Ղարաբաղեան հարցի մասին հետաքննութեան պահանջք
Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին, Ատրպէյճանի ու Հայաստանի զինեալ ուժերու միջեւ տեղի ունեցող բախումները կը շարունակեն սպառնալ տարածաշրջանային խաղաղութեան։ Ազգային մեծ ժողովը պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնէ կասեցնելու այս պատերազմը, որ անգամ մը եւս քանդիչ պիտի ըլլայ ատրպէյճանցի ու հայ ժողովուրդներու համար, եւ ապահովելու մնայուն խաղաղութիւնը։
Ղարաբաղեան հարցը, աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր անլուծելի մնալով հանդերձ, տակաւին քաղաքական հանգամանալից քննութեան ենթարկուած չէ խորհրդարանէն ներս։ Չափազանցուած քաղաքականութիւնն ու ատելութեան խօսքերը կը վտանգեն հանրային ու տարածաշրջանային խաղաղութեան։ Պէտք է ապահովել Ատրպէյճանի, Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն բանակցային սեղանի շուրջ համախմբումը։
Հետեւաբար, Ղարաբաղեան հարցը հանգամանալից քննարկելու, հրադադարի ու մնայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ մեր երկրին վիճակող անհրաժեշտ քայլերը ճշդելու, հարցի լուծման համար ստեղծուած ԵԱՀԿ֊ի Մինսքան խումբի անդամ հանդիսացող մեր երկրի ձեռնարկել կարենալիքները որոշելու, իշխանութիւններու՝ պատերազմին նեցուկ կանգնող քաղաքականութեան տարածաշրջային ու ներքին խաղաղութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով, սահմանադրութեան 98-րդ, ներքին կանոնագրութեան 104-րդ եւ 105-րդ յօդուածներուն համաձայն կ՚առաջարկենք ձեռնարկել խորհրդարանական հետաքննութեան։
Կարօ ՓԱՅԼԱՆ
Տիգրանակերտի պատգամաւոր
ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒՄ
Ինչպէս հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր, Սովետական Ատրպէյճանի ու Սովետական Հայաստանի մէջ ալ համակեցութեամբ բնակող հայ ու ատրպէյճանցի ժողովուրդները, Սովետական Միութեան փլուզման շրջանին, մեծ տառապանքներ ապրեցան Լեռնային Ղարաբաղի հարցի պատճառով պատահած պատերազմին ու ոճիրներուն հետեւանքով։ Փլուզման շրջանին, Ատրպէյճանի մէջ 1988-ին Սումկայիթի եւ 1990-ին Պաքուի մէջ հայեր կոտորածի ենթարկուեցան։ Տաք պատերազմէն առաջ ու յետոյ ատրպէյճանցիներ ու հայեր տեղահանուեցան։ Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին, 1992-ին Խոճալուի մէջ պատահած կոտորածն ալ տակաւին արդար լուծում մը չէ ստացած։
5 մայիս 1994-ին Պիշքէքի մէջ Ատրպէյճանի, Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները ստորագրեցին պատերազմի աւարտը ազդարարող հրադադարի պայմանագիրը։ Ցայսօր սակայն ապարդիւն մնացին մնայուն խաղաղութեան հաստատման համար կատարուած բոլոր նախաձեռնութիւնները։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խումբի անդամները, որոնցմէ մէկն է նաեւ մեր երկիրը, խաղաղութեան հաստատման համար բաւարար պատասխանատուութիւն չստանձնեցին։ Ռուսաստանի ու Թուրքիոյ գլխաւորութեամբ միջազգային ուժեր շահագործեցին այս հարցը՝ զայն վերածել փորձելով իրենց տարածաշրջանային գերիշխանութեան հաշիւներուն մէկ գործիքի։
Մեր երկիրը Ղարաբաղեան հարցի սկիզբէն ի վեր կը ցուցաբերէ կողմնակալ դիրք մը, մեկնելով ցեղապաշտական պատճառներէ։ Հայաստանի հետ մեր սահմանը երեսուն տարիէ ի վեր փակ է եւ առկախուած են դիւանագիտական յարաբերութիւնները։ Հարցին նկատմամբ մեր որդեգրած կողմնակալ մօտեցումը բարդացուցած է հարցին լուծումը եւ զօրացուցած Ռուսաստանի գերիշխանութիւնը տարածաշրջանի վրայ։ Բացառութիւն են 2009-ին ի գործ դրուած «ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը» եւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները։
27 սեպտեմբեր 2020-էն ի վեր վերսկսած հակամարտութիւնը կասեցնելու համար երբ բոլոր երկիրներն ու միջազգային կազմակերպութիւնները հրադադարի կոչեր կ՚ուղղէին, միայն Թուրքիա էր որ կողմնակից եղաւ պատերազմի շարունակման։ Իշխանութիւնը իր այս ընթացքով իւղ թափեց հրդեհի մը վրայ, որ յաղթող պիտի չունենայ։
Թուրքիոյ քաղաքացիները ունին բազմաթիւ ինքնութիւններ։ Ունինք ինչպէս ատրպէյճանցի, այնքան ալ հայ քաղաքացիներ։ Պատերազմի նիւթով իշխանութեան որդեգրած կողմնակալ մօտեցումը ու ի գործ դրուող ատելութեան խօսքերը պատճառ կը դառնան, որ հայ ժողովուրդը ապրի «աղաւնիի խռովքով», զոր նախքան իր սպանութիւնը զգացած էր Հրանդ Տինք։ Հայոց պատրիարքարանին առջեւ ու հայաշատ թաղերուն մէջ պատահած ցեղապաշտական ցոյցերը կը բազմապատկեն այս խռովքը։
Եթէ Թուրքիա Ղարաբաղեան հարցին մէջ կողմնակից ըլլայ խաղաղ լուծման, կարելի կ՚ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին յստակեցումը, Սումկայիթի, Պաքուի ու Խոճալուի ողբերգութիւններուն վերաբերեալ արդարութեան հաստատումը, ժողովուրդներու համակեցութեան վերստին ծաղկումը, փախստականներու իրենց բնակավայրեր վերադարձը, մնայուն խաղաղութեան ապահովումը։
Հետեւաբար, Ղարաբաղեան հարցը հանգամանալից քննարկելու, հրադադարի ու մնայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ մեր երկրին վիճակող անհրաժեշտ քայլերը որոշելու, հարցի լուծման համար ստեղծուած ԵԱՀԿ֊ի Մինսքան խումբի անդամ հանդիսացող մեր երկրի ձեռնարկել կարենալիքները ճշդելու, իշխանութիւններու՝ պատերազմին նեցուկ կանգնող քաղաքականութեան տարածաշրջային ու ներքին խաղաղութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով եւ խորհրդարանին պատասխանատուութիւն ստանձնելուն համար կը պահանջենք իրականացնել խորհրդարանական հետաքննութեան։
No comments:
Post a Comment