The Netherlands Diary/Նիդ.օրագիր

The Netherlands Diary/Նիդ.օրագիր
The Netherlands Diary

Sunday, 22 September 2019

Քոյր Հետուիկի Ժառանգութիւնը


ՊԱՏՄՈՒԹՅԱՆ ՔԱՌՈՒՂԻՆԵՐ

Մանկութեանս օրերուն, Զուիցերիան այն վայրն էր ուրկէ հօրս այցելելութեան կու գային գործարարներ, եւ յաճախ մեր ընթրիքի հիւրերը կ՛ըլլային: Կար նաեւ ճերմակ մազերով եւ ճերմակ թագով մեծ մօր նմանող Զուիցերիացի քոյր Հետուիկը, եւ իր գործակիցներ քոյր
Մարին ու քոյր Հաննան։ Պատանեկութեանս օրերուն ընկերակցելով հօրս, յաճախ հանդիպած եմ Այնճարի գիշերօթիկ դպրոցի տնօրէնուհի քոյր Հետուիկին, երբեմն իրեն յանձնելու երդիքի
եւ կրթութեան կարօտ պատանի մը, ուրիշ անգամներ ընկերակցելու եւ ծանօթացնելու բարերարներու: Իր տպաւորիչ կապոյտ աչքերով եւ իր յատուկ հայերէնի հնչիւնով, քոյր Հետուիկ կը տարբերէր այլ տիկիններէ: Եթէ պէտք ըլլար երկու բառով նկարագրել քոյր Հետուիկը, ես պիտի ընտրէի բարութիւն եւ կարգապահութիւն բառերը: Տարիներ ետք գործի բերմամբ աշխատակցած եմ տարբեր Զուիցերիացիներու հետ: Ունեցած եմ առանձնաշնորհումը բարեկամ ունենալու Ֆրանսայի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Պրն. Jean-Jacques De Dardel՝ կարող դիւանագէտ մը, զոր իր քարիզմայէն եւ վարչական կարողութիւններէն անդին կը գնահատեմ իր ազնուութեան համար: Պրն. Jean-Jacques De Dardel Զուիցերիոյ կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մէջ որոշական դեր ունեցած է: Կարգապահութեան եւ բարութեան կողքին Զուիցերիացիներու մoտ նկատած եմ երրորդ յատկութիւն մը՝ արդարամտութիւնը: Իրաւ է որ Hilfsbund Foundationը առաջին Եւրոպական կազմակերպութիւններէն էր ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք որբանոցներ հիմնելու, քանզի «արդարը կու տայ առանց խնայելու»*: Եւ դեռ վերջերս՝ 2013 թուին, մինչ շատ մը Արեւմտեան երկիրներ զիչեցան ու կը զիչին Թուրքիոյ սպառնալիքներուն դիմաց, առաջքը առնելու տնտեսական վնասներու, Զուիցերիա կանգուն մնաց Եւրոպական դատարանին մէջ ի դէմ Թուրքիոյ՝ Փէրինչէքի դատի պարագային, զոհելով տնտեսական շահեր, պարզապէս պաշտպանելու համար իրաւունք եւ սկզբունքներ: «Բայց արդարը յաւիտենական հիմ ունի»**։


 Ինչպէս լսած եմ, Մուսա Տաղէն 1939ին Այնճարի մէջ ապաստնան գտած մարդոց ժամացոյց չունցեանալուն, քոյր Հետուիկ՝ իր զուիցերիական ճշդապահութեամբ, հրամայական համարած էր քաղաքին մէջ աշտարակ ժամացոյց մը ունենալը, որ մանուկները ճիշդ ժամուն դպրոց ներկայ ըլլան: Այդ դժուար օրերուն եւ վստահաբար ի գին մեծ ջանքերու քոյր Հետուիկ կարողացած է ֆինանսաւորել եւ կառուցել Այնճարի աշտարակ ժամացոյցը: Սնած ըլլալով ժամացոյցներու թիք-թաքնրեու երաժշտական նուագահանդէսի մթնոլորտի մը մէջ ու կրելով որոշ ընտանեկան կտակ մը, առանձնաշնորհուած կը զգամ այսօր՝ Այնճարի ութսունամակեակի եւ երկրորդ աշտարակ ժամացոյցի բացման առիթով, ջնջին
մասնակցութիւն մը բերելու՝ փշուր մը ի դէմ ամբողջ կեանքերնին զոհած երեք քոյրերուն: Ո՞րը կը նախընտրենք մեր զաւակներուն համար, որ անոնք ըլլան հարու՞ստ՝ կամ բարի՛ համբաւի տէր: Արդեօք կա՞յ աւելի բարձր արժէք քան կրթութեան եւ ուսման միջոցաւ ստացուած աննիւթական մարդկային արժէքները:
Այսօր՝ 80 տարիներ ետք, կը խնդրեմ քոյր Հետուիկի սաներէն եւ յաջորդող սերունդներէն, որ պահապան կանգնին այդ արժէքներուն, ու վառ պահեն այն լուսաւոր ջահը՝ զոր վառեցին քոյր Հետուիկ, քոյր Մարի եւ քոյր Հաննա:
Թող քոյրերուն յիշատակը եւ ուսման ջահը վառ մնայ:

Սեպտեմբեր 1, 2019
Յովէլ Շնորհօքեան
* Առակաց 10:25
** Առակաց 21:26





«Ժամանակի Հրաշալիքը» Ժամացոյցի Աշտարակի Բացում (1 Սեպտեմբեր 2019)

No comments:

Post a Comment