Հա՛յ կուսանք, չքնաղ ծաղկունք Հայ գարնան, ձեզ կը նուիրեմ այս դուզնաքեայ զիմ էջերն: Առաքինի իբրեւ զկոյսն Հռիփսիմէ որուն հովանւոյն ներքեւ դաստիարակուեցաք, ձեր հաճոյքը, միտքն ու սիրտը նուիրեցիք Ազգին դստերց աղքատիկ, որոնք 'ի ձեզ գտան մայրեր գորովալից և անձնուէր դաստիարակներ, ինչպէս և դուք երբեմն գտաք մայր մը յայնմ՝ որ զձեզ սիրեց անհուն սիրով և բազում տարիներ իբրեւ վահան կանգնեցաւ ձեզ համար: Որչափ նորա սիրտը կը խայտայ արդ՝ երբ կը նկատէ թէ սերմունքն որ ցանեց ծլեցան, աճեցան գեղաբողբոջ և իւրեանց բոյրը կը տարածեն շուրջ զիւրեւ: Հա՛յ կուսանք, դուք յոյսն էք, դուք ապագան էք, ձե՜զ աշխատութիւնը, ձե՜զ պատիւը:
Սրբուհի Տյուսաբ
Աշխարհաբառ հայ լեզուն
Լեզուն թարգմանն է մտաց. նովաւ մեր պէտքերը կը յայտնենք, ուրիշներու հետ ի հաղորդակցութիւն կը մտնանք, նովաւ կը կատարուի մեր կարծեաց բացատրութիւնը. նովաւ զմարդիկ կը բորբոքեն կամ կը հանդարտեցնեն, մերթ որոտընդոստ պերճախօսութեամբ մղելով զանոնք դէպ ի հուրն և ի սուր, և մերթ մեղմ և սրտագրաւ խօսքերով մեղմացնելով նոցա կիրքերը որոնք կը շառաչեն իբրեւ բարձրադէզ կոհակներ, և իւրեանց թաւալմամբը կ’սպառնան խորտակել ընկերական կարգադրութիւնը: Լեզւով է վերջապէս որ արարածը կը հաղորդակցի իւր արարչին հետ, և նովաւ է որ կը գոյանան ընդ մէջ տկարութեան և զօրութեան այն սքանչելի յարաբերութիւնները որոնք զծանրաբեռնեալ հոգին կ'սփոփեն: Մէկ խօսքով լեզուն մարդկային պէտքերէն մէկն է, և որչափ միտքը մշակուի և զարգանայ՝ նոյնչափ ալ լեզուն կը կատարելագործուի: Նախնի ժամանակաց մէջ երբ մարդկութիւնը իւր որրանին մէջն էր, երբ ծանօթութիւնք, գաղափարք և պէտք անձուկ սահմանի մէջ կ'ամփոփուէին, մարդկային դատողութիւնը կ’ըմբռնէր միայն ինչ որ իւր տեսութիւնը կը գրաւէր. նորա պէտքերը կը գոյանային այն կոշտ և անհրաժեշտ առարկաներէն որոնք կենաց առաջին մատակարարութիւնները կը հայթայթեն, ուստի գործածած բառերն ալ իւր սահմանեալ ծանօթութեանց և պիտոյից կը համապատասխանէին: Ամենայն ժողովուրդ մանկութեան հասակէն կ'սկսի և աստիճանաբար իւր խանձարուրքէն մերկանալով յարբունս կը հասնի: Որչափ ժողովուրդ մը յառաջադիմէ նոյն համեմատութեամբ իւր մտաց մէջ նոր գաղափարներ, նոր լոյսեր կը ցոլանան որոնցմէ կը ծնանին նոր պէտքեր, նոր ալ բառեր կը գոյանան որով լեզուն կը ճոխանայ: Լեզուէ մը կրնայ դատուիլ մասամբ իւիք ժողովրդեան մը յառաջադիմութեան և կամ անկախութեան աստիճանը: Եթէ մեր հայկական լեզուին համառօտ տեսութիւնը ընելու ըլլանք կը տեսնենք թէ իւր կրած փոփոխութիւնները յինքն կը կրէ զոգին ժամանակին և այն ազգաց որոնք տիրեցին Հայաստանի մտաւորական և կամ սրոյ զօրութեամբ:
Մեր նախնի մատենագրութիւնը կը բաղկանար աւանդական երգերէ զորոնք սերունդները իրարու հաղորդեցին իբրեւ նուիրական ժառանգութիւն: Յետոյ այն աղօտ լոյսն որ ծաւալեց գիտութիւնն դպրութեանց նսեմ աշխարհին մէջ՝ մթնցաւ թերութենէն հայկական տառից և անբաւականութենէն տառից ասորեստանցւոց զորոնք գործածեցին հայերը. մթընցաւ նաեւ պատերազմական արկածներէ և այն չարիքներէ որոնք անբաժանելի են ի նոցանէ:
Հինգերորդ դարուն մէջ հայկական տառերը հաստատուեցան և նոյն ժամանակը գնացին հայերը քաղել զուսումն ի Յունաստան որն որ իւր ոսկեդարովն կը պանծայր յայնժամ: Երբ վերադարձան նոքա ի Հայաստան՝ մեր դպրութիւնը պայծառացուցին յունական ընտիր ճաշակովն, և ոսկեդար մ' ալ յարդարեցին ի Հայ երկիր: Անդորրն ու խաղաղութիւնը որոնք անհրաժեշտ են մատենագրական զարգացման համար վրդովեալ ըլլալով յերկպառակութեանց և յարտաքին շփոթութեանց, մատենագրական ճաշակը օր աւուր ապականեցաւ: Արաբացի ազդեցութիւնն աղետալի եղաւ մանաւանդ մեր լեզուին. իմաստից չափազանցութիւնը և բառերուն շռայլ կրկնութիւնը աղարտեց լեզուին վսեմ պարզութիւնը հինգերորդ դարուն, վերջապէս միշտ օտար ազդեցութիւնք ներգործեցին հայերենին վրայ:
Հայ ազգը՝ երերածուփ ընդ մէջ այն փոթորկաց որոնք ժողովրդոց մօտակայ կորուստը կը գուժեն, դպրութեանց փարոսին օրհասական լուսովն իւր մահը լուսաւորեց: Կորսնցուց Հայաստան վերջապէս իւրանկախութիւնը, նորա բաժանումը կատարուեցաւ, և իւր զաւակներն գնացին ցիրուցան ի տար աշխարհ: Հայերը տարբեր երկիրներու մէջ ապրելով, տարբեր պետութեանց հպատակելով, տարբեր օրինաց հնազանդելով, տարբեր եղան և նոցա շահերը, լեզուն և բարքերը:
Իւրաքանչիւր բաժնուած մասն Հայոց՝ կրեց ազդեցութիւնը զինքն նուաճող զօրութեան: Բնական օրէնք է որ հզօրը իւր լուծին հետ միատեղ ընդունիլ տայ և իւր սովորութիւնները, բարքերն ու լեզուն:
Երբ ժողովուրդ մը իւր ընկերական վիճակը կը կորսնցնէ, երբ իւր կենսական հիւթը ոչ եւս իւր ծոցէն կը քաղէ և կը հնազանդի այն օտար ազդեցութեանց որոնց ներքեւ կը գտնուի, իւր սեփական կերպարանքն ու ձիրքերը կը կորսնցնէ, և եթէ կրօնական պարիսպն անզգալի է կը միանայ շատ անգամ այն տիրապետող զօրութեան ուր իւր իսկութիւնը կը ջնջուի: Այսու եղանակաւ զանազան հին ազգաց ծագման հետքը անյայտ ըլլալով շատ մը ծուռ ենթադրութեանց տեղի են տուած:
Տաճկաբնակ Հայը դիւրակեցիկ կենաց վայելչութեանց՝ և մտաւորական թանձրամած խաւարին մէջ տակաւ առ տակաւ հայրենի յիշատակներն և աւանդութիւնները կորսնցուց. նախահարց կրօնքն և անունը պահեց միայն, իւր լեզուն իսկ վերածուեցաւ տաճկախառն հայերենի մը. դադրեցուց իւր յարաբերութիւնները օտարաբնակ ազգայիններուն հետ, օտարացաւ նոցա, զի մեռած էր իւր հոգւոյն մէջ ազգասիրութեան զգացումն՝ որն որ յաղթահարելով հեռաւորութեանց, արգելից և ժամանակին, հոգիները կը միացնէ և անխորտակելի շղթայիւք կը միացնէ զանոնք:
Սակայն ժողովուրդները յաւիտենական կուրութեան չեն նախասահմանեալ. անյուսալի պատճառ մը շատ անգամ քունէն յարթնութիւն կը մղէ զանոնք:
Ժամանակին անբռնաբարելի ազդեցութիւնը փոփոխութիւններ պատճառեց ‘ի Տաճկաստան. բազմացաւ անդ Եւրոպական տարերքը, յարաբերութիւններ գոյացան, նոր կարծիքներ ծնան, նոր աշխարհը մը ձեւացաւ, նոր լոյս մը ծագեցաւ՝ որով Հայը իւր տգիտութիւնը ճանչցաւ, գիտութեան հարկն զգաց, և եղանակ մը փնտռեց իւր միտքը լուսաւորելու:
Պօլսոյ մէջ գտնուած ուսումնական միջոցաց անբաւականութեան պատճառաւ, Հայ պատանեկութիւնը խուժեց 'ի Վենետիկ, Բատուա, Վիէննա, և Փարիզ ուր ազգային վարժարաններ հաստատեցին Մխիթարեանք: Հմուտ և ազգասէր կղեր մը ուսումնական սերունդներ պատրաստեց ու նոցա մատաղ հոգւոց մէջ ազգասիրութեան հուրը վառեց: Երանի՜ թէ յաջորդ Մխիթարեանք յաւատարիմ մնալով այդպիսիազնիւ օրինակի, կեդրոնը ըլլային ուր բոլոր ազգային իղձերը ձկտէին:
Վերադարձաւ Հայ երիտասարդութիւնը 'ի Պօլիս, տարածեց այն առաջին կայծերը զորոնք յետագայ սերունդները հետզհետէ աճեցուցին: Ոգեւորեցաւ ազգասիրութիւնը, ցնցեց թմրած Հայերը, կեանքն եռաց նոցա երակաց մէջ, ու նոքա Հայութեան արշալոյսն ողջունեցին:
Ազգ որ նոր բարոյական կենաց կ’արթննայ նոր լեզուի մ'ալ կը կարօտի, որ համապատասխանէ իւր պիտոյից: Գրաբառը թէև կանոնաւոր և հարուստ լեզու մը, սակայն չէ այնչափ գործածական իբրև զաշխարհաբառ, և մանաւանդ թէ մեծ դժուարութիւններ կը յարուցանէ նա աշխարհիկ լեզուէն բոլորովին տարբերելովը, մինչև անիմանալի ըլլալու գրեթէ նոցա համար որոնք հայերենի մասնաւոր գիտութեան չեն զբաղած:
Եւրոպական գրական լեզուները կը տարբերին գործածական լեզուէն բացատրութեանց բարձրութեամբն և բառերու ընտրութեամբը. իսկ լեզուին հիմունքը և ձեւերը նոյն են:
Յունարէնը բացառութիւն մ' է այս մասին, և շատ մը դժուարութեանց տեղի կուտայ. վասն զի այժմյան Յոյները աշխարհաբառ լեզունին հին գրական լեզուին վերածելու աշխատելով՝ յունարէնի գիտութեան ընթացքը 6 կամ 7 տարիներու մէջ կը լրանայ արդ դպրոցաց մէջ. սոսկալի՜ կորուստ ժամանակի:
Բարեբաղդաբար մենք Եւրոպական ազգաց օրինակին կը հետեւինք աշխարհաբառ լեզուին կիրառութեամբը: Սակայն աշխարհաբառը կանոնի վրա հիմնուած չըլլալով անիշխանութեան մէջ կը ծփայ: Իրաւ է որ ամենայն լեզու սոյն անկարգ վիճակէն պէտք է որ անցնի, շատ մը փոփոխութիւններ կրէ մինչև որ հաստատուի և որոշ կերպարանք մը զգենու: Կը տեսնենք պատմութեան մէջ թէ ի՜նչպէս լեզուները կը ծնանին, կը թոթովեն, կը յառաջադիմեն, կը զառամին, կը հիւծին իբրև ազգերն որոնց կը վերաբերին և բաղդակից են, և ի՜նչպէս ‘ի նոցանէ կը սերին ուրիշ առոյգ լեզուներ որոնք զուգընթաց կ'երթան ժամանակին ոգւոյն հետ: Մեր գրաբառը նաև իւր բարձրագոյն կէտին հասնելէն վերջը հետզհետէ աղարտեցաւ, և այն մայր լեզուէն յառաջ եկաւ աշխարհաբառը, որնոր իւր շրջանը հազիւ թէ սկսած է և զորն պիտի շարունակէ զուգընթաց ազգային յառաջադիմութեան հետ, ըստ պահանջմանց բնական օրինաց. վասն զի ժողովրդոց ընթացքը նոյն հարկին առջեւ, և նոյն պայմաններու մէջ, գրեթէ նոյն եղանակաւ կը կատարուի. և իրօք եթէ ակնարկ մը նետելու ըլլանք ազգաց պատմութեանց վրայ, կը տեսնենք թէ ժողովրդոց գլխաւոր բարոյական գիծերը մեծ նմանութիւն մը կ'ընծայեն: Նոցա մանկութիւնը, երիտասարդութիւնը և զառամութիւնը՝ մի և նոյն ընկերական վիճակին մէջ, տեղի են տուած նոյն պիտոյից և նոյն ձեռնարկութեանց, նոյն կատարելութեանց և նոյն բարձրութեանց, նոյն թերութեանց և նոյն սխալմանց, նոյն անկման և կորստեան: Ձեւերը կը տարբերին անշուշտ ժամանակին ոգւոյն, ժողովրդոց բնութեանց և սովորութեանց համեմատ, սակայն սկզբունքը նոյն է:
Տարիներ յառաջ քանի մը ազգայիններ փորձեցին յողդողդ և անկանոն աշխարհաբառը նոր կանոններու վրայ հաստատել. շատ աշխատութիւններէ վերջը կանոնադրութիւն մը 'ի լոյս ընծայեցին ուղղախօսութիւն անուանեալ, և այն ընդունելութիւն չգտաւ: Արդի երիտասարդութենէն ոմանք կը ջանան ուղղախօսական դրութիւնը իւր աճիւններէն վերակենդանացնել. սակայն նոցա փորձերը մեծ յաջողութիւն չեն խոստանար նաև: Այսու հանդերձ կը հանդիպի երբեմն որ անօգուտ կարծուած սկզբունք մը յինքն այնպիսի կէտեր կը պարունակէ որ նոր տեսութեան մը շարժառիթ կ’ըլլայ, և թերեւս ուղղախօսական կանոններէն ոմանք մեր լեզուին որոշ ձեւակերպութեան ծառայեն յապագայս:
Յետոյ Մեծն Պէշիկթաշլեան, որ իւր կարճատև կեանքն ազգային յառաջադիմութեան նուիրեց, աշխարհաբառին մասնաւոր կերպարանք մը տուաւ իւր ոճոյն զարմանալի գեղեցկութեամբն և թատերական երկասիրութեամբքը: Մերթ 'ի լուր իւր փանդռան մեր վաղեմի քաջերը իւրեանց պտտանքը թօթափելով՝ թատերաբեմէն կուգային ճառել անցեալ փառքը և տխուր արկածները հայրենեաց. մերթ իւր մելամաղձոտ քնարը կողբար կողկողագին 'ի վերայ շիրմաց իւր սիրելեաց. իւր մեղեդիք տխուր էր յայնժամ իբրեւ զկոծ մօր յուսահատ որ կ’ողբայ իւր մանկան թափուր որրանին վրայ: Եւ մերթ իւր տխրացեալ հոգին կ'երգէր անոյշ իբրև գարնանային սոխակը: Հայերը լսեցին սրտագին ձայնը Պէշիկթաշլեանի և սքանչացան. սպրդեցաւ նա իւրեանց հոգւոյն մէջ և տիրապետեց լիազօր: Ազգասիրութեան հուրը զօրաւոր շնչովն արծարծեց Պէշիկթաշլեան. Հայոց մէջ նոր յառաջադիմութեան շարժում մը պատճառեց. լռեցուց մախանքն ու ատելութիւնը, սրտերը միացուց և բերանները «Եղբայր եմք մեք» զուարթագին ձայնեցին: Այնպիսի հոգիներ կան, որոնք ծնած են սրտին լեզուն խօսելու համար. նոցա բառերն անմահ են, որովհետև սրտերուն մէջ քանդակեալ են, և Պէշիկթաշլեանը 'ի նոցանէ էր. իւր երգը ամեն մարդ երգեց, և իւր լեզուն ամեն մարդ սիրեց:
Հետզհետէ ուրիշ մատենագրական ընտիր տաղանդներ եւս աշխարհաբառին գեղեցկութեանը նպաստեցին. բայց ամեն ոք իւր անձնական ճաշակին հետեւելով լեզուին մեծածաւալ դաշտին մէջ չքնաղ մտաւորական ծաղիկներ սփռեց աստ և անդ, առանց փունջ մը կազմելու ներդաշնակութեամբ միաւորեալ:
Բայց քանի որ աշխարհաբառը կանոնադրութիւն մը չունի՝ ոչ երբեք ողորկ սահուն և ներդաշնակ կերպարանք մը կրնայ ունենալ. այլ պիտի տեսնենք խառն 'ի խուռն գրաբառ դարձուածք մը ուղղախօսականին հետ, տաճկական մը ռուսականին հետ, գաղղիական մը աշխարհաբառեանին հետ, ճշգրիտ պատկեր լեզուաց Բաբիլոնի:
Երբ իւրաքանչիւր ոք ըստ քմաց ոճ մը կը ձեւացնէ և կուզէ զայն ընդհանրացնել, անհնարին է կանոնաւոր լեզու մը ունենալ: Լեզու մը ըստ հաճոյից իւրաքանչիւրին չի ձեւանար, այլ հմուտ կաճառի մը պաշտօնն է այդ: Արդարև կանոններու վրայ հիմնուած լեզու մը ներգործական ազդեցութիւնը կը կրէ ժամանակին յառաջադիմական ոգւոյն և մարդկային հանճարոյ: Բայց այն փոփոխութիւններն որոնք հիմնուած են բանական օրինաց վրայ՝ ընկերութեան մտաւորական և կամ բարոյական պիտոյից կը ծառայեն. մինչդեռ երբ թելադրեալ են 'ի հաճոյից մասանաւոր անհատից առանց բարոյական և կամ մտաւորական որոշ կեդրոնի մը ձկտելու՝ շփոթութեանց շարժառիթ կ'ըլլան ընդհանրապէս:
Քանի որ լեզուն մատենագրական յառաջադիմութեան պայմաններէն մէկն է, և քանի որ մենք ընդհանուր աշխարհաբառ մը չունինք տակաւին ձեռն ‘ի գործ մխելու է ժամ յառաջ, և հմտալից ու հայագէտ անձինքներէ ակումբ մը ձեւացնելով, լեզուին դժուարին կնճիռը լուծելու է: Ուր որ հայ մատենագրութիւն մը կայ իւր ներկայացնողն ունենալու է այն ժողովին մէջ ուր լեզուին ապագան պիտի վճռուի: Ամեն զանազան հայ տարերք անդ դիմելով, իւրեանց գիտութեանց գանձերն 'ի հանդէս հանելով, զանոնք քննելով, բաղդատելով, զոմանս 'ի մի ձուլելով, գրաբառ լեզուին անսպառ գանձերուն մէջ ընտրութիւններ ընելով, զանոնք աշխարհաբառին սեփականացնելով, կրնան վերջապէս աշխարհաբառին հիմնական գիծերը որոշել և հետզհետէ կատարելագործել:
Ուսումնական ակումբ մը իւր պաշտօնին շարունակութեամբը լեզուին ոգւոյն պահպանութեան կը ծառայէ, և այսու եղանակաւ օգտակար երկասիրութիւնքը կը քաջալերէ, զանօգուտսն կը դատապարտէ և մատենագրական ճաշակին ապականութիւնը կ'արգիլէ: Երկու կամ երեք տարի յառաջ ընկերութիւն մը կազմուեցաւ ընդ նախագահութեամբ Նար-պէյ Խորէն եպիսկոպոսի աշխարհաբառի բարեկարգութեան համար. ամենքը յուսալից սոյն ընկերութեան գեղեցիկ արգեանցը կ'ըսպասէին, երբ դժբաղդաբար այդ ակնկալութիւնները‘ ի դերև ելան, ժողովքը լուծուեցաւ առանց զաշխարհաբառը քայլ մը յառաջացնելու: Այդ անյաջող փորձը մղիչ մը ըլլայ թերեւս երկրորդ լեզուագիտական Հայ ակումբի կազմութեանը՝ որնոր իւր ձեռնարկութեան մէջ պնդելով և յարատեւելով իւր գործը յաջողութեամբպսակէ:
Լեզուագիտական խնդիրները մեծ աշխատութեանց կը կարօտին, քանի որ ըստ ինքեան խնդրոյն պարունակած դժուարութիւններէն 'ի զատ բազմաթիւ խոչընդոտներ եւս կը ներկայանան՝ կարծեաց զանազանութիւններէ յառաջ եկած: Բայց եթէ ձեռնարկութեան մը կնճռոտկ էտերը 'ի նկատողութիւն առնուին լոկ, յայնժամ վհատութիւնը տիրելով ամենայն օգտաւէտ և մեծ արդեանց ծնունդը կը խափանէ, մինչդեռանյողդողդ և զօրաւոր կամքին առջև ամեն արգելք հետզհետէ ուժաթափ կ’իյնայ, կ'անհետանայ, և յաղթահարող սկզբունքը բարձրավիզ կըկանգնի:
Հայերը քիչ տարիներէ 'ի վեր է միայն որ մտաւորական աշխարհին մէջ մտան, բնականապէս ամայի և անկարգ աշխարհ մ’ է այդ, զոր իւրեանց բնական լուսովը պիտի լուսաւորեն, մտաւորական աշխատութեամբ պիտի բեղմնաւորեն, և կանոններու գործադրութեամբ պիտի զօրացնեն: Բոլոր այս պայմաններն անտարակոյս մէկէն չեն գործադրուիր, քանի որ հին նախապաշարումները, հին գաղափարները, հին սովորութիւնները, հին շահերը արգելք կը կանգնին յառաջադիմական սկզբանց. նոցա դէմ պատերազմելով զանոնք տապալելու է, և յայնժամ անցեալին աճիւններէն կը ծլի լուսաւորութեան յաղթահարող ոգին:
Բնական և մարդկային օրինաց սկզբունքը շարժում դէպ ընդ յառաջ և կարգադրութիւն է: Ժամանակը գանձ մ' է, որուն իւրաքանչիւր մասունքն յառաջադիմութեան հիւլէներ կը պարունակէ, և զորոնք ժողովրդոց առջև կը սփռէ իւր արագընթաց շրջանին մէջ: Այն ժողովուրդը որ գիտէ օգուտ քաղել ժամանակէն առանց դանդաղութեան և երկարաձգութեան մէջ թանկագին վայրկեաններ կորսնցնելու, անշուշտնա պայծառ ապագայի մը կոչուած է. զի ժամանակին տեղացուցած բարիքը միօրինակ չեն միշտ, և նոցա մէկուն կորուստը անդարմանելի է շատ անգամ, զի ընդհատումը կրնայ ըլլալ յառաջադիմական աստիճաններու, որով կը դատապարտուի ժողովուրդ մը յետադէմ կէտի մը վրայ մնալու, և ուսկից 'ի զուր կը տքնի իւր թռիչն առնուլ դէպ 'ի բարձրագոյն աշխարհ մը: Ուստի յապաղումը կորուստ մ’ է, քանի որ զրկուիլ է այն բարիքներէ որոնք օգտակար շարժման մը արդիւնքն են: Արդիւնք մը նոր տեսութեան կեդրոն մը կրնայ ըլլալ, և բեղմնաւորելով ուրիշ սկզբունք մը պատճառել, և յաջորդութեամբ բնական շարունակութիւնը ըլլալ յառաջադիմական օրինաց:
Անկարգութիւնը բնական օրէնք չէ քանի որ կը տեսնենք տիեզերաց մէջ թէ ամենայն ֆիզիքական և բարոյական պատճառ կանոնի մը կը հպատակի. ուստի ինչ որ անիշխանութեան մէջ է իւր հաւասարակշռութիւնը կը գտնայ միայն օրինաւոր կարգադրութեան մէջ, և յայնժամ կը զարգանայ ու կ'արդիւնաւորի: Քանի որ աշխարհաբառը անկարգ վիճակի մէջ է՝ ‘ի նմանէ յառաջադիմութեան արդիւնքներ չենկրնար բղխիլ բնականապէս:
Ուստի համառօտիւ խօսքերս ամփոփեմ. նախ աշխարհաբառի ձեւակերպութիւնը իբրև մեր գլխաւոր պէտքերէն մէկն համարելու է, քանի որ առանց կանոնադրութեան մը ողորկ և միակերպ ոճ մը չենք կրնար ունենալ և հետեւապէս վայելուչ մատենագրութիւն մը՝ այն կենսական հիւթը որով ժողովուրդ մը կը սնանի, կը զարգանայ, և մեծ կը հանդիսանայ: Կը գտնուին այնպիսիներ որոնք լեզուն իբրև երկրորդական խնդիր կը նկատեն, առարկելով թէ լեզուն ձեւ մ' է միայն իմաստը բացատրելու. բայց նոյն իսկ յօգուտ իմաստին ձեւը ազնուացնելու է, որպէս զի անոր ամենայն կատարելութիւնները երեւան ելլան: Յետոյ կաճառի մը միջոցաւ լեզուին հիմունքը հաստատելու է, և ոչ թէ մասնաւոր անձանց կանոնադրութեամբը, որ ուրիշ նպատակի չի ծառայէր եթէ ոչ շփոթութիւնը աւելցնելու: Վերջապէս որչափ այդ ձեռնարկութիւնը ետ մնայ ճաշակը կ’ապականի, լեզուին մէջ անիշխանութիւնը կը զօրանայ, և վնասակարը կ'արմատանայ: Ինչո՞ւ ուրեմն այդ վնասակար յապաղումը երբ ամեն վայրկեան թանկագին է, երբ նոյն կէտին վրայ կենալը յետս ընկրկիլ է, երբ արհամարհելու չէ նոյն իսկ խոնարհ աստիճան մը յառաջադիմութեան որ բարձրագունի մը կրնայ առաջնորդել, և յաջորդութեամբ հասցնել այն պայծառ և լուսաւոր կէտին՝ որուն համար նախասահմանած է Աստուած ամենայն ժողովուրդ որ եռանդագին վասն իւր բարգաւաճման կ'աշխատի:
Իցի՜ւ թէ ազգային խանդն մղէր վաղ ընդ փոյթ մեր այժմեան ազգասէր և անձնուէր սերունդը լեզուին անհարթ դաշտին մէջ, և հայկաբանից ուսումնական ակումբը տար անոր ողորկ և կանոնաւոր կերպարանք մը սփիռ հայկական ներդաշնակ ծաղիկներով:
Լաւ գիտեմ թէ զօրաւոր լեզուներ խօսած են արդէն ‘ի մասին աշխարհաբառի և թէ այժմեան գրգիռս ոչ այլ ինչ է եթէ ոչ նոցա տկար արձագանքը: Սակայն մեծատարած Ովկիանը չ'արհամարհէր ջուրի կաթիլը որ իւր անսահմանութեան մէջ կ'իյնայ դողալով և յաւէտ կը կորսուի. կաթիլն այն՝ Ովկիանը չ’ուռճացնէր, բայց անոր անթիւ հիւլէներուն ուրիշ մը եւս կ'աւելցնէ: Հոգւոյս մրմունջին ունկնդիր կ'ըլլամ, երբ կը նշանակէ ինձ կէտ մը որ օգտակար կը թուի Ազգիս: Ներուի ձայնիս տկարութեան, զի չէ տրուած ‘ի պարգև ամենուն զօրաւոր լեզու մը ունենալ, և ներողամտութեամբ դատուի հրաւէրս աշխարհաբառի կանոնադրութեան ձեռնարկելու:
----------------------
Հրապարակվում է` «Նիդերլանդական օրագրի» և «Օրեր» Եվրոպական ամսագրի «Արեւմտահայ կին գրողները եւ ժամանակը» նախագծի` «Սրբուհի Տյուսաբ. հայ առաջին վիպասանուհին» հոդվածի շրջանակներում («Նիդ.օրագիր»` Friday, 17 June 2022 և «Օրեր»`19.06.2022)
Նյութը մեզ է տրամադրել հիշյալ նախագծի հեղինակ, բանասիրական գիտությունների թեկնածու` Նաիրա Համբարձումյանը: Համացանցում հրապարակվում է առաջին անգամ:Տեքստի հավաքման աշխատանքը կատարել է Սիրանուշ Փարսադանյանը: