլութիւնը կը նստի: Գիւղին պորտէն, յանկարծ, աքլորին մետաղային կանչը կիզիչ թմրութենէն վեր կ'ոլորակի:
Երազիս մէջէն՝ որ ուղեղս կ'արեւէ, գլխու տարտամ պտոյտ մը կեանքը կը շարժանկարէ: Եւ, հինաւուրց կահերու ծոյլ յօրանջներէն, մանկութեանս ինը տարու թեթեւ աղջիկը կուգայ գրկել՝ երազահիւծ կինը՝ որ եմ:
Երէկ եւ այսօր
Երազը ո՞րն է, երէ՞կը թէ այսօր: Երէկ, կեանքը կը բռնկէր անհուն արշալոյսի մը մէջ, ամէն բան ճառագայթ էր: Ոստէն աւիշը կը վերելակէր, եւ կապոյտներուն մէջ սիրող աչքերը կը ծիծաղէին:
Այսօր՝ կեանքը կը մարի փլուզակներու մթութեան մէջ: Աղջամուղջը անթափանց է, եւ, սիրող աչքերը դէպի մահը քարացած՝ կ’արտասուե՜ն, կ'արտասուեն…:
Երազը ո՞րն է, կ'ըսէք, երէ՞կը թէ այսօր:
Թախիծ
Ու լռեցէ՛ք մանաւանդ: Ներամփոփիս մէջ ես կ’ունկնդրեմ երգ մը վհուկ, զոր կ'եղերգեն արտասովոր հուրիները: Ոչ հե՛ւք, ոչ շո՛ւնչ, եւ ոչ շարժում:
Պիտի անցնիմ ես հիմայ ուղիներէն ամայի, անմարդաձայն ու տխուր: Քի՛չ մըն ա՜լ, քիչ մըն ալ, ու պիտի թեւե՜մ, պիտի թեւե՜մ ոչինչին:
Ո՜վ հեռուի քոյր, ձեռքդ ինծի երկարէ՛, հոգիիս մէջ կարապն է որ ծա՜նր ծա՜նր կը մեռնի…:
Չու
Կ'երթայ ծիծառը երազին: Սեւ, նրբագիծ աղեղ մըն է իրեն, չուն: Սուր թեւերը չեն պարտասիր նիզակելով անջրպետը եթերին: Օ՜ ճախրանքը իր սիրոյն, ա՛յնքան, ա՛յնքան մանկատի:
Գուցէ ոչ ոք պատմեց իրեն հէքեաթային որսորդէն, որ ճամբուն վրայ դարանած՝ երազին գացող սիրտերը կ’ուտէ:
Հէ՜ք, անփորձ ծիծառ, կ'երթա՜յ, կերթա՜յ իր կախարդող երազին: Այնպէ՜ս գացին, երբեմն, իմ ալ սէրերս իրենց երազին:
«Հոս չեմ…»
Երբե՜մն սիրական երազ, որուն համար ա՛յնքան լացեր եմ ատենօք, հիմայ ինծի կը հասնիս, ո՛վ գիտէ ո՛ր ծովերուն մակընթացէն: Ինծի կը սուրաս ժպտելով, ոստոստելով մանրախիճերուն վրայէն, բոպիկ, արեւին ու ջուրին ցոլքը աչքերուդ մէջ: Չէ՞ս գիտեր ուրեմն, որ վերջալոյսը կը նուաղի իմ սրտիս մէջ:
Ե՛տ դարձիր, ե՛տ, երբե՜մն սիրական կապ, ո՜հ, այլեւս ուշ է: Եւ եթէ դուռս կը փակեմ քեզի, բաց պատուհանէս կը ձայնեմ սակայն. «Հոս չե՜մ»:
Աշնային
Ըսավ ան ինծի.
-Աշուն է, աղջիկս, աշուն եւ աւեր: Այրի շիւղերը մահուան պարը կը դառնան: Պատին վրայի վերջին կարմիր տերեւը կուլայ գետինը ինկած: Աշո՛ւն է, աղջի՛կս, աշուն եւ աւեր. կրնա՞ս ծաղկեցնել գարունը հոգիիս մէջ:
Ըսի իրեն.
-Կրնա՛մ գարունը ծաղկեցնել հոգիիդ մէջ:
Եւ հակելով մեղմիւ իր ուսին վրայ, ականջն ի վար սուլեցի անոյշ երգերը նախկին օրերուն:
Թեթեւ ձայներ
Շատ եմ լսեր զանոնք այլեւս չուզելու համար: Երբեմն անոնք ինծի կուգային խորհրդաւոր խռովքներով, ինչպէս թէ հնդիկ անտառի մը բոյսերը ըլլային:
Թեթեւ թեթեւ սոյլեր են այժմ, որոնց համար սրտիս մէջ ա՛լ խորշ մը չկայ:
Շա՛տ ընտանի բարեկամներ՝ որոնց կը հանդիպիմ փողոցը կամ այլուր, ու որոնց՝ վարժութեամբ, «բարեւ» կ'ըսեմ ու կ’անցնիմ:
Առանց անունի
Գիտե՞ս անունը, որ չ'ըսուիր, որ չէ ըսուած բարձրաձայն, եւ ո՜հ, երբեք պիտի չլսուի:
Լիճին վրայ, երեկոյին, գուցէ կքի լացող ուռին գաղջ անցեալի կարօտէն, գուցէ մեռնի վայրի կկուն իր բոյնին մէջ խոպանուկէ, գուցէ դադրին ակօսներուն երգերը խոնջ, երգերը ծոյլ, եւ մազերու գիշերին մէջ փայլին տրտում թելեր արծաթ, հազար անգամ գուցէ հալի վերջալոյսը կապոյտներու անդորրին մէջ, եւ, մարը մտնող շողերուն դէմ մահալուռ ու գլխիկոր գուցէ ըսուի «Մնաք բարո՜վ, եւ առ յաւէտ»՝ իրարու, բայց, պիտի, ո՜հ, պիտի երբե՛ք չարտասնուի անունը՝ որ չէ ըսուած բարձրաձայն:
----------------------------------------
Հրապարակվում է` «Նիդերլանդական օրագրի» և «Օրեր» Եվրոպական ամսագրի «Արեւմտահայ կին գրողները եւ ժամանակը» նախագծի` «Արեւմտահայ կին գրողները եւ ժամանակը: Հայկանուշ Մառք» հոդվածի շրջանակներում («Նիդ.օրագիր»`Friday, 17 June 2022 և «Օրեր»`12.08.2022)
Նյութը մեզ է տրամադրել հիշյալ նախագծի հեղինակ, բանասիրական գիտությունների թեկնածու` Նաիրա Համբարձումյանը: Համացանցում հրապարակվում է առաջին անգամ: Տեքստի հավաքման աշխատանքը կատարել է Սիրանուշ Փարսադանյանը:
----------------------------------------
© Արտատպության դեպքում, հղումը «Նիդերլանդական օրագիր» և «Օրեր» պարբերականների կայքերին պարտադիր է:
No comments:
Post a Comment